​ՇԻՆԵԼ ԵՒ ԱՒԵՐԵԼ

Պահ մը դի­տենք մեր շուր­ջը եւ անդ­րա­դառ­նանք բնու­թեան եւ ա­նոր մէջ մար­դուն ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րին։ Ի՞նչ կը տես­նէք։ Բնու­թիւ­նը շա­րու­նակ կը շի­նէ, կ՚ար­տադ­րէ եւ կը պա­հէ, կը պահ­պա­նէ, հոգ կը տա­նի, կը խնա­մէ իր շի­նա­ծին։ Մարդ ի՞նչ կ՚ը­նէ։ Մարդն ալ կը շի­նէ, կ՚ար­տադ­րէ, ժա­մա­նա­կի մը հա­մար կը պա­հէ, կը պահ­պա­նէ շի­նա­ծը, կը խնա­մէ զայն, բայց ժա­մա­նակ մը յե­տոյ՝ կ՚ա­ւե­րէ ու կը քան­դէ իր իսկ ձեռ­քով շի­նա­ծը։ Ա­ւե­լի՛ն՝ մարդ, բնու­թեան շի­նածն ալ կը քան­դէ, եւ շատ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին՝ մարդս մար­դը կը սպան­նէ՝ դի­տա­ւո­րեալ կեր­պով կը վնա­սէ իր նմա­նին կեան­քը։

Բնու­թիւ­նը կը պա­հէ, մար­դը կը քան­դէ։

Այս­պէս, մարդ կը շե­ղի իր կո­չու­մէն, կը կորսնց­նէ բնու­թեան մաս կազ­մե­լու յատ­կու­թիւ­նը եւ կը գոր­ծէ բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակ իր կո­չու­մին։

Բա­ցա­ռու­թիւն մըն է մար­դը բնու­թեան մէջ, ա­նոր ընդ­հա­նուր կա­նո­նէն «շե­ղում» մը, զար­տո­ղու­թիւն մըն է մարդ, քա­նի որ կը շի­նէ՝ քան­դե՛­լու հա­մար։

Կա­րե­լի է խոր­հիլ, լա­ւա­տես մտա­ծու­մով մը, թէ մարդ շի­նա­ծը կը քան­դէ՝ ա­ւե­լի լա­ւը, կա­տա­րեա­լը շի­նե­լու հա­մար։ Բայց պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, թէ կա­տա­րե­լա­պաշ­տու­թիւ­նը շատ ան­գամ կը վնա­սէ լա­ւա­գոյ­նը. ե­թէ միշտ կա­տա­րեա­լին ձգտի մարդ, ան­յագ կեր­պով կը մեր­ժէ ա­մէն բա­րիք, ա­մէն վի­ճակ եւ ան կ՚ապ­րի ա­պա­գա­յին մէջ, ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հի մը մէջ, եւ հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նայ եր­ջան­կու­թե­նէն՝ որ միայն ներ­կա­յին մէջ կա­րե­լի է ապ­րիլ։

Եւ այն­պէս կը կար­ծենք, թէ մար­դոց ընդ­հա­նուր դժբախ­տու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ ի­րենց ան­յագ զգա­ցում­նե­րուն մէջ։ Ան­յագ մար­դը միշտ դժգոհ է, միշտ կը տրտնջայ, ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը կը պակ­սի իր­մէ եւ ան­շուշտ, տե­ւա­կան ա­պեր­ջա­նիկ է…։

Մինչ­դեռ ներ­կա­յով բա­ւա­րա­րուիլ, չա­փա­ւոր ըլ­լալ, յոյ­սը չչա­փա­զան­ցել, յոյ­սին ըն­ծա­յած ա­ռի­թը լա՛ւ տնտե­սել, ան­կա­րե­լին եւ կա­րե­լին, ե­րե­ւա­կա­յա­կա­նը եւ հա­ւա­նա­կա­նը լա՛ւ ո­րո­շել. ա­հա­ւա­սիկ եր­ջան­կու­թեան բա­նա­լի­նե­րը՝ եր­ջան­կու­թեան հաս­նե­լու գաղտ­նի­քը լու­ծե­լու մի­ջոց­նե­րը։ Եւ ընդ­հա­նուր կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ցոյց կու տայ մե­զի. նպա­տա­կը լա՛ւ ո­րո­շել, եւ ան­կա­րե­լիին չձգտի՛լ։

Մար­դուս ապ­րած կեան­քը եր­կու աշ­խարհ­նե­րու ճիշդ մէջ­տեղն է։ Մարդ կ՚ապ­րի նախ ե­րե­ւա­կա­յա­կան աշ­խար­հի մը մէջ, յե­տոյ ի­րա­կան աշ­խար­հին մէջ, ա­հա­ւա­սիկ, այս եր­կու աշ­խարհ­նե­րուն միա­ցած կէ­տը, որ մի­ջին կէտն է, ճշմա­րիտ, ներ­կայ կեա՛նքն է։ Եւ այն՝ որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ այդ «մի­ջին կէտ»ին, այն եր­ջան­կու­թեան հաս­նե­լու, եր­ջան­կու­թիւ­նը ապ­րե­լու ու վա­յե­լե­լու ա­տակ է։

Ար­դա­րեւ «յոյս» եզ­րը լաւ տնտե­սել, օգ­տա­կար կեր­պով կա­նո­նա­ւո­րել, նպա­տա­կա­յար­մար ձե­ւով գոր­ծա­ծել՝ կա­րե­լի է զգա­ցում­նե­րը չա­փա­ւո­րելով, այ­սինքն զգա­ցում­նե­րու սահ­մա­նը ո­րո­շե­լով։ Այս ալ կա­րե­լի է գի­տակ­ցու­թեա՛մբ։

Ուս­տի գի­տակ­ցու­թիւ­նը բա­նա­ւոր միակ էակ՝ մար­դուն ա­մե­նա­մեծ հարս­տու­թիւնն է, եւ հարս­տու­թիւն­նե­րը ար­ժէք կը ստա­նան, երբ ա­նոնք նպա­տա­կա­յար­մար կեր­պով գոր­ծա­ծուին։

Միայն զգա­ցում­նե­րով շար­ժիլ՝ մար­դուս թէ՛ բնու­թեան, թէ՛ ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րին հա­կա­ռա՛կ է։

Մարդ, այս ի­մաս­տով ու­նի երկ­րորդ «մի­ջին կէտ» մը եւս, եր­ջան­կու­թեան տա­նող ճամ­բուն վրայ, որ է՝ զգա­ցում­նե­րուն ու բա­նա­կա­նու­թեան միա­ցած կէ­տը։ Երբ մարդ, զգա­ցում­նե­րը կրնայ հա­կակշ­ռել իր բա­նա­կա­նու­թեամբ, եւ փո­խա­դար­ձա­բար, երբ կրնայ բա­նա­կա­նու­թեամբ ստա­ցած ար­դիւնք­նե­րը գոր­ծադ­րել՝ զգա­ցում­նե­րուն հա­կակշ­ռու­թեամ­բը, ա­հա­ւա­սիկ ան եր­ջան­կու­թեան ու կա­տա­րե­լու­թեան ճամ­բուն վրայ կա­րե­ւոր քայ­լեր առ­նե­լու ա­տա՛կ է։

Ը­սինք, որ մարդ կը շի­նէ ու կ՚ա­ւե­րէ, կը քան­դէ։ Եւ դար­ձեալ ը­սինք, որ մարդ, բնու­թեան մէջ՝ բնու­թեան օ­րէնք­նե­րուն մէկ բա­ցա­ռու­թիւնն է։

Եւ կար­ծեմ, Սէ­նէ­գա եւ Թ. Հոպս երբ կ՚ը­սեն՝ թէ մարդս մար­դուս գա՛յլն է. «homo homini lupus», այս կը նշա­նա­կէ, որ մեր կար­ծի­քին մէջ շատ ալ սխա­լած չենք։ Եւ միակ էակն է մարդ, որ գի­տակ­ցա­բա՛ր չա­րին կը հե­տե­ւի, չա­րու­թեան վրայ ծրա­գիր­ներ կը յղա­նայ, սէ­րը եւ ա­տե­լու­թիւ­նը կրնայ ծած­կել՝ ա­տել սի­րոյ դի­մա­կով կամ սի­րել՝ ա­տե­լու­թեան կեղծ ե­րե­ւոյ­թով։ Մինչ­դեռ ե­թէ մարդ միայն շի­նէ՝ ա­ռանց ա­ւե­րե­լու, ա­ռանց քան­դե­լու, այն ժա­մա­նակ ի­րա­պէ՛ս շա՜տ եր­ջա­նիկ պի­տի ըլ­լայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 2, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015