ԽՕՍԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Խօսիլը արուե՛ստ մըն է։ Արդարեւ, ամէն բան եւ ամէն տեսակ ձեւով կրնայ խորհիլ։ Խորհիլ, մտածել բոլորովին ենթակային կը Վերաբերի։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդ իր մտածումին եւ խորհուրդին միակ տէրն է։ Բայց այդ միտքը արտայայտելու պարագային՝ խօսելու հարցին, մտածումը այլեւս միայն ենթակային չի պատկանիր, այլ մանաւանդ ամէն անոնց՝ որոնց միտքը կը փոխանցուի, այսինքն խորհուրդը խօսքի կը վերածուի։ Անշուշտ, հարցը աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ, երբ խօսքն ալ գործի վերածուի։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ խօսքը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Մարդիկ խօսքով կը յարաբերուին, խօսքով կը կառավարեն, խօսքով կը կառավարուին, խօսքը մեծ ազդեցութիւն կը գործէ մարդոց վարուելակերպին, աւելի եւս անոնց կեանքին վրայ։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, խօսքը արժէք մը կը ներկայացնէ եւ խօսիլը՝ արուեստ մըն է։ Ուստի, մարդ խօսելէ առաջ պէտք է լաւ եւ դրական խորհի։ Պէտք է նկատի ունենալ, թէ խօսքը ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէ՞, թէ սուտի վրայ է հաստատուած։ Նաեւ՝ խօսքը պէտք է օգտակար, օգտաբեր ըլլայ։ Յետոյ խօսքին ներշնչող ըլլալը պէտք է՝ պէտք է ազդեցիկ ըլլայ, այսինքն՝ իր նպատակին յարմար ըլլայ։ Խօսքը, այս իմաստով, հեղինակաւոր եւ տպաւորիչ ըլլայ։

Խօսքը, նաեւ, հարկաւոր եւ պիտանի ըլլալու է. ունայնաբանութիւնը, դատարկ, անմիտ՝ աւելորդ խօսքը ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը ստեղծէ եւ ժամանակի վատնում է միայն։

Վերջապէս, խօսքը նրբանկատ ըլլալու է՝ նուրբ վարմունքով, առանց վիրաւորելու խօսակիցին արժանապատուութիւնը, միշտ նկատի ունենալով, որ խօսակիցն ալ, ո՛վ կ՚ուզէ ըլլայ, «մա՛րդ» է։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, մարդ խօսած ատեն պէտք է շատ ուշադիր ըլլայ, քանի որ խօսքը մարդկային փոխյարաբերութիւնը առանցքն ընկերային կեանքին։ Եւ խօսքով է, որ մարդուն նկարագիրը եւ ինքնութիւնը կը յայտնուի։ Խօսքը՝ մարդուն ի՛նքն է։

Խօսքը պէտք է ճշմարտութիւնը ներկայացնէ. սուտը պարսաւիլը՝ Աստուծոյ հանդէպ պարտականութիւն մըն է եւ պատասխանատուութի՛ւն։ Աստուած իբրեւ Արարիչ եւ Նախա-խընամ Տէր՝ կանոնն է ամէն ճշմարտութեան։ Մարդկային խօսքը կա՛մ համաձայն կ՚ըլլայ եւ կամ հակառակ կ՚ըլլայ Աստուծոյ, որ Ճշմարտութի՛ւնն իսկ է։ Երդումը երբ ճշմարիտ է եւ օրինաւոր, լոյսի տակ կը դնէ մարդկային խօսքին առընչուածութիւնը Աստուծոյ ճշմարտութեան հետ։ Ուստի, «խօսք»ը ճշմարտութեան արտայայտութիւնը ըլլալու է։

Այստեղ, կ՚արժէ յիշել, թէ՝ խօսքը մտքին, գործն ալ խօսքին համաձայն ըլլայ՝ ուղղամտութիւնը եւ անկեղծութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։ Արդարեւ, շիտակ եւ ուղղամիտ մարդը այն է, որուն խօսքը եւ գործը համապատասխան են…

Ճշմարտութիւնը խօսքին, իբր իմացական արտայայտութիւն ստեղծուած եւ անստեղծ իրականութեան ճանաչումին, անհրաժե՛շտ է իմացականութեամբ օժտուած մարդուն համար, սակայն ճշմարտութիւնը կրնայ նաեւ գտնել մարդկային արտայայտութեան լրացուցիչ տարբեր ձեւեր, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ է ոգեկոչել ի՛նչ որ անպատում է, ինչպէս՝ խորութիւնը մարդկային սրտին, վերացումը հոգիին, խորհուրդը Աստուծոյ։

Աստուած Ինքզինք ճշմարտութեան խօսքերով մարդուն չյայտնած, Ինքզինք կը յայտնէ տիեզերական բարբառովը արարչագործութեան, որ գործն է Անոր Խօսքին, Անոր Իմաստութեան. կարգը եւ ներդաշնակութիւնը տիեզերքին՝ զորս կը գտնեն ե՛ւ մանուկը ե՛ւ գիտութեան մարդը, ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար հիացումով դիտել կու տան անոնց Արարիչը». (ԻՄՏ. ԺԳ 5), «որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք». (ԻՄՏ. ԺԳ 3)։

Ուրեմն, հետեւցնելով, մարդ պէտք է նա՛խ իր խօսքին տէրը ըլլայ եւ յետոյ իր խօսքը գործածէ որպէս արուեստ բծախնդութեամբ եւ ուշադրոութեամբ, քանի որ խօսքը, այսինքն լեզուն՝ թէ՛ կը շինէ եւ թէ կը քանդէ, թէ՛ օգտակար կ՚ըլլայ, թէ՛ վնասակար։ Խօսելու արուեստը դժուար արուեստ մըն է՝ պէտք է զայն օգտագործել մի՛շտ բարիի, գեղեցիկի եւ ճշմարտութեան յայտնութեանը համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024