ՀՐԱՇՔԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հրաշ­քը՝ բնու­թեան օ­րէնք­նե­րուն, սո­վո­րա­կան կա­նոն­նե­րու այն­պի­սի բա­ցա­ռու­թիւն­ներ են՝ ո­րոնց մարդ ան­մի­ջա­պէս կ՚անդ­րա­դառ­նայ, քա­նի որ ա­նոնք զգա­լի դէպ­քեր են եւ ուղ­ղու­թիւն կու տան սո­վո­րա­կան կեան­քին ան­սո­վոր կեր­պով ըն­թացք մը ստա­նա­լուն։ Հրաշ­քը բա­ցատ­րե­լու եւ հասկ­նա­լու աշ­խա­տիլ՝ ա­նե­րե­ւոյ­թը տես­նե­լու, ան­շօ­շա­փե­լին կա­րե­նալ շօ­շա­փե­լու չափ դժուար եւ նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի՛ է։

Զգա­լի դէպք ըլ­լա­լու է հրաշ­քը, այ­սինքն այն­պի­սի ե­ղե­լու­թիւն մը՝ որ մարդ, կեր­պով մը արթն­նայ իր մտա­յին եւ հո­գե­ւոր թմրու­թե­նէն, դուրս գայ կեան­քի ա­մուլ շրջա­գի­ծէն եւ անդ­րա­դառ­նայ, թէ աշ­խար­հը միայն իր տե­սա­ծը չէ՛, այլ կա՛յ նաեւ իր չտե­սած՝ «աշ­խարհ» մը եւս։

Հրաշ­քը երբ ան­սո­վոր դէպք մըն է, ու­րեմն ան­մի­ջա­պէս զգա­լի կ՚ըլ­լայ, եւ կա­րե­լի՝ զգա­յա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ հաս­տա­տել ա­նոր գո­յու­թիւ­նը։ Ան, մարդ­կա­յին միտ­քով ըմ-բըռ­նուած ե­ղե­լու­թիւն­նե­րէն վեր բնա­կան ու­ժի մը ար­դի՛ւնքն է։ Ան գերբ­նա­կան ե­ղե­լու­թիւն մըն է, քա­նի որ վեր է, դուրս է՝ բնա­կան օ­րէնք­նե­րէն։

Մեր շուր­ջը, յա­ճախ կը պա­տա­հին բազ­մա­տե­սակ դէպ­քեր, ո­րոնք ան­սո­վոր են եւ կ՚ա­նուա­նուին՝ հրա­շա­լի դէպք, այ­սինքն՝ հրաշք։ Բայց հո­գե­ւոր ի­մաս­տով, ա­մէն հրա­շա­լի դէպք «հրաշք»ի բնոյթ չ՚ու­նե­նար։ Կա­րե­լի է որ հա­զուա­գիւտ, շատ քիչ պա­տա­հած դէպք մը, ե­ղե­լու­թիւն մը ըլ­լայ, «հրա­շա­լի» թուի այդ պատ­ճա­ռով, բայց իս­կա­կան ի­մաս­տով «հրաշք» չըլ­լայ ան։ Ու­րեմն «հրա­շա­լի դէպք» եւ «հրաշք» տար­բեր են, եւ հարկ է զա­նա­զա­նել ի­րար­մէ։ Բնու­թեան օ­րէնք­նե­րու հա­մա­ձայն կա­տա­րուած ե­րե­ւոյթ­ներ, թէեւ «հրա­շա­լի՜» են, բայց «հրաշք» չեն, բա­ռին իս­կա­կան ի­մաս­տո­վը։ Ու­րեմն «հրա­շա­լի դէպք»ի եւ «հրաշք»ի տար­բե­րու­թիւ­նը՝ մարդ­կա­յին նա­յուած­քի հա­մե­մա­տու­թեամբ ո­րո­շել կա­րե­լի չէ՛, «հրաշք»ը հրա՛շք է, քա­նի որ ան ո՛չ թէ հրա­շա­լի՛ կ՚ե­րե­ւի մար­դուս աչ­քին, այլ «հրա՛շք» է, քա­նի որ գերբ­նա­կան ու­ժի մը ազ­դե­ցու­թեամբ բնա­կան օ­րէն­քին բա­ցա­ռու­թիւ­նը կազ­մող ե­րե­ւոյթ մըն է ան։

Ա­րե­ւին ծա­գի­լը, զոր օ­րի­նակ, հրա­շա­լի՜ ե­րե­ւոյթ է, բայց «հրաշք» չէ, քա­նի որ ան բնու­թեան օ­րէնք­նե­րու հա­մա­ձայն սո­վո­րա­կան ըն­թացք մըն է։

Բայց, մի գու­ցէ, օր մը ա­րե­ւին չծա­գի­լը հրաշք մըն է, քա­նի որ բա­ցա­ռու­թիւն մըն է բնա­կան, սո­վո­րա­կան օ­րէն­քին։ Մար­դուս ծնունդն ալ հրա­շա­լի՜ դէպք մըն է, ինչ­պէս կ՚ը­սէ ա­մէն ոք, բայց ան ալ «հրաշք» չէ, քա­նի որ «ծնունդ»ը բնա­կան օ­րէն­քին մէկ ար­դիւնքն է, եւ սո­վո­րա­կան։ Ծնուն­դը այն ա­տեն «հրաշք» կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ ա­նուա­նել, երբ ա­մուլ մը ծնա­նի, կամ բնա­կան օ­րէնք­նե­րէ դուրս պայ­ման­նե­րու մէջ ծնունդ մը ի­րա­կա­նա­նայ։ Ինչ­պէս մա­հը՝ սո­վո­րա­կան պայ­ման­նե­րու տակ՝ մա­հը բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է՝ բնու­թեան օ­րէնք­նե­րու հա­մա­ձայն կա­տա­րուած դէպք մը։

Բայց բնա­կան օ­րէնք­նե­րու հա­մա­ձայն՝ մարդ երբ չմեռ­նի, ա­տի­կա ա­հա­ւա­սիկ, «հրա՛շք» մըն է։

Բնու­թեան օ­րէնք­նե­րու հա­մա­ձայն, ա­մէն ար­դիւնք ու­նի պատ­ճառ մը, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ ա­մէն պատ­ճառ կը ստեղ­ծէ ար­դիւնք մը։ Եւ երբ սո­վո­րա­կան այս փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւ­նը շե­ղի՝ պատ­ճառ մը բնա­կան ար­դիւն­քի տեղ տար­բեր ար­դիւնք ստեղ­ծէ, կամ ար­դիւնք մը սո­վո­րա­կան պատ­ճա­ռէ դուրս, ա­նի­մա­նա­լի պատ­ճա­ռով մը գո­յա­նայ, ա­տի­կա եւս պէտք է «հրա՛շք» կո­չուի, քա­նի որ շե­ղում մը՝ բա­ցա­ռու­թիւն մըն է բնա­կան-սո­վո­րա­կան օ­րէն­քին…։

Ուս­տի պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ՝ դէպ­քի մը պա­տա­հած ձե­ւը, թէ՝ բնու­թեան սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյ­թի մը հա­մա­ձայն, կամ թէ՝ բնա­կան դէպ­քե­րէն վեր ա­նի­մա­նա­լի պատ­ճա­ռով մը պա­տա­հած է։ Ու­րեմն «հրաշք»ը «գերբ­նա­կան ե­րե­ւոյթ» մըն է՝ բնա­զան­ցա­կան, եւ թէ բնա­կան օ­րէնք­նե­րով բա­ցատ­րել եւ հասկ­նալ ան­կա­րե­լի՛։ Եւ ու­րեմն, «հրաշք»ը միակ Գերբ­նա­կան Ու­ժը՝ Աս­տուա՛ծ կրնայ գոր­ծել, քա­նի որ Ան տէ՛րն է նաեւ բնու­թեան։ Հրաշ­քը Աս­տու­ծոյ միայն ի­րա­գոր­ծած ի­րո­ղու­թիւն­ներն են, իսկ միւս «հրա­շա­լի՜ դէպք»ե­րը՝ բնա­կան օ­րէն­քի հա­մա­ձայն կա­տա­րուած­նե­րը, ո­րոնք սո­վո­րա­կան են եւ տե­ւա­կա՛ն, ի­րենց էու­թեան հա­մա­ձայն։

Հրա­շա­գոր­ծե­լու հա­մար պէտք է բնու­թեան ըն­թաց­քը փո­խե՛լ՝ բնու­թեան ու­ժե­րէն վեր ար­դիւնք մը յա­ռաջ բե­րել։ Այս ի­մաս­տով հրաշ­քը՝ ե­զա­կի դէպք մըն է, հա­զուա­դէպ, նոյ­նիսկ միայն մէկ ան­գամ կա­տա­րուած։ Մարդ կրնայ, զոր օ­րի­նակ, չոր­ցած ճիւ­ղի մը կեն­դա­նու­թիւն տալ…։

Բայց միա՛յն Աս­տուած է, որ կրնայ ի­րա­գոր­ծել այն՝ ի՛նչ որ ո՛չ միայն մար­դուս հա­մար այլ բնու­թեան հա­մար իսկ ան­կա­րե­լի՛ է։ Աս­տուած՝ Յի­սուս Քրիս­տոս մարմ­նա­ցաւ եւ մար­դա­ցաւ, բայց իր աս­տուա­ծա­յին բնու­թեամբ ի­րա­գոր­ծեց բազ­մա­թիւ հրաշք­ներ՝ բա­ցաւ, մարդ­կա­յին հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր տե­սու­թեան նոր ու լայն հո­րի­զոն­ներ։ Ուս­տի իս­կա­կան ի­մաս­տով «հրաշք»ի հա­մար Աս­տու­ծոյ յա­տուկ եւ ար­տա­կարգ մի­ջամ­տու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի սո­վո­րա­կա­նէն դուրս դէպք մը պա­տա­հի, ե­րե­ւոյթ մը ի­րա­կա­նա­նայ, եւ միայն այդ դէպ­քին հա­մար կա­րե­լի է ը­սել «հրա՛շք»։ Նա­խա­պէս չտես­նուած ո­րե­ւէ դէպք «հրա­շա­լի» կրնայ թուիլ մար­դուս, բայց «հրաշք»ը բո­լո­րո­վին տար­բեր ի­րո­ղու­թիւն մը՝ դէպք մըն է՝ ե­զա­կի եւ ար­տա­կա՛րգ։ Հրաշ­քը աս­տուա­ծա­յին է, իսկ հրա­շա­լի ո­րե­ւէ դէպք՝ բնա­կան, ե­թէ նոյ­նիսկ սո­վո­րա­կան չըլ­լայ ան։

Վեր­ջա­պէս, «հրաշք» բա­ռին ի­մաս­տը որ­պէս­զի կա­տա­րեալ եւ ամ­բող­ջա­կան ըլ­լայ՝ պէտք է ան ի­րա­գոր­ծե­լի ըլ­լայ գերբ­նա­կան նպա­տա­կի մը հա­մար՝ սուրբ, կա­րե­ւոր, օգ­տա­կար եւ անհ­րա­ժեշտ վե­հի­մաստ նպա­տա­կի մը հա­մար եւ ծա­ռա­յէ՝ աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին…։

Զոր օ­րի­նակ, հա­ցի բազ­մաց­ման հրաշ­քը նա­խա­տի­պարն էր՝ սուրբ եւ ան­մահ Հա­ղոր­դու­թեան խոր­հուր­դին, թէ «հաց»ը ի՛նչ­պէս կը բազ­մա­նայ եւ կը բաշ­խուի եւ հա­ղոր­դուե­լու ա­ռիթ եւ մի­ջոց մը կ՚ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ հետ։ Եւ ի­րա­պէ՛ս «հրաշք» մը ա­հա­ւա­սիկ։

Ա­հա­ւա­սիկ, Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին՝ մէկ հա­ցով, մէկ նշխար­հով ի՛նչ­պէս կը կե­րակ­րուին բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ եւ կը հա­ղոր­դուին Յի­սուս Քրիս­տո­սի Մարմ­նին մի­ջո­ցով՝ Աս­տու­ծոյ հետ։ Ա­հա­ւա­սիկ, իս­կա­կան ի­մաս­տով «հրա՛շք» մը, որ կը պա­տա­հի ա­մէն Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին՝ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն վկա­յու­թեամբ։ Ու­րեմն հա­ցի բազ­մա­ցու­մը հրաշք մըն է՝ թէ՛ որ­պէս դէպք եւ թէ նա­խա­տի­պար այն խոր­հուր­դին՝ որ ինք­նին հրաշք մըն է…։

Յի­սուս Քրիս­տո­սի կա­տա­րած բազ­մա­թիւ հրաշք­նե­րը՝ բժշկու­թիւն­ներ, վե­րա­կեն­դա­նու­թիւն­ներ եւ տա­կա­ւին շատ դէպ­քեր ցոյց կու տան Աս­տու­ծոյ Փառ­քը՝ որ յայտ­նուած է մարմ­նա­ցած ու մար­դա­ցած Իր միա­ծին Որդ­ւոյն մի­ջո­ցաւ։ Բայց, դժբախ­տա­բար ո՛չ միայն Քրիս­տո­սի ժա­մա­նակ, այլ ա՛յ­սօր ալ ո­մանք չեն անդ­րա­դառ­նար հրաշ­քի ի­րո­ղու­թեան, հրաշ­քի ճշմար­տու­թեան։ Մինչ­դեռ ա­մէն օր հրաշք կը պա­տա­հի, յու­սալ­քուած կեան­քեր կը նո­րո­գուին, կը վե­րա­կեն­դա­նա­նան, կո­րուստ­ներ ի յայտ կու գան՝ ան­բու­ժե­լի կար­ծուած հի­ւան­դու­թիւն­ներ կը բժշկուին, եւ տա­կա­ւին շա­տեր չեն անդ­րա­դառ­նար «Գերբ­նա­կան Ուժ»ին, չեն ու­զեր անդ­րա­դառ­նալ Ա­նոր ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեան, Ա­նոր Բնու­թեան Օ­րէն­քին Օ­րէնս­դի­րը ըլ­լա­լու ճշմար­տու­թեան՝ որ եր­բեմն, շե­ղում­ներ եւ բա­ցա­ռու­թիւն­ներ կ՚ը­նէ Իր իսկ հաս­տա­տած օ­րէն­քէն՝ ի նպաստ մար­դուն բա­րու­թեան, եւ նոյ­նիսկ չհա­ւա­տայ Իր ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեա­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 15, 2015, Իս­թան­պուլ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2015