ԲԱՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Արդարին քիչ քանը ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է» կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն (ՍԱՂՄ. ԼԷ 16)։
Արդարեւ «բաւականանալ» առաքինութիւն մըն է՝ որ կ՚ազնուացնէ մարդս։ Աստուածպաշտութեան կողմէ շահ կ՚ապահովէ բաւականութեան զգացումը. Իսկ մեծ վնասներու առիթ կ՚ընծայէ անյագութիւնը, եւ մանաւանդ՝ ագահութիւնը։ Պարկեշտութիւն է բաւականութիւնը, գրուածով գոհացողը։ Աւելին ուզել, առատութեան ձգտիլ՝ մարդս ի վերջոյ յուսախաբութեան եւ դժբախտութեան կը տանի։ Անշուշտ որ մարդ պէտք չէ ամուլ եւ ծոյլ ըլլայ, պէտք է ջանասէր եւ աշխատասէր ըլլայ, բայց ամէն ինչ չափաւոր եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է ըլլայ։ Մարդ երբ չափն ու սահմանը կ՚անցնի, աւելին, շատ աելին կ՚ուզէ, անոր հետեւանքը յուսալքում է, եւ դժբախտութիւն։ Եղածով գոհանալ, բաւականանալ մարդս կ՚երջանկացնէ, գոնէ դժբախտ չ՚ըներ։
Կը պատմուի, թէ ժամանակին շատ հարուստ մարդ մը թէեւ ամէն ինչ ունէր, բայց երջանկութիւն չունէր։
Իրեն յանձնարարեցին երջանիկ մարդու մը շապիկը հագնիլ։ Հարուստ մարդը բոլոր երկրի վրայ չկրցաւ երջանիկ մարդ մը գտնել՝ որուն շապիկը հագնելով երջանիկ ըլլալ։ Աւելի եւս յուսալքուեցաւ եւ աւելի դժբախտ եղաւ։ Վերջապէս իրեն լուր բերին՝ թէ լերան մը գլուխը իր ուզածին պէս երջանիկ մարդ մը կ՚ապրի։ Անմիջապէս մարդ ղրկեց, որ այդ երջանիկ մարդուն շապիկը բերեն իրեն։ Գացին, իրապէս շատ երջանիկ, ուրախ-զուարթ, երգող մարդը գտան եւ իր շապիկը ուզեցին։ Մարդը նոյն զուարթութեամբ պատասխանեց. «Շապիկ չունիմ, որ ձեզի տամ»։
Ապշեցուցիչ էր այս պատասխանը, բայց նաեւ իմաստալից, քանի որ ըսել կ՚ուզէր, թէ երջանկութեան համար «ունենալ» պէտք չէ՛…։
Իր չքաւորութեան մէջ երջանիկ ըլլալ՝ իմաստուն միտքերու գործ է, իսկ չքաւորութեամբ դժբախտ զգալ՝ տկար նկարագրի նշան է։
Մարդ եթէ նոյնիսկ բան մը չունի՝ կեանք մը ունի, կեանք մը ապրելու, այո երբեմն նեղութիւններ, դժուարութիւններ, տառապալից պահեր կրնայ ունենալ այդ կեանքը, ինչպէս զրկանքներ, անարդարութիւններ, անիրաւութիւններ կրնայ պատահիլ այդ կեանքին մէջ, կորուստներ, լքումներ կրնայ ըլլալ, մարդ կրնայ շատ մը արժէքներու պակասը զգալ կեանքի մէջ, բայց եթէ չկորսնցնէ յոյսը, չկորսնցնէ սէրը՝ կեանքին հանդէպ, եթէ գոհութիւն յայտնէ, որ աւելի ծանր իրողութիւններէ փրկուած է, ահաւասիկ, այն ատեն պատրա՛ստ է երջանկութիւնը դիմաւորելու եւ վայելելու զայն մեծ ուրախութեամբ։
Բաւականանալ՝ աւելին չուզել, կը կանխէ դժբախտութիւնը եւ դուռ կը բանայ երջանկութեան։
Պօղոս առաքեալ իրաւացիօրէն կ՚ըսէ. «Կրօնքը շահ մեծ աղբիւր է, այո՛, իր ունեցածով գոհանալ, բաւարարուիլ գիտցողին համար» (Ա. ՏԻՄՈԹ. Զ 6)։
«Սուրբ» ըլլալու նախապայմաններէն մին է՝ բաւականութեան զգացումը, գոհանալու ոգին լիուլի ունենալով՝ դիմադրել ամէն նեղութեան եւ չքաւորութեան։
«Բայց իւրաքանչիւրը ի՛նչ վիճակի մէջ էր երբ Աստուած զինք կանչեց՝ թո՛ղ նոյն վիճակին մէջ մնայ» (Ա. ԿՈՐՆԹ. Է 20)։Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ սա իրողութիւնը՝ թէ երբ մէկը դիրքի մը տիրանայ կամ աստիճան մը ստանայ, պէտք է անով բաւարարուի եւ անմիջապէս աւելի վերի դիրքերու, աւելի մեծ աստիճաններու, գոնէ որոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ, չձգտի։ Մարդ իրեն տրուած դիրքը, ստացած աստիճանը պէտք է գիտնայ վայելել եւ արժանի ըլլայ իր դիրքին եւ աստիճանին, եւ յետոյ եթէ արժանի նկատուի աւելի բարձր դիրքերու կամ աւելի մեծ աստիճաններու հասնելու փափաքը ունենայ։
Եւ ուրիշ մարդկային տկարութիւն մը, կամ թերութիւն մը՝ ոմանք երբ կը տիրանան դիրքի մը, շատ անգամ իրենց դիրքին սահմաններէն շատ աւելի իրաւասութիւններ գործածել կը փորձեն եւ ընդհանարպսէ չեն մնար իրենց դիրքին իրաւասութիւններու սահմանին մէջ։ Ուրիշներ ալ նոյն սխալը գործելով՝ իրենց աստիճանէն շատ վեր գործեր կատարել կ՚ուզեն, իրենք զիրենք շատ աւելի վեր ու բարձր կը կարծեն եւ դժբախտաբար կը սխալին, եւ կը վնասեն հասարակական ներդաշնակութեան եւ իրենք ալ կը վնասուին, վարկ ու յարգ կը կորսնցնեն։ Անոնք, ահաւասիկ բաւարարութեան զգացումէն զո՛ւրկ անձեր են։
Չափ ու կշիռ գիտնալ, իրաւասութեան սահմանը լա՛ւ որոշել, պարկեշտ, վեհանձն, ազնիւ հոգիներու գործ է. անյագ ու դժգոհ մարդիկ, մարդկային թերութիւններու եւ տկարութիւններու հոսանքներէ տարուող, անկայուն անհատներ են՝ որոնցմէ կը պակսի իմաստութիւն, մտային հասունութիւն եւ կատարելութեան ամէն վայելք։
Ինքզինք ճանչնալ՝ իր տեղը գիտնալ ուրիշ կարեւոր առաքինութիւն մըն է, որ քիչերու տրուած է դժբախտաբար։ Շատեր, ընդհանրապէս «տարբեր» ըլլալ, «ուրիշ ձեւ»ի տակ երեւիլ կը փափաքին, եւ գոհ չեն ըլլար իրենց ներկայ վիճակէն։ Բաւարարուիլ չեն գիտեր, միշտ պայքարի մը մէջ են իրենք իրենց հետ։ Ունայնամտութիւն չէ՞ ասիկա։ Մարդ ի՛նչ որ է, ան է։ Եւ ահաւասիկ անկեղծ ըլլալու քաջութիւնը՝ որ կը պակսի շատ անգամ ընկերային կեանքի մէջ յարաբերութիւններու ընթացքին։ Եւ անոնք, որ չեն գիտեր բաւականանալ, գոհանալ իրենց ունեցածով՝ դիրք, աստիճան, հարստութիւն, ստացուածք, յարգ ու պատիւ, արժանաւորութիւն, պէտք է լա՛ւ գիտնան, թէ գուցէ կրնան կորսնցնել այն ի՛նչ որ ունին։
Ոմանք երբ դիրքը մը կը տիրանան, անմիջապէս «հովե՜ր» կ՚առնեն, ամենակալի, ամենագէտի, ամէն իրաւունք եւ իրաւասութիւն ունեցած կը կարծեն, եւ երբեք գոհ չեն ըլլար իրենց դիրքէն եւ միշտ իրենց աչքը վե՛րն է՝ աւելի՛ բարձրը, աւելի՛ երեւելին, բայց չեն գիտեր, որ երբ չբաւականանան ու չգոհանան իրենց դիրքէն եւ շա՜տ բարձր նային, գուցէ իրենց ոտքը կը կառչի քարի փոքր կտորի մը եւ բոլորովին կը տապալին…։
Ամէն մարդ իր արժանի տեղը ունի, հոն՝ ուր կը գտնուի, աւելին ուզել, չբաւարարուիլ, մարդս կը մաշեցնէ, եւ առիթ կ՚ըլլայ, որ ունեցածն ալ կորսնցնէ։
Ուստի դիրքեր ու աստիճաններ կը տրուին եւ անոնք, որ անիրաւուած ըլլալ կը կարծեն, պէ՛տք է նախ իրենք զիրենք քննեն, ճանչնան ինքզինք եւ ըստ այնմ ընթացք տան իրենց կեանքին։ Բայց անոնք, որ արժանի են դիրքի մը կամ աստիճանի մը, անոնց զլանան այդ դիրքը կամ աստիճանը՝ անիրաւութի՛ւն է եւ անարդարութի՛ւն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 19, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024