ՄԱՅՐԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Բարոյական վերանորոգումը ամբողջ մարդկութեան կարեւորագոյն զբաղումը եւ նպատակը եղած է բոլոր շրջաններու մէջ՝ սկիզբէն մինչեւ այսօր, եւ պիտի շարունակէ այնքան՝ որքան մարդկութիւնը գոյատեւէ՝ մինչեւ իսկ մէ՛կ անհատ։
Բարոյագէտներ համաձայն եղած են միշտ, թէ՝ բարոյական վերանորոգումը կը սկսի ընտանիքէն։ Եւ դարձեալ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ բարոյականութեան հաստատման համար որքան կարեւոր է ընտանիքը, ա՛յնքան անհրաժեշտ է, որ ընտանիքին մէջ տիրապետէ կին-մարդը՝ պահէ բարոյական արժէքները եւ մշակէ բարոյականութեան աճման միջավայր մը։
Ընտանիքը բոլոր մշակոյթներու մէջ նուիրական եղած է, նոյնիսկ համարուած է ան՝ առտնին եկեղեցի, սրբատեղի՛։ Իսկ քրիստոնէութեան մէջ կինը մինչեւ իսկ բարձրացած է Աստուածածին ըլլալու եզակի պատիւին։
Արդարեւ կինը, իր կին-մարդ ըլլալու արժէքէն ա՛լ աւելի բարձր արժէքի մը տիրացած է «մա՛յր» ըլլալով։
Սակայն մայր ըլլալ բաւական չէ՛, մայրութեան արժէքին տիրանալու համար պէ՛տք է գիտակցութիւնը ունենալ մայրութեան, եւ վայելել մայրական իշխանութիւնը եւ իրաւունքները ազատօրէն եւ հանգամանօրէ՛ն։
Քրիստոնէութեան մէջ կինը, իր մայր հանգամանքով կը վայելէ յարգանքէ աւելի պատիւ մը, քանի որ ան եղաւ մայր ու բնակարան Աստուծոյ, եւ հոգած ու խնամեց զայն մայրօրէն, մայրաբար։
Չափազանցութիւն պէտք չէ նկատել՝ կինը իբրեւ մայր երկրորդ աստուածն է մարդկութեան։ Չէ՞ որ ան ալ մարդ մը կը ծնի, ինչպէս Աստուած ստեղծած է մարդը եւ դարձեալ կը խնամէ, կը հոգայ զայն, ինչպէս Աստուած կը հսկէ, կը խնամէ, կը հոգայ մարդուն, եւ մինակ չի թողուր զայն. կը ստեղծէ, բայց կը նախախնամէ զայն։ Ահաւասիկ, ծնելու եւ խնամելու, հոգալու այս արարքը կ՚ենթադրէ արարչութիւն եւ անկէ անբաժան՝ նախախնամութի՛ւն։
Ամէն ինչ «մայրական» է կնոջ մէջ, եւ մայրութեան նպատակին կը ձգտի։
Եւ մօր հոգածութեան ներքեւ կը հասնի ապագայ մարդը։ Ուստի մօր դերը եզակի է սերունդները կառուցանելու սրբազան եւ նուիրական գործին մէջ։ Այս իսկ պատճառով, կինը առաջնակարգ գործիչն է մարդկային բարոյականին. ան է առաջին հաւատացեալը, ան է մեծագոյն ուսուցիչը, որ ընտանիքին մէջ կը դաստիարակէ մանուկը՝ ապագայ մարդը, ան է հաւատքին մեծագոյն պահապանը, եւ ան է հաւատքը, հաւատալիքները, աւանդութիւնները կը փոխանցէ ու կը հաղորդէ սերունդէ՜ սերունդ։ Ուստի ան է, որ տէ՛րն է բազմաթիւ առաքինութիւններու։
Եւ բոլոր առաքինութիւններու մարմնացումը եղաւ Կոյս Մարիամ՝ մայր մարդացեալ-մարմնացեալ Աստուծոյ։ Ան սկիզբէն կին-մարդու տրուած շնորհներուն լրումը եղաւ՝ մայր, դաստիարակ, հաւատքի եւ աւանդութեան հաւատարիմ պահապանը։ Կոյս Մարիամով է, որ կին-մարդը վերստացաւ իր արժանիքը եւ արժանապատուութիւնը։ Եւ Աստուածածնի Վերափոխումը գերադաս փառքն է այդ արժանիքին ու արժանապատուութեան։ Արդարեւ Կոյս Մարիամ եղաւ տիպա՛ր մը բոլոր կին-մարդ սերունդին, եւ ուղեցոյց մը անոր առաքինութիւններուն։ Աստուածածնի Վերափոխումը հրաշալի դէպքէ մը անդին՝ կին-մարդուն վերափոխո՛ւմն է։
Աստուածամօր Վերափոխումը՝ խորհրդանիշն է, տիպա՛րն է կին-մարդուն վերաբարձրացման՝ վերստին տիրանալու իր արժանիքներուն, յարգ ու պատիւին։ Վերաբարձրացումով կին-մարդը ստացաւ նոր գիծ, նոր երանգ, նոր ուղի, նոր դեր ու պարտականութիւն եւ կը ստանձնէ նոր ու ծանր պատասխանատուութիւն՝ ըլլալով ջանասէր ու հաւատարիմ գործակիցը եւ գործակատարը նոյն ինքն Աստուծոյ՝ արարչագործութեան ու նախախնամութեան գործին…։
Սուրբ Կոյսը, ինք վերափոխուելէ առաջ, վերափոխեց ու վերանորոգեց կին-մարդը՝ ազատեց զայն նուաստութեան խաւարէն եւ բերաւ իր արժանի վիճակին։
Զարմանալի պէտք չէ նկատուի Աստուածամօր վերափոխման քրիստոնէական աւանդութիւնը եւ պէտք է ընդունուի առանց կասկածի եւ տարակուսանքի, քանի որ ան փոխեց մարդկային ամբողջ կեանքը, վերափոխեց եւ բերաւ իր արժանի դիրքին։ Եւ այսպիսին բնական է, որ չի դասուեր հասարակ մահկանացուներու վիճակին։ Եւ այս աւանդութիւն հաճելի է մեզի, քանի որ ան իր մէջ ունի խորունկ դաստիարակութիւն մը, վարդապետութիւն մը։ Ան մարմնացումն է աստուածային մաքրութեան, անբծութեան, սրբութեան, պարկեշտութեան, խոնարհութեան, համեստութեան եւ կուսութեա՛ն։
Առաքինութեան մարմնացում մը եւ նուիրականութեան տիպար մըն է Սուրբ Կոյս Մարիամ, որ կը ներկայացնէ անմեղութեան ու մաքրութեան մարմնացումը։
Կին-մարդը եւ մայրը՝ Աստուածամօր լոյսին մէջ աւելի եւս ճշմարտութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան առաքինութիւններով օժտուած՝ վերափոխուեցաւ շատ աւելի բարձր դիրքերու եւ եղաւ աւանդապա՛հ։
Կին-մարդը «հերոսուհի» եղաւ մարդկային կեանքի գոյապահպանման ու գոյատեւման անվերջ պայքարին մէջ։
Կ՚ըսեն, թէ՝ «մարդ» ծնիլ շնորհ մըն է, «մարդ» ապրիլ եւ «մարդ» մնալ՝ դժուարատար եւ տքնաջան ընթացք մըն է, իսկ «մարդ» մեռնիլ՝ յաղթանա՛կ։
Արդարեւ մարդկութեան լրո՛ւմն է այդ յաղթանակը։
Եւ կին-մարդը, իր մայր հանգամանքով մանաւանդ, միշտ յաղթական եկած է կեանքի պայքարին մէջ, միշտ վեր բռնելով մարդկային արժանաւորութիւնն ու արժանապատուութիւնը։ Մայրը՝ Աստուածամօր տիպարով մանաւանդ մնացած է միշտ կին-մարդ, եւ իր վախճանին հասած է միշտ կին-մարդու յաղթանակով։
Ակներեւ է կին-մարդուն մասնակցութիւնը ընտանեկան կեանքին, եւ որուն հետեւողութեամբ՝ հասարակական-ընկերային, բարեգործական, համայնքային, քաղաքական ասպարէզներու մէջ, միշտ հետապնդելով վերջնական յաղթանակը՝ ծառայելով մարդկային բարիքին եւ ընդհանուր օգտին։
Ամբողջ պատմութիւնը կը վկայէ կին-մարդուն եւ անոր լրումը՝ մօր հրաշագործութիւններուն՝ թէ՛ անձնապէս, թէ՛ իր հասցուցած սերունդներուն կատարած մեծագործութիւններուն պատճառով։
Կ՚ըսեն, դարձեալ, թէ ամէն յաջող մարդու մը ետեւը «կին» մը կա՛յ. այո՛ ճիշդ է ատիկա, քանի որ ամէն յաջող մարդ ունի մայր մը՝ որ ծնած է զինք եւ հասցուցած ու բերած այդ դիրքին։ Արդարեւ ամէն մարդ շա՜տ բան կը պարտի մօր՝ այն անձնուէր ու հերոս կին-մարդուն, որ իր գոյութեան պատճառն է եւ իր յաջողութեան շարժառիթը…։
Հնազանդութիւն, հեզութիւն, զոհողութիւն, սէր, սրբութիւն յատկանիշներն են կին-մարդուն՝ որոնց շնորհիւ է, որ անոր տրուած է «մա՜յր» ըլլալու անզուգական, եզակի պատիւը։ Խորհեցէ՛ք, սիրելինե՜ր, այս առաքինութիւնները՝ որոնք մարդս կ՚ազնուացնեն, կը կատարելագործեն, իր լրումին կը հասցնեն, տրուած են կին-մարդուն։ Ոմանք «հնազանդութիւն»ը նուաստացում կը համարեն, եւ կը սխալին, քանի որ հնազանդութիւնը պարկեշտութեան, խոնարհութեան առաքինութիւններուն լրումն է, եւ այն, որ կը հնազանդի՝ կը բարձրացնէ իր անձը, քանի որ հնազանդութիւնը ազատութիւն է եւ ազատ մարդը վեհանձն է, ազնուական է, բարձր արժանիքներու տէ՛ր մէկն է… եւ կին-մարդը բարձրագոյն յատկութիւններով օժտուած, մեծահոգի, վեհասիրտ անձնաւորութիւնն է։
Կին-մարդուն եւ անոր լրումը՝ մօր պէտք է ընծայուի այնպիսի արժէք մը՝ որ առանց այդ արժէքին գոյութիւն չ՚ունենար եւ չի կրնար գոյատեւել համայն մարդութիւնը, մարդկային ընտանիքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 14, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024