«ԾԱԾՈՒԿ ԲՈՒՍՆՈՂ ՍԵՐՄԸ»
Հեռախօսով կը խօսէի Գրիգոր Սարկաւագ Գալփաքճեանի հետ, երբ խօսքը հասաւ Մարկոսի Աւետարանի Դ 26-29 համարի «Աճող սերմին առակ»ին, ան ինծի ուղարկեց պարտէզի վրայ հետզհետէ աճող խոտերու յաջորդաբար նկարներ։ Շատ հետաքրքրական էին այդ նկարները՝ որոնք կ՚արծես բոլորովին կը յարմարէին Աւետարանի «Աճող սերմի առակ»ին։ Եւ մեր խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ այս առակին եւ այս հրաշալի՜ երեւոյթին վրայ։
Երբ կը խօսէինք այս մասին՝ մտաբերեցի Բաբգէն Աւ. Քհնյ. Մագսուտեանի մէկ քարոզը՝ հրատարակուած իր «Յիսուսի Քրիստոսի առակները. 1991, Նիւ Եորք» հատորին մէջ։
Քարոզ-յօդուածը կը ներկայացնենք հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
«ԾԱԾՈՒԿ ԲՈՒՍՆՈՂ ՍԵՐՄԸ»
«Սերմանիքն բուսանեցին եւ աճիցին»
(ՄՐԿ. Դ 27)
Յիսուս «Աստուծոյ արքայութիւնը» կը նմանցնէ մարդու մը, «որ սերմերը հողին մէջ կը ցանէ, եւ մինչ կ՚երթայ, կը քնանայ ու կ՚ելլէ, գիշեր եւ ցերեկ՝ սերմերը կը բուսնին, կ՚աճին, եւ ինք չի գիտեր՝ թէ երկիրը ի՛նչպէս ինքնիրմէ պտուղ կը բերէ, նախ՝ խոտը, յետոյ՝ հասկը եւ հուսկ ցորենը՝ ատոք հասկերով» (ՄՐԿ. Դ 26-28)։
Արդարեւ, հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՞նչպէս չոր սերմը հողին ներքեւ խոնաւութենէն կ՚աճի, կ՚ուռի, պատեանը կը պատռի եւ անոր մէջ չոր երեւոյթին տակ սմքած կենսատու ուժը դուրս կը ժայթքի, խոտ կ՚ըլլայ, կը մեծնայ ու ցօղունի կամ ծառի կը վերածուի, պտուղ արտադրելու համար։
Մարդուն հոգին ալ անշօշափելի արգաւանդ դաշտ մըն է, ուր ցանուածը, հողին մէջ պահուըտող սերմին նման, ծածուկ կերպով կը բուսնի ու կը ծլի։
Առակին մէջ մատնանշուած «Աստուծոյ արքայութիւնը» Քրիստոսի գահն է, որ կը զետեղուի հաւատացեալի ներսիդին։ Երբ Քրիստոս բազմի այդ գահին վրայ, մարդու հոգին Անոր տիրապետութեան ներքեւ կը գտնուի։
Քրիստոսի գահը պարզ զգացում մը չէ, այլ աստուածային սէր է, մաքուր, անարատ եւ անխարդախ սիրոյ կեանք է։
Այդ գահը մարդս կը սրբագրէ, կ՚ազնուացնէ, կը խաղաղեցնէ եւ աստուածային նկարագրով կը զարդարէ։
Քրիստոսի գահուն տիրապետութիւնը ունի ծաւալական զօրութիւն, որ կ՚ընդարձակէ մարդուն բարի գործերուն սահմանները եւ կը զօրացնէ անոր առաքինութիւնները։
Մարդուն հոգիին մէջ ցանուած աստուածային սերմը կը բուսնի ու կ՚աճի ծածկաբար եւ իր պտուղներով ի յայտ կու գայ անոր արդիւնքը։
Բուսականութիւն ունենալու համար արտին մէջ անհրաժեշտ է ցանքը։ Առաքինական եւ հոգեւոր կեանք ունենալու համար ալ հարկաւոր է աստուածային սիրոյ զգացումի ներմուծում հոգիէն ներս։
Արտին վրայ Աստուած իր երկնային շնորհքներով կը շողացնէ արեւը եւ կը ղրկէ անձրեւը արդիւնաւորելու համար ցանքը։ Մարդու հոգիին մէջ ալ Ս. Հոգին կը հեղու, որպէսզի աստուածային զգացումները ուռճանան, աճին եւ բազմապատկուին։
Հողին ներքեւ կատարուող գործողութենէն մարդ անտեղեակ է ցանելէն ետք։ Ծածկօրէն կը յառաջանան անոնք։ Մարդու հոգիին մէջ ալ դէպի բարին եղած յեղաշրջումները կը կատարուին ծածկօրէն։
Բուսականութեան աճումին ուժը կը հայթայթէ հողը։ Բոյսը այնքան արագ եւ զօրաւոր կը բուսնի, որքան առատ եւ ուժաւոր է աւիշը։
Մարդուն մէջ աստուածային զգացումին խնամքը կը հայթայթէ ինքը, որուն հոգին կը ծառայէ որպէս աննիւթական պարարտ հող։
Մշակը ցանելէն ետք կը հանգչի մինչեւ բոյսին երեւիլը։ Մարդն ալ աստուածային շնորհքով օծուելէ ետք կը խորհրդածէ անոր աճումին մասին եւ կը ղեկավարէ իր ուղեղը դէպի վեհական գործունէութիւն։
Ամենէն մեծ ծառերը ամենէն փոքրիկ հունտերէն առաջ կու գան։ Ամենէն մեծ բարի գործերը եւ առաքինի կեանքը ամենէն փոքր հաւատքէն կը սկսին։
Ուրեմն, երկուքն ալ փոքրէն սկսելով կը մեծնան ու կը ծաւալին, հողին եւ հոգիին աւիշին ու պարարտութեան չափանիշով։
Մեծ ծառերը մեծ քանակութեամբ պտուղ կ՚արտադրեն եւ կամ ընդարձակ տարողութեամբ շուք կու տան։ Մեծ հոգիներն ալ սիրոյ եւ կարեկցական մեծ գործեր կը կատարեն, կամ բարձրագոյն բարոյական կեանք կ՚ապրին։
Չի բաւեր կրօնական հաւատանք ունենալ, անհրաժեշտ է այդ հաւատամքին գործադրութիւնը կեանքի մէջ։
Չի բաւեր սէր հոլովել։ Պէտք է գործնականացնել այդ սիրոյ հոլովումը։
Սերմը կ՚արտայայտէ եւ կը գործնականացնէ ինքզինք բուսնելով։ Մարդն ալ պէտք է արտայայտէ իր ունեցած աստուածային սէրը կեանքով եւ գործունէութեամբ։
Սերմը չի գիտեր, թէ ինք ինչպէս կը բուսնի եւ կ՚աճի։ Սակայն մարդ գաղափար ունի այդ մասին։ Պէտք է գիտնայ նաեւ ինքնիրեն մասին։ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ձեր ներսն է». (ՂԿՍ. ԺԷ 21), ըսաւ Յիսուս։
Յովհաննէս Աւետարանիչ զԱստուած կը ներկայացնէ որպէս Սէր։ Հետեւաբար, մարդուն ներսիդին գոյութիւն ունի սիրոյ տարածութիւն մը, որ կրնայ մշակուիլ եւ արդիւնաւորուիլ։
Բնութիւնը շատ գեղեցիկ, աճուն ու զարդուն բուսական տեսարաններ ունի։ Սակայն աշխարհի վրայ ամենէն գեղեցիկ տեսարանը մարդուն ներաշխարհին սրբութեան տեսարանին գեղեցկութիւնն է։ Առաջինը եղանակին հետ վաղանցուկ է, բայց վերջինը՝ մշտատեւ է։ Առաջինը աչքի խաբկանք է, մինչ երկրորդը՝ աստուածային փառք է։
Հողին ներքեւ ցանուած սերմը բուսնելով կը կարծուի, թէ ինք ի սպառ կը կորսուի կամ կը փճանայ։ Մինչդեռ ծածուկ կերպով ան կը մտնէ պտուղին մէջ, մէկ սերմը բազմաթիւ պտուղներուն մէջ։ Այնպէս ալ մարդուն ներսիդին գտնուող Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը մտնէ ծածկաբար իր կեանքի շարժումներուն եւ իր բարի արարքներուն մէջ։
Ցանքը ունի նաեւ իր հունձքը։ Այս վերջինը երեւան կը բերէ սերմին ազնուութիւնը եւ անոր ստացած խնամքը։ Մարդուն ալ կենցաղն ու գործունէութեան արդիւնքը կը յայտնեն իր պտուղին հասունութիւնը եւ քաղցրութիւնը։ Քաղցր պտուղը հասուն պտուղն է։ Լաւագոյն արարքն ալ քրիստոնէական կեանքին մէջ լաւ ուռճացած կեանքին արդիւնքն է։
Հետեւաբար, հոգեւոր կեանքը մարդուն ներսիդին փոքրիկ սերմի նման ցանուելէ ետք խնամքով, մշակումով եւ դաստիարակութեամբ կը մեծնայ, կը զարգանայ եւ հաստաբեստ ծառի մը նման կը ծաւալի։
Յիսուս իր այս առակով անգամ մը եւս շեշտեց Աստուծոյ արքայութեան ինչ ըլլալը եւ անոր գոյութիւն ունենալը իւրաքանչիւր մարդու ներսիդին։
Առանց սերմի մեր մարմինը անօթի պիտի մնար, առանց Աստուծոյ ալ մեր հոգին անօթի պիտի մնար։ Երկու սնունդներն ալ հաւասարապէս անհրաժեշտ են մարդուն գոյութեան համար։
Մարդ առանց հոգիի մսեղէն արձան մըն է եւ առանց մարմնի ալ հոգեղէն անտեսանելի եւ անշօշափելի ուժ մըն է։ Մարդ ըլլալու համար երկուքին միաձուլումը անհրաժեշտ է։ Երկուքին գոյութիւնը պահելու համար ալ երկուքին սնունդին հայթայթումը հարկաւոր է։
Մարմնի սնունդը հողէն կը բարձրանայ, իսկ հոգիինը՝ վերէն կ՚իջնէ։
Մարդ սերմը ինք չի կրնար ստեղծել եւ սերմն ալ առանց իր միջամտութեան չի բուսնիր։ Ասոր նման Աստուծոյ արքայութիւնը ինք չի կրնար ստեղծել եւ սակայն առանց իր միջամտութեան ալ չի կրնար ձեռք ձգել։
Հուսկ, ուրեմն ամէն մարդ իր հոգիին մշակն է, պէտք է մշակէ իր հոգիին արտը, որպէսզի հոն ցանուած «Աստուծոյ արքայութիւնը» բեղմնաւորուի, աճի, զօրանայ եւ հոգեւոր կեանքի վերածուի արդիւնք տալու եւ նմանները հոգեւորապէս եւ բարի գործերով կշտացնելու համար։
Այս ձեւին տակ միայն Քրիստոս կ՚իշխէ մարդու հոգիին եւ մարդը կ՚ապրի երանաւէտ կեանք մը։
*
«Գիշեր ու ցերեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս…». (ՄԱՐԿ. Դ 27), եւ այս բնական երեւոյթը՝ այս բնական բարեշրջումը. «évolution»ը Աստուծոյ կամքին արտայայտութի՛ւնն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 20, 2024, Իսթանպուլ