ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եկէ՛ք այսօր առակով մը սկսինք մեր խորհրդածութիւններուն։ Առակը կը պատմէ Սմբատ Սարկաւագ Խանուէլեան՝ ուր գեղեցիկ եւ իմաստալից կերպով կը նկարագրէ «երջանկութիւն»ը։
«Անգամ մը երեք եղբայրներ կը տեսնեն երջանկութիւնը՝ որ նստած է փոսի մը խոր յատակը։
«Եղբայրներէն մին կը մօտենայ փոսին եւ երջանկութենէն կը խնդրէ շատ դրամ։ Երջանկութիւնը կու տայ իրեն ուզած դրամը եւ ան կը հեռանա՜յ երջանիկ։
«Միւս եղբայրը գեղեցիկ կին մը կը խնդրէ։ Ան ալ ստանալով իր ուզածը, առաջինին պէս կը հեռանա՜յ՝ երջանկութենէն խելքն ու միտքը կորսնցուցած։
«Երրորդ եղբայրը կը հակի, կը ծռի փոսին վրայ.- Ի՞նչ կ՚ուզես, կը հարցնէ անոր երջանկութիւնը։
«Երջանկութեան այս հարցումին, հարցումով կը պատասխանէ տղան.- Իսկ դուն ի՞նչ կ՚ուզես։
«-Դուրս հանէ զիս այստեղէն, կը խնդրէ երջանկութիւնը։ Տղան կ՚երկարէ իր ձեռքը եւ կ՚օգնէ որ երջանկութիւնը դուրս գայ փոսէն։
«Ասկէ յետոյ տղան կը դառնայ եւ լուռ կը հեռանա՜յ։ Իսկ երջանկութիւնը կ՚երթայ անոր ետեւէն…»։
Այս առակը ցոյց կու տայ մեզի, թէ՝ ո՞ւր պէտք է փնտռել երջանկութիւնը, եւ յետոյ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի երջանկութիւնը մեզի հետեւի, մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին ընկերակցի, ուղեկցի մեզի։
Արդարեւ, ուրիշ առիթներով ալ ըսինք, երջանկութիւնը հեռու չէ մեզմէ, քանի որ մարդ երջանկութեան կոչումով ստեղծուած է եւ իր իսկ սայթաքումով կորսնցուցած է զայն։ Ուրեմն երջանիկ ըլլալու համար՝ նախ պէտք է փնտռել զայն, ինչպէս մարդ կը փնտռէ, կ՚որոնէ իր կորսնցուցած որեւէ արժէքը։
Յետոյ սիրելի՜ներ, մարդ պէտք է գիտնայ, թէ ո՞ւր կրնայ գտնել երջանկութիւնը, ուրիշ խօսքով ո՞ւր պէտք է փնտռէ զայն։ Եթէ սխալ տեղեր, սխալ բաներու մէջ, սխալ կերպով մարդ փնտռել փորձէ երջանկութիւնը՝ այլապէս չի գտներ զայն, գտած կը կարծէ, եւ սակայն չարաչար կը խաբուի եւ ի վերջոյ յուսախաբ՝ դժբախտ կ՚ըլլայ, փոխանակ երջանիկ ըլլալու։ Ուրեմն իրապէս եւ տեւապէս երջանիկ ըլլալու միջոցը՝ զայն շիտակ տեղ, շիտակ բաներու մէջ եւ շիտակ կերպով փնտռե՛լն է։
Զոր օրինակ, երջանկութիւնը ժամանակաւոր եւ խաբէական, ցնորական հաճոյքներու մէջ փնտռել մարդս երբեք երջանիկ չ՚ընե՛ր, թերեւս պահ մը երջանիկ ըլլալ կը կարծէ, երջանկութիւն կը զգայ իր վիճակէն, բայց երբ կեանքի իրողութեան հետ դէմ յանդիման գայ, շուտով կը հասկնայ, կ՚անդրադառնայ, որ այդ ժամանակաւոր վիճակը «երջանկութիւն» չէ՛։
Երջանկութիւնը փնտռելու վայրն ալ կարեւոր է, ըսինք. մարդ եթէ երջանկութիւնը ընտանիքէն դուրս՝ ապօրինի զբօսավայրերու, խաղավայրերու, զբօսարաններու մէջ փնտռէ, դարձեալ, ի վերջոյ դժբախտ կ՚ըլլայ, եթէ նոյնիսկ պահ մը երջանիկ կարծէ ինքզինք։
Եւ երջանկութիւն փնտռելու կերպն ալ կարեւոր է՝ երջանկութիւնը տեւական գտնելու համար։ Տեսակ տեսակ հաճոյքներու, մոլութիւններու միջոցով, զոր օրինակ՝ ոգելից ըմպելի, ծխամոլութիւն, թմրեցուցիչներու գործածութիւն՝ սխա՛լ միջոցներ, կերպեր են երջանկութիւնը գտնելու համար, եւ մանաւանդ՝ տկարութի՛ւն, քանի որ բոլոր անոնք պարզապէս եւ էապէս «ինքնախաբէութիւն» են։ Ժամանակաւոր հաճոյքներ, հաճոյակատարումներ երբեք իսկական իմաստով՝ մնայուն եւ տեւական երջանկութիւն չեն։
Բայց ի՞նչ է երջանկութիւնը։
Նախ ըսենք, որ «երջանկութիւն»ը՝ որպէս երկրաւոր արժէք, որպէս աշխարհահայեացք, յարաբերական կամ համեմատական վիճակ մըն է։ Ամէն մարդու համար երջանկութիւնը, իր նեղ իմաստով, տարբեր շարժառիթներով գոյացած այլազան կերպով արտայայտուող հոգեվիճակներ են։ Ուստի ամէն մարդ երջանիկ կը զգայ ինքզինք տարբեր պատճառներով եւ տարբեր վիճակով։ Եւ շատ անգամ «երջանկութիւն» ըմբռնումը հակասական ըմբռնումներու ալ արտայայտութիւնը՝ դրսեւորումը կրնայ ըլլալ՝ մէկուն երջանկութիւնը կրնայ ուրիշի մը դժբախտութիւնը ըլլալ։
Եւ կամ եթէ հարստութիւնը երջանկութեան պատճառ նկատուի, ուրեմն ի՞նչ համեմատութեամբ հարստութիւնը երջանկութեան պատճառ կրնայ ըլլալ, ուրիշ խօսքով՝ մարդ ո՞րքան հարուստ ըլլալու է՝ որպէսզի երջանիկ ըլլայ։ Այս կը նշանակէ՝ որ երջանկութիւնը որոշ, ստոյգ չափանիշ մը չունի, յարաբերական կամ համեմատական է եւ փոփոխական արժէք մը՝ որ ամէն մէկու համար տարբեր կերպով կը յայտնուի։ Ուրեմն ի՞նչ է երջանկութիւնը, այս հարցումին չափ կարեւոր է, թէ մարդ ե՞րբ երջանիկ կրնայ զգալ ինքզինք իրապէս եւ տեւապէս։ Հարցումը քիչ մը փոխելով՝ ո՞վ երջանիկ է, ի՞նչ բանով եւ ո՞րքանով։
Ըստ ընդհանուր կարծիքի եւ համոզման՝ երջանկութեան լաւագոյն սահմանումը կու տան մանուկները՝ դարձեալ այն տեսակէտին թէ՝ անգիտութիւնը երջանկութի՛ւն է։
Ուստի մանուկներ ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով կը բացայայտեն, թէ ի՛նչ է երջանկութիւնը։ Մանուկը բնական երջանիկ է՝ գոհունակութիւն կը զգայ եւ հոգիի հաճութիւն ունի, երբ կուշտ է եւ զբաղմունք ունի, այսինքն՝ խաղալիք, որ է ժամանցի առարկայ, եւ որեւէ ցաւ չունի։ Մանուկը՝ որ աւելիին չի ձգտիր, աւելին չ՚ուզեր, քանի որ աւելի մեծ հաճոյքներու մասին տեղեկութիւն չունի, եւ իր փոքր ու սահմանափակ աշխարհին մէջ քիչով ու պարզով կը բաւականանայ եւ այդքանով «երջանիկ» կը զգայ ինքզինք։
Արդարեւ մանուկը երբեք չի մտահոգուիր իր ուտելիքին, խաղալիքին որակով, քանակով եւ տեսակով։ Մանուկը երջանիկ է՝ որքան ատեն որ գոհ է կերածով, լաւին ու գէշին չի նայիր, բաւ է իրեն համար որ քիմքը ախորժի։ Նոյն կերպով, ան խաղալիքին որակով ալ չի մտահոգուիր՝ ամենապարզ խաղալիք մը բաւական է իրեն ինքնամոռացութեան շրջանի մը մէջ փոխադրութեան՝ որ իրեն համար երջանկութեան նախապայմանն է։ Բայց դժբախտաբար, երջանկութեան այս տարրական պայմանները մանուկին համար նոյնը չեն մնար, այլ անոր հետ կը մեծնան, կը կուտակուին, բարդ վիճակ մը կը ստանան եւ հետեւաբար կը փոխուին։ Եւ ֆիզիքական-մարմնական պահանջներու կողքին կը ծնին ու հետզհետէ կ՚աճին ընկերային, ընտանեկան եւ իմացական նոր եւ բարդ պահանջներ՝ որոնք եթէ կարելի չըլլայ գոհացնել, ապերջանկութիւնը, դժգոհութիւնը եւ դժբախտութիւնը կը ներգործէ մարդուս կեանքէն ներս։
Այսպէս, այնքան ատեն որ մարդ աշխարհը եւ կեանքը ճանչնայ, պահանջները կ՚աւելնայ եւ վերջապէս տարիքը իր գագաթնակէտին հասնի, կը սկսի վայրէջքը, կը գոյանան ֆիզիքական-մարմնական եւ հոգեկան անկարողութիւններ, որոնք պատճառ կը դառնան որ «երջանկութիւն» ըսուած «առասպել»ը բոլորովին հեռանա՜յ մարդուս կեանքէն։
Եւ կարծեմ «երջանկութեան» նախապայմանը՝ պարզութեան, չափաւորութեան եւ պէտք եղածով գոհանալու մէջ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 1, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024