ՀՐԱՄԱՆՔ՝ ՈՐ Է ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել հատուածներ Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ Աղանդոց»էն։
«Հրամանքո՞վ (=ճակատագիր), կ՚ըսեն, կը մեռնին մարդիկ, թէ առանց հրամանքի»։
Նախ պէտք է գիտնալ, թէ ի՞նչ է հրամանքը եւ ի՞նչպէս հրամանքի խօսքը տարածուած է աշխարհի վրայ։
Մահուան համար անլուծելի հրամանքը աստուածատուր գիրքին մէջ ոչ մէկ տեղ կը գտնենք, վասնզի մահուան եւ կեանքի Տէրը կրնայ թէ՛ կարճել եւ թէ երկարել իր հրամանը, ինչպէս ըսաւ ջրհեղեղի ատեն. «Մարդոց կեանքի օրերը պիտի ըլլան 150 տարիներ». եւ երբ անօրէնութիւնը բազմացաւ՝ պակսեցուց անոնցմէ քսանը։ Եւ ինչպէս ըսաւ Ադամին. «Այն օրը, որ ուտես ծառին պտուղէն, նոյն օրը պիտի մեռնիս». բայց իր բարերարութեան պատճառով եւ որդեծնութեան համար՝ ուզելով որ մարդիկ սերին աշխարհի վրայ, ներեց անոր 930 տարի, որպէսզի իր գեղեցիկ ստեղծուածը բոլորովին չջնջուի։ Եւ Եզեկիայի արցունքներուն համար՝ անոր կեանքին վրայ աւելցան տանեւհինգ տարիներ։ Ու Նինուէացւոց ապաշխարութեան համար՝ չկործանեց քաղաքը երրորդ օրուան մէջ՝ համաձայն իր մարգարէին քարոզութեան։
Կը սխալին նաեւ Քաղտէացի աստղագէտները, որոնք կը կարծեն, թէ ծնունդներու եւ մահերու պատճառ աստղերն են, որպէս թէ կենդանիներ եղած ըլլային անոնք։ Իբրեւ թէ, երբ մարդիկ կը ծնին՝ իւրաքանչիւրին մահուան օրն ալ կ՚որոշուի, եւ ըստ այսմ՝ ոչ ոք կրնայ մեռնիլ անկից առաջ կամ յետոյ։
Բայց իրենց դէմ կ՚ելլեն պատերազմներու դէպքերը, զի մէկ օրուան մէջ բիւրաւոր մարդիկ կը կորսուին այլեւայլ տարիքներով, ոմանք մատաղօրեայ, ոմանք երիտասարդ եւ ուրիշներ կատարեալ հասակի մէջ, որոնց ծնունդները միեւնոյն ժամուան մէջ տեղի չէին ունեցած եւ մահերը միասին կը պատահին։
Դարձեալ, եթէ աստղերն էին պատճառ ծնունդներու, ինչո՞ւ հնդիկներէն ոչ ոք երբեք սպիտակ ծնաւ եւ ոչ ալ ուրիշ աշխարհներու մէջ այդպիսի սեւագոյն մը։ Մի՞թէ հոն միայն չհասաւ սպիտակարար աստղը, ոչ ալ ուրիշ աշխարհներու մէջ՝ սեւագոյն աստղը։ Եւ հնդիկին ակռաները ինչո՞ւ այնչափ սպիտակ են։
Դարձեալ, բախտաւորութեանց եւ թշուառութեանց պատճառ կը նկատեն աստղերը. որպէս թէ կան աստեղատուներ եւ աստեղատուններուն մէջ պատճառ տուող ինչ աստղ որ հանդիպի, անոր համաձայն ալ տեղի կ՚ունենան ծնունդները։
Երբ -կ՚ըսեն- առիւծնն է աստեղատան մէջ եւ այդ միջոցին մէկը կը ծնի, ան թագաւոր պիտի ըլլայ եւ երբ եզն է եւ կը ծնի մէկը, ան հզօր եւ բարեբախտ պիտի ըլլայ, եւ երբ խոյի միջոցին ծնի, պիտի ըլլայ մեծատուն եւ անոր նման թաւ եւ բրդոտ. եւ երբ ծնի կարիճի ատեն, պիտի ըլլայ չար եւ մեղաւոր։ Եւ ուրիշներ ալ՝ տեսակ տեսակ դէպքերու պատճառ կ՚ըլլան ուրիշներու։ Որպէս թէ երբ Կռոնոսը աստեղատան մէջ մտնէ՝ թագաւորը կը մեռնի, ինչպէս որ պատահեցաւ -կ՚ըսեն- երկու անգամ Թէոդոս կայսեր օրով։ Եւ տակաւին քաղդէացիները կը պնդէին, թէ կը մեռնի թագաւորը, եւ ան մեռաւ, որպէսզի խայտառակուի սուտափուտ հնարագիտութիւնը։
Արդ, նախ թող ըսեն. ո՞վ հանեց երկինք այդպիսի երկրաւոր գիշակեր եւ խոտակեր կենդանիներ, որ մարդոց ծննդեան պատճառ ըլլան. զի այն՝ որ պատճառ կրնայ ըլլալ մէկուն ծննդեան, նա իմաստութեամբ աւելի՛ բարձր պէտք է ըլլայ, քան այն՝ որուն պատճառն է։ Արդ, պարզ մտածումով նայինք եւ տեսնենք, թէ ո՞վ աւելի բարձր է. մա՞րդը՝ որ կը տիրէ անասունին, թէ ո՞վ՝ անասունը՝ որ կը հնազանդի մարդուն, եւ ոչ միայն կը հնազանդի, այլ նաեւ անոր կերակուրն է։ Եւ կը տեսնենք, որ գազաններէն ոմանք կը փախչին եւ ոմանք մայրիներու խիտ անտառներու մէջ կը ծածկուին, երբ մարդուն ձայնը միայն լսեն։ Որովհետեւ Արարիչը մարդուն ահը եւ վախը ձգած է գազաններուն, սողուններուն, անասուններուն եւ թռչուններուն վրայ, զայն աւելի պատուած ըլլալուն համար։ Եւ անոր ստեղծումն ալ անսովոր կերպով կը ներկայացուի, ըսելով, թէ ստեղծեց զայն ձեռքով եւ փչեց անոր մէջ կենդանի շունչ որպէս բերնով. եւ ասով կը յայտնէ, թէ աւելի՛ պատուական ցոյց տալ կ՚ուզէ զայն։
Ճշմարտասէրներուն յայտնի է, թէ Աստուած յօդապատ մարմիններէ շատ վե՛ր է։ Եւ թէ գազանները եւ անասունները եղան մարդուն համար, ինչպէս իրողութեանց փորձը ցոյց կու տայ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլար որ անոնք երկինք կ՚ելլէին եւ պատճառ կ՚ըլլային մարդոց ծնունդին, անոնք -աստղերը- որ այնչափ հեռու են կենդանութենէ, որչափ ճրագ մը՝ որ կը պատրաստուի մարդուն կողմէ լուսատու ըլլալու համար տան՝ գիշեր ատեն։ Եւ չկենդանիները ինչպէ՞ս կրնան պատճառ ըլլալ կենդանիներու ծննդեան։
«Բայց եթէ կենդանի չըլլային -կ՚ըսեն-, չէին կրնար ալ քալել. եւ որովհետեւ կը քալեն, յայտնի է թէ կենդանի են»։
Ուրեմն թող լսեն.- եթէ ամէն քալող կենդանի է, կենդանի պէտք է նկատել նաեւ ջուրերը՝ որ կը քալեն։ Եւ կրակը՝ որ կը շարժի, պէտք է կարծել, թէ կենդանի է, նաեւ՝ օդը եւ հովերը, տունկերը եւ բոյսերը՝ որոնք կը շարժին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ