ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէ­կուան Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ հե­տե­ւեալ պատ­գա­մով, զոր կը ներ­կա­յաց­նենք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծե­լով։

«Իսկ ե­թէ նա­խա­տի­ցի՛ք եւս վասն ա­նուանն Քրիս­տո­սի, ե­րա­նե­լի՛ էք, զի …Աս­տու­ծոյ Հո­գին ի վե­րայ ձեր հան­գու­ցեալ է»

(Ա ՊԵՏ. Դ 14)

Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ հա­ւա­տա­ցեալ եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր,

Աս­տուա­ծաշն­չեան Ա­րա­րա­տի հա­յեաց­քին ներ­քեւ, Քրիս­տո­սա­կա­ռոյց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի այս նուի­րա­կան սրբա­վայ­րին մէջ այ­սօր միաս­նա­կան ա­ղօթ­քով փառք կը վե­րա­ռա­քենք Ա­մե­նա­զօր Աս­տու­ծոյ իր բո­լոր պար­գեւ­նե­րուն հա­մար։ Կը փա­ռա­բա­նենք Երկ­նա­ւո­րը, որ զօ­րու­թիւն տուաւ մեր ազ­գին՝ իր դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան փոր­ձու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիրք­նե­րէն վեր յառ­նե­լու, իր նոր կեան­քի յաղ­թա­նակ­ներն ու ձեռք­բե­րում­նե­րը կեր­տե­լու։ Կ՚օրհ­նա­բա­նենք Տէ­րը, որ վասն հա­ւա­տոյ եւ վասն հայ­րե­նեաց նա­հա­տա­կուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան վկա­նե­րը կը թա­գադ­րէ սրբու­թեան պսա­կով ու ա­նոնց բա­րե­խօ­սու­թեամբ կը հե­ղէ մեր կեան­քին Իր անս­պառ ո­ղոր­մու­թիւն­նե­րը։

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դժնդակ տա­րի­նե­րուն մեր ժո­ղո­վուր­դի մի­լիո­նա­ւոր զա­ւակ­ներ ծրագ­րուած կեր­պով տե­ղա­հա­նուե­ցաւ եւ ջար­դի են­թար­կուե­ցան, ան­ցան հու­րի ու սու­րի մի­ջով, ճա­շա­կե­ցին տան­ջանք­նե­րու ու վշտի դառն պտուղ­նե­րը, սա­կայն սոս­կա­լի նե­ղու­թիւն­նե­րու մէջ, մա­հուան յան­դի­ման մնա­ցին Քրիս­տո­սի սի­րով զօ­րա­ցեալ՝ բե­րե­լով վկա­յու­թիւ­նը ան­սա­սան հա­ւատ­քի՝ հա­մա­ձայն ա­ռա­քե­լա­ւանդ խօս­քի. «Իսկ ե­թէ նա­խա­տուիք ալ Քրիս­տո­սի ա­նուան հա­մար, ե­րա­նե­լի էք, քա­նի որ… Աս­տու­ծոյ հո­գին կը հանգ­չի ձեր վրայ»։

Քրիս­տո­սին նա­հա­տա­կու­թեամբ վկա­յե­լը ըն­դե­լու­զուած է մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին։ Սրբու­թեան, ա­ռա­քի­նու­թեան, անձ­նուի­րու­մի, հո­գե­ւոր սխրան­քի բա­զում վկա­յու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րուած են նաեւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ող­բեր­գա­կան տա­րեգ­րու­թեան մէջ։ Քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի հա­մար հա­լա­ծուող հա­յոր­դին ա­ղօթ­քով ան­ցած է նա­հա­տա­կու­թեան ճա­նա­պար­հը, իսկ զայն ան­դուլ դա­ժա­նու­թեամբ հա­լա­ծո­ղը կար­ծած է, թէ ի սպառ ար­մա­տա­խիլ կ՚ը­նէ Քրիս­տո­սի հան­դէպ սէ­րը հա­յու կեան­քէն։ Յի­սուս Քրիս­տո­սի հա­մար նա­հա­տակ հա­յոր­դիի ա­րիւ­նը ան­խախտ հա­ւատ­քի ու ազ­գա­սի­րու­թեան դրոշ­մը դրած է ա­նա­պա­տի ա­ւազ­նե­րուն, մինչ­դեռ ե­ղեռ­նա­գոր­ծը կար­ծած է, թէ հա­յը ան­հետ կը կոր­չի պատ­մու­թեան հող­մե­րուն մէջ։ Քրիս­տո­սա­նուի­րու­մի եւ հայ­րե­նեաց սի­րոյ նոյն այդ ո­գիով մեր ժո­ղո­վուր­դը հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին իր կեան­քը վե­րա­կեր­տած է աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րուն, վե­րած­նունդ ապ­րած Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ մո­խիր­նե­րէն յառ­նած իր պե­տու­թեան հո­վա­նիին ներ­քեւ։ Վե­րել­քի իր ու­ղին մեր ժո­ղո­վուր­դը կեր­տած է զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով, մա­քա­ռու­մով, մարդ­կա­յին խղճի եւ ի­րա­ւուն­քի առ­ջեւ իր ար­դար դա­տը բարձ­րա­ձայ­նե­լու ջան­քե­րով՝ միշտ ա­ղօթ­քով յի­շե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բիւ­րա­ւոր վկա­նե­րը։

Նա­հա­տա­կու­թեան պատ­մու­թիւ­նը պարզ փաս­տե­րու ու դէպ­քե­րու շա­րադ­րանք մը չէ միայն, ան մեր առ­ջեւ պարզուող հա­ւատ­քի ճշմար­տու­թիւնն է, ո­րուն յան­դի­ման ան­զօր են հա­լա­ծանքն ու ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան խար­դա­ւանքն ու դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Նա­հա­տա­կու­թիւ­նը մարդ­կա­յին կեան­քը եւ պատ­մու­թիւ­նը կը կա­պէ ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր, երկ­նա­յին ի­րո­ղու­թեան մը հետ, զոր կ՚ար­դա­րաց­նէ ժա­մա­նա­կը եւ կը ծա­ւա­լուի դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն՝ ըստ տէ­րու­նա­կան խոստ­ման. «Մի երկն­չիր այն բա­նին հա­մար, որ պի­տի չար­չա­րուիս.  …ե­ղիր հա­ւա­տա­րիմ մին­չեւ մահ, եւ Ես քե­զի կեան­քի պսա­կը պի­տի տամ» (ՅԱՅՏՆ. Բ 10)։ Ք­րիս­տո­սին վկա­յած մեր նա­հա­տակ­նե­րը մեր հո­գիի հա­յեաց­քը երկ­նա­յին ի­րո­ղու­թիւն­նե­րէն կը բարձ­րաց­նեն դէ­պի երկ­նա­յին կեանք, հո­գե­ւոր զուար­թու­թիւն պար­գե­ւե­լով ա­նոնց բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը հայ­ցող­նե­րուս եւ քա­ջա­լե­րե­լով Տի­րոջ ա­պա­ւի­նե­լու, փոր­ձու­թիւն­նե­րու յան­դի­ման չերկն­չե­լու, եւ տէ­րու­նաշ­նորհ կեան­քը ապ­րե­լու հա­ւատ­քի, յոյ­սի եւ սի­րոյ գոր­ծե­րով։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րը այ­սօր երկն­քի ար­քա­յու­թեան լու­սե­ղէն օ­թե­ւան­նե­րուն մէջ մար­տի­րո­սու­թեան պսա­կով զար­դա­րուած՝ ար­դա­րու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան հո­վա­նա­ւոր սուր­բեր են, ո­րոնց բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը եր­կին­քէն Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մու­թեան եւ շնորհ­նե­րու աղ­բիւ­րը կը բա­նայ այն­տեղ, ուր կը տկա­րա­նայ ար­դա­րու­թիւ­նը, կը խախ­տուին խա­ղա­ղու­թեան ան­դորրն ու ա­պա­հո­վու­թիւ­նը, ուր կ՚ոտ­նա­հա­րուին մար­դոց եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը, սպառ­նա­լիք­ներ կը յառ­նեն ընդ­դէմ հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­րօր կե­ցու­թեան, կը մո­լեգ­նեն հա­լա­ծանք­ներ հա­ւատ­քի եւ ինք­նու­թեան դէմ։

Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ, մենք բո­լորս այ­սօր ա­կա­նա­տեսն ենք մեր պատ­մու­թեան հո­գե­ւոր վե­րա­փոխ­ման, ո­րուն մաս­նա­կից ենք թէ՛ հա­ւա­քա­բար եւ թէ ան­հա­տա­բար։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու Սրբա­դա­սու­մը կեն­դա­նա­րար նոր շունչ, շնորհ եւ օրհ­նու­թիւն կը բե­րէ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին մեր կեան­քին մէջ։ Մենք կը հա­ւա­տանք, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի հզօր նոր վե­րած­նուն­դի պսա­կը կը հիւ­սենք՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րը սրբա­դա­սե­լով։ Մեր սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը այ­լեւս ոչ թէ զո­հի ու ննջե­ցեա­լի հո­գե­հանգս­տեան ա­ղօթք է, այլ՝ յաղ­թա­նա­կած ու նա­հա­տա­կու­թեան ա­րեամբ սրբա­գոր­ծուած ան­մար­մին զի­նուոր­նե­րու յաղ­թա­կան օրհ­ներ­գու­թիւ­նը։ Այ­սօր մեր սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու հա­ւատ­քի եւ հայ­րե­նեաց սի­րոյ ջեր­մե­ռանդ ո­գին կը տա­րա­ծուի Տէր Զօ­րէն մին­չեւ Սուրբ Էջ­միա­ծին եւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ կեան­քի վե­րած­նուած ան­դաս­տան­ներ՝ զօ­րաց­նե­լով ապ­րե­լու ան­խախտ հա­ւատ­քով, մեր կեան­քի վե­րա­զար­թօն­քի պայ­ծառ տե­սիլ­քով, եւ մեր ար­դար դա­տի պաշտ­պա­նու­թեան ա­ներկ­բայ կեան­քով։ Այ­սօր աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րուն մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­ղօթք­նե­րը միա­հիւ­սուած են ա­ղօթք­նե­րուն սրբա­զան այս ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը՝ Ա­ռա­ջին տիկ­նոջ հետ, Մեր հո­գե­ւոր եղ­բայր Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը, ի Քրիս­տոս մեր սի­րե­ցեալ եղ­բայր­նե­րը՝ հո­գե­ւոր պե­տեր եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, Հայ Կա­թո­ղի­կէ եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բարձ­րա­պա­տիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, հա­յոց եւ բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու պե­տա­կան այ­րեր, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեր սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու բա­րե­խօ­սու­թեան անդ­րա­նիկ հայ­ցով այ­սօր մեր ա­ղօթ­քը վե­րա­ռա­քենք առ Աս­տուած,

որ­պէս­զի Իր օրհ­նու­թեան ներ­քեւ անխ­ռով պահ­պա­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դը եւ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը,

- որ­պէս­զի յա­գե­նայ ար­դա­րու­թեան ծա­րա­ւի հո­գին մեր ժո­ղո­վուր­դի,

- որ­պէս­զի աս­տուա­ծա­յին ո­ղոր­մու­թեամբ ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան շո­ղե­րը փայ­լա­տա­կեն աշ­խար­հի վրայ ու ցրեն մարդ­կու­թեան կեան­քը ա­լե­կո­ծող ո­ճիր­նե­րու եւ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու խա­ւա­րը, եւ եղ­բայ­րու­թեան ու հա­մե­րաշ­խու­թեան մէջ մարդ­կու­թիւ­նը կեր­տէ իր բա­րօր ու եր­ջա­նիկ կեան­քը։

Թող սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու բա­րե­խօ­սու­թեամբ մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի շնոր­հը, սէ­րը եւ ո­ղոր­մու­թիւ­նը ըլ­լան ձե­զի հետ եւ ա­մէն­քին՝ այ­սօր եւ միշտ. ա­մէն։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015