ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԱ.)
Հայ մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ իր զաւակին գրած մէկ բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Չէի ուզի, որ քո կեանքը հարթ խճուղու նման լինէր...». հայր մը՝ որ չ՚ուզեր իր զաւակին կեանքը «դիւրին» ըլլայ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս Սեւակ, նոյնպէս մենք կը հաւատանք, որ ճշմարիտ յաջողութիւնը յաղթահարուած դժուարութիւններով կու գայ. որովհետեւ առանց դժուարութիւններու եկած յաջողութիւնը ինքնին ձախողութիւն մըն է. գուցէ այդ է պատճառը, որ մեծ ժառանգութիւն ստացած մարդիկ իրենց կեանքը ձախողութեամբ աւարտած են, որովհետեւ յաջողութիւնը ձեռք բերելու չափ դժուար բան է նաեւ այդ յաջողութիւնը պահելը: Դժուարութիւններով ձեռք բերուած յաջողութիւն մը իր հետ կը բերէ նաեւ նկարագիր ու բնաւորութիւն՝ պայքարելու յետագայ դժուարութիւններու հետ, որովհետեւ անվերջ են դժուարութիւնները: Օրինակը վերցուցէք այսպէս. մանուկը նախքան քայլելը՝ չի կրնար վազել. առանց դժուարութեան ձեռք բերուած յաջողութիւնը նոյնն է. դժուարութիւններնը կը սորվեցնեն ինչպէս պահել յաջողութիւնը:
Դժուարութիւնները միշտ պիտի ըլլան, սակայն անոնց դիմաց պէտք է ըլլալ վճռական ու լաւատես եւ նոյնիսկ շատ անգամ պէտք է որոշ յետընթացներ ունենալ, որպէսզի շատ աւելի լաւ պատրաստուած, կարենանք դէմ դնել դժուարութիւններուն: Եթէ չըլլար ձախողութիւնը՝ չէր ըլլար յաջողութիւնը. այնպէս ինչպէս եթէ չըլլար տխրութիւնը, չէինք կրնար գիտնալ, թէ ի՞նչ է ուրախութիւնը. գուցէ շատ մը յաջողութիւններ նոյն պահուն չպարզեն իրենց գլուխը, սակայն ապագան պիտի տայ այդ դժուարութիւններու դէմ մղուած պայքարի արդիւնքը. պարզապէս դժուարութիւնները խոչընդոտի փոխարէն պէտք է ընդունիլ որպէս խթանիչ՝ որ մարդը դէպի առաջ կ՚առաջնորդէ: Յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը ձեռքբերումներով չեն չափուիր. չափանիշը մտածելակերպն է, որովհետեւ վերջաւորութեան իր ուժերուն վրայ վստահողը այսպէս կամ այնպէս կը հասնի յաջողութեան. պէտք է ունենալ նպատակասլաց մտածողութիւն:
Մարդիկ կը ձախողին, որովհետեւ յաճախ իրենց մտահորիզոնը յաջողութիւններու վրայ սեւեռելու փոխարէն ձախողութիւններու վրայ կը կեդրոնացնեն, ինչ որ ինքնաբերաբար զիրենք հեռու կը պահէ յաջողութենէն։ Այո՛, պէտք է ձախողութենէն զգուշանալ, որովհետեւ անհաշիւ փոքր սխալ մը մեր յաջողութիւնը կրնայ ոտնակոխ ընել, սակայն պէտք է յաջողութիւնը շատ աւելի վեր նկատել: Այս բոլորը կը գրենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ վստահութեան բացակայութիւնը ինքնին ձախողութիւն մըն է:
Շրջապատիս մէջ տեսած եմ բազմաթիւ մարդիկ, որոնք ունին այն համոզումը, որ այսօր ինչպէս կ՚ապրին՝ ամբողջ կեանք մը այդպէս պիտի շարունակեն ապրիլ. նման մտածողութեան տէր մարդ մը կրնա՞յ յաջողիլ. կը յաջողի ա՛ն, որ կը հաւատայ, թէ իր վաղը տարբեր պիտի ըլլայ այսօրէն: Այս մտածելակերպի պատճառը այն է, որ մարդ իր շրջապատին մէջ աւելի ձախողութիւն կը տեսնէ՝ քան յաջողութիւն. միապաղաղ կեանքը մարդոց մօտ լճացում կը ստեղծէ եւ մարդիկ կը մնան հոն՝ ուր էին նախապէս եւ պիտի մնան հո՛ն՝ ուր որ են այսօր: Այդ է պատճառը, որ պէտի է օրինակ առնել յաջողակ անձերու կեանքը եւ յաջողակ ըսելով պէտք չէ հասկնալ լոկ նիւթապէս հարուստ մարդիկ. այսօր աշխարհը անմահացուցած է բազմաթիւ մարդոց անուններ՝ որոնք մեծ հարստութիւններու տէր չըլլալով հանդերձ, յաջողած են իրենց անունը անմահացնել իրենց գործերով եւ օրինակով. Նման մարդոց նկարագիրը ընդօրինակելով եւ սեփական ուժերու վրայ վստահելով կարելի է յաջողութիւն կերտել. այդ իսկ պատճառով փոքր տարիքէն կարեւոր է տիպար մը ունենալը. մարդ որպէս տիպար կ՚ընտրէ անձ մը՝ որ յաջող կը նկատէ եւ հետեւաբար յաջողութիւնը ո՛չ միայն մեծահասակներուն, այլ նաեւ պատանի-մանուկներուն համար սահմանուած յաղթանակ մըն է, որուն մէջ մեծ դեր ունի կրթութիւնը:
Այսօր յաջողութեան համար գրուած կան մի քանի հազարէ աւելի աշխատութիւններ. ոմանք կը հաւատան, որ կարդալով կարելի չէ յաջողութեան հասնիլ. համաձայն ենք, որ կարդալը յաջողութեան չի կրնար հասցնել մարդը, սակայն կրնայ մշակել անոր մտածելակերպը. նոյնիսկ այսօր այս գրութիւնը գրած ժամանակ մենք մեր գրածէն բան մը կը սորվինք, նուազագոյնը կը գիտակցինք, որ գիտենք ինչն է իտէալականն ու ճիշդը՝ սակայն, զանազան պատճառներով հեռու կը մնանք: Պէտք է ընթերցանութիւնը ժամանցի փոխարէն ընդունիլ որպէս կատարելագործուելու միջոց. այսօր կրնանք մեր ձեռքը առնել 100 էջնոց գիրք մը. անոր ամբողջ էջերը մեզի կրնան բան մը չըսել, սակայն տող մը, մտածում մը մեր մտահորիզոնը կ՚ընդլայնէ:
Յաջողութեան գաղտնիքը չգիտցող ձախող մը մեղադրելի է, սակայն շատ աւելի մեղադրելի է այն անձը՝ որ գիտէ՛ յաջողութեան ճամբան, սակայն կը շարունակէ մնալ ձախողութեան մէջ։ Աւետարանը մեղքի համար կ՚ըսէ, որ գիտնալով մեղք գործողը շատ աւելի մեղաւոր է՝ քան անգիտակից մեղաւորը. նոյնն է յաջողութեան պարագային։ Կրկնակի ձախող մըն են անոնք՝ որոնք յաջողութեան գաղտնիքները գիտնալով հանդերձ, կը շարունակեն մնալ ձախողութեան մէջ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ընթերցանութիւնը մարդը յաջողութեան կրնա՞յ առաջնորդել:
Պատասխան. Այո՛, ընթերցանութիւնը կրնայ մարդը դէպի յաջողութիւն առաջնորդել, որովհետեւ ան մարդուն դիմաց կը բանայ գիտելիքներու դուռը եւ կ՚ընդլայնէ հեռանկարը եւ կը խթանէ քննադատական մտածողութիւնը: Զանազան նիւթեր ուսումնասիրելով անհատներ ձեռք կը բերեն պատկերացումներ, որոնք կրնան զիրենք ներշնչել ստեղծագործութեան եւ նորարարութեան եւ անոնց կու տան խնդիրներ լուծելու հմտութիւններ: Ընթերցանութիւնը մարդուն մօտ կը զարգացնէ հաղորդակցութեան կարողութիւնը եւ առիթ կու տայ սորվելու ուրիշներու փորձառութիւններէն եւ դասեր քաղել ուրիշներու յաջողութիւններէն: Ընթերցանութիւնը կը զարգացնէ մարդու մտածելակերպը, որ էական նշանակութիւն ունի մարտահրաւէրներու դէմ դնելու եւ կողմնորոշուելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024