ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆ
Մարդ, իր ստեղծումէն ի վեր կը ջանայ հասնիլ կատարելութեան, աւելի եւս զօրանալ եւ աւելի անթերի ըլլալ ամէն տեսակէտով։ Արդարեւ, մարդ ստեղծուած է կատարելագործուելու՝ ինչպէս բնութիւնը տեւապէս բարշրջման ընթացքով կը բարեփոխուի, կը կատարելագործուի։
Սակայն, սիրելի՜ բարեկամներ, բնութեան այս բարեշրջումը կասեցնողը դարձեալ նոյնինքն մա՛րդն է իր արարքներով։ Անկարելի՛ է որ բնութիւնը դէպի լաւ, դէպի կատարելութիւն չընթանայ, բայց մարդը՝ որ ինք կատարելագործուելու կոչուած է, արգելք կ՚ըլլայ բնութեան որ շարունակէ իր ընթացքը։ Մարդ իր կատարելագործումին համար կը զոհէ բնութիւնը եւ բնութիւնը կ՚այլափոխուի, կը կորսնցնէ իր բարեփոխուելու նկարագիրը եւ կը դադրի իր բարեշրջումը։
Երբ յաճախ բնութեան զանազան «հարուած»ներուն կ՚ենթարկուին մարդիկ, արդեօք մտածող կ՚ըլլա՞յ թէ՝ բնութիւնը վրէ՛ժ կը լուծէ մարդոցմէ, քանի որ անոնք լաւ չեն վարուիր իրեն հետ… Ո՜վ գիտէ, թերեւս բնութիւնը կը հակազդէ իրեն հանդէպ մարդոց անտարբերութեան, անհոգութեան եւ անխնայ վարմունքին։ Պարզ օրինակ մըն է օդը, ծովը եւ շատ մը բնական գեղեցկութիւններ, որոնք մարդ փոխանակ օգտագործելու՝ անխնայ կերպով կը շահագործէ՝ կ՚աղտոտէ զանոնք եւ անօգուտ վիճակի կը մատնէ։
Այսօր եթէ օդը եւ ջուրը, ծովը, միջավայրը աղտեղութեան մէջ՝ օգուտէ աւելի վնաս կը պատճառեն մարդուն, կորսնցուցած են իրենց անբծութիւնը, օգտակարութիւնը, հապա ո՞վ է անոնց պատճառը։
Մարդիկ, այո՛ կը յառաջդիմեն այսօր, նորանոր գիւտերով, կը կարծեն աւելի եւս դիւրատար ընել կեանքը, բայց կը զոհեն բնութիւնը, մէկ կողմէ կը շինեն, կամ շինել կը կարծեն, միւս կողմէ կը քանդեն, կը կործանեն ամենաօգտակարը, ամենէն անհրաժեշտը՝ բնութիւնը, որ մեծ պարգեւ մըն է տրուած իրենց։ Եւ աւելի ցաւալին այն է՝ որ չեն անդրադառնար իրենց գործած եւ կամ պատճառած աւերներուն։ Մարդիկ չեն հաշուեր, թէ՝ երբ շատ բան կը շահին քաղաքակրթութեան հետզհետէ յառաջդիմութեամբը, շա՜տ աւելին կը կորսնցնեն՝ բնութեան տրուած վնասներով։ Ուստի մարդ շահաւոր կրնայ նկատուիլ այն ատեն միայն, երբ շահը վնասէն աւելի՛ է։ Երբ մարդիկ, քաղաքակրթութեան շնորհներէն կ՚օգտուին, անշուշտ որ առաւելութիւններ, շահեր կ՚ունենան, բայց կը կորսնցնեն, երբ բնութիւնը կը վշտացնեն՝ անտեսելով, անտարբեր գտնուելով անոր հանդէպ։ Եւ մարդ պահ մը կը մոռնայ, դժբախտաբար, թէ ինք ալ մէկ մասն է բնութեան եւ բնութեան մէջ է, ուր կրնայ կեանք ունենալ՝ կեանքը գոյապահպանել եւ գոյատեւել։
Անշուշտ, որ քաղաքակրթութիւնը, յառաջդիմութիւնը մարդուս կեանքը կը դիւրացնեն, կ՚օգնեն անոր, անհրաժեշտ են անոր բարելաւման, բարեփոխմանը համար։ Բայց ասիկա պէտք չէ ըլլայ ի գին բնութեան կործանման։ Եւ ահաւասիկ, հոս դարձեալ ի յայտ կու գայ «չափաւորութեան» եւ «արժէքներու ներդաշնակութեան» կարեւորութեան հարցը։ Եւ իրապէ՛ս կատարեալ են եւ երջանիկ անոնք՝ որ կրնան ներդաշնակել, կրնան հաւասարակշռել իրենց ընծայուած բարիքները, օգուտները, արժէքները եւ չեն անտեսեր մին՝ կառչելած մնալով միայն միւսին վրայ։ Բնութիւն եւ քաղաքակրթութիւն՝ երկու անհրաժեշտ արժէքներ, որոնք կարելի չէ զոհել մին միւսին համար, այլ ներդաշնակել, համաձայնեցնել իրարու՝ մարդուն, մարդկութեան օգտին, կատարելութեանը համար։
Կան մարդիկ, որոնք ինքնակեդրոն են, կը կարծեն, թէ իրենք են ամբողջ աշխարհի կեդրոնը եւ չեն խորհիր թէ՝ մարդս մարդուս կարօտ է, եթէ ո՛չ այսօր, բայց վաղը՝ անպայմա՛ն։ Մարդ իրերօգնութեան կոչումով ստեղծուած է եւ ընկերային արարած մըն է այս պատճառով։ Ինքնակեդրոն մարդը կը նմանի ահաւասիկ, բնութիւնը անտեսող, բնութեան հոգ չտանող մարդուն, որ կը կարծէ ապրիլ, կեանք վարել միայն քաղաքակրթութեան իրեն ընծայած բարիքներով, առաւելութիւններով։
Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով, «միութիւն»ը անհրաժեշտ է մարդուս կեանքին ապահով կերպով պահպանմանը եւ գոյատեւմանը համար։ Եւ «նոյնութիւն»ը՝ իր նմաններուն նկատմամբ եւ իր Արարչին նկատմամբ, քանի որ Աստուած մարդը ստեղծած է Իրեն նմանութեամբ եւ մարդիկ՝ իրարու նմանութեամբ, քանի որ իւրաքանչիւրը կը նմանին մէ՛կ Հօր՝ մէ՛կ Աստուծոյ, ապա ուրեմն անոնց ամէն մէկն ալ կը նմանին իրարու։
Մարդուս պարտքն ու պարտականութի՛ւնն է պահպանել «միութիւն»ը եւ «նմանութիւն»ը։ Եւ այնքան ատեն որ մարդ կը պահպանէ միութիւնը՝ ամէն մարզի մէջ, նաեւ՝ բնութեան եւ քաղաքակրթութեան մէջ, կրնայ երջանիկ ըլլալ։ Բայց երջանիկ ըլլալ՝ բոլորովին կատարեալ ըլլալ չի նշանակեր, ասոր համար պէտք է պահպանէ նաեւ նմանութիւնը՝ մարդս մարդու եւ մարդս Աստուծոյ նկատմամբ, եւ ինչո՛ւ չէ, նմանութիւնը՝ բնութեան եւ քաղաքակրթութեան՝ հաւասար նժարներու մէջ հաւասարակշռելով զանոնք։
Ուրեմն մարդուս կեանքին մէջ կարեւոր դեր կը խաղան այս երկու վիճակները՝ «Միութիւն» եւ «Նմանութիւն», որոնք կ՚ենթադրեն՝ հաւասարութիւն, արդարութիւն եւ հաւատարմութի՛ւն։
Պահ մը, սիրելի՜ բարեկամներ, ձեր ուշադրութիւնը դարձուցէք մեր ընկերային կեանքին եւ նաեւ ուշադրութեամբ դիտեցէք բնութիւնը եւ հոն պիտի տեսնէք միութիւն եւ նմանութիւն, երկու արժէքներ, երկու անհրաժեշտ վիճակներ՝ որ կը ներդաշնակեն տիեզերքը, մարդը, մարդկութիւնը, կեանքը ամբողջ, եւ ո՛ւր որ կայ կեանք որեւէ ձեւի տակ, հոն անպայմա՛ն պիտի ըլլայ միութիւն եւ նմանութի՛ւն։ Դիտեցէ՛ք բնութիւնը, ո՛ր մէկ արուեստագէտ կարողացած է մինչեւ այսօր արտադրել բնութեան հրաշագործութիւնները, քանի որ հոն կա՛յ միութիւն եւ նմանութիւն, հոն կա՛յ բարիք, գեղեցկութիւն եւ ճշմարտութի՛ւն միշտ միացած, միշտ իրարու նմա՛ն։
Բնութեան մէջ է որ կը տեսնուի զմայլելի հրաշագործութիւնը՝ գլուխ գործոցը Տիեզերքի մեծ Արուեստագէտին, Իմաստունին եւ Սիրոյ աղբիւր՝ Սրտին ու Մտքին։ Նոյնինքն Աստուած գծագրած է ամէն պատկեր բնութեան մէջ՝ որ կարելի չէ բաղդատել որեւէ արուեստի գործի հետ, ինչ որ մարդուս արտադրութիւնն է։
Եւ ահաւասիկ բնութեան այս գեղեցկութեան, կատարելութեան, բարիքներուն պատճառն է երկու բան. «Միութիւն» եւ «Նմանութի՛ւն»։
Սիրելինե՜ր, եթէ կ՚ուզենք երջանիկ ըլլալ, պէտք է նոյնքան կարեւորութիւն ընծայենք, հոգ տանինք եւ խնամենք բնութիւնը՝ որքան հրապուրուած կը տարուինք քաղաքակրթութեան բարիքներէն, եւ զանոնք պահե՛նք «միութեան» եւ «նմանութեան» մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 20, 2017, Իսթանպուլ