ԱՄՈՒՐԻ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՅ

Դո՞ւք ալ ձեր սիրտը գերող աղջկան սիրտը կալանաւորելու համար ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առած, սակայն նպատակակէտին չէ՞ք հասած. ձեր կատարած անձնուիրութիւնը անպտո՞ւղ մնացած ու ձեր սիրած օրիորդը անհաս երա՞զ մնացած է. ձեր մղած անխոնջ պայքարէն որպէս արդիւնք լոկ երեւակայութի՞ւն մնացած է. ապա այս յօդուածը ձեզի համար է:

Այս յօդուածով որոշած ենք բոլոր անհաս սէրերը անգոյութենէն գոյութիւն բերել ու վերջ տալ բոլոր այն տառապանքներուն, որոնք ծնունդ կ՚առնեն սնուելով անիրական ու անհաս սէրէն: Մեր թուականէն 100 տարիներ առաջ՝ 1924 թուականին Պոսթընի մէջ հրատարակուած հայերէն գիրք մը կու գայ վերջ տալու աշխարհը յուզող համամարդկային հարցին՝ անհաս սիրոյ մորմոքին. Մ. Գուշակ անունով գուշակ մը, իր «Բախտացոյց» գիրքով կու գայ բացատրել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է անհաս սէրը դարձնել հասանելի. պարզապէս պէտք է կարդալ ու գործադրել.

«Երեք մազ փրցո՛ւր գլխէդ, պզտիկ կծիկ մը շինէ եւ օծէ զայն երեք կաթիլ արիւնով: Այս արիւնը պէտք է ըլլայ ձախ ձեռքիդ չորրորդ մատին ծայրէն, որովհետեւ անդամազննիչները կ՚ըսեն, որ այդ մատէն երակ մը կ՚երկարի դէպի սիրտը: Արիւնով ներկուած այդ պզտիկ մազի կծիկը ինն օր եւ ինն գիշեր մերկ կուրծքիդ վրայ պահելէ ետք (հոգ տանելու է որ բնաւ մարդ չգիտնայ) պարփակէ զայն մատանիի մը կամ պրօշի (զարդասեղ) մը մէջ գաղտնի տեղ մը եւ նուիրէ սիրահարիդ: Որքան ատեն որ այդ նուէրդ անոր քով է, անոր սէրը ապահով է քեզտ համար եւ միտքը միշտ քու վրայ: Եթէ բախտաւոր ես եւ յաջողիս սրտիդ ուզածին հետ ամուսնանալ, վերջապէս չըլլայ որ ոեւէ ատեն նուէրիդ էութիւնը երեւան հանես, որովհետեւ այդ պարագային անոր սէրը անմիջապէս ատելութեան կը փոխուի»:

Է՜հ Մ. Գուշակ... ո՞ւր էիր: Մեծամեծ նուէրներ ու ծանրագին ընծաներու կարիք չկայ օրիորդին սիրտը շահելու համար. մազ ըսես՝ մազէն շատ ի՞նչ կայ (վա՜յ ճաղատներուն), իսկ արիւնդ՝ ուզածիդ չափ: Մենք ապահովութեան համար երեք կաթիլ արիւնի փոխարէն կրնանք մի քանի կաթիլ աւելի հոսեցնել եւ կամ երեք մազի փոխարէն փունջ մը մազ դնել: Մազէն ու արիւնէն շատ ի՞նչ կայ... եթէ նկատի ունենանք, որ արիւնոտ մազը պէտք է ինն օր մեր կուրծքին վրայ ձգել, այս հաշուով ամիսը երեք օրիորդի սիրտ կրնանք գրաւել եւ 365 օրերու վրայ հաշուելով տարեկան նուազագոյնը 40 օրիորդի սիրտին մէջ տեղ գտնել: Այս տեղեկութիւնը մեծագոյն թշնամին է սիրային վէպերու, որոնք մազի եւ արիւնի գաղտնիքը չգիտնալու հետեւանքով ծնունդ առած են:

Սակայն չկարծուի, որ նման գաղտնիք մը միայն տղամարդոց համար է. մեր իգական սեռի ներկայացուցիչները եւս կրնան ստուգել, թէ իրենց ուզած մարդուն հետ պիտի յաջողի՞ն պսակուիլ թէ ոչ. այդ մէկը գիտնալու ձեւը տարօրինակ՝ բայց պարզ է.

«Կեղուէ երկու լեմոն եւ այդ կեղեւները պահէ ամբողջ օրը իւրաքանչիւրը մէկ մէկ գրպանի մէջ: Իրիկունը գրպանէդ հանէ կեղեւները եւ մահճակալիդ չորս ձողերուն քսէ ու պառկէ: Եթէ պիտի կատարուի փափաքդ, երազիդ մէջ կը ներկայանայ ուզած մարդդ եւ քեզի երկու լեմոն պիտի տայ եթէ ոչ՝ փափաքդ պիտի չկատարուի»:

Ձեւը պարզ է, սակայն կան որոշ անհասկնալի պարագաներ. օրինակի համար, երկու լեմոնի փոխարէն եթէ մէկ լեմոնով մօտենայ փեսացուն... ի՞նչ պէտք է հասկնալ. ամուսնութիւն՝ սակայն յետոյ ամուսնալուծութի՞ւն: Այս պարագային սակայն աղջիկները շատ աւելի բախտաւոր են. լեմոնի կեղեւները իրենց գրպանը պիտի պահեն ընդամէնը մէկ օր։ Այսինքն տարեկան 365 փորձ կրնան կատարել, մինչեւ որ վերջապէս երազաբաշխ աներեւոյթ գոյութիւնն ալ ջղայնանայ ու երկուքի փոխարէն մի քանի տասնեակ լեմոնով փեսացուն ղրկէ քաղցր երազներուն մէջ:

Ապագայ ամուսինին բախտը գիտնալու համար եւս ձեւեր կան, սակայն այստեղ չենք ուզեր գրել, նկատի ունենալով, որ ընկոյզը, կաղինը եւ մշկընկոյզը այնքան ալ աժան չեն եւ նիւթապէս շատեր անկարող կրնան ըլլալ այդ փորձը կատարելու, մանաւանդ որ անոնց կողքին կարիքը պիտի ունենայինք նաեւ կարագի եւ շաքարի. այդ մէկը արդէն սուղ հաճոյք մըն է փեսացուին ապագան գիտնալու համար: Անոր փոխարէն կարելի է գործադրել տեսողութիւնը. Մ. Գուշակ կ՚ըսէ.

«Ըլլայ կին կամ տղամարդ, եթէ ունի կարմրագոյն դէմք, լայնկեկ քիթ, կամարաձեւ ունքեր, աչքերը լայն սեւ եւ վառվռուն՝ կը նշանակէ որ լաւ բնաւորութիւն ունի, աշխատող է եւ բախտաւոր»։ Վարք ու բարք, հոգիի ազնուութիւն, բնաւորութիւն՝ բոլորը անիմաստ են. պէտք է նայիլ քիթին, ունքերուն եւ աչքերուն եւ գիտնալ կ՚արժէ՞ ամուսնանալ նման մարդու մը հետ թէ ոչ (վա՜յ անոնց, որոնք լայնկեկ քիթ չունին): «Լայն բերան մը, լեցուն այտեր, ողորկ, անկնճիռ ճակատ մը, պզտիկ ականջներ, թուխ մազեր եւ համաչափ կզակ ունեցող մը շատ խոստմնալից է». թող ամէ՛ն տղամարդ հայելիին դիմաց պահ մը անցընէ, ստուգելու համար, թէ այս բոլորէն ո՞ր մէկը ունի, ո՞ր մէկը փորձով եւ կամ ներկայ արուեստագիտութեան ճամբով կրնայ ձեռք բերել:

Ամուսնանալն ու սիրահարիլը երբե՜ք այսքան դիւրին չէր եղած:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Երազները իմաստ ունի՞ն:

Պատասխան. Երազները իմաստ ունի՞ն թէ ոչ՝ դարեր շարունակ եղած է քննարկման խնդիր: Շատ մը փիլիսոփաներ ու գիտնականներ կը հաւատան, որ դէպի մեր անգիտակից միտքը բացուող պատուհան մըն են երազները, որոնք կը յայտնաբերեն ծածուկ ցանկութիւններ ու չլուծուած հակամարտութիւններ: Ուրիշներ կը հաւատան, որ երազները պարզապէս ուղեղի կողմէ կազմուած պատկերներ են՝ մեր առօրեայի արդիւնք: Մշակութային եւ հոգեւոր մեկնաբանութիւնները յաճախ երազին տուած են խորհրդաւոր իմաստ, շատ անգամ դիտուելով որպէս Աստուածային պատգամներ: Ոմանք կրնան իրենց երազին մէջ գտնել անձնական նշանակութիւններ, իսկ ուրիշներ կրնան դիտել որպէս պատահականութիւն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2024