ՈՒՆԵՒՈՐ ԸԼԼԱԼ՝ ՉՔԱՒՈՐԻ ՊԷՍ
Ունեւոր ըլլալ, հարուստ ըլլալ, բայց չկորսնցնել չքաւորի, աղքատի առաքինութիւնները… գիտուն ըլլալ, սակայն պահել անգէտի համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը։ Եւ իրապէս երանելի՜ է այն հարուստը՝ որ չէ՛ կորսնցուցած աղքատի ազնուութիւնն ու առաքինութիւնը, եւ դարձեալ ո՜րքան գնահատելի է եւ վստահելի այն գիտունը՝ որ կը պահէ անգէտի համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը։
Արդարեւ ի՞նչ է հարստութեան ստուգանիշը, ամէն հարստութեան մէջ կայ միշտ պակաս մը՝ աւելի հարուստ ըլլալու միջոց մը, աստիճան մը, լիակատար չէ երբեք «հարստութիւն»ը, եւ ուրեմն կատարեալին համեմատութեամբ ամէն հարուստ որոշ չափով ու համեմատութեամբ «աղքա՛տ» է։
Կարիքաւոր է ամէն մարդ աւելի լաւին, աւելի ունեւորութեան նկատմամբ, եւ ուրեմն պէտք չէ՛ կորսնցնէ իր «աղքատ»ի հանգամանքը՝ ազնուութիւնն ու առաքինութիւնները։ Հարուստ մէկը աւելի հարուստի մը համեմատութեամբ միշտ «չքաւոր» է։ Ամէն մարդ միշտ «կարիքաւոր» է աւելի բարեկեցիկ մէկու մը նկատմամբ։ Ամէն մարդ, որքան ալ ունեւոր ըլլայ՝ որոշ չափով եւ աւելի ունեւորի մը համեմատութեամբ ընչազուրկ է, աղքա՛տ է։
Նոյնն է պարագան, սիրելի՜ բարեկամներ, գիտութեան պարագային։ Գիտութիւնը անսահման է եւ անվերջանալի։ Ան, ինչպէս յաճախ կրկնած ենք, կը նմանի հորիզոնին՝ որու որքան մօտենալ փորձէ մարդ, ան միշտ հեռուն կը մնայ՝ անմերձենալի, որուն կարելի չէ մօտենալ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ աշխարհի վրայ մարդիկ գիտութեան նկատմամբ միշտ պակաս մը ունին եւ թէ մարդիկ իրարմէ սորվելիք շա՜տ բան ունին միշտ։ Եւ ահաւասիկ այս կէտին է, որ ըսուած է, թէ՝ սորվելու ամենամեծ արգելքը, թշնամին՝ ամէն ինչ գիտնալ կարծելու մոլորումը՝ սխալա՛նքն է։
Շատեր երբ դպրոց յաճախել սկսին, կը կարծեն, թէ ամէն ինչ գիտեն, մանաւանդ երբ բարձրագոյն ուսման հետեւիլ սկսին. յետոյ ուսման ընթացքին կը տեսնեն, որ սորվելի շա՜տ բան ունին տակաւին։ Վերջապէս երբ վկայուին՝ ապշած, շլմորած կը տեսնեն, որ ո՛չ մէկ բան գիտեն, մանաւանդ երբ դէմ յանդիման կու գան կեանքի իրականութեան հետ։ Այս ալ կ՚ապացուցանէ այն իրողութիւնը, թէ գիտութիւնը, սորվիլը անվերջանալի ընթացք մըն է եւ մարդ ամէն օր եւ ամէն մէկէ կը սորվի, կը սորվի եւ կը շարունակէ սորվիլ…։
Ուրիշ առիթներով ալ ըսինք՝ իրական գիտունը այն է՝ որ գիտէ իր չգիտցածը, եւ կը ջանայ սորվիլ, գիտնալ։ Բայց կան դժբախտաբար «անգէտ գիտուն»ներ՝ որոնք կը կարծեն հպարտանալ իրենց գիտութեամբ, մինչդեռ հպարտութամբ կը հռչակեն, կը յայտարարեն իրենց ցաւալի՜ տգիտութիւնը։ Կան նաեւ «ակամայ կամաւոր»ներ՝ որոնք կամք ունին ո՛չ թէ իրենց շուրջիններուն որեւէ կերպով օգտակար ըլլալու, այլ՝ կամաւոր երեւելով՝ իրենք զիրենք ցոյց տալու, կարճ ճամբով ու աժան համբաւ շահելու, «երեւելի անձ»ի տպաւորութիւն ստեղծելու իրենց շուրջիններուն վրայ։ Խե՜ղճ մարդիկ, սնանկանալու դատապարտուած մտայնութի՜ւն…։
Ըսինք, ուսումը անվերջանալի է։ Մանաւանդ դպրոցական վկայականը, պարզապէս վաւերագիր մը, գրաւոր հաւաստիք մըն է՝ թէ վկայական ստացողը պատրաստ եւ յանձնառո՛ւ է սորվելու, աւելին գիտնալու, յառաջանալու գիտութեան անվերջ ու անսահման ճամբուն վրայ։
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է՝ թէ աշխարհի վրայ ամէն մարդ, ամէն մարդէ սորվելիք բան մը ունի։ Եւ դարձեալ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ամենէն աննշան, հասարակ, անկարեւոր կարծուած մէկն իսկ կրնայ բան մը սորվեցնել՝ ինքզինք գիտուն կարծող մէկու մը։
Կը պատմուի, թէ ինքզինք գիտուն կարծող «գիտնական» մը նաւակով կը ճամբորդէ, մինչ թիավարին հարցումներ կ՚ուղղէ, համեստ գիտութեան տէր թիավարը չի կրնար պատասխանել «գիտնական»ին հարցումներուն։ Գիտնականը հպարտութեամբ կ՚ըսէ խեղճ թիավարին.
«Երբ չես կրնար այս պարզ հարցումներուն պատասխանել, ապա ուրեմն դուն մեռած ես, չես կրնար ապրիլ այս տգիտութեամբ…»։
Թիավարը չի պատասխաներ եւ կը շարունակէ թիավարել։ Այդ պահուն սաստիկ փոթորիկ մը կը սկսի ուժգին շարժել նաւակը։
Թիավարը պաղարիւն կը հարցնէ սարսափահար «գիտնական»ին. «Մեր կեանքը վտանգի տակ է, պէտք է լողանք դէպի ցամաք…»։
«Գիտնական»ը սաստիկ վախցած՝ խուճապահար հազիւ կը պատասխանէ.
«Ես լողալ չեմ գիտեր…»։
Համեստ գիտութեան տէր թիավարը կը պատասխանէ. «Ուրեմն հիմա դուն ալ մեռած մէկն ես»։ Անոնք ինչպէ՞ս կ՚ազատին չենք գիտեր, բայց հաւանաբար «տգէտ» թիավարին օգնութեամբ փրկուած է «գիտնական» այդ մարդուն կեանքը…։
Գիտութեան տեսակէտով մա՛րդ իրաւունք չունի թերագնահատելու ոեւէ մէկը, քանի որ կեանքը միշտ լեցուն է անակնկալներով, անսպասելի իրողութիւններով, եւ մանաւանդ երբ հարցը գիտութիւն է, գիտելիքի մասին է։
Ուստի այս աշխարհի վրայ ամէն մարդ իր կարողութեան ու տարողութեան չափով ուսուցիչ է, կ՚ուսուցանէ, կ՚աւանդէ, քանի որ նոյնիսկ անփորձ է, վստահաբար իր վիճակին համապատասխան գիտութիւն մը, փորձառութիւն մը ձեռք ձգած է։ Ուրեմն ամէն մարդ իր փորձառութեան համեմատ կրնայ սորվեցնել։
Սակայն, հոս կարեւոր է՝ չափը գիտնալ, առանց յաւակնութեան, չափաւոր կերպով, առանց չափազանցելու կատարել գիտութեան ու փորձառութեան փոխանցումը։ Արդարեւ կան մարդիկ, որոնք «մէկ» գիտեն, «տասը» գիտնալ կը ձեւացնեն եւ «հարիւր» տալ կը փորձեն։ Անոնք գիտնալու են՝ թէ օգուտէ աւելի վնաս կը պատճառեն ամէն անոնց՝ որ կը վստահին իրենց։
Ուրեմն գիտութեան հարցին մէջ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ՝ համեստութիւնը, խոնարհութիւնը։ Ուստի գիտութեան մէջ «դասակարգ»ի հարց չկա՛յ. մա՛րդ չի կրնար ըսել, որ ինք մէկ ուրիշէն աւելի բան մը գիտէ, գիտութիւնը հասարակաց «գանձ» մըն է, հարստութիւն մը՝ արժէք մը՝ որմէ ամէն մարդ կրնայ օգտուիլ, անշուշտ միշտ չափ ու կշռի, սահմանը յարգելով։
Եւ ինչպէս գիտութիւնը անսահման է եւ անվերջանալի, ապա ուրեմն անոր գործածութիւնն ալ պէտք է ըստ այնմ ըլլայ. մարդ ինքզինք որքան ալ «գիտուն», «ամենագէտ» կամ «մասնագէտ» համարէ, պէտք չէ որ գիտութեան փոխանցումի ատեն վճռական ըլլայ, վերջնական խօսի։ Մարդ խուսափելու է «վերջակէտ»ներէ, այլ միշտ հաւանականութիւններ ի մտի ունենալու է եւ ըստ այնմ միշտ «բաց դուռ» մը ձգելու է իր խօսքին վերջաւորութեան…։
Եւ երբ գիտութեան համար կ՚ըսենք, հարստութիւն, ուրեմն նիւթական հարստութիւնն ալ նոյնն է, ինչպէս մատնանշեցինք նախապէս։
Ի՞նչ է չափանիշը կամ ստուգանիշը հարստութեան, կարելի չէ որոշել՝ թէ ո՛վ եւ որքա՛ն ունեւորը «հարուստ» է իր իսկական իմաստով։
Հարուստ ըլլալն ալ յարաբերականութեան ընդհանուր օրէնքին կը հպատակի՝ միշտ աւելին կայ, թուային արժէքներով կարելի չէ չափել զայն, եւ ուրեմն միշտ «պարապութիւն» մը, պակաս մը գոյութիւն ունի։ Ահաւասիկ, ճիշդ այդ պատճառով է, որ կ՚ըսուի, թէ՝ երանելի՜ է այն ունեւորը, որ չէ կորսնցուցած իր չքաւորի առաքինութիւնները։ Հարստութեան մէջ համեստ է եւ խոնարհ, գիտէ, որ միշտ կայ աւելին, աւելի մօտը կատարելութեան՝ աւելի զօրաւորը, աւելի լիակատարը։ Անշուշտ կատարեալին ձգտիլ, աւելիին ձգտիլ մարդուս բնական ու արդար զգացումն է։
Նիւթական լաւ պայմաններու մէջ եղողներու արդար իրաւո՛ւնքն է աւելիին տենչալ, ինչպէս որ գիտունը՝ ճշմարիտ գիտունը կը ձգտի աւելի գիտութեան։ Մարդ չի բաւարարուիր իր ներկայ վիճակով, եւ թէ պէտք չէ՛ բաւարարուի, այլապէս ամուլ, ապարդիւն, անիմաստ ու աննպատակ ընթացք մը կ՚ըլլայ կեանքը։ Յառաջդիմութեան համար պէտք է հարուստը տենչայ աւելի հարստութեան, եւ գիտունը՝ ա՛լ աւելի գիտութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 14, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024