ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ
Յաճախ կ՚ըսենք՝ իւրաքանչիւր անհատ օժտուած է տեսակ տեսակ կարողութիւններով, առաւել կամ նուազ ընդունակութեամբ եւ որոշ աստիճանի հմտութեամբ։
Մէկ խօսքով՝ ամէն մէկը ունի տարբեր տարողութեան սահման, եւ ո՛չ ոք իրարու նմանութիւն ունի ընդհանուր գիծերու մէջ։ Հասարակաց կէտեր ունենալ տարբեր բան է՝ իրարու չնմանիլ, ուրի՛շ բան։ Ուրեմն, կեանքի մէջ ամէն անհատ ուրիշի մը լրացուցիչն է՝ ամբողջացնող, որ կը կազմէ լման «մարդկութիւն»ը։ Իւրաքանչիւր անհատ ուրիշի մը պէտք ունի, ուրիշի մը կը կարօտի իր կեանքը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար։ Բնակա՛ն է սա։
Բարոյագիտական դրութիւններու մէջ իրաւ եւ արդար սկզբունք մը կայ, այն է՝ գործածել կարողութիւնները, իմաստութիւնը, ընդունակութիւնները տարողութեան չափով, որպէսզի «պատասխանատուութիւն» ըսուած իրողութիւնը ծառայէ իր նպատակին։ Եթէ անիրաւ ու անարդար գործերու մէջ իր ըրածներուն բացարձակապէս պատասխանատու լիազօր պաշտօնեայ մը կարող է ընել այնպիսի կարգադրութիւններ, որոնք կ՚ապահովեն իր ապագան, նոյն պատասխանատուութիւնը պէ՛տք է տիրէ իւրաքանչիւր անհատի գիտակցութեան մէջ՝ կեանքի եւ աշխարհի վայելքներու ընթացքին։ Եւ ա՛յս է ահաւասիկ լաւագոյն գործածութիւնը իմաստութեան եւ ամէն տեսակ բնախօսական եւ հոգեկան կարողութիւններուն։ Ա՛յս է լաւագոյն տնտեսութիւնը ուժերուն, արժէքներուն։ Ուստի կարեւորը իմաստութիւն կամ կարողութիւն ունենալը չէ՛, այլ՝ իմաստութեան կամ կարողութեան ինչպէ՛ս օգտագործուիլն է, ինչպէ՛ս գործադրուիլն է եւ մանաւանդ ի՛նչ նպատակի ծառայեցնելն է։
Մարդ պէտք է անտես ու անտարբեր չմնայ երակներուն մէջ շրջող արեան, զօրութիւն մըն է, ուժ մըն է ան, եւ պէտք է անդրադառնայ անոր եւ ըստ այնմ վարուի։
Արդարեւ, ինչպէս որ մարդ իր երակներուն մէջ շրջող արիւնը չի տեսներ՝ չի տեսներ նաեւ այն գործերն ու աշխատանքը՝ որուն տէրը կը կարծէ ինքզինք։ Ուստի մարդ երբ անկարող է խորհելու, խօսելու եւ գործելու, գործը, խօսքը եւ գործը որեւէ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն չեն ունենար ո՛չ ենթակային, եւ ոչ ալ շուրջիններուն։
Մարդ երբ ունի խելք, այսինքն լա՛ւ խորհելու կարողութիւն, բայց չի կրնար կամ չ՚ուզեր կանոնաւոր վիճակի մը մէջ պահել զայն եւ լաւ գործածել՝ օգտագործուիլ անկէ, ուրեմն ան լաւ տնտես մը չէ՛։ Ամէն միջոց լաւ է կամ վատ, արդար կամ անիրաւ՝ դատելով այն նպատակէն, որուն կը ծառայէ եւ որուն կը նուիրուի։
Ստացուածքը, հարստութիւնը անուրանալի արժէ՛ք ունի կեանքի մէջ, բայց երբ իրաւա՛մբ կը գործածուի արդարութեամբ կը տեսնուի՝ թէ՛ շահելու եւ թէ գործածելու ատեն։ Ուրեմն հարստութիւնը ինքնին չէզոք արժէք մըն է՝ դրական եւ իրագործական արժէք մը ներկայացնելու համար անոր գործածութիւնը պայման է։
Կայուն արժէք մը գործնականի եւ շարժուն վիճակի կը վերածուի զայն գործածե՛լով։ Ուրիշ խօսքով կարեւորը զայն օգտագործելու կերպն է։ Արդարեւ ո՛ր կողմէն ալ դիտուի հարցը, անոր բարոյական արժէքն է որ կը յայտնուի։ Զոր օրինակ, Յիսուսի աշակերտներուն մէջ Յուդայի դիրքը նախանձելի էր, քանի որ ան «գանձապետ»ն էր միութեան, սակայն Յովհաննէս իր սիրով շատ աւելի մօտիկ էր ու սիրելի մեծ Վարդապետին։ Ահաւասիկ, կարողութիւններու, ընդունակութիւններու, դիրք ու աստիճաններու լա՛ւ գործածութեան նպաստաւոր օգտագործութեան ապացոյց մը…։
Ազգերու պատմութեան մէջ ալ եղած են կարեւո՛ր դիրք ունեցողներ, հմտութեան եւ իմաստութեան տէր մեծամեծնե՜ր՝ որոնք գէշ կամ սխալ տնտեսութեան պատճառաւ սրբուած են պատմութեան էջերէն։ Իրական հերոսները, պատմութեան մէջ, անոնք եղած են՝ որ կրցա՛ծ են լաւագոյն կերպով օգտագործել, այսինքն տնտեսել իրենց կարողութիւնը, իրենց տարողութեան չափով, եւ օգտակար եղած են իրենց շուրջիններուն, իրենց վստահածներուն եւ ապահոված են մասամբ երջանիկ կեանք մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 15, 2015, Իսթանպուլ