ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԻՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

«Եւ մենք, Քրիստոսի միացածներս, համարձակօրէն եւ ամենայն վստահութեամբ կը կանգնինք Աստուծոյ ներկայութեան, քանի Քրիստոսի հաւատացինք». (ԵՓԵՍ. Գ 12)։

Շատ մը գեղեցիկ եւ սիրուած հոգեւոր երգեր ծագում առած են արտասովոր պարագաներու մէջ, կամ խառնաշփոթ եւ անակնկալ անցուդարձերու ընթացքին։

Ասոր ճիշդ հակառակը, հեղինակ Ռէյ Փալմըր այս երգին, «Հաւատքս Քեզ կը նայի»՝ ոչ մէկ արտաքին երեւոյթ ընդունած է։ Այսուամենայնիւ հեղինակին կեանքը եւ երգին կազմաւորումը արժանի նկատուած են գնահատանքի։

Ռէյ Փալմըր դատաւորի մը զաւակ էր։ Ան ծնած է Ռոտ Այլընտի Լիթըլ Քեմփթըն քաղաքին մէջ, 12 նոյեմբեր 1808-ին։ Հակառակ անոր որ Ռէյ ուսումատենչ, շատ փայլուն ապագայ խոստացող տղեկ մըն էր, սակայն նիւթական անցուկ պարագաներու բերումով կը ստիպուի ձգել դպրոցը եւ վաճառատան մը մէջ տասներեք տարեկանին աշխատիլ իբր օգնական։

Յաղթահարելով իր յուսախաբութիւնները, ան կը յաճախէ եկեղեցի՝ ուր կը գտնէ անձնական աճում եւ քաջալերանք։ Ահա հո՛ն էր որ իր պատանի տարիքին կը ճանչնայ եւ կ՚ընդունի Քրիստոսը որպէս իր Փրկիչը եւ Աւետարանը քարոզելու իր կոչումը։ Ուստի, Փալմըր իր ուսումը կը շարունակէ Անտովըր բարձրագոյն վարժարանին մէջ եւ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք կ՚ընդունուի Եէյլ համալսարանը եւ կը ստանայ իր տիտղոսը 1830-ին, քսաներկու տարեկանին։ Ապա Նիւ Եորքի մէջ աղջկանց վարժարանի մը մէջ ուսուցչութեան պաշտօն կը ստանձնէ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք կը շարունակէ ուսուցչութիւնը եւ այդ միջոցին է, որ կը գրէ «Հաւատքս Քեզ կը նայի» երգին բառերը։ Փալմըր բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ շփման մէջ մտնելով, աւելի կը խորացնէ իր հմտութիւնը, բայց այս հաւատացեալներուն մաքուր կեանքին հետ բաղդատելով ինքզինք շատ տկար եւ մեղաւոր կը գտնէ։ Ուստի, օր մը այլայլած հոգիով եւ վրդովեալ մտքով կ՚առանձնանայ իր սենեակը եւ կը սկսի դառնօրէն արտասուել։ Միջոցէ մը վերջ Փալմըր ոտքի կ՚ելլէ խաղաղ հոգիով եւ մտքով, անդորր եւ մեղքերը ներուած, ապա յուզումով կը շարադրէ՝ հոգիէն բխած հատուածներ։ Այս երգին բառերը ինքնաբուխ դուրս կը ժայթքէին հոգիէն առանց դոյզն ճիգի։

Ապաշխարութեան, քաւութեան եւ փրկութեան խորհուրդը եւ գործընթացը իրականացան այս երգին մէջ՝ որոնք շնորհած են յաւիտենական փառաբանութիւն, եւ սրտի եւ հոգիի խաղաղութեամբ համակեցուած։

Տքթ. Լոուէլ Մէյսըն նշանաւոր երաժիշտ մը եւ երգահան մըն էր։ Ան Պոսթոնի մէջ կը հանդիպի Փալմըրի։ Փալմըր ցոյց կու տայ Մէյսընի իր գրածը։

Մէյսըն շատ կը տպաւորուի, կ՚օրինակէ գրուածը եւ կ՚եղանակաւորէ անիկա։ Եւ կրկին կը հանդիպի Փալմըրի։ Ան բացագանչեց եւ ըսաւ. «Պրն. Փալմըր, դուն կրնաս երկար տարիներ ապրիլ եւ շատ մը լաւ բաներ ընել, սակայն կը խորհիմ, թէ դուն լաւագոյնը պիտի ճանչցուիս եւ քու յաջողութիւնդ պիտի ըլլայ իբր հեղինակը այս հոգեշունչ երգին»։

Ռէյ Փալմըր ապրեցաւ արդիւնաշտ եւ արդիւանալի կեանք մը հոգեւոր իմաստով՝ կատարելագործելով շատ մը բաներ, որպէս հոգեւոր ծառայող, գրող եւ հին լատիներէն ձեռագիրներու թարգմանիչ։

Անկեղծ եւ իրապէս ծառայասէր, նուիրուած հոգեւորականներ մեր իրա՛ւ մխիթարանքներն են…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024