ՀՊԱՐՏ ԾԱՌԻՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Հպարտութեան մասին յաճախ կը խօսինք, քանի որ ան մարդ էակին կեանքին անբաժան մէկ զգացումն է, եւ կարելի է հանդիպիլ անոր ամէնուրեք։ Հպարտութիւնը՝ պարծանք, գոռոզութիւն, պատուի զգացում մըն է, որ կը նմանի աւազի վրայ հաստատուած՝ առանց հիմնաքարի բարձրացած շէնքի, որ ի վերջոյ քարուքանդ ըլլալու, փուլ գալու դատապարտուած է։
Շէնք մը եթէ հիմ չունի, որքան ալ բարձր, որքան ալ շքեղ ու մեծաշուք ըլլայ արտաքնապէս, ներքնապէս խարխուլ է՝ անկայուն եւ փլչելու մօտ։
Իսկ եթէ շէնք մը, որքան ալ արտաքնապէս աններկայանալի ըլլայ, տեսքոտ չերեւի, բայց հաստատուն եւ ամուր հիմերու վրայ կը բարձրանայ՝ ան հաստատ է եւ կայուն։
Եւ ինքնիրմով հպա՜րտ, գոռո՜զ, ինքնահաւա՜ն եւ մեծամի՛տ մարդիկ կը նմանին այն բարձր եւ արտաքնապէս շքեղ շէնքերուն՝ որոնք հիմ չունին եւ կը փլչին, կը քանդուին ամենափոքր հարուածով մը իսկ։ Իսկ համեստ երեւոյթով, համեմատաբար ցած շէնքերը՝ որոնք հիմ ունին, հաստատուն են եւ կայուն, որոնք կը գոյատեւեն եւ կը տոկան ամէն պատուհասի, ամէն բախումի, կը դիմադրեն ընդհարումներու եւ հարուածներու։ Նախանձ, մախանք, թշնամանք չեն ազդեր անոնց՝ որոնք հաստատուն եւ ամուր հիմերու վրայ հաստատած են իրենց շէնքը։ Իսկ երբ մէկը առաքինութեան եւ ազնուութեան բարոյական բարեմասնութիւններուն միացուցած է գիտութիւն եւ կեանքի կատարելութիւն՝ զայն զգետնել, տապալել կարելի չ՚ըլլա՛ր։ Իսկ հպարտը՝ միշտ դէմ յանդիման կը գտնուի տապալելու, քանդուելու վտանգին հետ եւ դիմակազերծուելու՝ խայտառակ ըլլալու բոլոր անոնց առջեւ, որ նախապէս կը ստորագնահատէր եւ կը թերագնահատէր, կ՚անտեսէր ու կ՚արհամարհէր։ Եւ ո՜րքան ցաւալի է մէկու մը դիմակազերծ ըլլալը՝ յայտնուելով իր իրական ինքնութեամբ։ Յուսախաբութի՜ւն, հիասթափութի՜ւն…։
Արդարեւ խղճմտանքին կրթութիւնը ամբողջ կեանքին պարտականութիւնն է։ Կեանքին առաջին տարիներէն իսկ, ան կը զարթուցանէ տղան դէպի ճանաչումը եւ գործադրումը ներքին օրէնքին՝ որ ճանչ-ցըւած է բարոյական խղճմտանքէն։
Խոհական կրթութիւնը մարդուն կ՚ուսուցանէ առաքինութիւնը, զերծ կը պահէ կամ կը բուժէ զայն վախէն, եսասիրութենէն, հպարտութենէն, յանցաւորութեան քինախնդրութենէն եւ մարդկային թերութենէն ու տկարութենէն եւ յանցանքերու պատճառած կամահաճութեան շարժումներէն։ Եւ սրտի խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է այս։
Ուստի ատելութիւնը եւ նախատինքը կու գայ հպարտութենէն։ Հպարտը կը հակառակի ամէն տեսակ սիրոյ, կը ժխտէ բարութիւնը եւ կը հակառակի ճշմարտութեան։ Հպարտութենէն կը ծնի բազմաթիւ մեղք, զոր օրինակ, անտարբերութիւն, ապերախտութիւն, հեղգութիւն կամ հոգեւոր ծուլութիւն, եւ մանաւանդ ատելութիւն, նախանձ։
Հպարտ մարդը կը նմանի արտաքինը զարդարուած, յարդարուած, պճնուած բայց սնամէջ՝ մէջը պարապ սնտուկի մը կամ արկղի մը։ Եւ կամ այն թուանշանին, որ զէռօներով ճոխացած է, բայց եթէ զէռօներուն նախորդող թուանշանը ջնջուի՝ ո՛չինչ կ՚արժէ այդ ճոխ թուանշանը։ Քանի որ զէռօն ինքնին արժէք մը չունի, եթէ իրեն չնախորդէ արժէք ներկայացնող թուանշան մը։ Ուրեմն հպարտ, մեծամիտ եւ ինքնահաւան «զէռօ»ները միշտ կը կարօտին իրական արժէքի մը՝ եւ եթէ պակսի ան, իրենք կը մնան միշտ «զէռօ»՝ ինչպէս որ են, եւ որեւէ արժէք չե՛ն ներկայացներ։
Եւ իրական արժէքնե՛րն են՝ որ «արժէք» կը ներկայացնեն եւ չեն պահուըտիր հպարտութեան, մեծամտութեան կամ ինքնահաւանութեան քօղին կամ դիմակին ետեւ։ Որովհետեւ «զէռօ»ն թուաբանական նշան մըն է, որ առանձին ո՛չ մէկ արժէք ունի. ան կը գործածուի թիւերու առջեւ կամ ետեւ, անոնց արժէքը նուազեցնելու կամ աւելցնելու համար, զոր օրինակ՝ (0,1) կամ (10)։ Առանց միջակէտի կամ ստորակէտի, ան որեւէ թիւէ եւ թուանշանէ առաջ ո՛չ մէկ արժէք ունի։ Ան կը նշանակէ՝ ոչնչութիւն, ո՛չինչ՝ անարժէք մարդ, քանի որ «առանց հոգիի միտք» է ան, բայց միտքն ու հոգին ամէն բան՝ կատարեալ մա՛րդ։
Եւ հպարտ մարդիկ կը նմանին այն հպարտ ծառին, որ ի վերջոյ կը տապալի եւ կը կործանի, քանի որ չի գիտեր թեքիլ, հակիլ եւ խոնարհիլ։
Կը պատմուի, թէ պտղաստանի մը մէջ մայրի մը՝ կոնաբեր մշտադալար ծառ մը կ՚աճէր։ Ամէն տարի ան աւելի եւ աւելի կը մեծնար, եւ կը դառնար աւելի վեհ ու գեղեցիկ։ Հոյակապ տեսք մը ունէր ան։
Մայրիին փարթամ, առատ եւ սաղարթախիտ տերեւները վե՛ր կը խոյանային զինք շրջապատող ծառերէն եւ իրենց տուած շուքով հովանի կ՚ըլլային անոնց։
Եւ սակայն որքան աւելի կ՚աճէր եւ վեր կը բարձրանար հոյակապ մայրին, նոյնքան եւ աւելի կը զօրանար ու կը սաստկանար անոր մէջ անսահման եւ անզսպելի գոռոզութիւնն ու ինքնահաւանութիւնը։
Արհամարհանքով նայելով իր շուրջը՝ օր մը ան հրամայեց միւս ծառերուն.
«Հեռացուցէ՛ք աչքիս առջեւէն այն խեղճուկրակ, ողորմելի՜ պնդուկի՝ կաղինի ծառը»։
Եւ անմիջապէս կատարուեցաւ գոռոզ մայրիին հրամանը եւ արագօրէն արմատախիլ հեռացուեցաւ խե՜ղճ կաղնենին։
Ապա, գոռոզ մայրին շարունակեց վճռական ոճով.
«Ազատեցէ՛ք զիս այս անտանելի թզենիի դրացնութենէն։ Ան կը ձանձրացնէ զիս իր տխմար տեսքով»։
Այսպէս կը հրամայէ օր մըն ալ քմահաճ եւ մեծամիտ մայրին եւ թզենին ալ անմիջապէս կը հեռացուի իրմէ։
Ինքն իրեն, գոհ եւ բաւականացած մայրին՝ հպարտօրէն կը թափահարէ, ուժգին կը շարժէ իր փարթամ տերեւները եւ շարունակ կը բողոքէ զինք շրջապատող ծառերուն մասին։ Եւ ամէն մէկուն կ՚ըսէ.
«Զիս շրջապատող տարածքէն հեռացուցէ՛ք այդ հի՜ն տանձենիները եւ խնձորենիները»։
Եւ բոլոր այն ծառերը կը կտրուին ու խարոյկի՝ բացօթեայ վառուած կրակի մէջ կը նետուին։
Սակայն չի՛ դադրիր, չի՛ վերջանար գոռոզ մայրիին բողոքներն ու պահանջքները։
Եւ այդպէս անհանդուրժող, վէս մայրին կը շարունակէ բողոքել, հրամայել եւ կտրել տալ բոլոր ծառերը՝ որոնք կը շրջապատեն զինք։ Վերջապէս ան կը դառնայ պարտէզին միակ ու լիիրաւ տէրը։ Սակայն պարտէզին նախկին գեղեցկութենէն ո՛չինչ կը մնայ, եւ միա՛յն գօս կոճղեր…։
Մինչ, օր մը, բաւական ուժեղ փոթորիկ մը կը սկսի։ Հպարտ մայրին ամէն կերպ կը փորձէ չհակելու, չկքելու համար՝ հսկայ արմատներուն միջոցով հողին կառչելով։ Սակայն զօրեղ քամին՝ իր ճամբուն վրայ չհանդիպելով ուրիշ ծառերու, առանց որեւէ խոչընդոտի կը յարձակի միայնակ կանգնած գեղեցիկ ծառին վրայ եւ անխնայ կը կոտըր-տէ զայն։ Վերջիվերջոյ, ուժասպառ ու հալածուած մայրին այլեւս չի կրնար դիմակայել քամիին կատաղի հարուածներուն, կը ճեղքուի եւ գետին կը տապալի մե՜ծ աղմուկով…։
Հոս կը վերջանայ պատմուածքը։ Թէ ի՞նչ դասեր կարելի է քաղել այս պատմուածքէն։
Սիրելի՜ բարեկամներ, ինչպէս ծառերը, այնպէս ալ մարդիկ կարիքը ունին իրարու. պիտոյքը, պահանջքը ունին մէկզմէկու, որ թէ՛ ամէն տեսակ փոթորիկներու ժամանակ, թէ՛ խաղաղութեան մէջ իրարու նեցուկ ըլլան, օգնեն ու միասին դիմակալեն, պաշտպանուին վտանգներու դէմ, ու միասին դիմաւորեն փափաքուած իրավիճակը։ Ուստի երբե՛ք պէտք չէ՛ անտեսել մէկը. նոյնիսկ ամենայետինն ու աննշանը, որ մեր շուրջը կը գտնուի։ Եւ մա՛րդ ինքզինք մէկ ուրիշէ բարձր պէտք չէ՛ դասէ, այլապէս, գուցէ օր մը՝ օր մը «փոթորիկ» պատահի եւ տեսնուի, որ բոլորէն հեռացեր է մարդ, իր շուրջը մէկը չգտնէ եւ մնայ փոթորիկին դիմաց առանձին։
Չմոռնա՛նք սիրելիներ, մարդ կոչուած է՝ իրերօգնութեան, իրար լրացնելու՝ ամբողջացնելու, համագործակցելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024