ՀՈԳԻԻՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԻՆ ԲԱԽՈՒՄԸ
Մարդկային կեանքը ամբողջ պատերազմի դաշտ մըն է մարմնական ու հոգեկան բախումներու։ Մարդ կը հոգայ, կը սիրէ իր մարմինը, իր ֆիզիքական էութիւնը եւ կ՚ուզէ գոյապահպանել ու գոյատեւութիւնը ապահովել անոր։ Արդարեւ, ամէն հոգեկան մղումի շարժառիթը իր գոյութիւնը պահելու եւ տեւականացնելու բնական զգացումին մէջ կը կեդրոնանայ։ Մարդուս ամէն վարմունքին շարժառիթը այս բնական զգացո՛ւմն է։
Հետեւաբար, մարդուն ճիգն է նախ ապահովել իր մարմնին կայունութիւնը։
Բայց մարդ կը հետաքրքրուի ու կը սիրէ նաեւ իր հոգին եւ կ՚ուզէ, որ ան ազատ ըլլայ ամէն ազդեցութենէ։
Ուրեմն մարդուն նպատակն է՝ ներդաշնակել ու միաւորել այս երկու ձգտումները։
Ի վերջոյ ճշմարիտ մարդը գիտէ՝ որ կատարեալ ըլլալու, լիանալու եւ զօրանալու համար պէտք է հաշտեցնել մարմինը եւ հոգին։
Մարդ կ՚ուզէ ապացուցանել, թէ այս երկու հակադիր արժէքները իրարու թշնամի չեն, եւ պարզապէս զիրար ամբողջացնող ձգտումներ են։
Արդարեւ, կեանքի բնական ընթացքը ցոյց կու տայ, թէ հակառակ ընդհանուր կարծիքին, այս երկուքը կրնան գործել իրարու հետ եւ իրենց ներդաշնակութեամբ վայելել երջանկութիւնը ու հաճոյքը կեանքին։ Ուստի, ամէն մարդ թէ՛ հոգիով եւ թէ մարմնով բաժնեկից է աստուածային բնութեան, եւ պայքարը, որ գոյութիւն ունի հոգիի եւ մարմնի միջեւ, մարդուն մէջ, յաճախ անգիտակցօրէն կը ծառայէ այս երկու մասերու թէ՛ բաժանման եւ թէ միութեան։ Քանի որ առանց բաժանումի միութիւն չկա՛յ եւ փոխադարձաբա՛ր։ Զոր օրինակ, սեղանի վրայ հացը կը բաժնուի՝ որպէսզի այդ բաժինները ստացող ամէն մէկ անհատի միջեւ միութիւն մը, հոգեւոր միասնականութիւն մը հաստատուի, բաժնուած ամէն մաս հոգեպէս ամբողջանայ։ Այս իմաստով «միութիւն»ը կարեւոր է, քանի որ տկար հոգին շուտով եւ դիւրութեամբ որս կը դառնայ, կրնայ զոհուիլ մարմնին, եւ տկար մարմինը նո՛յնպէս կ՚ենթարկուի հոգիին։
Եւ կարծեմ, պահք կամ ծոմապահութիւն կը տկարացնեն մարմինը եւ ան դիւրութեամբ կը հպատակի հոգիին, եւ այս իսկ պատճառով կը զօրանայ հոգին, կը տիրապետէ մարմնին եւ կը մաքրէ զայն։
Մինչ այդ յիշենք մեր նախորդ խորհրդածութիւնները, ուր կ՚ըսէինք, թէ «հոգի» եզրը, յաճախ Աստուածաշունչ Մատեանի մէջ կը նշանակէ՝ մարդկային կեանքը եւ կամ ամբողջ մարդկային անձը։ Միաժամանակ ան կը մատնանշէ ի՛նչ որ մարդուն մէջ ներհուն եւ ամենամեծ արժէքն է, այն ինչը՝ որ մարդը մասնաւորապէս Աստուծոյ պատկեր կը դարձնէ, «հոգի»ն կը նշանակէ մարդուն մէջ գտնուող «հոգեւոր նախասկիզբը»։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ կատարելութեան համար պէտք է ամբողջ ըլլան տարրեր, որոնք զատ զատ կը գտնուին մարդուն մէջ։ Արդարեւ կ՚ըսուի, թէ կատարելութեան նախապայմանն է ինքնաճանաչութի՛ւնը։ Ներանձնական պահերն են որ կը կատարելագործեն մարդը։
Հանդարտութիւնը, հոգին տեսնելու, հոգիին անդրադառնալու միջոց մըն է։
Արդարեւ մարդուն «մարմին»ը կը մասնակցի Աստուծոյ պատկերին արժանապատուութեան։ Ան «մարդկային մարմին» է՝ ճի՛շդ անոր համար, որ շնչաւորուած է աննիւթական հոգիով, իսկ ամբողջ մարդկային անձը իր հերթին սահմանուած է ըլլալու Հոգիին Տաճարը Քրիստոսի Մարմինին մէջ։
Արդարեւ «հոգի» եզրը կը ներկայացնէ երկու իմաստ, թէ՝ «անձ», «խիղճ», «զգացում», (âme), եւ «շունչ», «ոգի», (esprit)։ Արդարեւ, Աստուած ժամանակներուն սկիզբէն իսկ՝ ոչինչէն միատեղ ստեղծեց հոգեւոր եւ մարմնաւոր արարածները, այսինքն հրեշտակները եւ երկրային աշխարհը, յետոյ մարդ արարածը՝ որ կը բաղկանայ այս երկուքէն, քանի որ կազմուած է հոգիէ եւ մարմինէ։
Ուստի հոգիին եւ մարմինին «միութի՛ւն»ն այնքա՜ն խոր է, որ հարկ է նկատի առնել հոգին որպէս «կերպ»ը մարմինին, այսինքն՝ հոգեւոր հոգիին շնորհիւ է, որ նիւթաշէն մարմինը մարդկային կենդանի մարմին կը հանդիսանայ։ Հոգին եւ նիւթը մարդուն մէջ իրարու միացած երկու բնոյթներ չե՛ն, այլ անոնց միութիւնը կը կազմէ մէ՛կ բնոյթ։ Սիրտը խորքն է էակին։ Երբեմն «հոգի»ն կը զանազանուի «շունչ»էն։ Այս զանազանումը հոգիին մէջ երկուութիւն չի՛ ներմուծեր։ «Շունչ» եզրը կը նշանակէ, թէ մարդ իր ստեղծումէն սկսեալ սահմանուած է իր գերբնական վախճանին, եւ թէ անոր հոգին ընդունակ է ձրիաբար բարձրանալու Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։
Մարդը հոգիէ եւ մարմինէ բաղադրեալ էակ մըն է՝ անոր մէջ գոյութիւն ունի որոշ «լարուածութիւն» մը. անոր հոգիին եւ մարմինին միջեւ տեղի կ՚ունենայ ձգտումներու տեսակ մը «պայքար»։ Այս «պայքար»ը ժառանգուած է մեղքէն եւ անոր մէկ հետեւանքն է…։
Այս իմաստով, եթէ երկու կողմերը՝ մարմին եւ հոգի, իրենց ձգտումներուն մէջ զօրաւոր են եւ մին միւսին չի՛ կրնար տիրապետել, պայքարը կը շարունակուի մինչեւ մահ եւ կը դառնայ շատ աւելի արդիւնաբեր։ Հոգին կ՚ուզէ մենամարտիլ զօրաւոր մարմնի հետ՝ որ յատուկ է դիմադրութեան։ Մէկին կամ միւսին ենթարկումը կամ ա-պըստամբութիւնը պէ՛տք է աւարտի Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ մէջ միութեամբ։ Առանց այս գիտակից պայքարին, մարդ իր մէջ իրագործած չ՚ըլլար կատարելութիւնը՝ իրական կեանքը եւ զօրութիւնը։
Առանց մարմնի եւ հոգիի պայքարին, մարդ երբեք պիտի չհասկնայ աստուածայինը, կեանքը եւ իրեն ընծայուած բազմաթիւ կարելիութիւնները։
Առանց այս սրբազան պայքարին գիտակցութեան, կարելի չ՚ըլլար թափանցել Խորհուրդին, որ է կեանքին պատճառը, նպատակը եւ իմաստը ամբողջութեամբ։
Առանց գիտակից պայքարի կարելի չէ հասկնալ ո՛չ ծնունդը եւ ոչ ալ մահը՝ որոնք սկզբնակէտը եւ վերջակէտն են աշխարհային ժամանակաւոր կեանքին, որ կը պատրաստեն յաւիտենական անժամանակ ճշմարիտ կեանքը։
Այսօր մարդիկ չեն ուզեր ըմբռնել ճշմարտութիւնը, քանի որ տարուած են աշխարհային հոգերով եւ մտահոգութիւններով…։ Մեծ պահքը լաւագոյն առիթն էր անդրադառնալու ճշմարտութեա՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 7, 2015, Իսթանպուլ