ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄ
Նուիրում եւ զոհողութիւն՝ իսկական իմաստով առաքինութիւններ են եւ ազնուութիւն։ Բայց անոնք աւելի եւս արժէք կը սնանան, երբ անկեղծ են եւ ամբողջակա՛ն։ Եւ այս ամբողջական նուիրումի տիպարը կու տայ Յիսուս՝ «այրի կնոջ լումայ»ի առակին մէջ, երբ կ՚ըսէ. «…միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ի՛նչ որ ունէր՝ իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 44)։
Եւ «այրի կին»ը ո՜րքան կը նմանի Հայ ժողովուրդին՝ որ ամբողջական նուիրումով, անձնուիրաբար տուած է իր ամբողջ էութիւնը իր հաւատալիքներուն, իր գիրին ու գրականութեան, իր մշակոյթի՛ն։
Արդարեւ պատմութիւնը ցոյց կու տայ եւ կը վկայէ, թէ՝ Հայ ժողովուրդը անկեղծ զգացումներով եւ նուիրական մտադրութեամբ կապուած է իր մշակոյթին՝ իր լեզուին, իր գիրին, իր արուեստին ամբողջական պատրաստակամութեամբ։ Եւ կարծես Յիսուսի խօսքերը ըսուած են Հայ ժողովուրդին համար։ Հայ ժողովուրդը՝ որ աստուածապարգեւ այբուբենով աղօթած է, երգած է Աստուծոյ փառքը եւ գիրով արտայայտած է իր անկեղծ հաւատքը եւ սէրը դարե՜ր ու դարեր։ Եւ ան իր իրական նուիրումը ցոյց տուած է իր սեփական այբուբենին տէր կանգնելով, պահպանելով, խնամելով զայն եւ այսպէս մասամբ փոխադարձած է աստուածաշնորհ ընծային՝ յայտնելով իր երախտագիտութիւնը Աստուծոյ։ Եւ ասիկա ըրած է գործածելով իրեն նուիրուած այբուբենը՝ գի՛րը։
Եւ Հայ ժողովուրդը ազնուութիւնը ունեցած է օգտագործելու եւ բազմացնելու եւ ճոխացնելու իրեն շնորհուած ընծան՝ ստեղծելով Ոսկեդար մը՝ մանաւանդ Թարգմանելով Աստուածաշունչ մատեանը՝ որ անուանուած է «Թարգմանութիւններու Թագուհի»։ Մէկ խօսքով, կրցած է իրեն նուիրուած արժէքը արդիւնաւորած՝ գործնականի դարձուցած է։
Բայց Հայ ժողովուրդին այս հատուցումը չէ՛ վերջացած՝ կը տեւէ եւ պիտի շարունակէ դարէ՜ դար, սերունդէ սերո՜ւնդ, մշտնջենապէս եւ անայլելի կերպով, եւ աւելի մեծ ու զօրաւոր թափով։ Եւ ահաւասիկ այն ատեն արժանի պիտի ըլլայ իր այբուբենին, գիրին ու գրականութեան, որ իրապէ՛ս աստուածապարգեւ ընծայ մըն է։ Ուստի այբուբենը՝ որ կը գործածենք աղօթք մըն է ինքնին՝ «Ա»ով սկսող, այսինքն՝ Աստուած բառով եւ «Ք»ով վերջացող, այսինքն՝ Քրիստոսով։
Աստուածայի՛ն է այբուբենը, քանի որ 7-րդ «Է» տառը կը խորհրդանշէ Աստուած, եւ կը պարունակէ իր մէջ եօթը խորհուրդները։
Եւ փորձեցէք գրել «Է» տառը՝ երկրորդ «Է» տառի մը հետ, իրարու հակառակ կերպով եւ պիտի ունենաք ահաւասիկ Խաչի նշանը, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ թէ այբուբենը իր մէջ ունի քրիստոնէական ոգին՝ նշանը։ Ուրեմն կարելի է բազմացնել այս օրինակները, որոնք կ՚ապացուցանեն այբուբենի աստուածատուր պարգեւ մը ըլլալու իրականութիւնը՝ սրբութիւնը, նուիրականութի՛ւնը։
Եւ դարձեալ տեսէ՛ք, սիրելիներ, Թարգմանչաց տօնին կարդացուած առաքելական նամակի սա հատուածը՝ ուր կ՚ըսէ, թէ՝ շնորհները զանազան են, բայց նո՛յն Հոգին է տուողը… Նո՛յնն է Տէրը՝ որ կը բաշխէ զանոնք, նոյնպէս ծառայութեան ալ զանազան կարողութիւններ կան՝ որ նոյն Աստուածն է, որ կու տայ։ Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը՝ հասարակաց օգուտին համար։ …Միեւնոյն Հոգին է, որ այս բոլորը կը կատարէ՝ իւրաքանչիւրին յատուկ շնորհք մը տալով, ինչպէս որ ինք կ՚ուզէ» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 4-11)։ Ուստի Թարգմանչաց տօնով կը պանծացնենք Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ մեր մէջ հիմնաւորուած գործին ճիւղաւորումը եւ ճառագայթումը ապագայ դարերու մէջէն, կազմութեամբը գրական զանազան սեռերու, որոնց իւրաքանչիւրը իր ուրոյն առանձնաւորումին մէջ կը ցուցնէ միեւնո՛յն հոգիի մը՝ կրօնաշունչ հայրենասիրութեան նոյն ոգիին՝ արգասաւորիչ ո՛ւժը։
Արդարեւ Աստուածաշունչէն բեղմնաւորուած գրականութեան բոլոր ճիւղերը մէկ փրկարար եւ աստուածային զօրութենէ մը կը ստանան իրենց կենդանութիւնը։ Եւ ո՜րքան տպաւորիչ նմանութիւն, եւ ո՜րքան ճի՛շդ դատում մանաւանդ։
Ուստի իւրաքանչիւր անհատ իր խղճին մէջ պէտք է տպաւորէ այն տեսութիւնը՝ թէ անպայմա՛ն ունի հոգեւոր նուիրումի բաժին մը այս աշխարհի վրայ, ուրիշ խօսքով՝ ամէն մէկ անձ պարտականութիւն մը ունի, որ պէտք է իրագործէ, պատասխանատուութիւն մը՝ որուն գիտակցութիւնը պէ՛տք է ունենայ իր պատկանած հաւաքականութեան, ժողովուրդին կամ ազգին հանդէպ։ Եւ աւելին՝ այդ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ հոգեւոր նուիրումի հասկացողութեամբ եւ այդ նուիրումն ալ՝ ամբողջակա՛ն։ Քանի որ մասնական նուիրումը ընդունելի չէ՛ Աստուծոյ՝ միայն մտքի զոր օրինակ, կամ միայն սրտի, այս կամ այն կարողութեան։ Նուիրումը պէ՛տք է անկեղծ եւ բոլորանուէր ըլլայ, որէսզի սուրբ ըլլայ։ Մասնական նուիրումը կատարեալ նուիրում չէ՛…։
Ուստի եւ մարդ պէ՛տք է քաջութիւնը, արիութիւնը ունենայ զոհուելու, զոհելու իր պաշտած իտէալին իրագործմանը համար։ Զոհուելու՝ զոհելու իրեն պատկանած ամէն արժէքեւ նոյնիսկ կեանք, քանի որ իտէալը ա՛յդ կը պահանջէ։ Եւ իտէալներու արժէքը կ՚աւելնայ իրենց համար կատարուած զոհողութիւններով, նուիրումներով, նաեւ՝ զոհուած կեանքերով։ Եւ անգի՛ն է այն իտէալը՝ որուն համար մարդ պատրա՛ստ է զոհել մինչեւ իսկ իր կեանքը…։
Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով զոհուեցաւ եւ զոհեց իր այբուբենին, իր լեզուին, իր գիրին, իր գրականութեան համար, քանի որ հաւատաց, վստահեցաւ, որ անոնք աստուածա՛յին են, սո՛ւրբ են, աստուածատո՛ւր ընծաներ են, եւ պէտք է պահել ու պահպանել, հոգալ ու խնամել զանոնք, ի գին նոյնիսկ իր կեանքին՝ անձնուիրաբա՛ր…։
Եւ զոհողութեան փոխարժէքը՝ յաղթանա՛կ է։
Սուրբ Գիրքը կեանքով ու պատմութեամբ, եւ կեանքը ու պատմութիւնը Սուրբ Գիրքով մանաւանդ բացատրելու հրայրքը բոլորովին անծանօթ զգացում մը չէ եղած ընդհանրապէս։ Հայ գրականութեան հին բնօրինակ կամ թարգմանածոյ հատուածներուն մէջ, շարականներու եւ ծիսական պաշտամունքի զանազան արտայայտութիւններու մէջ բազմաթիւ օրինակներ կարելի է նկատել այլաբանական ոգիէն։
Եւ ուրեմն նոյն ոգին է, որ ձգտած է Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը ցոյց տալ՝ այրի կնոջ «ի՛նչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» գանձանակին մէջ նետող կնոջ պատկերին մէջ։
Ուստի Աւետարանը գանձանակն է՝ որուն առջեւէն անցան աշխարհի բոլոր հին քաղաքակիրթ ազգերը, որոնց քարոզուեցաւ Յիսուսի խօսքը։ Այդ քաղաքակիրթ ազգերը, ամէնքն ալ իր ունեցածէն՝ ոմանք գրականութենէն, որոշ չափով բան մը տուին անոր, ոմանք իրենց աւանդութիւններէն, ոմանք մտաւոր կեանքէն, ուրիշներ քաղաքական եւ ընկերային կեանքի զանազան փորձառութիւններէն, ոմանք ներհայեցողութեան կեանքի միտումներէն, փիլիսոփայութենէն, օրէնքի եւ վարչական դրութեան ըմբռնումներէն, կարգապահութեան ոգիէն, ամէնքն ալ իրենց ունեցածէն տուրքի բաժին մը, մաս մը միայն բերին քրիստոնէութեան «գանձ»ին՝ ամենամեծ բաժինը սակայն մասամբ պահելով դարձեալ իրենց, չվնասելով այդ արժէքներուն ամբողջը։ Այդ ազգերը կամ ժողովուրդները չզոհեցին իրենց ցեղային ինքնութիւնը եւ ազգային նկարագիրը՝ անոնք պահելով մի՛շտ տիրական հանգամանքի եւ վիճակի մէջ։
Եւ դարձեալ, այդ բոլորը եթէ ո՛չ ընդմիշտ, այլ գէթ այն ժամանակին մէջ եւ կամ այդ դարաշրջանին՝ երբ ընդունեցին Աւետարանի կրօնքը՝ երբեք տեղի չտուին, չնահանջեցին իրենց ազգային ինքնութենէն։ Եթէ կարելի է ըսել՝ մաս մը տուին եւ բաժին մը առին, եւ ա՛յդքան…։
Այսու ամենայնիւ, կարելի պիտի ըլլա՞ր ուրանալ կամ ժխտել՝ թէ ժողովուրդներու եւ ազգերու մէջ գտնուեցաւ մէ՛կը, ժողովուրդ մը, ազգ մը՝ թիւով եւ երկրաւոր կեանքի պայմաններով այդ բոլորէն փոքր եւ նուազ, որ ի՛նչպէս այրի կինը՝ նոյնպէս ինքը, Աւետարանին՝ քրիստոնէութեան մեծ «գանձանակ»ին նուիրեց, ի՛նչ որ անոր իսկ շնորհիւ ստացեր էր իբրեւ ազգ. իր ամբողջ ունեցածը, իր ամբողջ օրապահիկը, ապրուստը՝ կեանքը…։
Արդարեւ, Հայ ժողովուրդը Աւետարանին տուաւ իր գիրը եւ գրականութիւնը, որ է ազգային գիտակցութեան զգացումը ամբողջովին, գոյութեան պայքարի ո՛ւժը, պատմութիւնը, այսինքն յիշատակի զգացումը, իմաստասիրութիւնը, այսինքն բովանդակ մտաւոր կեանքը, աղօթքը՝ աստուածայինին խորհուրդը, երգը՝ արուեստին ամենէն կեանդանի քնքշութիւնը։ Եւ այդ ամէնը, Հայուն ազգային ու հոգեկան կեանքին գուցէ փոքր մէկ մասն է, բայց նաեւ՝ իրեն համար յաւիտենապէս մեծագին եւ արժէքաւոր այդ հարստութիւնը՝ որ իր կեա՛նքն էր՝ «ի՛նչ որ ունէր» տուաւ։ Ան զոհաբերեց Աւետարանին, որ ամբողջութեամբ քրիստոնեայ եղաւ՝ իր ամբողջ կեանքով՝ հոգիով ու միտքով, ինքնութեամբ եւ էութեամբ։ Եւ քրիստոնէութիւնը միացաւ եւ նոյնացաւ իր ինքնութեան եւ Հայը ճանչցուեցաւ՝ «Հայ-քրիստոնեա՛յ» ազգ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 16, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024