ԻՐ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԻԼ

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ. մէկ խօսքով՝ մարդ անկատար է, բայց պէտք է կատարելութեան ձգտի, քանի որ իր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է եւ ինքն ալ Անոր նմանութեամբ եւ պատկերով ստեղծուած է։

Ահաւասիկ, կատարեալ ըլլալու համար պէ՛տք է նախ ընդունիլ թերութիւնները եւ տկարութիւնները։ Այս ուղղութեամբ, ըստ այնմ աշխատիլ կատարեալ ըլլալ՝ որուն պարտաւոր է մարդ։

Մարդիկ երբ չեն ուզեր հասկնալ իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները, բարոյական ամենէն սոսկալի ոճիրները կրնան գործել։ Ուստի, անտարբերութիւնը, աշխարհիկ կեանքին մէջ խորասուզումը, աշխարհասիրութիւնը, երկար, չափազա՜նց երկար ժամերով աշխատութիւն մը, նոյն իսկ հաց ուտելու ատեն չգտնելու չափ բազմակնճիռ աշխատութիւն մը, երբեք ապացոյց մը չէ քրիստոնեայ մարդու կատարելութեան։ Այս բոլորը յոգնութիւններ են պարզապէս, զոր մարդը կը ստեղծէ իրեն համար, որոնցմէ երբեմն գոհ, երբեմն դժգոհ իր օրերը կ՚անցընէ ան եւ կը կարծէ, թէ կ՚ապրի։

Այսպիսի վիճակի մը մէջ յոգնողներ պէտք չունի՞ն արդեօք Քրիստոսի կենսաւէտ ձայնին, որ կ՚ըսէ. «Եկէ՛ք ինծի». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։

Այս հրաւէրին մէջ խանդաղատանք մը, ոգեւորութիւն մը, քաջալերանք մը կա՛յ՝ որ երկինքի պէս անսահման է եւ ջինջ, լոյսի պէս մեղմ եւ կազդուրիչ, որ կը ծաւալի մարդուս հոգիին մէջ՝ կը գրաւէ ամբողջ էութիւնը եւ ան կ՚արթննայ յոգնութիւններու մէջ այն ճամբորդի պէս, որ օրերով քալած է արեւու տակ եւ գիշերուան մէջ անզգայացած, իբր թէ քնացած եւ առտուն կը սթափի ծանրութիւններու մէջ։

Միթէ այս չէ՞ ընդհանրապէս մարդկութեան վարած կեանքը։ Միշտ քո՞ւնը, ուրեմն, պէտք է հասնի օգնութեան՝ չափելու համար մարդոց յոգնութեան աստիճանը, մինչեւ որ հասնի մեծ քունը՝ անոր ամբողջական յոգնութիւններուն վերջակէտը դնելու համար։ Մարդը պիտի չկրնա՞յ իր արթնութեան ատեն, երբ խելքը գլուխն է, զգալ իր յոգնութիւնները, լա՛ւ եւս, իր յոգնութիւններուն պատճառները, որպէսզի չզգայ վհատեցուցիչ թմբիրը իր սրունքներուն վրայ՝ երբ քիչ ետքը մթին գիշերուան յաջորդէ պայծառ առաւօտը։

Քրիստոսը կը հրաւիրէ անոնք՝ որոնք կը քնանան արթնութեան մէջ, անոնք՝ որոնք կ՚ըսեն, թէ կը գործեն եւ կ՚աշխատին, կը վարեն եւ կը հնձեն, կը տնկեն եւ կը քակեն, որոնք կեանքի եռուզեռին նշաւակ եղած են՝ բուռն հեղեղներէ քշուած խոշոր կոճղերու պէս եւ կը կարծեն, թէ այս է եւ այսչափ է «կեանք» ըսուածը իր ամբողջութեանը մէջ։ Եւ սակայն համ չեն առներ այդ կեանքէն, քանի որ բուն վայելքը չունին, մարմինը բնախօսապէս կը մաշի, կը սպառի իրենց։

Անոնք նեղ կը գտնեն աշխարհը, որովհետեւ չեն անդրադառնար անոր անյեղլի օրէնքներուն վրայ։ Երբեմն դժգոհանք մը կը զգան՝ զոր չեն կրնար բացատրել եւ արտայայտել պէտք եղածին պէս, որովհետեւ իրենց ներսը թմրած հոգեկան ուժեր կ՚ըմբոստանան մերթ ընդ մերթ։ Բարենշան երեւոյթ մըն է այս՝ աշխարհի մարդոց կեանքին վրայ, որ դիտող եւ զննող աչքերու համար նշանակութիւն ունին։ Այս կեանքը կրնայ բարգաւաճիլ, կրնայ ազնուանալ, կրնայ սրբանալ իր ամբողջութեանը մէջ։

Միմիայն աշխարհով յափշտակուած եւ հմայուած այս դէմքերուն քով կան զրկանքի զաւակներ ալ՝ զուրկ ո՛չ միայն աշխարհի նիւթական ճոխութիւններէն, այլ նաեւ զուրկ հասարակ կեանքի մը պայմաններէն։ Ասոնք զրկուած են «բախտ»ի բերմունքով եւ կամ իրենց զեղծումներով, թաւալգլոր կեանք մը՝ որուն արշալոյսը եւ վերջալոյսը ծիրանի ճաճանչ մը չունին, պարզ խարխափում մը մթութեան մէջ՝ անորոշութեան մէջ, ինքնամոռացութեան մէջ։ Ասոնց ներսն ալ սակայն չէ՛ մարած արժանապատուութեան վերջին կայծը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նորեմբեր 30, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024