ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՏՕՆԱԿԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ

Մե­ռեալ­նե­րը յի­շա­տա­կել, ար­դա­րեւ կը նշա­նա­կէ՝ մաս­նա­կի՛ց ը­նել զա­նոնք մեր ապ­րում­նե­րուն, մեր ու­րա­խու­թիւն­նե­րուն, մա­նա­ւա՛նդ տօ­նա­կան օ­րե­րու խան­դա­վա­ռու­թեան։

Ուս­տի տա­ղա­ւար տօ­նե­րու յա­ջոր­դող՝ ա­ռա­ջին օ­րը նուի­րուած է Քրիս­տո­սի հա­ւատ­քով ննջած­նե­րու յի­շա­տա­կին՝ ո­րոնք այս բո­լոր հան­դի­սա­ւոր օ­րե­րուն մե­զի տօ­նա­կից կ՚ըլ­լան, կը բա­րե­խօ­սեն մե­զի հա­մար, եւ ա­նոնց ա­ղօթք­նե­րը կ՚ել­լէ Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ։

«Եւ խու­նկին ծու­խը, որ Աս­տու­ծոյ ընտ­րեալ­նե­րուն ա­ղօթքն է, հրեշ­տա­կին ձեռ­քէն բարձ­րա­ցաւ Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ» (ՅԱՅՏ. Ը 4)։ Թէ­պէտ ար­դար­նե­րու, այ­սինքն ան­մեղ­նե­րու հո­գի­նե­րը ան­մա­հու­թեան հաս­տատ յոյ­սը ու­նին եւ կը գտնուին Աս­տու­ծոյ ձեռ­քե­րուն մէջ եւ խա­ղա­ղու­թեան մէջ են, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սո­ղո­մոն (Ի­ՄԱՍ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ ՍՈ­ՂՈ­ՄՈ­ՆԻ, Գ 1). «Բայց ար­դար­նե­րու հո­գի­նե­րը Աս­տու­ծոյ ձեռքն են եւ մա­հը չի՛ մօ­տե­նար ա­նոնց», սա­կայն ա­նոնք տա­կա­ւին կրնան ար­ժա­նա­ցած չըլ­լալ, երկ­նա­յին սուրբ պսա­կի. «Երբ Գառ­նու­կը, հին­գե­րորդ կնի­քը բա­ցաւ, զո­հա­սե­ղա­նին տակ տե­սայ հո­գի­նե­րը այն բո­լոր մար­դոց, ո­րոնք սպան­նուած էին Աս­տու­ծոյ խօս­քին ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թեան եւ տուած վկա­յու­թեան հա­մար։ Ա­նոնք բարձ­րա­ձայն կ՚ը­սէին.- Մին­չեւ ե՞րբ պի­տի սպա­սես, սուրբ եւ ճշմա­րիտ Տէր, ե՞րբ պի­տի դա­սես երկ­րի բնա­կիչ­նե­րը եւ մեր ա­րեան վրէ­ժը լու­ծես ա­նոնց­մէ։ Եւ ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ճեր­մակ պա­րե­գօտ մը տրուե­ցաւ եւ ա­նոնց ը­սուե­ցաւ՝ որ կարճ ժա­մա­նակ մը եւս հան­գիստ ը­նեն, մին­չեւ որ ամ­բող­ջա­նայ թի­ւը ի­րենց ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն՝ ո­րոնք ի­րենց նման պի­տի սպան­նուին» (ՅԱՅՏ. Զ 9-11)։ Նոյնն է պա­րա­գան մե­ղա­ւոր­նե­րու հա­մար, ա­նոնց տան­ջանք­նե­րուն նկատ­մամբ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ. «Ա­նի­կա թան­կա­գին ու մե­ծա­մեծ խոս­տում­ներ տուաւ մե­զի, որ­պէս­զի ա­նոնց­մով հա­ղոր­դա­կից ըլ­լանք աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան, ձեր­բա­զա­տուե­լով աշ­խար­հի մէջ տի­րող կորս­տա­բեր ցան­կու­թիւն­նե­րէն… իսկ ով որ այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը չու­նի՝ միտ­քով կո՛յր է ու կար­ճա­տես, քա­նի որ մոռ­ցած է իր ան­ցեա­լի մեղ­քե­րէն սրբուած ըլ­լա­լը» (Բ. ՊԵՏՐ. Ա 4, 9), եւ նաեւ՝ «Քա­նի որ Աս­տուած մե­ղան­չած հրեշ­տակ­նե­րուն իսկ չխնա­յեց, այլ՝ զա­նոնք տար­տա­րոս նե­տել տուաւ, ուր խա­ւա­րին կա­պանք­նե­րով կա­պուած՝ կը պա­հուին մին­չեւ դա­տաս­տա­նի օ­րը… Եւ այս­պէս, Տէ­րը գի­տէ աս­տուա­ծա­պաշտ­նե­րը փրկել ի­րենց փոր­ձու­թիւն­նե­րէն։ Իսկ ա­նի­րաւ­նե­րը կը պա­հէ՝ դա­տաս­տա­նի օ­րուան տան­ջանք­նե­րուն մատ­նե­լու հա­մար» (Բ. ՊԵՏՐ. Բ 4 եւ 9)։­

Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ այս պի­տի պա­տա­հի մին­չեւ որ բո­լոր մարդ­կու­թիւ­նը հաս­նի իր վախ­ճա­նին, ըստ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի խօս­քին, թէ. «Ա­նոնք բո­լո­րը ի­րենց հա­ւատ­քով վկայուած ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ չստա­ցան Աս­տու­ծոյ խոս­տու­մը. քա­նի որ Աս­տուած մե­զի հա­մար ա­ւե­լի լաւ բան մը նա­խա­տե­սած ըլ­լա­լով՝ չու­զեց որ ա­նոնք խոս­տու­մին ի­րա­կա­նաց­ման հաս­նին ա­ռանց մե­զի» (ԵԲՐ. ԺԱ 39-40)։ Ու­րեմն, քա­նի որ որ­դե­սէր Հայ­րը կը սպա­սէ, մին­չեւ որ բո­լոր զա­ւակ­նե­րը կը հա­ւա­քուին եւ այն ժա­մա­նակ իւ­րա­քան­չիւ­րին կու տայ իր հա­սա­նե­լի­քը։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ ա­ռայժմ ննջե­ցեալ­նե­րը կա­րիք ու­նին մեր ա­ղօթք­նե­րուն՝ ի­րենց «նե­րե­լի» եւ «ան­գի­տու­թեամբ» գոր­ծած մեղ­քե­րուն թո­ղու­թեան հա­մար, եւ յոյ­սով կը սպա­սեն ի­րենց հո­գին­նե­րուն հանգս­տու­թեան հա­մար, խա­ղա­ղու­թեա­նը հա­մար մեր «յի­շա­տա­կու­թիւն»նե­րուն։ Ինչ­պէս Յու­դա Մա­կա­բա­յե­ցին դրամ հա­ւա­քեց եւ ու­ղար­կեց Ե­րու­սա­ղէմ՝ ննջե­ցեալ­նե­րու մեղ­քե­րուն հա­մար պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լու (Բ. ՄԱ­ԿԱ­ԲԱ­ՅԵ­ՑԻ­ՆԵՐ, ԺԲ 43-46), եւ Բոոսն ալ մե­ռել­նե­րու եւ կեն­դա­նի­նե­րու հա­մար ո­ղոր­մու­թիւն ը­րաւ (ՀՌՈՒԹ Բ 20), այդ­պէս ալ ննջե­ցեալ­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րը ո­ղոր­մու­թիւն կու տան կա­րօ­տեալ­նե­րուն եւ կը պա­տուի­րեն քա­հա­նա­նե­րուն՝ ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը յի­շա­տա­կել Սուրբ Պա­տա­րա­գի մէջ։

Ար­դա­րեւ Սուրբ Պա­տա­րա­գով ո՛չ միայն ող­ջե­րու հա­մար փրկու­թիւն կ՚ըլ­լայ՝ ո­րոնք հա­ւատ­քով ու հա­ղոր­դու­մով կը մաս­նակ­ցին, այ­լեւ՝ ա­նոնց, ո­րոնք յոյ­սով ու հա­ւատ­քով ննջե­ցին ի Քրիս­տոս։ Քա­նի որ Քրիս­տո­սի մա­հը ո՛չ միայն ող­ջե­րու հա­մար փրկու­թիւն ե­ղաւ, այ­լեւ՝ ննջե­ցեալ­նե­րու, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ. «Եւ հո­գիով ալ՝ գնաց քա­րո­զեց բան­տար­կուած հո­գի­նե­րուն, ո­րոնք դժոխ­քի մէջ էին» (Ա. ՊԵՏՐ. Գ 19)։ Ու­րեմն Սուրբ Պա­տա­րա­գը ննջե­ցեալ­նե­րու հա­մար է նաեւ։ Սա­կայն Սուրբ Պա­տա­րա­գը չի՛ փրկեր հե­թա­նոս­նե­րը, ան­հա­ւատ­նե­րը եւ բո­լոր ա­նոնք՝ ո­րոնք ան­զիղջ ու անտր­տում կը թա­ւա­լին մեղ­քե­րու ու չա­րիք­նե­րու մէջ եւ չեն յի­շեր դա­տաս­տա­նի օ­րը եւ տան­ջանք­նե­րու սար­սա­փը։

Այս­պի­սի­նե­րուն հա­մար օ­գուտ չէ՛ պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լը կամ ալ ո­ղո­րու­թիւն ը­նե­լը…։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով, տա­ղա­ւար տօ­նե­րու յա­ջորդ օ­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ Սուրբ Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ճշմա­րիտ եւ սուրբ հա­ւատ­քով ննջե­ցին ի Քրիս­տոս, եւ պա­տա­րա­գի մէջ՝ Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ կը յի­շա­տա­կուին ա­նոնց ա­նուն­նե­րը, ինչ­պէս Սո­ղո­մոն յի­շա­տա­կեց իր հօր՝ Դա­ւի­թի ա­նու­նը. «Ո՛վ Տէր Աս­տուած, քու օ­ծեա­լիդ ե­րե­մի՛ ա­նար­գեր, հա­պա քու ծա­ռա­յիդ Դա­ւի­թին ը­րած ո­ղոր­մու­թիւն­ներդ յի­շէ՛» (Բ. ՄՆԱՑ. Զ 42)։ Ա­մէն նման դէպ­քե­րուն ննջե­ցեալ­նե­րու վրայ կե­նաց ցօղ կ՛իջ­նէ՝ որ մեծ ու­րա­խու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ երկ­նա­յին զօր­քե­րուն, նաեւ ա­նոնց՝ ո­րոնք ու­ղիղ սրտով, ճշմա­րիտ հա­ւատ­քով, ող­ջա­միտ յոյ­սով եւ սուրբ սի­րով կը յի­շա­տա­կուին սուր­բե­րու կող­մէ, քա­նի որ հան­գու­ցեալ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թիւ­նը մեծ շահ է եւ կա­տա­րեալ օ­գո՛ւտ։

Այդ օ­րը մար­դիկ կ՚այ­ցե­լեն նաեւ ի­րենց ննջած հա­րա­զատ­նե­րուն գե­րեզ­ման­նե­րը եւ կը պա­տուի­րեն քա­հա­նայ հայ­րե­րուն օրհ­նել զայն՝ ո­րով կ՚ա­ւե­տենք ննջե­ցեալ­նե­րուն Տի­րոջ երկ­րորդ գալս­տեան եւ մե­ռել­նե­րու յա­րու­թեան յոյ­սը…։

- Մեծ մա­սամբ օգ­տուե­ցանք Տէր Համ­բար­ձում Քա­հա­նայ Դա­նիէ­լեա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 8, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2015