ԳՈՒՄԳԱՓՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ - Բ -

Գում­գա­փուի ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն էր Սուրբ Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին՝ որ կը գտնուէր Սուրբ Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ ձա­խա­կող­մը. «Մերձ ի բա­ղա­նիս անդ որ կո­չի Չի­նի­լի Հա­մամ»։ Ժա­մա­նա­կա­կից Ա­միր­տով­լաթ, որ Ա­մա­սիա­ցի նշա­նա­ւոր բժիշկ մըն էր 15-րդ դա­րուն, թո­ղած է եր­կու թան­կա­գին յի­շա­տա­կա­րան­ներ, որ կը յի­շուի Ե­րե­միա Չէ­լէ­պիի Ստամ­պո­լայ Պատ­մու­թեան մէջ՝ Տքթ. Վ. Յ. Թոր­գո­մեա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան 279-րդ է­ջին վրայ։

Յի­շուած եր­կու յի­շա­տա­կա­րան­նե­րէն մին կը գտնուի՝ Թրքե­րէն լե­զուէ Հա­յե­րէն լե­զուի 1474-ին թարգ­մա­նուած «Գիրք Ռամ­կա­կա-ն»ին մէջ։ Իսկ միւ­սը՝ 1478-ին թարգ­մա­նուած «Ան­գի­տաց Ան­պէ­տին» բժշկա­րա­նին մէջ։

Ա­ռա­ջին յի­շա­տա­կա­րա­նին մէջ կ՚ը­սուի. «Ի Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Տր. Սար­գի­սին եւ ի Հայ­րա­պե­տու­թեան Տր. Յո­վա­կե­մայ ար­հիե­պիս­կո­պո­սին ի մայ­րա­քա­ղաքն ի Կոս­տանդ­նու­պո­լիս. ընդ հո­վա­նեաւ Սրբոյն Նի­կո­ղա­յո­սի Սքան­չե­լա­գոր­ծի եւ ի թուա­կա­նու­թեան Հա­յոց ՋԻԳ ա­մին (923+551=1474), ե­ւայլն…» իսկ երկ­րոր­դին մէջ՝ «Ի Թա­գա­ւո­րու­թեան Սուլ­թան Մու­համ­մէտ Խա­նին եւ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Էջ­միած­նին Տր. Սար­գի­սին եւ ի Հայ­րա­պե­տու­թեան ի մայ­րա­քա­ղաքն ի Կոս­տանդ­նու­պո­լիս Տր. Նի­կաւ­ղա­յո­սի եւ ի թուին Հա­յոց ՋԻԷ 1478 առ դրանն Սրբոյն Նի­կո­ղա­յո­սի Սքան­չե­լա­գործ Հայ­րա­պե­տին, ե­ւայ­լն…»։­

Ա­սոնք ցայ­տուն ա­պա­ցոյց­ներ են որ Հա­յոց Սուրբ Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին կը գտնուէր Գում­գա­փու եւ պէտք չէ՛ շփո­թել Է­տիր­նէ­գա­փուի Սուրբ Նի­կո­ղա­յո­սին հետ, քա­նի որ նշա­նա­ւոր Բիւ­զան­դա­գէտ Տքթ. Պաս­պա­նի 1877 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կած ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէն ալ կը հասկ­ցուի, թէ Գում­գա­փուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին հի՛ն է Է­տիր­նէ­գա­փուի­նէն, ինչ­պէս կը յի­շէ Ե­րե­միա Չէ­լէ­պին, իր «Ստան­պօ­լայ Պատ­մու­թիւն» գոր­ծին մէջ. (էջ 281)։­

Ա­միր­տով­լաթ իր Յի­շա­տա­կա­րան­նե­րուն մէջ ալ կը յի­շէ «Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի» մը։

Գում­գա­փուի Սուրբ Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցիին մէջ հաս­տա­տուած է ա­ռա­ջին տպա­րա­նը՝ Աբ­գար Դպի­րի կող­մէ եւ պատ­մա­գիր Մա­ղա­քիա Չէ­լէ­պի Ճէ­վա­հիր­ճեան կը յի­շէ, որ այդ տպա­րա­նէն հրա­տա­րա­կուած են վեց գիր­քեր՝ ո­րոնց եր­կու­քին յի­շա­տա­կու­թիւ­նը յայտ­նի է. մէ­կը 1567-ին տպուած «Փոքր Քե­րա­կա­նու­թիւն»ին մէջ, իսկ միւ­սը՝ 1568-ին տպուած «Տօ­նա­ցոյց»ին մէջ։ Ա­սոնց­մէ զատ տպուած են նաեւ «Ժա­մա­գիրք», «Պա­տա­րա­գա­մա­տոյց» եւ «Պար­զա­տու­մար»։­

Այս Սուրբ Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցիին մէջ վախ­ճա­նած է Սսոյ Թո­րոս Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, որ ա­թո­ռա­պատ­կան գոր­ծե­րու հա­մար իր կա­թո­ղի­կո­սու­թեան երկ­րորդ տա­րին Պո­լիս ե­կած է եւ հաս­տա­տուած՝ այս ե­կե­ղե­ցին։ Թո­րոս Կա­թո­ղի­կոս, Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ տե­ղի ու­նե­ցած ազ­գա­յին գոր­ծե­րու բար­ւոք կար­գադ­րու­թեան մա­սին ալ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է։ Հան­գու­ցեալ Կա­թո­ղի­կո­սին յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը շատ փա­ռա­ւոր ե­ղած է ու թա­ղուած՝ Պա­լըգ­լըի Ազ­գա­յին Գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։

Թո­րոս Կա­թո­ղի­կո­սի վախ­ճան­ու­մը կը պա­տա­հի 29 Ապ­րիլ 1657, Չո­րեք­շաբ­թի օ­րը, ո­րուն օծ­ման եւ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան նկա­րագ­րու­թիւ­նը գրուած է Ե­րե­միա Չէ­լէ­պիի կող­մէ եւ Աստ­ղիկ Ա­րե­ւե­լեան օ­րագ­րին մէջ։ (Աստ­ղիկ Ա­րե­ւե­լեան, Օ­րա­գիր, Կ.­Պո­լիս, Ա տա­րի, 1 Մա­յիս 1875, էջ 75-78, եւ Տքթ. Վ. Յ. Թոր­գո­մեա­նի Ե­րե­միա Չէ­լէ­պիի ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րը)։

­Վե­րո­յի­շեալ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ո­րոնք այժմ գո­յու­թիւն չու­նին եւ ո­րոշ տե­ղերն ալ ան­յայտ է, ա­սոնց­մէ Ս. Սար­գի­սը, 1652-ին հրդե­հի մը պատ­ճա­ռով, ա­ռաս­տա­ղը վնա­ս-ւած է եւ վե­րա­նո­րո­գուած է։ Իսկ 14 Յու­լիս 1660-ին սոս­կա­լի հրդեհ մը եւս մոխ­րա­կոյ­տի վե­րա­ծած է Սուրբ Սար­գիս եւ Սուրբ Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։ Այս հրդե­հը ե­րեք օր տե­ւած, 30.000 տուն եւ 3000 անձ այ­րած են…։

- Մեծ մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ Յա­կոբ Վար­ժա­պե­տեա­նի «Հա­րիւ­րա­մեայ Յո­բե­լեան», 1928-էն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 15, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015