ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ԱՉՔԻՆ ՏԵՍԱԾԸ

Մար­դուս մարմ­նա­կան աչ­քը միա՛յն զգա­ցա­կան բա­ներ կը տես­նէ։ Մարդ­կա­յին հո­գիին ակ­նար­կը սահ­մա­նա­փակ է, եւ «մութ ամ­պե­րով պա­տուած»։ Այդ մթու­թեան մէ­ջէն լոյ­սը տես­նել հմտու­թիւն կը պա­հան­ջէ՝ ի­մաս­տու­թիւն եւ խոր ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րուն յա­տուկ ա­ռա­քի­նու­թի՛ւն մըն է։

Երկ­րի վրայ, մարդ ինք­զինք բո­լո­րո­վին յոգ­նած կը զգայ, քա­նի որ զբա­ղած է աշ­խար­հա­յին բազ­մա­թիւ, եւ շատ ան­գամ ա­պար­դիւն գոր­ծե­րով։ Ի­րա­պէ՛ս, ե­թէ ու­շադ­րու­թիւն ը­նենք, մարդ, յա­ճախ ո՜ր­քան ա­նօ­գուտ, փուճ, ան­հե­տե­ւանք եւ զո՜ւր զբա­ղում­նե­րով կը վատ­նէ իր ժա­մա­նա­կը եւ ան­շուշտ ի զուր կը յոգ­նի, եւ օգ­տա­կար աշ­խա­տան­քի հա­մար կա­րո­ղու­թիւ­նը կը պակ­սի։

Մինչ­դեռ մարդ երբ կա­րե­նայ դի­տել աշ­խար­հը մտա­յին ու հո­գե­ւոր աչ­քով, պի­տի տես­նէ եւ զա­նա­զա­նէ՝ օգ­տա­կա­րը եւ ա­նօ­գու­տը, ար­դիւ­նա­ւո­րը եւ ան­հե­տե­ւան­քը։ Պա­րապ աշ­խա­տան­քով յոգ­նած մար­դը չի՛ կրնար զա­նա­զա­նել շա­հա­բե­րը եւ վնա­սա­կա­րը։

Եւ գի­տակ­ցու­թեան տէր մար­դը ո՛ր­քան ո­ղոր­մե­լի եւ վատ կը գտնէ ինք­զինք այս ցած վի­ճա­կին մէջ։

Չէ՞ որ հա­զա­րա­ւոր նե­ղու­թիւն­ներ, հո­գեր, դժուա­րու­թիւն­նե՜ր կը շրջա­պա­տեն մարդս, ա­մէ­նու­րեք։ Եւ վա­տա­ռողջ շրջա­պատ մը, մի­ջա­վայր մը մարդս գե­տին կը ճնշէ եւ հետզ­հե­տէ կը խեղ­դէ։ Եւ այդ վի­ճա­կին մէջ ապ­շած, շուա­րած մար­դը՝ ա­նո­րո­շու­թեան մէջ ա­նի­մաստ ու անն­պա­տակ՝ կ՚ապ­րի կեանք մը, որ կը նմա­նի մու­թին մէջ ճամ­բայ քա­լող մէ­կու մը։ Մինչ­դեռ մարդ ստեղծո­ւած է բարձր նպա­տա­կի մը հա­մար եւ այն որ հա­ւա­տա­րիմ չէ իր կո­չու­մին, ի վեր­ջոյ կը կորսնց­նէ իր ճամ­բան, կը շե­ղի եւ անն­պա­տակ՝ կը կոր­սուի…։

Ո՜ր­քան սար­սա­փե­լի մա­հուան տե­սակ­ներ, նե­ղու­թիւն­ներ, դժբախ­տու­թիւն­ներ կը սպառ­նան մար­դուն։ Եւ ո՜ր­քան թա­կարդ­ներ լա­րուած են մար­դուն դէ­մը։ Այդ ծու­ղակ­նե­րէ պէ՛տք է զգոյշ ըլ­լայ մարդ, քա­նի որ կար­ճա­տես է ան, լա­րուած թա­կարդ­նե­րը եւ ան­դունդ­նե­րը տես­նե­լու հա­մար։ Սա ա­նու­րա­նա­լի է, թէ ե­րե­ւոյ­թը կը խա­բէ եւ պատ­րան­քը կը հրա­պու­րէ, եւ միշտ ալ ա՛յդ­պէս ե­ղած է։ Մարդ ո՛չ մէկ պա­հուն ա­պա­հով է, եւ չի գի­տեր, թէ ի՛նչ բան զինք կրնայ փրկել ու մխի­թա­րել։ Եր­ջան­կու­թեան աղ­բիւ­րը հե­ռո՜ւ է եւ ան­ծա­նօթ շա­տե­րէ, մա­նա­ւանդ որ ա­նոնք ստի­պուած են աշ­խար­հի բնա­կիչ­նե­րով եւ աշ­խար­հա­յին ե­ղե­լու­թիւն­նե­րով զբա­ղիլ։ Բայց ինչ­պի­սի՜ ցած զբաղ­մունք եւ սա­կայն ա՛յս­պէս կ՚ու­զէ Աս­տուած՝ մար­դուն բա­րի­քին եւ օգ­տին հա­մար։ Եր­բեմն «ժխտա­կան»ը «դրա­կան»ին նա­խա­պատ­ճա­ռը եւ նա­խա­պատ­րաս­տո­ղը կը հան­դի­սա­նայ, ի՛նչ որ կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան դէպ­քեր ու պա­տա­հար­ներ կը վկա­յեն։

Պահ մը խոր­հինք, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, մար­դը իր սեպ­հա­կան ու­ժե­րով ո՛­չինչ է, եւ ո՛­չինչ կը գտնէ այդ նուաստ բա­նե­րուն մէջ։

Խոր­հե­ցէք եւ տե­սէ՛ք, սի­րե­լի­նե՜ր, մարդ, ա­մէն ինչ կը սոր­վի եւ գի­տէ, ու կ՚ի­մա­նայ ու­րիշ­նե­րու մի­ջո­ցով։ Այս պատ­ճա­ռով է որ մարդ զգա­յա­րանք­ներ ու­նի իբր գոր­ծիք կամ մի­ջոց։ Ար­դա­րեւ զգա­յա­րանք­նե­րը՝ մար­դուս «ծա­ռայ»նե­րը եւ պատ­գա­մա­ւոր»ներն են։

Նոյ­նիսկ մար­դոց հո­գի­նե­րը բաժ­նուած են ի­րար­մէ՝ մահ­կա­նա­ցու­նե­րու պա­տեան­նե­րով։ Ա­նոնք ի­րա­րու հետ միու­թիւն չու­նին, ի­րենք ի­րենց իսկ ան­տե­սա­նե­լի են եւ ան­ծա­նօ՛թ։ Միայն զգա­յա­րանք­նե­րով զի­րար կը հասկ­նան եւ ի­րա­րու հա­ղոր­դա­կից կ՚ըլ­լան։

Զգա­յա­րանք­նե­րու միջ­նոր­դու­թեամբ հո­գի­ներ ի­րա­րու կը միա­նան. ա­մէն ինչ զգա­յա­րանք­նե­րով կ՚ըլ­լայ, ա­մէն տեղ ա­նոնց կը վստա­հի մարդ։

«Աս­տուած միա՛յն, մեր Ա­րա­րի­չը եւ Նա­խախ­նա­մը եւ Վախ­ճա­նը, Ի­րեն վե­րա­պա­հեց ան­մի­ջա­կան յա­րա­բե­րու­թիւ­նը մեր հո­գի­նե­րուն հետ եւ Իր կե­նակ­ցու­թեան ար­ժա­նի ը­րաւ մեզ»։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ միա՛յն Աստուած կը խօ­սի մարդ­կա­յին հո­գիին։ Եւ երբ եր­բեմն մար­դուս զգա­յա­րանք­նե­րուն կը խօ­սի, ու­րիշ նպա­տակ չու­նի, բայց ե­թէ մար­դը Իր ներ­քին ձայ­նին, Իր ան­տե­սա­նե­լի գոր­ծե­րուն ու­շա­դիր դարձ­նել։ Ան երբ կը խօ­սի մար­դուս հո­գիին ե՛ւ զգա­յա­րանք­նե­րուն՝ Ինք­զինք կ՚ի­ջեց­նէ ա­նոր «խեղճ վի­ճակ»ին։ Ուս­տի վսեմ է հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ եւ մար­դու մի­ջեւ։

Աս­տուած կը մխի­թա­րէ, ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ, որ մարդ վա­յե­լէ իր կո­չու­մը՝ որ է ան­մա­հու­թի՛ւն։

Եւ մար­դուս մարմ­նա­կան աչ­քը բա­ւա­րար չէ՛ տես­նե­լու եւ ապ­րե­լու այս մեծ վա­յել­չու­թիւ­նը, այլ պէտք է որ դի­տէ հո­գե­ւոր աչ­քով եւ իր զգա­յա­րանք­նե­րուն զգա­ցա­ծէն ա­ւե­լիին հաս­նի։ Այդ կեր­պով է, որ մարդ կրնայ հա­ւա­սա­րի­լ ե­րա­նե­լի հո­գի­նե­րուն, քա­նի որ այն ա­տեն է որ յայտ­նա­պէս կրնայ տես­նել զա­նոնք, որ ծած­կուած է մարմ­նա­կան աչ­քին առ­ջեւ։ Մարդ միայն հո­գե­ւոր աչ­քով է որ կրնայ տես­նել եր­ջան­կու­թեան տե­սիլ­քը։

Սա­կայն, պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ մար­դը՝ իր աշ­խար­հա­սի­րու­թեամբ կը պղծէ աշ­խար­հը եւ իր իսկ կեան­քը, քա­նի որ իր մարմ­նա­կան աչ­քով կը տե­սնէ միա՛յն աշ­խար­հա­յի­նը՝ նիւ­թը, շա­հը եւ ա­նի­րա­ւը։

Մարդ, վստա­հե­լով նիւ­թա­կան աշ­խար­հի ժա­մա­նա­կա­ւոր ար­ժէք­նե­րուն, կ՚ապս­տամ­բի ա­մէն բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քի դէմ, եւ նոյ­նիսկ Աս­տու­ծոյ դէմ կ՚ել­լէ, քա­նի որ ան միայն իր մարմ­նա­կան աչ­քով կը դի­տէ եւ կը տես­նէ միայն տե­սա­նե­լի աշ­խար­հը։ Ուս­տի կը մեր­ժէ տես­նել այն ա­մէն ճշմար­տու­թիւ­նը, որ ան­տե­սա­նե­լի է։ Մարդ եր­բեմն կը նա­յի ու չի՛ տես­ներ, եր­բեմն ալ չի նա­յիր եւ բնա­կա­նա­բար չի տես­ներ…։

Հո՛ս է ա­հա­ւա­սիկ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը «անդ­րա­դառ­նալ»ու՝ անդ­րա­դառ­նալ հո­գե­ւոր աչ­քին, անդ­րա­դառ­նալ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն, անդ­րա­դառ­նալ ճշմար­տու­թեան եւ մա­նա­ւանդ անդ­րա­դառ­նալ իր էու­թեան եւ նե­րաշ­խար­հին։ Մարդ շատ ան­գամ կ՚ու­րա­նայ ճշմար­տու­թիւ­նը, քա­նի որ չէ՛ անդ­րա­դար­ձած ա­նոր, չէ տե­սած, եւ ընդ­հան­րա­պէս, մարդ կ՚ու­րա­նայ այն՝ որ չէ կրցած տես­նել։

Ու­րեմն, որ­քան որ մարդ ար­տա­քին աշ­խար­հի ար­ժէք­նե­րը, ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը զգայ հինգ զգա­յա­րան­քով, պար­տի զգալ նաեւ ա­ւե­լի վե­րի­նը, ներ­քի­նը՝ որ ճշմար­տու­թի՛ւն է, ի­րա­կան է այն­քան՝ ո՛ր­քան տե­սա­նե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ Շատ ան­գամ խա­բե­բայ են՝ խո­րա­մանկ ու ստրո՛ւկ, մար­դուս վստա­հած զգա­յա­րանք­նե­րը, քա­նի որ ստէպ կը թիւ­րէ մարդ զա­նոնք հա­ղոր­դակ­ցու­թեան՝ մար­մի­նի ա­նազ­նիւ ու վատ տեն­չե­րուն հետ։ Մարդ յա­ճախ կը լքէ բարձ­րա­գոյն եւ ըն­տիր դիր­քը եւ կ՚ըն­կե­րակ­ցի ա­նազ­նիւ ու վատ տեն­չե­րու եւ նոյ­նիսկ գե­րին կ՚ըլ­լայ ա­նոնց։ Ա­պա ու­րեմն պէտք է յի­շել բա­նա­ւոր էա­կի եւ ան­բան էա­կի տար­բե­րու­թիւ­նը…։

Մարդ, որ­պէս բա­նա­ւոր էակ, կո­չուած է բարձ­րու­թիւն­նե­րու, վե­հու­թիւն­նե­րու, ե­րա­նի՜ այն մար­դուն որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր ար­ժէ­քին ու ար­ժա­նի­քին եւ հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ իր կո­չու­մին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015