ՊԱՇ­ՏԱ­ՄՈՒՆ­ՔԻ ԼԵ­ԶՈՒՆ - Ա -

Յա­ճախ կը դի­մա­ւո­րուինք սա հար­ցու­մով. ե­կե­ղեց­ւոյ պաշ­տա­մուն­քը, ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը գրա­բա՞ր թէ աշ­խար­հա­բար ըլ­լա­լու է։ Ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ ե­կե­ղե­ցին իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար ո՛ր լե­զուն որ ա­ւե­լի շատ կ՚ար­դիւ­նա­ւո­րէ, կ՚օգ­նէ, այդ լե­զուն գոր­ծա­ծե­լու է, քա­նի որ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ նպա­տա­կը՝ հա­ւատքն է, լե­զուն ա­նոր մի­ջոցն է, ա­ռար­կան է։ Ե­կե­ղե­ցիին նպա­տա­կը ծա­ռա­յել է ժո­ղո­վուր­դին ե՛ւ ու­րեմն ժո­ղո­վուր­դին ա­մե­նա­հասկ­նա­լի մի­ջո­ցը ի՛նչ որ է, ան պէտք է գոր­ծա­ծել։ Ո­մանք չա­փա­զանց­նե­լով, ը­սած են, որ ե­կե­ղե­ցին «դպրոց» չէ, որ հա­յե­րէն սոր­վեց­նէ, ժո­ղո­վուր­դին ո՛ր լե­զուն որ դիւ­րա­մատ­չե­լի է՝ դիւ­րին հասկ­նա­լի, ա՛յդ պէտք է գոր­ծա­ծել։

Ան­շուշտ տե­սա­կէտ­ներ են այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք մա­սամբ ի­րա­ւա­ցի են եւ ըն­դու­նե­լի։

Բայց սի­րե­լի՜­ներ, պէտք է ըն­դու­նիլ, որ Ե­կե­ղե­ցին, ըն­դու­նե­լով իր հո­գե­ւոր հան­գա­ման­քը եւ ա­ռա­քե­լա­կան նպա­տա­կը, ի վեր­ջոյ պէտք է ըն­դու­նիլ նաեւ, թէ ան, իր ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով «հաս­տա­տու­թիւն» մըն է, կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, վար­չա­կան կազմ ու­նե­ցող միու­թիւն մը՝ մար­մին մը, կար­գա­ւո­րում մը։

Եւ դար­ձեալ, հար­կադ­րանք մըն է՝ որ ա­մէն հաս­տա­տու­թիւն, իր պաշ­տօ­նը եւ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու՝ ստանձ­նած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար «լե­զու»ի մը պէտ­քը ու­նի։ Լե­զուն, ե­թէ նոյ­նիսկ «մի­ջոց» կամ «ա­ռար­կայ» ալ ըլ­լայ, անհ­րա­ժեշտ եւ ա­ռաջ­նա­կարգ «գոր­ծիք» մըն է, եւ գոր­ծե­լու հա­մար կար­գա­պա­հու­թիւն (=discipline) մը ու­նե­նա­լու է, եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ խառ­նաշ­փո­թու­թիւն­նե­րու, ի­րա­րան­ցում­նե­րու տե­ղի չտա­լու հա­մար պայ­ման է, որ «պաշ­տօ­նա­կան լե­զու» մը ու­նե­նայ, հա­սա­րա­կաց լե­զու մը գոր­ծա­ծուի։ Եւ այս պաշ­տօ­նա­կան լե­զուն գոր­ծա­ծե­լով է, որ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն կրնայ հաս­տա­տուիլ եւ հոն ուր ներ­դաշ­նա­կու­թիւն կայ՝ հոն կայ նաեւ խա­ղա­ղու­թիւն եւ ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւն։

Ու­րեմն մեր հա­մեստ կար­ծի­քը այն է, թէ ա­մէն հաս­տա­տու­թիւն պէ՛տք է գոր­ծա­ծէ իր պաշ­տօ­նա­կան լե­զուն, որ­պէս­զի հա­մա­չա­փու­թիւ­նը եւ ե­ղա­նա­կա­ւո­րու­մը ա­պա­հո­վուի հոն, որ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ու լաւ գոր­ծա­ծու­թեան նա­խա­պայ­մա՛նն է ա­մէն մար­զի մէջ՝ թէ՛ հո­գե­ւոր, թէ՛ աշ­խար­հիկ։

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Ա­դամ Քա­հա­նայ Մա­կա­րեա­նի «Քրիս­տո­նէու­թեան Իս­կու­թիւ­նը - Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, 2012» աշ­խա­տա­սի­րու­թե­նէն հա­տուած­ներ, ուր կը բա­ցատ­րուի, թէ, ին­չո՞ւ ե­կե­ղե­ցա­կան ծէ­սե­րը գրա­բար ըլ­լա­լու են։

«Նկա­տի ու­նե­նա­լով ե­կե­ղե­ցա­կան ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու գրա­բար լե­զուն, ո­րով հա­յու­թիւ­նը այ­սօր չի խօ­սիր, ո­մանք անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րեն գրա­բար լե­զուի փո­խա­րէն խօ­սակ­ցա­կան լե­զուի գոր­ծա­ծու­մը ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս՝ Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։

«Սա­կայն Ե­կե­ղե­ցին նպա­տա­կա­յար­մար չի՛ նկա­տեր ծի­սա­կան լե­զուի փո­փո­խու­մը։ Կան մի քա­նի պատ­ճառ­ներ։

«Այ­սօր աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը կ՚ապ­րի տար­բեր եր­կիր­ներ, ո­րով ծէ­սի լե­զուի փո­փո­խու­թեան պա­րա­գա­յին պի­տի խախ­տուի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու միօ­րի­նա­կու­թիւ­նը. կ՚ու­նե­նանք ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն, գեր­մա­նե­րէն, ֆրան­սե­րէն, թր­քե­րէն, ռու­սե­րէն, ս­պա­նե­րէն եւ այլ լե­զու­նե­րով պա­տա­րագ­ներ, եւ ո­րե­ւէ ա­ռի­թով տուեալ եր­կիր­նե­րու ապ­րող հա­յե­րը, մէկ այլ երկ­րի մէջ Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեա­նը մաս­նակ­ցե­լով, օ­տար եւ ան­հա­ղորդ, ան­մասն պի­տի ըլ­լան։

«Մինչ­դեռ մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցիի ար­տա­սահ­մա­նեան թե­մե­րուն մէջ հին ժա­մա­նակ­նե­րէն ար­դէն գոր­ծա­ծու­թեան մէջ են հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած պա­տա­րա­գա­մա­տոյց­նե­րը՝ հա­յե­րէ­նին զու­գա­հեռ հա­մա­պա­տաս­խան խօ­սակ­ցա­կան լե­զուով բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ո­րով ար­դէն պար­բե­րա­բար ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խող հա­ւա­տա­ցեա­լը նոյ­նիսկ մէկ այլ երկ­րի մէջ գրա­բար եր­գե­ցո­ղու­թիւնն ու ա­ղօթք­նե­րը լսե­լէն գի­տէ, թէ ո՛րն է կամ ի՛նչ է ը­սուա­ծին ի­մաս­տը։

«Իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծա­ծուին պա­տա­րա­գա­մա­տոյց­ներ, ուր­տեղ ման­րա­մասն բա­ցատ­րուած է Պա­տա­րա­գի իւ­րա­քան­չիւր հա­տուա­ծի նշա­նա­կու­թիւնն ու ի­մաս­տը։

«Մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցիի շա­րա­կան­նե­րու, հո­գե­ւոր եր­գե­րու, մե­ղե­դի­նե­րու խօս­քե­րը եւս գրա­բար են։ Բա­նաս­տեղ­ծա­կան գե­ղե­ցիկ յօ­րի­նուածք­նե­րով ու չա­փե­րով։ Եւ ա­նոնք գրա­բա­րէն ու­րիշ լե­զուի փո­խադ­րուե­լով պի­տի խախ­տուի բա­նաս­տեղ­ծա­կան չա­փը, ա­ւե­լին՝ ըստ այդմ կ՚այ­լա­փո­խուի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։

«Մեր ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ա­նոնց բնօ­րի­նակ եւ բնա­գիր­նե­րը (=texte) ու ե­րաժշ­տու­թիւն­նե­րը նաեւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ են, իսկ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը փո­փո­խու­թիւն­նե­րու չեն են­թար­կուիր։ Զար­մա­նա­լի է, որ կան նման ի­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­ռըն­չու­թեամբ փո­փոխ­ման պա­հանջ­ներ չեն ար­տա­սա­նուիր կամ շեշ­տուիր։

«Զոր օ­րի­նակ՝ ի­տա­լա­կան նուա­գա­խա­ղե­րու (=opéra) ներ­կա­յա­ցում­նե­րը ա­մէ­նու­րեք կը հնչեն ի­տա­լե­րէն լե­զուով, եւ հան­դի­սա­տես­ներն ալ կը լսեն զայն եւ կ՚ըն­դու­նին ա՛յդ լե­զուով։ Բա­ցի ա­սոնց­մէ ե­րի­տա­սարդ­ներ ար­տա­սահ­մա­նեան շատ մը եր­գեր կը լսեն, մտիկ կ՚ը­նեն՝ ո­րոնց բա­ռե­րը բո­լո­րո­վին չեն հասկ­նար եւ ա­նոնց դէմ չեն բո­ղո­քեր եւ չեն գան­գա­տիր։ Մինչ­դեռ Պա­տա­րա­գի եւ միւս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու լա­զուն դա­սա­կան հա­յե­րէնն է՝ ո­րուն բա­ռա­պա­շա­րը ծա­նօթ է բո­լո­րին, միայն տար­բեր է քե­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Եւ ե­թէ նոյ­նիսկ չըլ­լա­յին Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­ռըն­չու­թեամբ վե­րո­յի­շեալ բա­ցատ­րա­կան մի­ջոց­նե­րը, պար­զա­պէս նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն պէտք էր՝ հասկ­նա­լու հա­մար, հասկ­նա­լու նպա­տա­կով գրա­բա­րի մի քա­նի քե­րա­կա­նա­կան կա­նոն­նե­րը սոր­վե­լու հա­մար։

«Այ­սօր բազ­մա­թիւ մար­դիկ կ՚օգ­տուին հա­մա­կար­գի­չէ, հա­մա­ցան­ցէ, զա­նա­զան կայ­քե­րէ՝ ո­րու հա­մար կը սոր­վին անգ­լե­րէն բա­ռեր, եզ­րա­բա­ռեր, տեր­մին­ներ եւ խօս­քեր։ Եւ ե­թէ սե­փա­կան հա­ճոյ­քի կամ հե­տաքրք­րու­թեան հա­մար մար­դիկ բո­լո­րո­վին օ­տար բա­ռեր ու եզ­րեր, եզ­րա­բա­ռեր կը սոր­վին, ու­րեմն որ­քան ա­ռա­ւել եւս պէտք է նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լան հո­գե­ւոր շա­հու հա­մար փոքր բան մը սոր­վե­լու գոր­ծին…»։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 9, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015