ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ

Ա­տե­լու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վնաս պատ­ճա­ռող, ա­նոնց մշա­կու­մը կա­սեց­նող, ա­նոնց աճ­ման ար­գելք հան­դի­սա­ցող «ա՛խտ» մըն է։ Ե­թէ ո՛չ մարմ­նա­կան, այլ՝ բա­րո­յա­կան ախտ մը, հի­ւան­դու­թի՛ւն մըն է ա­տե­լու­թիւ­նը…։

Բայց պահ մը խոր­հինք, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կա՛մ­ներ, ո՛ր մէ­կը ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր է. բա­ցա­յայտ կեր­պով ա­տող մէ­կը՞, թէ եր­կե­րես, ինք­զինք ծած­կող, իր բա­րի ե­րե­ւոյ­թին տակ չա­րու­թեամբ լե­ցուած մէ­կը։

Չէ՞ որ կ՚ը­սուի. «Ա­ւե­լի լա՛ւ է ան­կեղծ հա­կա­ռա­կոր­դի մը ապ­տա­կը, քան՝ եր­կե­րես, դի­մա­կա­ւոր բա­րե­կա­մի մը սուտ ու կեղծ համ­բոյ­րը»։ Ար­դա­րեւ, ան­կեղ­ծու­թիւ­նը նա­խա­պայ­մա՛ն է ա­մէն մարդ­կա­յին ա­ռողջ յա­րա­բե­րու­թեան մշա­կու­մին հա­մար։ Կեղ­ծա­ւոր, սուտ ա­մէն ար­տա­յայ­տու­թիւն կը վնա­սէ մար­դոց ի­րա­րու նկատ­մամբ ու­նե­ցած բա­րեն­պա­տակ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը կը քան­դէ, կը կոր­ծա­նէ բա­րու­թեան ա­մէն գե­ղե­ցիկ շէնք։ Իսկ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ՝ ա­պա­հո­վու­թիւն, ո­րուն պա­հանջ­քը կը զգայ ա­մէն ան­հատ։ Վստա­հե­լի ըլ­լալ, ար­դա­րեւ ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է՝ որ կ՚ա­ճեց­նէ ա­մէն մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն։

Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ բա­րե­կա­մու­թեան խա­ղա­ցած դե­րը ան­վի­ճե­լի է։ Բա­րե­կա­մու­թիւ­նը՝ մար­դոց ի­րա­րու նկատ­մամբ, ա­մէն գոր­ծի մէջ ան­կեղծ մօ­տե­ցու­մով ու սի­րով հա­մա­ձայ­նու­թիւնն է։ Ու­րեմն բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, նաեւ, հա­սա­րա­կաց բա­րի նպա­տա­կի մը շուրջ հա­ւա­քուած ան­հատ­նե­րու հո­գե­կան բարձր վի­ճակն է, նոյն նպա­տա­կին ծա­ռա­յող­ներ, բա­րիին նուի­րուած­ներ մի՛շտ բա­րե­կամ­ներ են, եւ բա­րե­կամ կը մնան, այն­քան ա­տեն որ չեն հրա­ժա­րիր հա­սա­րա­կաց նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­լէ, սպա­սա­ւո­րե­լէ ա­նոր։

Նուի­րա­կան ո­գի եւ այ­լա­սի­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։ Ինք­նա­կեդ­րոն եւ ե­սա­մոլ մար­դիկ եր­բեք բա­րե­կամ չեն կրնար ըլ­լալ իր իս­կա­կան ի­մաս­տով։ Բայց բա­րե­կա­մու­թեան սահ­ման­նե­րը պէտք է լա՛ւ ո­րո­շել. բարձր բա­րո­յա­կան հա­սա­րա­կաց զգա­ցում, հա­սա­րա­կաց նպա­տակ եւ մտա­ծո­ղու­թիւն, եւ ան­շուշտ դար­ձեալ՝ ան­կեղ­ծու­թիւն, հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­մար անհրա­ժեշտ են։

Մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է բա­րե­կա­մու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար։

Բա­րե­կամ­ներ պէտք է յար­գեն ի­րա­րու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։ Հարց է, թէ կա­րե­լի՞ է զի­ջո­ղու­թիւն ը­նել ար­ժա­նա­պա­տուու­թե­նէն ի նպաստ բա­րե­կա­մու­թեան։ Խնդրա­կա՛ն է։ Թե­րեւս շատ բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­նե­րու՝ կա­րե­լի ըլ­լայ «չա­փա­ւոր» վա­րուիլ բա­րե­կա­մի մը հետ, զգու­շաց­նե­լով զայն։ Ուս­տի իս­կա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ բա­րե­կա­մը զգու­շաց­նել, նոյ­նիսկ յան­դի­մա­նել՝ ե­րե­սին մե­ղադ­րել բա­րե­կա­մը, որ­պէսզի անդ­րա­դառ­նայ իր սխա­լին եւ ա­ռիթ ու­նե­նայ սրբագ­րե­լու իր սխա­լը եւ սրբագ­րուի։

Ար­դա­րեւ ա­մե­նէն ինք­նա­կեդ­րոն մարդն իսկ ի վեր­ջոյ պա­հանջ­քը կը զգայ «ու­րիշ»ի մը, քա­նի որ մա՛րդ ինք­նա­բաւ չէ, եւ մար­դիկ կո­չուած են ի­րե­րօգ­նու­թեան։

Այս ի­մաս­տով բա­րե­կա­մու­թիւ­նը բնա­կան պա­հանջք մըն է՝ ի­րա­րու վստա­հե­լու, ի­րա­րու օգ­նե­լու, ի­րա­րու թե­րու­թիւն­ներ ամ­բող­ջաց­նե­լու եւ տկա­րու­թիւն­ներ զօ­րաց­նե­լու։

Սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն է, թէ սխա­լը սխա­լով սրբագ­րել կա­րե­լի չէ, ինչ­պէս պա­կա­սը պա­կա­սով չ՚ամ­բող­ջա­նար, տկա­րը տկա­րով չի զօ­րա­նար։ Կեան­քի մէջ միշտ հա­կա­դիր ուժ մը, ար­ժէք մը անհ­րա­ժե՛շտ է կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու հա­մար։

Ու­րեմն բա­րե­կա­մու­թիւ­նը մար­դուն կո­չո՛ւմն է։

Ըն­կեր, ըն­տա­նե­կան ան­դա­մակ­ցու­թիւն կ՚անց­նին, բայց բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կը գո­յա­տե­ւէ, ան­շուշտ ե­թէ իս­կա­կան ի­մաս­տով «բա­րե­կա­մու­թի՛ւն» է ան…։

Կեան­քը շատ ան­գամ հաս­տա­տուած է հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րու հրա­շա­լի՜ ներ­դաշ­նա­կու­թեա­նը վրայ։ Եւ ա­մէն ան­հատ կո­չուած է ա­պա­հո­վե­լու ու պահ­պա­նե­լու այդ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը։

Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ գի­տա­կից եւ հա­ւա­տա­րիմ են ի­րենց կո­չու­մին, եւ գի­տա­կից են նաեւ՝ որ այդ կո­չու­մը դիր­քով ու աս­տի­ճան­նե­րով կա­րե­լի չէ՛ ա­պա­հո­վել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015