ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՍՆՈՒՆԴԸ
Աշխարհը թանկագին միջավայր մըն է. հո՛ն է որ մարդկային սերունդը կ՚արտայայտէ ինքզինք՝ իր սքանչելի՜ կարողութիւններով, այդ աշխարհը պէտք է ըլլայ լուսաւոր, որպէսզի միակողմանի ըլլայ մարդկային արտայայտութիւնը. մեր կարողութիւններուն մէկ մասը պէտք չէ՛ մնայ խաւարի մէջ, մեր բարոյական ուժերը եւ ազնուութիւնները պէտք չէ՛ որ անտեսուին եւ մոռցուին՝ մեր նիւթական զբաղումներու բազմութեան մէջ, քանի որ միայն մարմնի ուժը եւ գեղեցիկ աճումը, բարիի ձգտումը բոլորովին մարմնական նկատումներով կարելի չէ՛ որ կեանքին բուն նպատակը ըլլայ։
Մարդուն համար «հաց»ի չափ կենսական կարեւորութիւն ունի «Բան»ը՝ բարոյական կեանքի անհրաժեշտ սնունդը։ Արդարեւ, հացը բաւական չէ ապրելու համար կատարեալ կեանքը, Աստուծոյ բերնէն ելած «Բան»ն ալ, խօսքը, անհրաժեշտ պահանջք մըն է. «բան» բառին ամենէն լայն, ամենէն կարեւոր, այսինքն՝ մարդու հոգեկան կամ բարոյական զարգացումներուն պատասխանող իմաստովը։
Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ Քրիստոս չ՚ընդունիր միակողմանի զարգացում եւ աճում մարդոց կարողութիւններուն համար. այսպիսի վիճակ մը յոգնեցուցիչ է եւ աննպատակ, ապարդիւն, նոյնիսկ «մեղանչում» մըն է մարդկային բնութեան դէմ։
Եթէ աւելի ուշադրութեան, աւելի խնամքի, աւելի հոգածութեան պէտք ունին մարդիկ, զայն ալ պէ՛տք է նուիրեն այն ազնիւ կարողութիւններուն՝ որոնք կրնան շուտով տկարանալ, բթանալ եւ նոյնիսկ ոչնչանալ մարդոց հասարակ եւ ազդու կարողութիւններու չափազանց զարգացումներու եւ աճումներու մէջ։
Ուրեմն, դիւրին է ըմբռնել, թէ Քրիստոսի ձայնը մարդս կ՚առաջնորդէ հասարակաց կեանքին նկատմամբ կենսական հարցեր լուծելու։
Ինչո՞ւ, ուրեմն, կեանքի հոգերու, հոգեկան վիշտերու, մտահոգութիւններու, հասակի կնճիռներուն տակ ճնշուած եւ ընկճուած եւ ահագին բեռներու ծանրութիւն զգացող քրիստոնեաներ՝ անգամ մըն ալ ուշադրութիւն չընեն Քրիստոսի ձայնին. «Ինծի եկէ՛ք»։ Այդ ձայնը կը նմանի «հրեշտակային երաժշտութեան» մը՝ զոր կը լսեն քնացող եւ անտարբեր մարդիկ խոր գիշերուան մէջ՝ որ կարծես հեռուէն կու գայ եւ հետզհետէ կը զօրանայ, կը գգուէ ջիղերը եւ հաճոյք կը զգայ մարդ, կ՚արթննայ շուտով՝ կատարեալ գիտակցութեամբ վայելելու համար զայն։
Կենսատու ճառագայթներու պէս է այդ ձայնը՝ որոնք մութ եւ խաւար գիշերը պատռող արեւէ մը կը թափին առատ առատ եւ մարդ՝ ուժ մը՝ նորութիւն մը կը զգայ իր հոգւոյն խորերը։ Փրկչի մը ո՛ւխտն է այն խորհրդաւոր սքանչելի՜ ձայնը, որ գորովով եւ գութով դրուած է. ո՜վ քրիստոնեայ, քեզի օգնելու համար կեանքիդ անորոշութիւններուն եւ մոլորումերուն մէջ։ Այդ ձայնը շատ շուտ արձագանգ կու տայ սիրով լեցուն սիրտերու մէջ։ Ականջ տանք այդ Ձայնին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ