ՍՈՒՐԲ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍԻ ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՍԷՐԸ
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս ծնած է Ափրիկէի Տագաստէ քաղաքը՝ նախկին Նումիտիան, այժմ Ալճերիա, 354 թուականին։ Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Սուրբ Օգոստինոս բարձրացած է աստուածային Սիրոյ եւ Միութեան գագաթնակէտերը։ Անոր աշխարհածանօթ «Խոստովանութիւններ»ուն մէջ՝ անկեղծօրէն հրապարակուած է այս մեծ հոգեւորականին մեղքերը, քաջաբա՛ր, ի՛նչ որ կը պակսի շատերու…։ Ան իր «Խոստովանութիւններ»ուն մէջ կը խոստովանի՝ փառաբանելով Աստուծոյ անհո՜ւն ողորմութիւնը։ Իր բոլոր գրութիւնները մէկ նպատակ ունեցած են՝ մարդիկ երկնային երջանկութեան առաջնորդել։
Ան ունեցաւ սրբակեաց մայր մը՝ որ փոքր տարիքէն կը սերմանէր իր զաւկին հոգիին մէջ քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութեան սերմերը։ Սակայն, երկա՜ր ժամանակ պիտի համբերէր, մինչեւ Աստուծոյ շնորհքը մուտք գործէր եւ գրաւէր անոր հոգին։ Աշխարհահռչակ ճարտասան Կիկերոնի «Պարտէզային» գիրքը խօսեցաւ Օգոստինոսի սրտին եւ հրահրեց զինք իմաստութեան եւ ճշմարտութեան որոնումին։
Եւ ահաւասիկ Սուրբ Օգոստինոսի աչքով ու գրիչով իր մայրը, որուն շա՜տ բան կը պարտէր ինք։
«Սիրելի մայր, այլեւս պիտի չտեսնեմ քեզ այս աշխարհի վրայ։ Դուն, անգամ մը եւս, ինծի հետ միասին պիտի չկարենաս վերադառնալ հայրենիքդ։ Խաղա՜ղ հանգչէ ու ննջէ իմ հանգուցեալ քաղցր մայրս, որ ինծի կեանք պարգեւեցիր։
«Թանկագին մօրս խնկելի մարմինը Իտալիոյ հողին յանձնելով, ակամայ կը բաժնուիմ իրմէ, ու կրկին կը մեկնիմ դէպի Ափրիկէ։
«Ներէ՛ Աստուած իմ, ներէ՛, զաւկի մը սրտին կսկծալի՜ պոռթկումներուն, Դո՛ւն գիտես, թէ ինչպիսի՜ մայր մը կորսնցուցի։ Ո՛չ ոք կրնայ կատարելապէս հասկնալ, թէ՝ ո՛չ միայն իմ այս մահկանացու կեանքս, այլ կեանքէս շա՜տ աւելի արժէքաւոր գանձեր կը պարտիմ իմ անգին մօրս։ Անոր սրտին մեծագոյն փափաքը եղած էր միշտ՝ զիս երկնային, աստուածահաճոյ կեանքի մը առաջնորդել։
«Հազիւ բացուեցաւ մանուկ հոգիիս իմացական արշալոյսը, մայրս սկսաւ իմ սրտիս նորաբողբոջ տենչերը դէպի Քեզի՜ ուղղել՝ ո՜վ Աստուած… եւ ես ալ հետեւելով մայրական ձայնին, Քու պաշտելի Անունդ սկսայ թոթովել՝ առանց Քեզ ճանչնալու։ Ի՛նչ որ մօրս շրթներն ինծի կը թելադրէին, մանկական պարզութեամբ կը կրկնէի եւ կը խոստանայի Քեզ միշտ սիրե՛լ, եւ Քեզ չլքել երբե՛ք։
«Ո՜րքան անհաւատարմութիւն ի՛մ կողմէս։
«Ո՞ւր մնացին խոստումներս, կը մեծնայի, եւ իմ յառաջացող տարիներուս համեմատ՝ ուղիղ չընթացաւ կեանքս։ Փորք տարիքիս, մայրս անդադար կը սերմանէր հոգւոյս մէջ առո՛ղջ սերմերը գեղեցիկ առաքինութիւններու, բայց ապերախտ հողին վրայ կը ցանէր զանոնք։
«Մայրական քնքուշ սիրով, ամէն հնարք կը գործածէր, որ իմ մէ՛ջս արթննայ Քու օրէնքներուն սէրը, սակայն ամէն ինչ ի զուր էր։ Եւ ես, կորստաբեր մոլորութիւններու անձնատուր, Քեզմէ կը հեռանայի, անոր զոյգ աչքերը՝ աղեկէզ արտասուքի աղբիւրներու վերածելով։ Ոեւէ մայր՝ իր միամօր զաւկին գերեզմանին վրայ ա՛յնքան արցունք չէ թափած, որքան իմ մայրս արտաս-ւեց իմ հոգւոյս կորստեան վրայ, երբ զիս կիրքերու եւ մեղքերու մէջ մոլորած տեսաւ։
«Երկա՜ր, շա՜տ երկար տեւեց ողորմելի վիճակս եւ ա՛յնքան ժամանակ, ո՜վ Աստուած իմ, որ Քեզմէ հեռո՛ւ էի, մօրս վիշտն ու ցաւը ու արտասուքն ալ վերջ չէ՛ր գտներ։
«Կենսունակ եւ առոյգ էի, սակայն մօրս համար, կարծես մեռած ըլլայի ա՛յնպէս, իբրեւ թէ իմ անկենդան մարմինս անոր աչքերուն առջեւ ըլլար միշտ։ Քեզի, ո՜վ Տէր, ծանօթ են՝ անոր սրտին խոր հառաչանքները։ Օր մը չանցաւ, որ ան բարեպաշտ մղումով՝ Քու վեհ տաճարդ չմտնէր՝ օրը երկու անգամ։ Եւ երբ, Անմեղ Զոհը, Սուրբ Պատարագը կը նուիրագործուէր՝ որ աշխարհի կեանք կու տայ, մա՛յրս ալ իր աղօթքները եւ հառաչանքները Քեզի կ՚ընծայէր իմ հոգւոյս փրկութեանը համար։ Եւ դարձեալ, երբ մայրս եկեղեցիին մէջ ջերմեռանդն հոգիով եւ ուշադիր, հովուական քարոզը մտիկ կ՚ընէր, որ Աստուծոյ խօսքը, իբր կեանքի հաց, ժողովուրդին կը բաշխէր, կամ երբ, ինքնամփոփ լռութեամբ՝ յաւիտենական ճշմարտութիւններու վրայ կը մտածէր, ես ալ, միշտ, մօրս աչքին առջեւն էի, որ ողորմութիւն, ներում եւ օգնութիւն կը հայցէր, իմ հոգւոյս համար։
«Ամէն արեւածագին, կամ երբ գիշերային խաւարը սեւ վերարկուն երկրի վրայ տարածէր, մայրս լուռ, սենեակի մէջ ծնրադիր, Քու առջեւդ կ՚աղօթէր։ Եւ աղօթքի պահերուն, հեծեծանքներու եւ արցունքներու մէջ, իմ անունս կու տար՝ հայցելով Քու ողորմութիւնդ՝ իմ անօրէնութիւններուս համար։ Ինչպիսի՜ թախանձանքներով՝ սուրբ եւ խոհեմ հոգեւորականներու կը պաղատէր, որպէսզի անոնք ազատել փորձէին զիս, Մանիքէական աղանդի անմիտ մոլորանքներէն, որոնց մահացու թոյնը ես իմ սրտիս մէջ կը կրէի։
«Այսպիսի մայր մը ապերախտօրէն մոռնալ, կարելի՞ էր արդեօք. երբե՛ք։ Ո՜վ անգին Մայր, երբե՛ք պիտի չմոռնամ քու վըշ-տալի սէրդ, երկիւղալի հոգերդ, դառն անձկութիւնները սրտիդ, զորս դուն ինծի համար կրեցիր՝ մշտատեւ գալարումներով, որպէսզի Աստուծոյ առաջնորդել կարենաս զիս։
«Մի՜շտ պիտի յիշեմ այն սեւ օրը, երբ ես, իմ անմարդկային վարմունքովս, քեզ, սիրելի՜ մայր, Ափրիկէի ափին միայնակ լքեցի։ Հէ՜ք մայրս, այն ցաւատանջ վայրկեաններուն, ինչե՜ր չփորձեց եւ ինչե՜ր չըրաւ, որ ես՝ յօժարէի միայն, եւ թոյլ տայի, որ ինքն ալ ընկերանար ինծի դէպի Իտալիա։
«Հոգիս հազարաւոր զզուելի վէրքերով ծածկուած, սիրտս երկա՜ր տարիներու մեղքերու կարծր կապանքներով շղթայուած, միտքս Մանիքէական անաստուածութեան մահաբեր մոլորութիւններով մթագնած եւ Աստուծմէ հեռացած, ես՝ դէպի Հռոմ ուղ-ղըւեցայ, ուր կը հրապուէր զիս իմ փառասիրութիւնս։ Իսկ հոգւոյս հիւանդութիւնը ա՜յնքան յառաջացած էր, որ այլեւս չէի զգար զայն։ Սակայն մայրս կը զգար, որ ես հիւանդ էի մեղքերով ծանրաբեռնուած։ Անոր բոլոր յոյսերը, որ ես, օր մը, ուղղութեան կու գամ, կը չքանային եւ անմխիթար կը մնար ան՝ երբ կը հեռանայի իր քովէն։
«Սիրոյ թեւեր առած, մինչեւ ծով ընկերացաւ ինծի մայրս եւ երբ տեսաւ, որ իր բոլոր յոյսերը փոշիացան՝ իմ մէջս փոփոխութիւն տեսնելու եւ ուղղութեան գալու, հեկեկալով եւ անմխիթար, թախանձագին եւ արտասուալից աչքերով՝ երդուընցուց զիս, հաւանելու, որ ինքն ալ ինծի հետ ճամբորդէ։ Իրիկուն էր, անոր բարեպաշտութիւնը շահագործելով, այնպէս ձեւացուցի, թէ իր խնդրանքին համամիտ եմ։ Խոստացայ, որ արշալոյսին, միատեղ պիտի ճամբորդէինք։ Մայրս փափաքեցաւ, գիշերը ջերմեռանդ աղօթքներով, Սուրբ Կիպրիանոսի նուիրուած խորանին առջեւ անցընել։ Հաւատաց իմ խոստումիս, եւ ես այդ միջոցին, գաղտագողի, նաւակիս առագաստները պարզեցի, ճամբայ ելայ եւ հեռացայ…։
«Սրտիս մէջ անջնջելի պիտի պահեմ միշտ մօրս վերջին խօսքերը, որոնցմով մեր խօսակցութիւնը վերջացաւ։ Երկնային վեհ կերպարանքովդ այսպէս ըսիր դուն.
«Որդեակ իմ, ինծի համար ո՛չ մէկ հրապոյր ունի այս կեանքը այլեւս, որովհետեւ յոյսերու իրականացման, եւ չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ դեռ հոս եմ, եւ ի՛նչ կայ ընելիք այստեղ։ Գերեզման իջնելէս առաջ, կ՚ուզէի քեզ քրիստոնեայ տեսնել։ Աստուած՝ իմ փափաքէս աւելի՛ն պարգեւեց ինծի։ Քեզ ոչ միայն քրիստոնեայ կը տեսնեմ, այլեւս այնպիսի մէկը, որ բոլորովին արհամարհելով երկրաւոր բարիքները՝ քրիստոնէական առաքինութեան բարձրագոյն կատարելութեան հետամուտ ես։ Արդ, ուրիշ բան չի մնար ինծի, բայց միա՛յն խաղաղ ու հանգիստ փակել աչքերս»։
Ահաւասիկ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եռամեծն Սուրբ Օգոստինոս իր կեանքին տիպարով, ցոյց կու տայ, թէ՝ մայրեր ծնելէ աւելին, շա՜տ աւելին կու տան մարդկութեան եւ մարդկութիւնը շա՜տ բան կը պարտի անոնց…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 15, 2015, Իսթանպուլ