ԼԻՃԸ ՎԵ՛ՐՋՆ Է ԳԵՏԻՆ

Կեան­քի մէջ ան­խու­սա­փե­լի են դժուա­րու­թիւն­ներ, նե­ղու­թիւն­ներ, խո­չըն­դոտ­ներ, ցա­ւեր ու վիշ­տեր՝ ո­րոնք վերց­նե­լու, տա­նե­լու բա­ւա­կան ուժ կրնայ չու­նե­նալ մարդ։ Ուս­տի երբ մար­դուս դէ­մը կ՚ել­լէ ո­րե­ւէ ար­գելք՝ ո­րուն վրայ մագլ­ցե­լու ան­կա­րող է, կը հա­մա­կեր­պի, կը տա­րուի ան հոն՝ ուր կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ եւ կամ կը պար­տադ­րէ այդ ար­գել­քը։ Եւ կամ գա­լա­րուե­լով՝ մարդ կը հաս­նի տեղ մը, ուր երբեք չէ մտադրած։ Ակա­մայ կ՚ուղուի մարդ, հոն՝ ուր որ կը տա­նի «ար­­գելք»ը։ Ին­չո՞ւ այդ­պէս է։ Պա­տաս­խա­նը պարզ է՝ քա­նի որ մար­դուն ու­ժը ան­բա­ւա­կան է…։

Մար­դիկ, ա­հա­ւա­սիկ այս «ու­ժի ան­բա­ւա­րա­րու­թեան» պատ­ճա­ռով, շատ ան­գամ, ա­կա­մայ կը փոխեն ի­րենց նկա­րա­գի­րը եւ կ՚ըլ­լան «ու­րիշ մէ­կը»։ Նոյն մար­դուն տար­բեր տա­րազ­ներ գոր­ծա­ծե­լուն կը նմա­նի այս ե­րե­ւոյ­թը։

Ու­րեմն հա­մե­մա­տա­բար՝ ե­թէ մարդ ու­ժով է, նկա­րա­գիրն ալ զօ­րա­ւոր եւ հաս­տատ կը մնայ, իսկ ե­թէ ու­ժը բա­ւա­րար չէ յաղ­թա­հա­րե­լու խո­չըն­դոտ­նե­րը, տկա՛ր է, այն ա­տեն, ստի­պո­ղա­բար կը փո­խուի եւ կ՚են­թարկուի ա­նոնց հո­սան­քին՝ ո՛ւր որ տա­նին։

Բնու­թեա­ն մէջ ալ նո՛յնն է պա­րա­գան։ Խե՜ղճ տե­րե­ւը՝ ան­զօր, կը քշուի հո՛ն ուր տա­նի զօ­րա­ւոր հո­վը։

Ա­ռուակ մը կայ նոյ­նիսկ հսկայ գետ մը, կը հո­սի, բայց երբ հան­դի­պի իր­մէ զօ­րա­ւոր խո­չըն­դո­տի մը, զոր օ­րի­նակ դէ­մը ել­լէ լեռ մը, որ­քան ալ զօ­րա­ւոր հո­սի, ի վեր­ջոյ կը փո­խէ իր ըն­թաց­քը։ Ար­դա­րեւ պահ մը կ՚ար­ժէ խոր­հիլ, թէ ի՞նչ զօ­րու­թիւն, ի՞նչ ուժ է, որ կ՚ո­րո­շէ հո­սող ջու­րին ըն­թաց­քը։ Հո՛ս է ա­հա­ւա­սիկ բնու­թեան մեծ եւ ա­նի­մա­նա­լի խոր­հուր­դը։ Եւ հո­սող ջու­րը երբ հանդիպի  խո­չըն­դոտի մը, կը փոր­ձէ անց­նիլ, սա­կայն երբ ու­ժը բա­ւա­րար չըլ­լայ՝ կը դառ­նայ կամ կը նե­տուի վեր տեղ մը, եւ կը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը։ Ան­շուշտ այս կը պա­տա­հի ջու­րին հո­սան­քին զօ­րու­թեան, ուժգ­նու­թեան հա­մե­մատ։ Բայց ե­թէ ջու­րին ուժգ­նու­թիւ­նը ան­բա­ւա­րար կը մնայ ո­րե­ւէ կեր­պով անց­նիլ, շա­րու­նա­կել ճամ­բան, ա­հա­ւա­սիկ այն ա­տեն կը պա­տա­հի վախճա­նը հոսող ջուրին եւ ան կը դառնայ լճակի մը՝ որ վե՛րջն է հո­սող, վա­զուն ջու­րին եւ ան այ­լեւս փո­խած է իր նկա­րա­գի­րը, ան այ­լեւս ան­շարժ, կա­յուն ջու­րի կոյտ մըն է, լճա՛կ մը միայն… ան այլեւս գետ չէ՛, եւ ոչ ալ առուակ։ Հո­սող ջու­րը, շար­ժուն ջու­րը, փրփրա­ցող ջու­րը լճա­ցած է այ­լեւս, ջրա­կոյտ մը՝ ո­րուն սո­վո­րա­կան եւ ընդ­հա­նուր ա­նունն է՝ լի՛ճ։

Ի՞նչ է պատ­ճա­ռը՝ որ հո­սող, շար­ժուն ջու­րը կը վե­րա­ծէ, կը փո­խէ ան­շարժ լի­ճի մը։ Ա­սի­կա կեր­պով մը «պար­տու­թի՛ւն» է, որ բնու­թեան մէջ կը նշա­նա­կէ զա­նա­զան պայ­ման­նե­րու տակ՝ ան­բա­ւա­րա­րու­թիւն, ան­բա­ւա­կա­նու­թիւն, պա­կա­սը պա­հան­ջեալ ու­ժի։

Բնու­թեան մէջ կա­րե­լի է տես­նել այս օ­րէն­քին տի­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ գոր­ծադ­րու­թիւ­նը. այն որ տկար է, ու­ժի ան­բա­ւա­րա­րու­թիւն ունի ի վերջոյ դասալիք կ՚ըլլայ։

Բնութեան մէջ այս օրէնքին համաձայն կ՚որոշուի ուժի մը յաղթութիւնը եւ ուրիշ ուժի մը պարտութիւնը։ 

Բնու­թեան մէջ, բնու­թեան մաս կազ­մող էակ մըն է մար­դը, եւ ու­րեմն, ան ալ կը հպա­­տա­կի այս ա­նայ­լայ­լե­լի ու մշտնջե­նա­կան բնա­կան օ­րէն­քին՝ ու­ժո­վը կը յաղ­թէ, ու­ժը ան­բա­ւա­րար տկա­րը կը պար­տուի։ Բնու­թեան օ­րէն­քին հա­մա­ձայն ա՛յս է ար­դա­րու­թիւ­նը, ա՛յս է ի­րա­ւուն­քը, բայց… երբ խնդրոյ ա­ռար­կան մա՛րդն է, հոն կը փոխուի պայ­ման­նե­րը, տար­բեր պա­րա­գա­նե­րու տակ պէտք է խոր­հիլ եւ ու­սում­նա­սի­րել այս ե­րե­ւոյ­թը, քա­նի որ մարդ յատ­կու­թիւ­նը ու­նի իր ու­ժը զօ­րաց­նե­լու, ու­ժը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու, ա­ւե­լի զօ­րա­ւո՛ր ըլ­լա­լու։ Պի­տի ը­սէինք որ մար­դուն հա­մար ալ պա­րա­գան նոյնն է՝ զօ­րա­ւո­րը կը յաղ­թէ, տկա­րը, ան­բա­ւա­րա­րը կը պար­տուի։ Ո՛չ, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, մարդ ա­ռի­թը ու­նի ե­թէ ո՛չ մարմ­նա­պէս, բայց հո­գե­պէս զօ­րա­նա­լու, ա­ւե­լի ու­ժով ըլ­լա­լու, ու­րեմն հո­գե­պէս զօ­րա­նա՛նք՝ որ­պէս­զի պար­տու­թեան չդա­տա­պար­տուի՛նք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 12, 2015 Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2015