ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ

Խա­չե­լու­թե­նէն եւ Յա­րու­թե­նէն յե­տոյ Քրիս­տո­սի պա­րապ գե­րեզ­մա­նը եւ Խա­չը՝ Քրիս­տո­սէ մնա­ցած տե­սա­նե­լի ա­ռար­կա­նե­րէն էին, եւ ա­նոնց վրայ կեդ­րո­նա­ցաւ քրիս­տո­նեա­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը, յար­գանքն ու հո­գա­ծու­թիւ­նը, քա­նի որ Աս­տուա­ծու­թեան լրիւ ամ­բող­ջու­թիւ­նը ա­նո՛ր մէջ հա­ճե­ցաւ բնա­կիլ եւ ա­նո՛վ հաշ­տեց­նել ա­մէն ինչ իր հետ՝ խա­ղա­ղու­թիւն ը­նե­լով խա­չի վրայ թա­փած իր ա­րիւ­նով ե՛ւ երկ­րի վրայ, ե՛ւ եր­կին­քի մէջ ե­ղած­նե­րու հա­մար։ Այս­պէս խա­չը հան­դի­սա­ցաւ ան­բա­ժա­նե­լի խորհր­դա­նի­շը փրկու­թեան, ա­մէն ա­նոնց հա­մար՝ որ հա­ւա­տա­ցին ա­նոր զօ­րու­թեան։

Ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ Հռո­մի Կլավ­դիոս կայ­սեր (41-54 թուա­կան­ներ) կի­նը՝ Պատ­րո­նի­կէ, որ քրիս­տո­սեայ մըն էր, Ե­րու­սա­ղէմ ուխ­տագ­նա­ցու­թեա­նը ա­տեն կը հան­դի­պի այդ ժա­մա­նա­կի Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­ռա­ջին ե­պիս­կո­պոս Տեառ­նեղ­բայր Յա­կո­բոս ա­ռա­քեա­լին։ Կայս­րու­հին կը փա­փա­քի տես­նել Քրիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նը, խա­չա­փայ­տը եւ Գող­գո­թան, սա­կայն Յա­կո­բոս ա­ռա­քեա­լէն կը տե­ղե­կա­նայ, թէ հրեա­նե­րը Քրիս­տո­սի խա­չը, Ա­նոր հետ խաչ բարձ­րա­ցուած եր­կու ա­ւա­զակ­նե­րու խա­չե­րուն հետ, ծած­կած էին հո­ղով՝ հսկե­լով ու ար­գի­լե­լով մօ­տե­նալ ա­նոնց։ Պատ­րո­նի­կէ կայս­րու­հիի մի­ջամ­տու­թեամբ սուրբ խա­չե­րը կը հա­նուին հո­ղի տա­կէն եւ ո­րո­շե­լու հա­մար, թէ ո՛րն է Քրիս­տո­սի­նը՝ ա­նոնց կը մօ­տեց­նեն մա­հա­ցած աղջ­կան մը մար­մի­նը։ Վեր­ջի­նը, Քրիս­տո­սի խա­չին հպու­մով կը կեն­դա­նա­նայ։ Յա­կո­բոս ա­ռա­քեալ - Տեառ­նեղ­բայր, բո­լո­րին ի տես եւ ի մխի­թա­րու­թիւն, խա­չը կը բարձ­րաց­նէ Ե­րու­սա­ղէ­մի տա­ճա­րին մէջ, եւ ըստ ա­ւան­դու­թեան, այդ ա­ռի­թով կ՚եր­գէ. «Խա­չի Քո, Քրիս­տոս, եր­կիր­պա­գա­նեմք» (Շա­րա­կա­նը)։­

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թեան մէջ սա ա­ռա­ջին դէպքն է, երբ խա­չը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս կը կանգ­նե­ցուի՝ փա­ռա­ւո­րուե­լով հա­ւա­տա­ւոր զա­ւակ­նե­րու կող­մէ։ Ա­նոնց­մէ շա­տե­րը վկա­նե­րը կ՚ըլ­լան նաեւ Խա­չա­փայ­տի վրայ շո­ղա­ցող պայ­ծառ լոյ­սի։ Պատ­րո­նի­կէ կայս­րու­հիի խնդրան­քով Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր ա­նոր կը նուի­րէ խա­չէն մաս մը, զո­ր կայս­րու­հին կը տա­նի Հռոմ։ Նուի­րա­կան խա­չա­փայ­տի այս մա­սուն­քը հե­տա­գա­յին կ՚անց­նի ա­նոր ազ­գա­կան­նե­րուն՝ ազ­գա­կա­նու­հի Հռիփ­սի­մէին, որ եւ իր հետ կը բե­րէ Հա­յաս­տան։

Կլավ­դիոս կայ­սեր եւ Պատ­րո­նի­կէի մա­հէն յե­տոյ հրեա­նե­րը կը սպան­նեն Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայ­րը եւ Քրիս­տո­սի խա­չը միւս խա­չե­րուն հետ կը թա­ղեն Գող­գո­թա­յի մօտ տեղ մը, վրան աղբ կը կու­տա­կեն՝ այդ վայ­րը աղ­բա­նո­ցի վե­րա­ծե­լով։

313 թուա­կա­նին՝ Կոս­տան­դիա­նոս Մեծ Կայ­սեր (305-337 թթ.) Մի­լա­նի հրո­վար­տա­կով քրիս­տո­նէու­թիւ­նը կը ստա­նայ ա­զա­տօ­րէն դա­ւա­նուե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն։ Կայ­սեր մայ­րը՝ Հե­ղի­նէն 327 թուա­կա­նին կու գայ Ե­րու­սա­ղէմ, եւ մեծ ջան­քեր գոր­ծադ­րե­լով, կը ցան­կայ գտնել Քրիս­տո­սի խա­չը։ Խա­չա­փայ­տին տե­ղը յայտ­նի էր միայն Յու­դա ա­նու­նով հրեա­յի մը, որ իր նախ­նի­նե­րուն գրա­ւոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րէն գի­տէր խա­չե­րու թաղ­ման վայ­րը։

Նախ ընդ­դի­մա­նա­լով, վեց օր ցամ­քած ջրհո­րի մը յա­տա­կը ա­նօ­թի մնա­լէ յե­տոյ, ան, ի վեր­ջոյ ցոյց կու տայ խա­չե­րու թաղ­ման տե­ղը։ Փո­րե­լով՝ ա­նոնք կը հա­նեն աղ­բի տա­կէն՝ 20 թիզ խո­րու­թե­նէն, գտնուե­լով իսկ Պի­ղա­տո­սի հրա­մա­նով Յի­սու­սի գլխուն վրայ ամ­րա­ցուած ե­ռա­լե­զու տախ­տա­կը՝ ո­րը սա­կայն պո­կուած՝ ան­ջա­տուած խա­չէն։

Եւ դար­ձեալ Քրիս­տո­սի խա­չը կ՚ո­րո­շուի հրաշ­քի մը շնոր­հիւ։ Խա­չա­փայ­տի հպու­մով կը վե­րա­կեն­դա­նա­նայ մե­ռած պա­տա­նի մը եւ հի­ւան­դու­թե­նէն կը բժշկուի մա­հա­մերձ կին մը։

Այդ հրաշք­նե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ շա­տեր Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը կ՚ըն­դու­նին, ո­րոնց մէջ կը գտնուի նաեւ Յու­դան, որ հե­տա­գա­յին կը նա­հա­տա­կուի Քրիս­տո­սի ա­նուան հա­մար։

Հե­ղի­նէ թա­գու­հիի կող­մէ 335 թուա­կա­նին Գող­գո­թա­յի վրայ կը կա­ռու­ցուի Սուրբ Յա­րու­թիւն տա­ճա­րը, ուր եւ կը կանգ­նեց­նէ Քրիս­տո­սի խա­չը՝ զայն հան­դի­սա­ւո­րա­պէս փա­ռա­ւո­րուե­լով ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ։

Փրկչա­կան խա­չի գիւ­տի յի­շա­տա­կը Հա­յոց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նէ Հոկ­տեմ­բեր 26-ին մեր­ձա­կայ Կի­րա­կի օր։

Ար­դա­րեւ խա­չը՝ որ ան­ցեա­լի մէջ հա­մա­րուած էր դա­տա­պար­տու­թեան գոր­ծիք, պատ­ճառ կը դառ­նայ փրկու­թեան, քա­նի որ Փրկի­չը ա­նոր վրայ բե­ւե­ռուե­լով մա­հա­ցաւ։

Ուս­տի խա­չը ամ­բողջ ամ­փո­փումն է, խտա­ցու­մը Քրիս­տո­նէու­թեան, Ա­ւե­տա­րա­նին, եւ մա­նա­ւանդ խորհր­դա­նի­շը ա­նոր։

Թէ ին­չո՞ւ։

Յի­սուս, Ի՛նք ը­սաւ, թէ՝ նե­ղու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան այս աշ­խար­հի վրայ, բայց պէտք է քա՛ջ ըլ­լալ, ինչ­պէս Ի՛նք յաղ­թեց աշ­խար­հին։

Եւ ի­րա­պէս խա­չը կը խորհր­դան­շէ կեան­քի նե­ղու­թիւն­նե­րը, ցա­ւը, վիշ­տը, տա­ռա­պան­քը, տան­ջանքն ու չար­չա­րան­քը, բայց նաեւ կը խոս­տա­նայ փրկու­թիւ­նը, յաղ­թու­թիւ­նը ա­մէն ա­նոնց՝ որ քա՛ջ են, կը վստա­հին, կ՚ա­պա­ւի­նին խա­չին զօ­րու­թեան։ Ան որ կը հա­ւա­տայ, որ­քան ալ չար­չա­րան­քի են­թար­կուի, ի վեր­ջոյ կը փրկուի, յաղ­թա­կան դուրս կու գայ։

Ու­րեմն խա­չը մե­զի ցոյց կու տայ Ա­ւե­տա­րա­նի ու­սուց­ման ամ­փո­փու­մը։

Խա­չը նաեւ եր­կին­քի բե­ւեռ­ներն է եւ երկ­րի հաս­տա­տու­թիւ­նը։ Խա­չը ճշմար­տու­թիւն է եւ ճշմար­տու­թեան ճամ­բան եւ ու­ղե­ցոյ­ցը, բա­ցատ­րա­գի­րը։ Խա­չը քա­րո­զու­թիւն է եւ դա­ւա­նու­թի՜ւն։

Ճշմար­տու­թիւ­նը գիտ­նա­լու հա­մար պէտք է բարձ­րա­նալ՝ վե­րէն դի­տել ի­րո­ղու­թիւն մը, ա­պա խո­րը թա­փան­ցել՝ ներ­գոր­ծել, խոր ըմբռ­նել, յե­տոյ տա­րա­ծուիլ եւ ըն­դար­ձակ, եր­կու կող­մե­րէն դի­տել…։

Եւ բո­լոր այս շար­ժում­նե­րը՝ վե­րը, վա­րը, եր­կու կող­մե­րը, մե­զի կը ներ­կա­յաց­նեն խա­չին ձե­ւը։ Ու­րեմն խա­չը մե­զի ցոյց կու տայ ճշմար­տու­թիւ­նը գտնե­լու ձե­ւը, ճամ­բա՛ն։

Խա­չը, ար­դա­րեւ բո՛ւն իսկ կեանքն է՝ կեան­քի ծառն է եւ ան­մա­հու­թեան պտու­ղը։

Խա­չը Քրիս­տո­սի փառքն է եւ քրիս­տո­նեա­յին պար­ծան­քը։ Ան գե­րեզ­ման­նե­րու կնիքն է եւ կեան­քի յա­րու­թիւ­նը՝ ան­մա­հու­թի՜ւ­նը։

Ուս­տի խա­չը խոր­հուրդ մըն է, ո­րուն պէտք է թա­փան­ցէ ա­մէն հա­ւա­տա­ցեալ, ո­րուն պէտք է գի­տակ­ցի ա­մէն հա­ւա­տա­ւոր։ Քա­նի որ ան ծե­րե­րու ամ­րու­թեան ցուպն է եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ի­մաս­տու­թեան գա­ւա­զա­նը։

Խա­չը հո­գե­ւոր զէնք մըն է՝ զօ­րու­թիւն, ա­պա­ւէն, ա­պաս­տան եւ պատս­պա­րան թշուա­ռա­կան­նե­րու, վշտա­բեկ­նե­րու, վիշ­տի հա­ր-ւա­ծին են­թար­կուած­նե­րու։ Խա­չը Քրիս­տո­սի կա­րա­պետն է եւ յա­րու­թեան հրա­ւէ՛­րը։

Խա­չը ան­հա­ւատ­նե­րու հա­մար կու­րու­թիւն է, իսկ հա­ւա­տա­ցող­նե­րու հա­մար՝ զօ­րու­թի՛ւն։

Մէկ խօս­քով, սի­րե­լի­նե՜ր, խա­չը կեա՛նք է։

Խա­չը՝ բազ­կա­տա­րած մեզ ող­ջա­գու­րե­լու պատ­րաստ ա­զա­տա­րա՛րն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 22, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2015