«ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷ՛Ր Է»

Աս­տուած՝ բնու­թեամբ սէր եւ ճշմար­տու­թի՛ւն է։

Ան ճշմար­տու­թիւն է, քա­նի որ Ան լո՛յս է եւ Ա­նոր մէջ չկա՛յ եր­բեք խա­ւար (Ա. ՅՈՎՀ. Ա 5) եւ Աս­տուած սէ՛ր է (Ա. ՅՈՎՀ. Դ 8), ո­րով­հե­տեւ Ան Ինք­զինք յայտ­նեց «շնորհ­քով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։

Շ­նորհ եւ հա­ւա­տար­մու­թիւն՝ այս եր­կու եզ­րե­րը կ՚ար­տա­յայ­տեն խտա­ցուած ձե­ւով աս­տուա­ծա­յին ա­նու­նին ճո­խու­թիւն­նե­րը։ Աս­տուած իր բո­լոր գոր­ծե­րուն մէջ ցոյց կու տայ իր բա­րե­հա­ճու­թիւ­նը, իր բա­րու­թիւ­նը, իր շնորհ­քը, իր սէ­րը. բայց նաեւ՝ իր վստա­հու­թիւնն ու վստա­հե­լիու­թիւ­նը, իր հաս­տա­տամ­տու­թիւ­նը, իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, իր ճշմար­տու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ «ճշմար­տու­թիւ­նը սկիզբն է Իր խօս­քին, եւ յա­ւի­տե­նա­կան են Իր ար­դար դա­տաս­տան­նե­րը», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սաղ­մո­սեր­գուն (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 160)։ Սէր եւ ճշմար­տու­թիւն հա­մըն­թաց են եւ կ՚ամ­բող­ջաց­նեն զի­րար։

Ուս­տի Աս­տու­ծոյ էու­թիւնն ու բնու­թիւ­նը ինք­նին «սէ՛ր» է։ Ժա­մա­նակ­նե­րու լրու­մին՝ Աս­տուած ա­ռա­քե­լով  իր Միա­ծին Որ­դին եւ Սի­րոյ Հո­գին, կը յայտ­նէ Իր ա­մե­նա­սերտ գաղտ­նի­քը. խոր­հուր­դը. Ինք յա­ւի­տե­նա­պէս սի­րոյ փո­խա­նա­կումն է՝ Հօր, Որ­դիի եւ Սուրբ Հո­գիի, եւ մա՛րդն ալ բաժ­նե­կից ու մաս­նա­կից ը­րաւ այս աս­տուա­ծա­յին սի­րոյ։

Ու­րեմն Աս­տու­ծոյ իս­կա­կան էու­թիւ­նը՝ ճշմար­տու­թիւն է եւ սէ՛ր։ Ար­դա­րեւ Եր­րոր­դու­թիւ­նը հա­ւատ­քին մէկ խոր­հուրդն է բա­ռին սեղմ ի­մաս­տով։

Աս­տուած իր եր­րոր­դու­թե­նա­կան էու­թե­նէն հետ­քեր թո­ղած էր իր ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան եւ նաեւ՝ իր Յայտ­նու­թեան մէջ՝ Հին Կտա­կա­րա­նին ամ­բողջ ըն­թաց­քին։ Աս­տուած Սէ՛ր է ամ­բող­ջու­թեամբ՝ Հայր, Որ­դի եւ Սուրբ Հո­գի։ Ան կ՚ու­զէ ա­զա­տա­կա­մօ­րէ՛ն հա­ղոր­դել իր ե­րա­նա­ւէտ կեան­քին փառ­քը։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, ա՛յս է «հա­ճու­թեան ծրա­գի­րը» (Ե­ՓԵՍ. Ա 9), զոր Ան յղա­ցաւ ա­րար­չա­գոր­ծու­թե­նէն ա­ռաջ իր սի­րե­լի Որ­դիին մէջ. «կան­խաւ նա­խա­սահ­մա­նե­լով մեզ որ­դեգ­րու­թեան Ա­նոր մէջ» (Ե­ՓԵՍ. Ա 5), այ­սինքն «ըլ­լա­լու կեր­պա­րա­նա­կից Իր Որ­դիին պատ­կե­րին» (ՀՌՈՄ. Ը 29) շնոր­հիւ «որ­դեգ­րու­թեան» Հո­գիին (ՀՌՈՄ. Ը 15)։­

Այս «ծրա­գիր»ը շնորհք մըն է «տրուած բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րէ ա­ռաջ» (Բ. ՏԻՄ. Ա 9)։ Ան ան­միջ­նորդ կը բխի Եր­րոր­դու­թեան սէ­րէն։ Ան կը ծա­ւա­լի, կը տա­րա­ծուի ամ­բողջ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան վրայ, իսկ «ան­կում»էն ետք՝ փրկու­թեան ամ­բողջ պատ­մու­թեան վրայ Որ­դիին եւ Հո­գիին ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն մէջ՝ զորս կը շա­րու­նա­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Ամ­բողջ աս­տուա­ծա­յին տնտե­սու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­յին Ե­րեք Ան­ձե­րուն հա­սա­րա­կաց գո՛րծն է։

Սուրբ Հո­գին Մա­րիա­մի մէջ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Հօր բա­րե­հաճ ծրա­գի­րը։ Սուրբ Հո­գիին ներ­գոր­ծու­թեամբ՝ Կոյ­սը կը յղա­նայ եւ կը ծնա­նի Աս­տու­ծոյ Որ­դին։

Ար­դա­րեւ ա­նոր կու­սու­թիւ­նը կը դառ­նայ միա­յա­տուկ՝ ե­զա­կան բեղմ­նա­ւո­րու­թիւն՝ Հո­գիին եւ հա­ւա­տաքին զօ­րու­թեամբ։ Եւ Մա­րիա­մի մէջ Սուրբ Հո­գին ե­րե­ւան կը բե­րէ Կոյ­սին Որ­դի դար­ձած Հօր Որ­դին։ Ուս­տի եւ Սէ­րը ա­ռա­ջին պար­գեւն է՝ որ կը բո­վան­դա­կէ միւս բո­լոր պար­գեւ­նե­րը։ Այս սէ­րը «Աս­տուած սփռեց մեր հո­գի­նե­րուն մէջ՝ Հո­գիով, որ տրուե­ցաւ մե­զի» (ՀՌՈՄ. Ե 5)։ Քա­նի որ մարդ մե­ռած կամ գէթ վի­րա­ւո­րուած է մեղ­քէն՝ Սի­րոյ պար­գե­ւը եւ ա­նոր ա­ռա­ջին ար­դիւն­քը ա­նոր մեղ­քե­րուն թո­ղու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ։ Սուրբ Հո­գիին հա­ղոր­դու­թիւ­նը մեղ­քով կոր­սուած աս­տուա­ծա­յին նմա­նու­թիւ­նը մկրտեալ­նե­րուն վե-րըստին կու տայ՝ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­պա Հո­գին կու տայ մար­դուն իր ժա­ռան­գու­թեան գրա­ւա­կա­նը կամ ե­րա­խայ­րի­քը՝ այ­սինքն «Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան Կեանք»ը՝ որ «Սի­րե­լի է՝ ի՛նչ­պէս Ինք սի­րեց մեզ»։ Այս «Սէր»ը նա­խաս­կիզբն է Քրիս­տո­սով այն նոր կեան­քին՝ որ այ­լեւս հնա­րա­ւոր դար­ձած է, քա­նի որ մենք «ըն­դու­նած ենք ո՛ւժ մը՝ որ Սուրբ Հո­գիին է» (ԳՈՐԾՔ. Ա 8)։

­Յի­սուս Քրիս­տո­սի ա­ռա­քե­լա­կան հրա­հան­գին վերջ­նա­գոյն ակ­նաղ­բիւ­րը Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան երկ­րի վրայ իր ու­զած յա­ւի­տե­նա­կան սէ՛րն է։ Իր բնոյ­թով, Ե­կե­ղե­ցին երկ­րի վրայ իր ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ըն­թաց­քին ա­ռա­քե­լագ­ործ է, քա­նի որ ինք եւս իր ծա­գու­մը կ՚առ­նէ Որ­դիին եւ Սուրբ Հո­գիին ա­ռա­քե­լու­թե­նէն, ըստ Հօր Աս­տու­ծոյ ծրագ­րին։ Եւ ա­ռա­քե­լա­գոր­ծու­թեան վեր­ջին նպա­տա­կին ի­մաս­տը ու­րիշ բան չէ ե­թէ ոչ՝ մար­դի­կը մաս­նա­կից ը­նել հա­ղոր­դու­թեան, որ գո­յու­թիւն ու­նի Հօր եւ Որ­դիին մի­ջեւ՝ Ի­րենց սի­րոյ Հո­գիին մէջ։ Աս­տու­ծոյ բո­լոր մար­դոց հան­դէպ ու­նե­ցած սէ­րէն է, որ Ե­կե­ղե­ցին ա­մէն ա­տեն իր ա­ռա­քե­լա­գործ սլաց­քին պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ու­ժը քա­ղած է։ «Քա­նի որ Քրիս­տո­սի սէ­րը կը ստի­պէ՛ մեզ…» (Բ. ԿՈՐՆ. Ե 14)։ Ար­դա­րեւ, «Աս­տուած կ՚ու­զէ, որ բո­լոր մար­դի­կը փրկուին եւ հաս­նին ճշմար­տու­թեան գի­տու­թեան» (Ա ՏԻՄ. Բ 4)։ Աս­տուած բո­լո­րին փրկու­թիւ­նը կ՚ու­զէ ճշմար­տու­թեան ճա­նա­չու­մով։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ փրկու­թիւ­նը կը գտնուի ճշմար­տու­թեան մէջ։ Եւ Աս­տուած կ՚ու­զէ մար­դուն փրկու­թիւ­նը, քա­նի որ Աստուած սէ՛ր է եւ կը սի­րէ մար­դը։

Եւ ա­նոնք, որ ճշմար­տու­թեան Հո­գիին մղու­մին կը հնա­զան­դին, ար­դէն իսկ փրկու­թեան ճա­նա­պար­հին վրա՛յ են։ Բայց Ե­կե­ղե­ցին՝ ո­րուն յանձ­նուած է ճշմար­տու­թիւ­նը, պար­տի ըն­դա­ռա­ջել ա­նոնց բաղ­ձան­քին՝ ճշմար­տու­թիւ­նը ա­նոնց ըն­ծա­յե­լու հա­մար։

Փրկու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին ի­րա­գործ­ման հա­մար Ե­կե­ղե­ցին «ա­ռա­քե­լա­գործ» ըլ­լա­լու է…։

Սուրբ Յով­հան­նէս Խա­չեան կ՚ը­սէ, թէ՝ «մեր կեան­քին ի­րիկ­նա­մու­տին՝ մենք պի­տի դա­տուինք ըստ սի­րոյն»։­

Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան հետ կա­տա­րեալ կեան­քը եւ սի­րոյ հա­ղոր­դու­թիւ­նը կոչուած է «եր­կինք»։­

Ար­դա­րեւ «եր­կինք»ը մար­դուս վերջ­նա­գոյն նպա­տակն է, ա­մե­նա­խո­րունկ տեն­չանք­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ ի­րա­գոր­ծումն է՝ գե­րա­դաս եւ վերջ­նո­րոշ ե­րա­նու­թեան վի­ճակն է։ «Ապ­րիլ եր­կին­քի մէջ»՝ կը նշա­նա­կէ «Քրիս­տո­սի հետ ըլ­լա՛լ»։ Ընտ­րեալ­նե­րը ա­նոր մէջ կ՚ապ­րին, հոն պահ­պա­նե­լով, ա­ւե­լի ճիշդ՝ հոն գտնե­լով ի­րենց իս­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը, ի­րենց յա­տուկ ա­նու­նը. «Գիտ­ցէ՛ք սա­կայն, աշ­խարհն ալ կ՚անց­նի, աշ­խար­հա­յին ցան­կու­թիւն­ներն ալ. բայց Աս­տու­ծոյ կամ­քը կա­տա­րո­ղը. ինք՝ յա­ւի­տեան կը մնայ» (Ա. ՅՈՎՀՆ. Բ 17), եւ «Ան որ ա­կանջ ու­նի՝ թո՛ղ լսէ թէ Հո­գին ի՛նչ կ՚ը­սէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն.- Ով որ յաղ­թա­նա­կէ՝ ա­նոր ճա­շա­կել պի­տի տամ պա­հուած մա­նա­նա­յէն, ինչ­պէս նաեւ պի­տի տամ մա­քուր գիր­քը՝ ուր գրուած է նոր ա­նուն մը, որ բա­ցի ստա­ցո­ղէն՝ ո՛չ ոք գի­տէ» (ՅԱՅՏ. Բ 17)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 18, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015