ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ա.)
Հակառակ աշխոյժ ամբոխի, ծանօթ դէմքերու ներկայութեան, բազմազբաղ մեր առօրեայի ընթացքին առանձնութիւնն ու մենութիւնը գաղտագողի կը սողոսկէ մեր կեանքէն ներս, ստեղծելով յոյզերու տարափ մը՝ զորս բառերով կարելի չէ բացատրել: Դուրսը ուրախ ու զուարթ է ամէն ինչ, սակայն ներսը անծանօթ թախիծ մը կայ. իրավիճակ՝ ուր հոգին կը ձանձրանայ ու կը զգայ հակասութիւնը ներքին ու արտաքին կեանքին եւ բազմաթիւ մարդոց ներկայութեան իսկ ինքզինք մինակ կը զգայ:
Առեղծուածային յոյզ մըն է առանձնութիւնը, որ կը յաջողի իր գոյութիւնը պահպանել՝ երբ շրջապատուած ես բազմաթիւ մարդոցմով. այդ մէկը պայքարն է ներքին առանձնութեան եւ արտաքին քաոսին, սակայն հոգւոյ յոյզերը կը գերազանցէ մարմնականն ու ֆիզիքականը, մարդուն փոխանցելով այն զգացումը՝ որ դրական ըլլալով հանդերձ կը շարունակէ բացասական յոյզ ալ ըլլալ:
Մինչեւ որոշ տարիք կեանքը առանձնութիւնը սորվեցուցած էր որպէս ֆիզիքական մինակութիւն, առանց յայտնելու, որ առանձնութիւն բառը ունի այլ իմաստ մը եւս՝ որ միայն ապրելով կարելի է բացայայտել: Այս խառն զգացումները ինչքան ալ անհասկնալի ըլլան մարդ արարածիս համար, անշուշտ ունին իրենց հոգեբանական բացատրութիւններն ու պատճառները, ինչ որ մեր նիւթին առանցքը պիտի կազմէ:
Այս զգացումին հիմնական եւ առաջին պատճառը մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ունեցած մեր բախումներն են. այդ բախումները մարդուն մէջ կը ստեղծեն առանձնութեան զգացում՝ նոյնիսկ երբ շրջապատուած այլոց ներկայութեամբ, որովհետեւ առողջ յարաբերութիւններն են որ կը ստեղծեն փոխըմբռնում, վստահութիւն եւ յուզական մտերմութիւն: Կարծուածին պէս միայն ամուսնական կեանքին մէջ չէ՛ որ վստահութեան պէտքը ունինք. վստահութիւնը մարդկային յարաբերութեան ամենէն ամուր հիմքն է, առանց որուն դժուար է ստեղծել անհրաժեշտ բովանդակալից յարաբերութիւններ:
Այդ յարաբերութեան հիման վրայ է, որ կը վերանայ առանձնութեան զգացումը, որովհետեւ վստահութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ աջակից ըլլալու քաղցր զգացումը, որ մարդը առանձնութենէն դուրս բերելու համար անհրաժեշտ է. այդ աջակցութիւնը կրնայ դրսեւորուիլ տարբեր ձեւերով. ինչպէս օրինակ, դիմացինը լսել, բաժնեկից ըլլալ անոր ուրախութեան, ինչպէս նաեւ տխրութեան ու յուզումնալից պահերուն եւ միասին տարուող այդ մարտահրաւէրն է, որ կը յաղթահարէ մինակութեան ծանր զգացումը: Մինակութեան առաջին թշնամին պատկանելիութեան զգացումն է. այդ նեցուկի պակասութիւնն է, որ մարդը կ՚առաջնորդէ առանձնութեան:
Մինակութենէն դուրս գալու ամենէն առաջնահերթ միջոցը զգացումները, կեանքի մարտահրաւէրներն ու պայքարը ուրիշի մը հետ բաժնեկցիլ կարենալն է եւ այդ մէկը միայն լաւ մարդկային յարաբերութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ՝ ուր առկայ է վստահութիւնը. սեփական ցաւերն ու խնդիրները բարձրաձայնելն է, որ մարդը կը հեռացնէ առանձնութենէն եւ նման յարաբերութեան մը բացակայութիւնը ինքնաբերաբար մարդը կ՚առաջնորդէ առանձնութեան: Կարելի է օրուան ընթացքին խօսիլ շատ մարդոց հետ, սակայն զգացմունքային ու յոյզերու մտերմութիւնն է, որ կը մեղմացնէ առանձնութեան զգացումը: Մեր մարդկային յարաբերութիւնները այսօր մեծ մասամբ հիմնուած են «քաղաքավարութեան» եւ «ծանօթութեանց» վրայ՝ մակերեսային փոխազդեցութեամբ մը՝ ուր արտաքնապէս ծանօթ, սակայն հոգեպէս օտարներ ենք պարզապէս:
Պէտք է գիտնալ, որ այդ առողջ յարաբերութիւնները մէկ օրուան մէջ կարելի չէ հաստատել։ Առանձնութեան մէջ խեղդուած զգալը եւ նոյնինքն այդ առանձնութենէն դուրս գալը մէկ կամ մի քանի օրուան խնդիր չէ. թէ՛ առանձին զգալը եւ թէ՛ անկէ դուրս գալը ժամանակ կը պահանջէ: Այդ զգացումէն դուրս գալու համար մարդուն համար կարեւոր է մարդկային յարաբերութեան որակը եւ ո՛չ քանակը. որակն է, որ կ՚ապահովէ մարդուն բարեկեցութիւնը:
Մարդու առանձնութիւնը շեշտող այլ երեւոյթ մըն է շրջապատի կողմէ հասկցուած չըլլալու զգացումը, որ հոգեկան աշխարհի մէջ մեծ ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ. զգալը, որ ուրիշներ չեն հասկնար ձեզ, չեն զգար այն՝ ինչ որ դուք կը զգաք, ինքնաբերաբար ձեզ դէպի առանձնութիւն կը տանի: Վստահութեան նման կարեւոր է նաեւ առողջ հաղորդակցութիւնը. այդ հաղորդակցութեան մէջ եղած յուսախաբութիւնն է, որ մարդը կ՚առաջնորդէ առանձնութեան, որովհետեւ հիասթափութիւնը մարդկային յոյզերուն ամենէն շատ ցաւ պատճառողը կրնանք նկատել: Ցաւ ի սիրտ, ամէն մարդու տրուած չէ զգայնութիւն ու գիտակցութիւն՝ հասկնալու դիմացի անձին հոգեկան վիճակն ու ներաշխարհը։ Կրնայ ըլլալ մարդ արարածը ունենայ տխուր հոգեկան վիճակ, սակայն անոր մօտ գտնուողները առանց նրբանկատ ըլլալու ըլլան ծայրայեղ ուրախ եւ այս անհասկացողութիւնը (որ կրնայ պարզ յոյզ մը թուիլ) մեծ ազդեցութիւն գործել մարդկային ներաշխարհէն ներս:
Առանձնութեան զգացումը վերացնելու հիմնական միջոցներէն մէկը նոյն համոզումները, նոյն արժէքներն ու ինքնութիւնը ունեցող անձերով շրջապատուիլն է. գտնուիլ հազարաւոր մարդոց միջեւ՝ որոնց համար մեր հոգին ու յոյզերը օտար են՝ միեւնոյնն է. առանձնութեան զգացումը պիտի պատէ մեր հոգին: Այդ բոլորը անուղղակիօրէն կ՚ազդեն նաեւ մարդու ինքնագնահատականին, ինչպէս նաեւ ինքնավստահութեան անկումին:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ամչնալու ժամանակ ինչո՞ւ համար կը կարմրինք:
Պատասխան. Շփոթութեան եւ կամ ամչկոտութեան ժամանակ մեր մարմինը որոշ արձագանգներ կու տայ, որ կարելի է կոչել «կռուիլ» եւ կամ «փախչիլ»: Այս արձագանգը կը խթանէ, որպէսզի զօրանայ արեան հոսքը դէմի մեր մարմինի վերջոյդները՝ ներառեալ դէմքը: Այս արձագանգի հետեւանքով մեր դէմքի արիւնատար անօթները կը լայնանան եւ արեան հոսքը կ՚աւելնայ, ինչ որ կ՚արտայայտուի մեր այտերու կարմրութեամբ: Կարմրիլը կը ծառայէ, որպէսզի տեսանելի ըլլայ մեր յուզական վիճակը, ինչ որ կը յառաջացնէ ամօթի եւ ինքնագիտակցութեան զգացում:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան