«ԲԱ՛ԽՏ» Կ՚ԸՍԵՆ ՈՄԱՆՔ

«Բախտ», «դի­պուած», «պա­տա­հար» կ՚ը­սեն շա­տեր այն դէպ­քե­րուն՝ ո­րոնց պատ­ճա­ռը յայտ­նի չ՚ըլ­լար եւ կը պա­տա­հին ա­նակն­կալ կեր­պով։ Բայց սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն մըն է, որ ո՛չ մէկ ի­րո­ղու­թիւն, ո՛չ մէկ ի­րա­դար­ձու­թիւն կամ դէպք կը պա­տա­հի ա­ռանց պատ­ճա­ռի։ Ըլ­լայ գի­տա­կա­նօ­րէն, ըլ­լայ բնա­զան­ցա­կան ո­լոր­տին մէջ ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն ան­պայ­մա՛ն ու­նի «պատ­ճա՛ռ» մը։ Մա­նա­ւանդ լու­սա­ւո­րու­թեան շրջա­նի ի­մաս­տա­սէր­ներ, յատ­կա­պէս կը ծան­րա­նան այս կէ­տին վրայ՝ փնտռե­լով միշտ «պատ­ճառ»ը ե­ղե­լու­թեան։

Ար­դա­րեւ «պատ­ճառ» ո­րո­նել՝ գի­տու­թեան, գի­տա­կան լուրջ զբա­ղում­նե­րու հիմն է, պրպտել, հե­տա­զօ­տել եւ բա­ցա­յայ­տել ու մեկ­նա­բա­նել ո­րե­ւէ ի­րո­ղու­թիւն, ո­րե­ւէ ե­րե­ւոյթ։

Դրա­կան գի­տու­թիւ­նը միշտ «պատ­ճառ» մը կ՚ո­րո­նէ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ բա­ցատ­րել ո­րե­ւէ ե­րե­ւոյթ։ Բնա­զան­ցա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու (métaphysique) հա­մար ալ պա­րա­գան նո՛յնն է՝ ա­մէն բնա­զան­ցա­կան ե­րե­ւոյթ ու­նի իր պատ­ճա­ռը, բայց զայն գիտ­նալ դժուար է եւ շատ ան­գամ ան­կա­րե­լի՛։ Ի­րո­ղու­թեան մը, պա­տա­հա­րի մը կամ ե­րե­ւոյ­թի մը հան­գա­ման­քը եր­բեք չի՛ փո­խուիր՝ միշտ նոյնն է, «պատ­ճառ» մը ան­պայ­ման գո­յու­թիւն ու­նի, ե­թէ նոյ­նիսկ ան­յայտ ըլ­լայ ան։ Բնու­թեան նախ­նա­կան, ա­նայ­լայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­ւոր օ­րէնքն է՝ պատ­ճառ-ար­դիւնք կա­պը՝ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը։ Ու­րեմն, շա­տե­րու «բախտ» ը­սածն ալ ու­նի պատ­ճառ մը, շար­ժա­ռիթ մը եւ մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս կը յու­լա­նան, ծոյլ եւ ան­փոյթ կ՚ըլ­լան պրպտե­լու, փնտռե­լու «պատ­ճառ»ը եւ կ՚ընտ­րեն դիւ­րին ու կարճ ճամ­բան եւ կ՚ը­սեն. «բա՛խտ»։ Եւ ե­թէ նոյ­նիսկ «բախտ» է, ան ալ ու­նի պատ­ճառ մը՝ շար­ժա­ռիթ մը կամ հիմք մը։

Ու­րեմն այս կը նշա­նա­կէ, որ աշ­խար­հի վրայ, մի­ջո­ցի մէջ, անջր­պե­տի խո­րե­րը, ո­րե­ւէ ո­լոր­տի մէջ պա­տա­հած ո­րե­ւէ ի­րո­ղու­թիւն, ե­րե­ւոյթ, հե­տե­ւանք է «պատ­ճառ»ի մը, որ­քան ալ ան­ծա­նօթ, օ­տար եւ ծա­ծուկ ըլ­լայ ան։ Ար­դա­րեւ բան մը, որ չի գիտցուիր, ան­ծա­նօթ է, այդ չի՛ նշա­նա­կեր, որ գո­յու­թիւն չու­նի ան՝ յե­րի­ւրա­ծոյ կամ ե­րե­ւա­կա­յա­կան եւ կամ մտա­ցա­ծին է։ Բան մը՝ երբ ան­տե­սա­նե­լի է կամ ան­հասկ­նա­լի, ա­նի­մա­նա­լի՝ չենք կրնար ը­սել, որ ան ցնորք մըն է, քա­նի որ ո­րե­ւէ բա­նի մը գո­յու­թիւ­նը եր­բեք կա­խում չու­նի մարդ­կա­յին սահ­մա­նա­փակ միտ­քէն՝ ե­թէ ան գո­յու­թիւն ու­նի, մարդ ըն­դու­նի կամ ո՛չ, ան կա՛յ։

Մարդ­կա­յին են­թա­կա­յա­կան դա­տո­ղու­թիւ­նը, որ ընդ­հան­րա­պէս «նեղ միտք»ին ո­րո­շումն է, եր­բեք չի կրնար սահ­մա­նել ո­րե­ւէ էու­թեան կամ ե­ղե­լու­թեան դիր­քը, վի­ճա­կը, գո­յու­թիւ­նը կամ բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը. ե­թէ ան կայ՝ ա­պա ու­րեմն մարդ­կա­յին միտ­քը չի կրնար փո­խել զայն եւ ան­գոյ հա­մա­րել։ Ի­րի մը կամ ի­րո­ղու­թեան մը էու­թիւ­նը կա­խում չու­նի մարդ­կա­յին են­թադ­րու­թիւն­նե­րէ։

Զոր օ­րի­նակ, երկ­րա­շարժ մը կը պա­տա­հի, քա­ղաք­ներ կը կոր­ծա­նին, ա­նոնց ա­ւե­րակ­նե­րուն տակ կեան­քե՜ր կը թա­ղուին։ Օ­դը կը ծան­րա­նայ եւ ժան­տախ­տը կը տա­րա­ծուի ամ­բողջ երկ­րի վրայ։ Բազ­մա­թիւ կեան­քեր կ՚ոչն­չա­նան, շատ մարդ կը մեռ­նի՝ վա­րա­կուած օ­դի մէջ տա­րա­ծուած մա­հա­բեր թոյ­նե­րէն։ Մարդ­կա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը, որ կը յանդգ­նի ա­մէն բա­նի պատ­ճա­ռը գու­շա­կել, պար­զա­պէս բնու­թեան ազ­դե­ցու­թեան կը վե­րագ­րէ այս բո­լո­րը, եւ քայլ մը ա­ւե­լի եր­թա­լով ախ­տա­ճա­նա­չում կը կա­տա­րէ՝ «բախտ»ը պատ­ճառ յայ­տա­րա­րե­լով։ Եւ ո՜ր­քան դիւ­րին է ան­ծա­նօթ, ան­տե­սա­նե­լի «պատ­ճառ» մը գտած կար­ծել, կար­ծես մե՜ծ գիւտ մը կա­տա­րած ըլ­լար մարդ։ Ա­հա­ւա­սիկ մարդ­կա­յին տկա­րու­թեան, մարդ­կա­յին տկա­րու­թեան եւ խեղ­ճու­թեա՜ն, ցա­ւա­լի յա­ւակ­նու­թեան յայ­տա­րա­րու­թի՛ւ­նը։ Սո­վո­րու­թի՞ւն թէ մո­լու­թիւն պէտք է ա­նուա­նել՝ մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս «բախտ» կ՚ը­սեն՝ ի՛նչ որ անս­պա­սե­լի եւ մա­նա­ւանդ ան­ծա­նօթ ճամ­բա­նե­րով եւ ա­ռանց ի­րենց կամ­քին կը պա­տա­հի։

Ե­թէ այդ մէ­կը ո­ե­ւէ մէ­կու հա­մար պա­տահ­մունք էր, ո՜վ խեղճ մահ­կա­նա­ցո՛ւ­ներ, պա­տահ­մունք չէ՛ Ա­նոր հա­մար՝ ո­րուն ձեռ­քին մէ՛ջն է միայն դէպ­քե­րը ուղ­ղե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մէ­կը կ՚ու­զէ իր ծրագ­րած նպա­տա­կին հաս­նիլ, կը ջա­նայ այդ ուղ­ղու­թեամբ, բայց Ան՝ ո­րուն կը հնա­զան­դին բո­լոր մի­ջոց­նե­րը եւ բո­լոր ճամ­բա­նե­րը, տար­րե­րը՝ կ՚ու­զէ որ ան հաս­նի ու­րիշ նպա­տա­կի մը, եւ Ա­նոր մշտնջե­նա­ւոր ծրագ­րով կ՚ուղղուի դէ­պի հոն՝ ուր եր­բեք չէր ծրագ­րած։ Ա­ռա­ծը յայտ­նա­պէս կ՚ը­սէ. «Խոր­հուր­դը մարդ­կա­յին է, իսկ կամ­քը՝ աս­տուա­ծա­յի՛ն»։ Եւ ու­րիշ ա­ռած մըն ալ կ՚ը­սէ. «Մարդ կը ծրագ­րէ, եւ Աս­տուած կը ծի­ծա­ղի»։ Ու­րեմն, այն ա­մէն պա­տա­հար, դէպք, ե­րե­ւոյթ, ե­ղե­լու­թիւն, ըն­դու­նուի կամ ո՛չ, ու­նի ան­պայ­ման նա­խա­պատ­ճառ մը, շար­ժա­ռիթ մը՝ ո­րուն սկիզբն է Աս­տու­ծոյ կամ­քը։ Եւ Ան է, որ կը գոր­ծադ­րէ, կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ մար­դուս ծրա­գի­րը՝ իր կամ­քին հա­մա­ձայն, ա­մե­նանպաս­տա­ւոր կեր­պով։ Այս «աս­տուա­ծա­յին կամք»ը եր­բեք քմա­յա­կան, կա­մա­յա­կան կամք մը չէ՛, այլ ա­նոր շար­ժա­ռիթն է՝ մար­դուս օ­գու­տը, բա­րի­քը եւ պի­տա­նու­թիւ­նը։ Կեր­պով մը ու­ղիղ ճամ­բան ցոյց կու տայ աս­տուա­ծա­յին կամ­քը՝ ա­ռաջ­նոր­դե­լով զայն դէ­պի օգ­տա­կա­րը, բա­րի՛ն։

Հոս հարց մը կը ծա­գի, թէ «ճա­կա­տա­գիր» եզ­րը ո՞ւր պէտք է դնել այս խորհր­դա­ծու­թեան մէջ։ Մար­դը, միտ­քով, բա­նա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած էակ մըն է, քա­նի որ ան՝ մի­ջոց­նե­րը, ո­րոնք նպա­տա­կի մը կը ծա­ռա­յեն ի­րա­րու կա­պել գի­տէ։ Ան բա­նա­ւոր է, քա­նի որ կը տես­նէ, կ՚անդ­րա­դառ­նայ եւ գի­տէ զգոյշ վա­րուիլ՝ հաս­նե­լու հա­մար իր նպա­տա­կին։ Ան գի­տէ՝ ի՛նչ­պէս պի­տի դնէ հիմ­քը այն շէն­քին, ո­րուն վրայ պի­տի տա­րա­ծէ խա­րիս­խը եւ պի­տի բարձ­րաց­նէ սիւ­նե­րը եւ գի­տէ շի­նել, կանգ­նել ու պա­հել՝ այն ի՛նչ որ ի­րեն օգ­տա­կար է եւ ի­րեն կրնայ ծա­ռա­յեց­նել։

Ա­պա ու­րեմն երբ մարդ ինք կը կեր­տէ իր շէն­քը, եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ ի­րեն տրուած է իր ա­զատ կամ­քով գոր­ծե­լու ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը, ա­պա ու­րեմն ո՞ւր պէտք է տե­ղա­ւո­րել «ճա­կա­տա­գիր» եզ­րը այս «ա­զա­տու­թեան» մէջ։

Ար­դա­րեւ «ճա­կա­տա­գիր»ի գա­ղա­փա­րը բո­լո­րո­վին ներ­հակ է, հա­կա­ռա՛կ է «ա­զա­տու­թեան» սկզբուն­քին։ Այն որ հպա­տակ է «ճա­կա­տա­գիր» ի­րո­ղու­թեան, այն որ կա­խեալ է «ու­րիշ»ի մը տրա­մադ­րու­թե­նէն, այ­լեւս ա­նոր ա­զա­տու­թեա­նը մա­սին խօ­սիլ ի զուր է։ Եւ ու­րեմն «ճա­կա­տա­գիր» եւ «ա­զա­տու­թիւն» հա­կա­դիր տար­րեր են, կը հա­կա­սեն ի­րա­րու։ Մարդ կամ կա­խում ու­նի ճա­կա­տագ­րէն եւ կամ ա­զատ է՝ կը գծէ իր իսկ ճամ­բան։

Ա­պա ու­րեմն, «ճա­կա­տա­գիր»ը՝ Աս­տու­ծոյ գի­տու­թիւնն է՝ մար­դուն ա­պա­գա­յին մա­սին, ու­րիշ խօս­քով՝ Աս­տուած կան­խաւ գի­տէ, թէ մարդ ի՛նչ­պէս պի­տի գոր­ծա­ծէ իր ա­զա­տու­թիւ­նը եւ իր ա­զատ կամ­քով ո՛ւր պի­տի հաս­նի, ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ ա­նոր դիր­քը ու վի­ճա­կը ա­պա­գա­յին մէջ։ Աս­տուած, որ ան­ժա­մա­նակ է, գի­տէ՛ այդ բո­լո­րը, եւ ե­թէ պա­հանջ­քը զգայ, ի նպաստ մար­դուն, եր­բեմն կը մի­ջամ­տէ, թէ ո՛չ մարդ իր գծած ճամ­բով կը հաս­նի իր նպա­տա­կին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015