ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Մայ­րու­թիւն»ը մարդ­կու­թեան գե­րա­դաս վի­ճա­կը՝ գա­գաթ­նա­կէտն է, քա­նի որ մարդ՝ որ­պէս կին-մարդ ա­մե­նէն բարձր կեր­պով աս­տուածն­ման կ՚ըլ­լայ, Աս­տու­ծոյ կը նմա­նի, Ա­նոր գո­րծա­կից եւ Ա­նոր ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կա­տա՛­րը կ՚ըլ­լայ։ Յա­ճախ խորհր­դակ­ցե­ցանք այս նիւ­թով, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, բայց քա­նի որ ան մարդ­կու­թեան, մարդ գո­յու­թեան ա­մե­նէն կեն­սա­կան եւ էա­կան դիրքն է, ու­րեմն կ՚ար­ժէ յա­ճախ խորհր­դակ­ցիլ ա­նոր մա­սին…։

Մայ­րը իր մայ­րա­կան իւ­րա­յա­տուկ աս­տուա­ծա­յին կա­րո­ղու­թեամբ՝ ծնո՛ւնդ կու տայ «մարդ» էա­կին, ինչ­պէս Աս­տուած իր ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեամբ ստեղ­ծեց մար­դը։

Եւ մայ­րը եր­բե՛ք չի մնար որ­պէս ծնող, այլ ան կը շա­րու­նա­կէ խնա­մել, հո­գալ, հոգ տա­նիլ իր զաւ­կին՝ ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին։ Եւ Աս­տուած Ի՛նքն ալ չի՛ թո­ղուր մար­դը մին­չեւ կեան­քին վախ­ճա­նը՝ միշտ ա­նոր հետ է, ա­նոր հետ կը քա­լէ, կը հո­գայ, կը նա­խախ­նա­մէ զայն։ Աս­տուած միայն ա­րա­րիչ չէ՛, այլ նաեւ՝ նա­խախ­նա՛մ իր բո­լոր ա­րա­րած­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը «դէպք» մը չէ, այլ՝ ըն­թացք մը ան­վե՛րջ։

Ուս­տի կը տես­նուի, որ Աս­տու­ծոյ գոր­ծը եւ մայ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ո՜ր­քան հա­ման­ման են ըստ էու­թեան։ Աս­տուած կը ստեղ­ծէ եւ կը շա­րու­նա­կէ նա­խախնա­մու­թիւ­նը իր ա­րա­րա­ծին նկատ­մամբ, եւ միշտ հա­ւա­տա­րիմ է եւ գթա­լից է իր հո­գա­տա­րու­թեան մէջ։ Մայրն ալ, չի մնար որ­պէս ծնող, այլ եր­բեք չի՛ թո­ղուր խնամ­քը իր որ­դիին նկատ­մամբ՝ ի՛նչ տա­րիք ալ ու­նե­նայ ան, որ­քան ալ հա­սուն ըլ­լայ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։

Ու­րեմն Աս­տու­ծոյ եւ մայ­րա­ցած կին-մար­դուն նմա­նու­թիւ­նը բա­նա­կան հի­ման վրայ հաս­տա­տուած ի­րո­ղու­թիւն մըն է։ Այս ի­մաս­տով մայ­րա­ցած կին-մար­դը՝ աս­տուա­ծա­ցած մա՛րդն է։ Ար­դա­րեւ Աս­տուած սէ՜ր է եւ եր­կայ­նա­միտ, իսկ մայ­րը՝ մօր սիր­տը ով­կիա­նոս մըն է՝ ո­րուն խո­րը՝ յա­տա­կը կը գտնուի՝ սէր, գութ եւ նե­րո­ղամ­տու­թի՛ւն։ Ուս­տի Աս­տուած եւ մայր կը հե­տապն­դեն նո՛յն նպա­տա­կը՝ ստեղ­ծել-ծնիլ եւ նա­խախ­նա­մել-հոգ տա­նիլ մին­չեւ վերջ։ Աս­տուած «Տէր» է, իսկ մայ­րը՝ «տի­րու­հի», զորս՝ կը ստեղ­ծէ Մի՛ն, իսկ կը ծնի միւ­սը…։

Փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տով, մայր կը նշա­նա­կէ՝ սկիզբ, աղ­բիւր, պատ­ճառ, նաեւ՝ սնուց­ման եւ զար­գաց­ման օր­րան, ի՛նչ որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ աս­տուա­ծու­թեան, աստուածն­մա­նու­թեան։ Չէ՞ որ Աս­տուած նա­խա­պատ­ճա՛ռն է ա­մէն գո­յու­թեան, ա­մէն էու­թեան. սկիզ­բը, աղ­բիւ­րը կեան­քին եւ ա­մէն կեն­դա­նու­թեան։ Եւ դար­ձեալ, աս­տուա­ծու­թեան յատ­կա­նի՛շն է՝ ըլ­լալ սնուց­ման ու զար­գաց­ման օր­րան ա­մէն էու­թեան, ապ­րող, կեանք ու­նե­ցող բո­լոր գո­յու­թիւն­նե­րուն։

Հո­գա­ծու­թեան, խնամ­քի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ բա­ցատ­րու­թիւնն է՝ «մայ­րա­կան հո­գա­ծու­թիւն»ը՝ մօր նման «ան­կեղծ» ու «հա­ւա­տա­րիմ» ըլ­լալ իր ա­ռա­քե­լու­թեա­նը մէջ եւ հա­ւա­տա­րի՛մ միշտ…։

«Մայր»ը որ­պէս ա­ծա­կան կը նշա­նա­կէ նաեւ՝ գլխա­ւոր, հիմ­նա­կան։ Ի­րա­կա­նին մայ­րը հիմն է ըն­տա­նի­քին եւ ան­շուշտ ըն­կե­րու­թեան, քա­նի որ ան է, որ կը հասց­նէ ան­դամ­ներ ըն­տա­նի­քին եւ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան։ Եւ բազ­մա­թիւ ի­մաստ­ներ ու­նի մայ­րը ըստ գոր­ծա­ծու­թեան. զոր օ­րի­նակ՝ դիե­ցիկ մայ­րը կը կո­չուի. ստնտու կամ ծծմայր, ինչ­պէս նաեւ՝ խորթ մայ­րը. մօ­րու, կնքուած ե­րա­խա­յի մը՝ սա­նա­մայր, մայր լե­զու. նա­խա­լե­զու, մայ­րե­նի լե­զու. մօ­րմէն սոր­ված, այ­սօր գոր­ծա­ծուած ըն­թա­ցիկ լե­զու։ Կան նաեւ «մայր» բա­ռով բազ­մա­թիւ ա­սա­ցուածք­ներ, ո­րոնք լա­կո­նա­կան ո­ճով կը բա­ցատ­րեն ընդ­հա­նուր կեան­քը։ Զոր օ­րի­նակ. «մայ­րը լաց­նել», կը նշա­նա­կէ՝ մեծ վիշտ պատ­ճա­ռել, կեան­քը ան­տա­նե­լի ը­նել, սպան­նել։ «Մօ­րէ մերկ»՝ աղ­քատ, չքա­ւոր, կա­րօտ, զուրկ, մու­րաց­կան, խեղճ։ «Մօ­րը ել­լել»՝ մօ­րը նմա­նիլ, մօ­րը քա­շել բնա­ւո­րու­թեամբ եւ տես­քով։ «Մօ­րը ծի­ծը կտրող»՝ չա­րաճ­ճի, ճար­պիկ, վար­պե­տոր­դի, սրի­կայ։ «Մօ­րը կա­թը ծծած»՝ ազ­նիւ, պար­կեշտ, ըն­տիր։ Նաեւ «մայր» բա­ռը կը գոր­ծա­ծուի կարգ մը զգա­ցում­նե­րը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր կեր­պով ար­տա­յայ­տե­լու, զոր օ­րի­նակ՝ «մայ­րա­գո­րով», «մայ­րա­գութ» կը նշա­նա­կէ՝ մայ­րա­կան սաս­տիկ սի­րով՝ գու­թով, մօր նման սի­րել, գթալ, մայ­րա­սիրտ, մայ­րախ­նամ, եւ կը գոր­ծա­ծուի որ­պէս ա­ծա­կան։

Ուս­տի կը տես­նուի, որ «մայր» եզ­րը կ՚են­թադ­րէ ամ­բողջ սի­րոյ եւ գու­թի խոր­հուր­դը։ «Մայր»ը այս ի­մաս­տով կեան­քին նա­խա­քայ­լը եւ ա­պա­հով ըն­թաց­քի ե­րաշ­խիքն է։ Եւ այս ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեամբ «մայր»ը ո՜ր­քան կը նմա­նի աս­տուա­ծա­յի­նին եւ ո՜ր­քան կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ աս­տուա­ծա­յին սի­րոյ, գու­թին եւ եր­կայ­նամ­տու­թեան։ Եւ ո՜ր­քան ի­րա­ւա­ցի է ը­սել՝ թէ «մայր»ը որ­պէս կին-մարդ, ա­մե­նէն շատ աս­տուա­ծան­ման մա՛րդն է։

Իսկ մայ­րը՝ որ­պէս մարդ մարմ­նա­ցումն է զո­հո­ղու­թեան, անձ­նուի­րու­թեան, նուի­րու­մի, քա­նի որ ան ո՛չ միայն կեանք կու տայ, այլ մա­նա­ւանդ իր կեան­քը կու տայ իր կեանք տուա­ծին՝ իր զաւ­կին հա­մար։

Մայ­րը տի­պա՛րն է «մարդ»ուն, այն ի՛նչ որ կը վե­րա­բե­րի մարդ էա­կին որ­պէս պար­տա­կա­նու­թիւն, որ­պէս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն, իր ի­րա­կա­նա­ցու­մը կը գտնէ նախ եւ ա­ռաջ մօր ան­ձին մէջ։

Ար­դա­րեւ Օ­նո­ռէ Պալ­զաք ի զուր չէ ը­սած, թէ՝ ազ­գի մը ա­պա­գան մայ­րե­րու ձեռ­քին մէ՛ջն է։

Ա­սոր նման է Ժան Պո­լի խօս­քը, որ կ՚ը­սէ. «Տուէք մե­զի լա­ւա­գոյն մայ­րեր, եւ մենք կ՚ըլ­լանք լա­ւա­գոյն մար­դիկ»։ Եւ ու­րեմն մարդ­կու­թեան ա­պա­գան կա­խում ու­նի մայ­րե­րէն։

Հա­պա ու­րեմն ճի՛շդ է, որ մայ­րը Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ նա­խախ­նա­մու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ գոր­ծա­կի­ցը եւ գոր­ծա­կա­տա՛րն է…։

Օ­գոս­տոս 15, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015