ԱՆՀԱՒԱՏԸ «ՆԱՐԵԿ»Ը ՁԵՌՔԻՆ ԿԸ ՄԵՌՆԻ

Հայ գրականութեան կարեւոր ու հետաքրքրական դէմքերէն են Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, որոնք ինչքան համանման, նոյնքան հակառակ գաղափարի տէր մարդիկ էին։ Երկուքն ալ թունդ հայրենասէր ու նոր սերունդին նուիրուած մտաւորականներ, սակայն անոնց մէջ հիմնական տարակածութիւնը հաւատքի շուրջ էր. Աղբալեանի համար եկեղեցին եւ եկեղեցականը որպէս ազգային արժէք սրբազան նշանակութիւն մը ունէր, մինչ Լեւոն Շանթ հեռու էր թէ՛ եկեղեցիէն եւ թէ հաւատքէն եւ անոնց աշակերտներուն կողմէ պատմութեան էջերուն յանձնուած մի քանի դրուագներ ցոյց կու տայ այդ հակառակ ըմբռնումները:

Այդ դրուագներէն առաջինն է Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի վախճանումը։ Կաթողիկոսի վախճանման օրը Լեւոն Շանթ կ՚որոշէ շարունակել դպրոցի դասընթացքները եւ «բան մը չեղած»ի պէս աշակերտները դասի կը հրաւիրէ. այստեղ Նիկոլ Աղբալեան եւ Լեւոն Շանթ կ՚ունենան բախում մը. Աղբալեան Լեւոն Շանթի կ՚ըսէ, թէ մեռնողը Հայոց Կաթողիկոսն է եւ հետեւաբար պէտք է դպրոցը փակել։ Շանթ կը հակառակի հարցնելով, թէ Կաթողիկոսի մը վախճանը ի՞նչ կապ ունի դպրոցի գործունէութեան հետ: Սակայն Աղբալեան կ՚որոշէ այդ օր դասարան չմտնել, որովհետեւ իր համոզումով Կաթողիկոսի մը վախճանումը համահայկական ցաւ պէտք էր որ ըլլար։ Աղբալեան եկեղեցականներուն մէջ կը փորձէր գտնել հայ մատենագրութեան ջերմօրէն ծառայած անցեալի վանականներուն յաջորդները. անոր վրայ տարբեր ազդեցութիւն ունէր եկեղեցւոյ շարականները. կը յարգէր եկեղեցականներու կոչումն ու առաքելութիւնը, սակայն այս բոլորին հակառակ Լեւոն Շանթ ոչ մէկ արժէք կու տար այդ բոլորին:

Իրենց աշակերտները կը պատմեն, թէ առիթով մը Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս այցելութիւն կու տայ դպրոց. Լեւոն Շանթ ուղիղ կանգնելով կը թօթուէ Կաթողիկոսին ձեռքը, մինչ Նիկոլ Աղբալեան իր ձեռքերուն մէջ առնելով Կաթողիկոսի ձեռքը կը խոնարհի եւ ջերմեռանդութեամբ կը համբուրէ: Այս երեւոյթը վստահաբար կը գրաւէ աշակերտներուն ուշադրութիւնը եւ անոնցմէ մին դասապահի մը ընթացքին քաջութիւնը կ՚ունենայ հարցնելու այդ երեւոյթին մասին. Աղբալեան կը պատասխանէ. «Չէ՞ք հասկանում, ախր սա մի կաթողիկոս ա...». աշակերտներուն վկայութեամբ կաթողիկոս բառը անոր բերնէն դուրս կու գար աղօթքի մը նրբութեամբ:

Աշակերտները կը յիշեն նաեւ այլ դէպք մը. Մեծ պահեցողութեան շրջանին Աղբալեան կ՚որոշէ ամէն չորեքշաբթի դասապահի փոխարէն աշակերտները տանիլ եկեղեցի, լսելու համար Արեւագալի շարականները, որովհետեւ անոր իր բառերով «մինչեւ չի՛ լսէք Արեւագալի շարականները, չհասկնաք՝ ոչինչ գիտէք հայ եկեղեցւոյ մասին». առաջին չորեքշաբթի օրը աշակերտները կ՚երթան եկեղեցի, սակայն յաջորդող շաբաթներուն անոնց թիւը կը պակսի եւ գրեթէ ոչ ոք կ՚երթայ եկեղեցի։ Աշակերտները կը կարծեն, որ Աղբալեան մոռցած է եւ կամ հաշտուած է կացութեան հետ, սակայն դասապահի մը ընթացքին Աղբալեան հետեւեալը կ՚ըսէ. «Գիշերը ուշ կը քնանաք եւ կանուխ արթննալը դժուար կ՚ըլլայ: Երեւի աղջիկներուն մասին ոտանաւոր կը գրէք. աղջիկները կը ծերանան, ձեր ոտանաւորները կը մոռցուին, սակայն Արեւագալի երգերը կը մնան»:

Ուսումնասիրելով Աղբալեանը կը հաւատամ, որ անոր համար եկեղեցական արարողութիւնները, հայ եկեղեցւոյ շարականները հոգեւորէն աւելի ազգային մաս մը ունէր իր մէջ. ինք այդ բոլորը Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ ունեցած իր հաւատքէն աւելի որպէս ազգային արժէքներու ըմբռնում կ՚ընդունէր. անոր համար Նարեկը սուրբ մը ըլլալէ առաջ հայ մըն էր, արժէք մըն էր եւ պէտք էր պաշտել այն բոլորը՝ որ հայկական է եւ հայ ազգի մշակոյթին մաս կը կազմէ, սակայն Լեւոն Շանթ այդպէս չէր մտածեր. կրօնական համոզումները անոր համար մոլորեցուցիչ հասկացողութիւն մը ունէր:

Սակայն կայ հետաքրքրական դէպք մը. Լեւոն Շանթ կը հիւանդանայ եւ մահամերձ վիճակով մահուան անկողնին մէջ կը պառկի. շատ մը մտաւորականներ ու ծանօթներ կ՚այցելեն մեծ մտաւորականին, սակայն այդտեղ կը գտնեն տարօրինակ բան մը. կը տեսնեն, թէ Լեւոն Շանթ իր մահուան անկողնին մէջ իր ձեռքին մէջ կը պահէ «Նարեկ» աղօթամատեանը: Լեւոն Շանթ այդ աղօթագիրքը ինչքան ալ պահել փորձէ, այցելուներու կողմէ կը նկատուի. Շանթ կռահելով անոնց միտքերը կը պատասխանէր. «Նարեկացին ըմբոստ մըն է տղաս, սխալ հասկացուած է, ան աղաչող մը չէ...»: Իւրաքանչիւր այցելուի ըսել կ՚ուզէր, որ հաւատքէ մղուած չէ՛ որ կը կարդամ «Նարեկ»ը, այլ պարզապէս կը սիրեմ անոր ըմբոստ ոգին: Այլ խօսքով անոր համոզումով Նարեկացիի աղօթքները խնդրանք կամ աղաչանք ըլլալէ աւելի պայքար մըն էին Աստուծոյ դէմ, ըմբոստութեան ճիչ մը: Այս արդարացման կարիքը կը զգար Լեւոն Շանթ, որովհետեւ ամբողջ կեանքը ինք դէմ է կրօնական միամտութեանց. հակառակ էր այն երեւոյթին, որ մարդիկ վախ ունենան հոգեւորէն. տարբեր բաներ էին յարգանքը, երկիւղածութիւնն ու վախը:

Լեւոն Շանթ անաստուած մըն էր, սակայն մահուան անկողնին մէջ Նարեկ Աղօթամատեանը իր կուրծքին սեղմած հոգին աւանդեց:

Այս բոլորին լոյսին տակ պէտք է անգամ մը եւս աչքէ անցընել ու կարդալ Լեւոն Շանթի «Հին աստուած»ները, որ դարձեալ անոր համոզումով ըմբոստութիւն մը ունի իր մէջ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ, սակայն անհաւատութի՞ւն է՝ թէ ըմբոստութիւն, թող ընթերցողը եզրակացնէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ օրական ինչքա՞ն գիրք պէտք է կարդայ:

Պատասխան. Ընթերցանութեան ժամանակը կրնայ մարդէ մարդ տարբերիլ, կախուած անձնական նախասիրութիւններու, ընթերցանութեան արագութեան, գիրքի ծաւալէն. սակայն ընդհանուր համոզումը այն է, որ մարդ առնուազն պէտք է կէս ժամէն մէկ ժամ գիրք կարդայ, օգուտներ քաղելու, զարգանալու, ինչպէս նաեւ ընթերցանութեան սովորութիւնը զարգացնելու համար: Ամենէն կարեւորը գտնելն է ձեւը, որ կը համապատասխանէ մարդու ապրելակերպին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2024