ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Մարդ օժ­տուած է ա­զատ կամ­քով, ինչ որ կը նշա­նա­կէ՝ կրնայ գոր­ծել ա­զա­տօ­րէն եւ ը­նել կամ չը­նել ո­րե­ւէ բան, օգ­տուիլ բա­րիք­նե­րէ կամ հե­տե­ւիլ չա­րի­քի, ո­րոնց­մէ պա­տաս­խա­նա­տու է անձ­նա­պէս եւ ըստ այնմ պար­տա­ւոր է ըն­դու­նիլ իր ա­րարք­նե­րուն ա­մէն տե­սակ հե­տե­ւանք­նե­րը։ Պա­տաս­խա­նա­տու եւ պար­տա­ւոր է նաեւ հա­տու­ցա­նել եւ փո­խա­րի­նել ա­մէն վնաս, ինչ­պէս՝ վար­ձատ­րու­թեան ար­ժա­նա­նալ ա­մէն բա­րի գոր­ծի հա­մար։

Ու­րեմն այս կը նշա­նա­կէ՝ որ ա­զա­տու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փակ ի­րա­ւունք մըն է՝ ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ ա­զա­տու­թիւ­նը, մար­դուս ա­մէն ու­զա­ծը ը­նել չէ՛, այլ գոր­ծել ի­րեն տրուած եւ ո­րո­շուած սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ա­զա­տու­թիւ­նը ի­րա­ւունք մըն է, եւ ա­մէն ի­րա­ւուն­քի վա­յե­լում կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ պար­տա­ւո­րու­թեան մը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան։  «Ի­րա­ւունք» եւ «պարտք» կշի­ռի մը եր­կու նժար­ներն են՝ ո­րոնք պէտք է միշտ հա­ւա­սա­րակշ­ռուին։

Անձ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ նկա­տի ու­նե­նալ, ճանչ­նալ եւ յար­գել ու­րի­շին ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Այս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը յայտ­նուի, ան­ձին կարգ ու կա­նո­նի, ո­րոշ կար­գա­պա­հու­թեան, եւ մա­նա­ւանդ ինք­նա­հա­կա­կշ­­ռու­թեան հա­մա­կերպ­ման, հա­ւա­նու­մի մէջ։

Կամ­քի յար­մա­րե­ցու­մը կ՚են­թադ­րէ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը ա­զա­տու­թեան եւ ա­նոր սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն։

Ուս­տի «Գե­րա­գոյն բա­րի»ն պէտք է հե­տապն­դեն մար­դիկ եւ մաս­նակ­ցին այն բո­լոր բա­րիք­նե­րուն եւ շնորհ­նե­րուն՝ ո­րոնք տրուած են ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րով։ Մարդ, իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը կը պար­տի Աս­տու­ծոյ՝ ո­ր չի բա­ւա­կա­նա­նար ստեղ­ծե­լով, այլ նաեւ կը խնա­մէ, կը հո­գայ։

Մարդ կո­չուած է այս աշ­խար­հի վրայ ապ­րե­լու շնորհ­քով եւ շա­րու­նա­կե­լու կեան­քը փառ­քով՝ հան­դեր­ձեա­լին մէջ։ Եւ մարդ «շնորհք»ով ապ­րե­լու հա­մար պար­տի հա­մա­կեր­պիլ աս­տուա­ծա­յին օ­րէնք­նե­րու՝ ո­րոնք կը ձե­ւա­ւո­րեն իր ա­զա­տու­թիւ­նը եւ կը սահ­մա­նեն իր ա­զա­տու­թեան բնա­կան ի­րա­ւուն­քը։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս «բարձ­րա­գոյն եւ բա­ցար­ձակ օգ­տա­կա­րու­թեան սկզբունք»ը կ՚ո­րո­շէ բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր հար­ցե­րու լու­ծու­մը, ո­րոնք կը պա­տա­հին կեան­քի մէջ։ Ար­դա­րեւ ե­թէ մարդ իր նմա­նին օգ­տա­կար ըլ­լա­լու կամքն ու կա­րո­ղու­թիւ­նը պի­տի չու­նե­նայ այս կեան­քին մէջ, ա­պա ու­րեմն ի՜նչ կ՚ար­ժէ ապ­րի­լը՝ ա­զա­տու­թիւն վա­յե­լե­լու։ Եւ ե­թէ ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քը պի­տի չծա­ռա­յէ մար­դուն ա­մե­նա­նուի­րա­կան ու սրբա­զան կո­չու­մին՝ ի­րե­րօգ­նու­թեան, ի՜նչ ի­մաստ պի­տի ու­նե­նայ ա­զա­տու­թիւ­նը, ի­րա­ւուն­քը եւ ա­սոնց նման շնորհ­ներ՝ ո­րոնք մարդս «մա՛րդ» կ՚ը­նեն։

Այս աշ­խար­հի վրայ ա­ռան­ձին մնա­լո՞ւ հա­մար պի­տի ապ­րի մարդ, ինք ի­րեն հպար­տա­նա­լո՞ւ հա­մար պի­տի ապ­րի, կամ ա­նաշ­խատ, ծոյլ եւ ա­նօ­գուտ՝ ու­րի­շին բե՞ռ ըլ­լա­լու հա­մար պի­տի ապ­րի։ Ո՛չ, մարդ կո­չուած է իր նման­նե­րուն հետ միա­սին ապ­րե­լու՝ բաժ­նե­լու ա­մէն շնորհք եւ ա­մէն բա­րիք, օգ­նե­լու եւ փո­խա­դար­ձա­բար օգ­նու­թիւն ըն­դու­նե­լու՝ օգ­տուե­լու հա­մար ստեղ­ծուած է մարդ եւ պէտք է հա­ւա­տա­րիմ մնայ իր կո­չու­մին, պէտք է իր ա­զա­տու­թիւ­նը գոր­ծա­ծէ եւ ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լէ իր նման­նե­րուն հետ միա­սին՝ ա­նոնց օգ­նե­լով, ա­նոնց պա­կաս­նե­րը լրաց­նե­լով, տկա­րու­թիւն­նե­րը զօ­րաց­նե­լով եւ մէկ խօս­քով ի­րե­րօգ­նու­թեամբ։

Ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լել՝ եր­բեք չի՛ նշա­նա­կեր մե­կու­սա­նալ՝ մէկ կողմ քա­շուիլ, ա­ռանձ­նա­նալ եւ կղզիա­նալ։ Քա­նի որ ա­զա­տու­թիւ­նը հա­ւա­քա­բար գոր­ծա­ծե­լի ար­ժէք մըն է՝ մի­նակ ա­զա­տու­թիւ­նը ի­մաստ չի ներ­կա­յաց­ներ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ ա­զա­տու­թիւ­նը միաս­նա­բար, ըն­կե­րու­թեան մէջ գոր­ծա­ծե­լի շնորհք մըն է, ու­րի­շի մը ա­զա­տու­թեան հա­մե­մա­տու­թեամբ, բաղ­դա­տու­թեամբ եւ ու­րի­շի մը ա­զա­տու­թե­նէն կա­խում ու­նե­նա­լով օգ­տա­գոր­ծե­լի ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է։ Մարդ «ա­զատ» է միշտ ու­րի­շի մը նկատ­մամբ, ե­թէ չըլ­լար «ու­րիշ»ը, ա­զա­տու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ի­մաստ պի­տի չներ­կա­յաց­նէր։

Ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քը հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, ըն­կե­րու­թեան մէջ ար­ժէք ստա­ցող ի­րո­ղու­թիւն մըն է. ա­ռանց ու­րի­շի մը ա­զա­տու­թեան՝ ա­զա­տու­թե­նէ խօ­սիլ կա­րե­լի չէ։ Ու­րի­շի մը հա­մե­մա­տու­թեամբ «ա­զա­տու­թիւն» կը գո­յա­նայ։ Ու­րեմն մարդ պէտք է բա­րի կամք դրսե­ւո­րէ՝ ու­րի­շին օգ­տա­կա՛ր ըլ­լա­լու հա­մար։

Ար­դա­րեւ մարդ ե­թէ օգ­տա­կար չէ իր նման­նե­րուն, գո­նէ վնա­սա­կար չըլ­լայ։ Այս­պէս կա­րե­լի է խոր­հիլ, բայց այդ մի­ջա­կու­թիւն է, չէ­զո­քու­թիւն, որ ամ­լու­թիւն, ան­շար­ժու­թիւն կ՚են­թադ­րէ եւ կը մե­կու­սաց­նէ մար­դը՝ կը հե­ռաց­նէ իր մի­ջա­վայ­րէն, ան­գոր­ծու­թեան ու ան­զօ­րու­թեան կը դա­տա­պար­տէ։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը սի­րե­լի՜­ներ. չէ­զոք մար­դը ե­թէ վնա­սա­կար չէ, օգ­տա­կար ալ չէ, իսկ ան որ օգ­տա­կար չէ՝  վնա­սա­կա՛ր է։ Ան­գոր­ծու­թիւ­նը, ամ­լու­թիւ­նը ինք­նին ար­դէն վնա­սա­կար է եւ ո­րե­ւէ օ­գուտ չ՚ա­պա­հո­վեր թէ՛ են­թա­կա­յին եւ թէ շուր­ջին­նե­րուն։

Ու­րեմն այս դրու­թեան մէջ ո՞ւր կա­րե­լի է զե­տե­ղել սէ­րը։ Սէ­րը ներ­քին վի­ճակ մըն է, ուր ան­ձին ստո­րա­դա­սու­մը ե­ղած է հրա­մա­յա­կան բնազդ մը։ Ար­դա­րեւ սէ­րը կեան­քին շար­ժա­ռի՛թն է եւ սի­րով միա՛յն կրնայ թէ՛ ինք­նի­րեն եւ թէ ամ­բողջ աշ­խար­հին յաղ­թել, այ­սինքն ապ­րիլ գե­րա­զան­ցա­պէս հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան կեան­քը՝ սրբա­զան ու նուի­րա­կան ապ­րում­նե­րով։ Հա­ւա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ կան ա­ռիթ­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին մար­դիկ ան­պայ­մա՛ն կ՚ու­զեն ի­րենք զի­րենք ար­տա­յայ­տել, ցոյց տալ՝ փաս­տել ի­րենց գո­յու­թիւ­նը աշ­խար­հի վրայ՝ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ։ Եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րը գոր­ծա­ծել, ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լել յար­մար մի­ջոց­ներ են ի­րենք զի­րենք ար­տա­յայ­տե­լու։

Ուս­տի ա­զա­տու­թիւ­նը գոր­ծա­ծե­լու, ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լե­լու ա­մե­նէն նպաս­տա­ւոր ու պատ­շաճ ճամ­բան՝ ա­զա­տու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի չափն ու սահ­մա­նը լաւ գիտ­նալն է։ Ա­զա­տու­թիւն եւ ի­րա­ւունք, ար­ժէք կը ստա­նան երբ պատ­շաճ կեր­պով գոր­ծա­ծուին։

Չա­փա­զան­ցու­թիւն եւ ան­հա­մե­մատ գոր­ծա­ծու­թիւն ու վա­յե­լում, ար­ժէ­քը կորսնց­նե­լու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ ա­մէն շնորհ­քի եւ ըն­ծա­յի։ Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ մարդ­կա­յին բո­լոր ա­րարք­նե­րուն եւ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն նպա­տա­կա­յար­մար կա­տար­ման մէջ։ Կար­ծեմ ճիշդ այս նկա­տի ու­նե­նա­լով է, որ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թեամբ ը­սուած է, թէ՝ «չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կէս աս­տուած է…»։ Եւ կեան­քի մէջ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը, պար­զու­թիւ­նը միշտ կը նպաս­տեն ա­նոր ըն­թաց­քին։

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս ի­րենք զի­րենք ի­րա­ւա­սո՛ւ կը նկա­տեն գոր­ծա­ծե­լու ա­մէն ա­զա­տու­թիւն՝ ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու ու­րի­շին ա­զա­տու­թիւ­նը։ Մինչ­դեռ մէ­կու մը ա­զա­տու­թեան սահ­մա­նը՝ մէկ ու­րի­շին ա­զա­տու­թեան սահ­մանն է։ Նոյն­պէս ի­րա­ւուն­քի մը վա­յե­լումն ալ կը վեր­ջա­նայ ու­րի­շի մը ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լե­լու սահ­մա­նին վրայ։ Ա­հա­ւա­սիկ, մար­դիկ ե­թէ գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը ու­նե­նա­յին ի­րենց ա­զա­տու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի սահ­մա­նին, աշ­խար­հի վրայ շատ մը հար­ցեր լու­ծուած պի­տի ըլ­լա­յին եւ շու­տով պի­տի գար եւ խա­ղա­ղու­թիւնն ու հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը՝ պի­տի տի­րէր ա­մէ­նու­րեք։

Բայց մար­դիկ տա­րուած ի­րենց «Ես»էն, կ՚ու­զեն որ միշտ ի­րենց ա­զա­տու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցէ ա­մէն ա­զա­տու­թիւն եւ ա­մէն ի­րա­ւունք։ Եւ քա­նի որ ա­մէն մարդ նոյն ձե­ւով կ՚ըմբռ­նէ ա­զա­տու­թիւ­նը, ա­պա ու­րեմն կա­րե­լի չ՚ըլ­լար խա­ղա­ղու­թեան մէջ ապ­րիլ, ա­մէ­նու­րեք, ա­մէն ժա­մա­նակ «իմս» եւ «քուկդ» մտայ­նու­թիւ­նը՝ ա­ռանց ճա­նա­չո­ղու­թեան, թէ ո՞ւր կը վեր­ջա­նայ «ի­րեն պատ­կա­նած»ը եւ ո՞ւր կը սկսի «ու­րի­շին պատ­կա­նած»ը, կը ստեղ­ծուի վիհ մը՝ ուր հետզ­հե­տէ կը կոր­սուի մարդ­կա­յին ա­մէն ար­ժէք, ա­մէն գա­ղա­փար եւ վե­հանձ­նու­թիւն, եւ կը տի­րէ ա­նո­րո­շու­թիւն՝ մութ ու խա­ւար աշ­խար­հի մը մէջ, ուր կը ստի­պուին ապ­րիլ ան­մեղ մար­դիկ։ Ա­զա­տու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը, ի­րեն եւ ու­րի­շին պատ­կա­նա­ծը ո­րո­շե­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը, մինչ­դեռ շատ հար­ցեր պի­տի լու­ծէր, մար­դիկ խա­ղա­ղու­թեան մէջ պի­տի ապ­րէին…։ Ա­զա­տու­թիւ­նը ե­թէ գոր­ծա­ծուի իր ար­ժէ­քին հա­մե­մատ, ի­րա­պէ՛ս շնորհ մըն է՝ որ կ՚եր­ջան­կաց­նէ մարդս եւ կը կա­նո­նա­ւո­րէ կեան­քը։

Ա­զա­տու­թեան ըմբռ­նու­մը կը տար­բե­րի շատ ան­գամ եւ այդ պատ­ճա­ռով է, որ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար օգ­տուիլ ան­կէ, մա­նա­ւանդ երբ շա­հա­գոր­ծուի ա­նոր բա­րիք­նե­րը։

Ա­զա­տու­թիւ­նը ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կամ­քին մէջ ար­մա­տա­ցած կա­րո­ղու­թիւնն է՝ գոր­ծե­լու կամ չգոր­ծե­լու, ը­նե­լու այս կամ այն, ինք­նա­կամ վճռե­լու կա­տա­րե­լիք գոր­ծեր։ Ինք­նա­կա­մու­թեամբ իւ­րա­քան­չիւր ոք տէ՛ր է իր ան­ձին։ Մար­դուն մէջ ա­զա­տու­թիւ­նը զօ­րու­թիւն մըն է ա­ճու­մի եւ հա­սու­նու­թեան՝ ճշմար­տու­թեան եւ բա­րու­թեան մէջ։ Ա­զա­տու­թիւ­նը կը հաս­նի իր կա­տա­րե­լու­թեան, երբ կը կար­գա­ւո­րուի դէ­պի Աս­տուած՝ մար­դուս ե­րա­նու­թիւ­նը։ Այն­քան ա­տեն որ ա­զա­տու­թիւ­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս չէ՛ հաս­տա­տուած իր «վերջ­նա­կան բա­րիք»ին մէջ, որ Աս­տուա՛ծ է, իր մէջ կը կրէ կա­րե­լիու­թիւ­նը ընտ­րե­լու բա­րիին եւ չա­րին մի­ջեւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 18, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015