ԿԵԱՆՔԸ ԿՐԹՈՒԹԻ՛ՒՆ Է

Կեանքը իր ներկայացուցած դասերով եւ փորձառութիւններով կրթութիւն է, որմէ կ՚օգտուին բոլոր անոնք, որոնք կեանքը կ՚ապրին գիտակցութեամբ եւ կ՚անդրադառնան իրենց շուրջ պատահած բնական երեւոյթներուն։ Եւ այս իմաստով, կրթութիւնը՝ ներքին անտեսանելի փոփոխութիւններու, եւ աստիճանական զարգացման մէջէն անցնելով բարձրագոյն գոյավիճակի մը հասնիլ կը նշանակէ։ Ասոր համար պէտք է օգտուիլ փորձառութիւններէ՝ անդրադառնալով կեանքի էութեան։ Շրջահայեաց ըլլալ եւ արթո՛ւն միտքով հետեւիլ բնութեան հրաշալիքներուն՝ նախապայմա՛նն է կեանքի փորձառութիւն քաղելու եւ օգտուելու անկէ։ Անտարբեր ըլլալ կեանքի նկատմամբ բանականութեան հակառա՛կ է, քանի որ մարդ պատասխանատո՛ւ է նախ ինքն իրեն, եւ յետոյ իր շուրջիններուն՝ ուրիշ մարդոց հանդէպ։ Քանի որ մարդ ընկերային կեանք ապրելու համար ստեղծուած է։

Ինքնակեդրոն ըլլալ եւ ինքզինք ինքնաբաւ կարծել մարդկային բնութեան ներհակ է։

Մարդը ենթակայ է արտաքին ազդեցութիւններու՝ թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ հոգեպէս, եւ ազդեցութիւնը կը տպաւորէ նաեւ մարդուն միտքը։

Անկենդան մարմիններ, զոր օրինակ՝ քարը, միայն արտաքին ազդեցութիւններու ենթակայ է, բայց ներքնապէս չի փոխուիր, միայն կը մաշի, կը ձեւափոխուի, բայց ներքնապէս որեւէ փոփոխութիւն չի կրեր, չի շարժիր ինքն իրեն։ Իսկ բոյսերը, զոր օրինակ՝ ծառ մը, անբացատրելի, անիմանալի «բան» մը ունի իր մէջ՝ կեա՛նք, որ կ՚աճի, կը բարեշրջի, կը բողբոջի, կը ծաղկի եւ պտուղ կ՚արտադրէ։ Այս արդիւնքը յառաջ բերելու եւ իր գոյութեան նպատակին ծառայելու համար ծառը կը կարօտի ինչպէս արեւին շողերուն, ջերմութեան եւ ցօղին շունչին, նոյնպէս ալ անձրեւի տարափին եւ հովին հարուածներուն։

Եւ ծառը՝ այս բոլորին ազդեցութեան տակ է որ տկար ծիլը կը ծառանայ, արմատ կը կապէ, գետնէն վե՛ր կ՚ելլէ եւ վերջ ի վերջոյ համեղ պտուղը դուրս կու տայ։ Փոքր հունտի մը ծառի մը վերածուիլը հրաշք մը չէ՞։ Եւ պտուղ տալը ծառին վերջնագոյն կոչումն է։ Եւ մարդուս ծնունդը՝ ի՜նչ հրաշք, ի՜նչ սքանչելիք եւ մարդկային ուժերը եւ իմացականութիւնը գերազանցող երեւոյթ…

Ահաւասի՛կ, բոլոր այս իրողութիւններուն անդրադառնալ եւ իմաստաւորել զանոնք՝ կեանքի կրթութիւնն իսկ է։

Կրթութիւն, իր լայնագոյն առումով կը նշանակէ՝ ներսէն փոխուիլ, դուրս բերել կեանքի ծածուկ ուժերը եւ արտադրել «նկարագրի մարդ»ը եւ պտուղ տալ՝ անձնուիրութեան եւ ծառայասիրութեան քաղցր պտուղները՝ որոնցմով սրտեր ուրախանան, սրտաբեկներ մխիթարուին, ցաւեր ամոքուին եւ կեանքեր փրկուին…

Եւ ահա՛, այս է կեանքի կրթութիւնը։

Մարդ կ՚ապրի ո՛չ թէ ստացուածքի տէր ըլլայ, ո՛չ թէ զանոնք վայելէ միայն, այլ որպէսզի կրթուի, զարգանայ, ազնիւ հոգի ունենայ, այսինքն՝ «մա՛րդ ըլլայ»՝ ազնուական, անձնանուէր մարդ։

Կեանքի այս կրթութիւնը ստանալու համար, սակայն, ցաւին, տառապանքին դպրոցը պէտք է մտնել, կեանքի նեղութիւններու, դժուարութիւններու հանդիպիլ, պայքարիլ, քաջ ըլլալ, որովհետեւ ինչպէս հովը եւ փոթորիկը ծառին հարուածելով տերեւները կը թափեն, բայց անոր արմատները կը խորացնեն, այնպէս ալ զանազան ցաւեր եւ նեղութիւններ մարդս կը զօրացնեն եւ «հասո՛ւն մարդ» կ՚ընեն։

Մարդուս համար ժպիտն ալ պէտք է, դառնակոծն ալ, որովհետեւ կեանքը ա՛ս է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 21, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2024