ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ՝ ԴՐԱՄԻՆ ԲՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ - Բ -

Ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե՜ր, ա­նար­դա­րու­թիւն­նե՜ր, ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե՜ր շատ ան­գամ կը վե­րագ­րուին դրա­մին, բայց ի՜նչ կրնայ ը­նել դրա­մը ինք­նին, կրնա՞յ բա­րի ըլ­լալ երբ զինք գոր­ծա­ծո­ղը չա՛ր է, եւ մո­լո­րած…։

Դրա­մը ինք­նին՝ ան­կեն­դան, չէ­զոք ա­ռար­կայ մըն է միայն, զայն շարժ­ման մէջ դնո՛ղն է իս­կա­կան պա­տաս­խա­նա­տուն։ Ուս­տի երբ քննուի մար­դիկ եւ ա­ռար­կա­ներ, ի­րեր, պի­տի տես­նուի որ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը գտնուին ա­նոնց մէջ։ Եւ ա­ռար­կան շարժ­ման մէջ պա­հո­ղը մա՛րդն է, ա­ռար­կան կը գոր­ծէ գոր­ծա­ծո­ղին հա­մե­մատ, ա­նոր ուղ­ղու­թեամբ։ Մարդ երբ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ կը շար­ժի եւ կը գոր­ծէ ա­ռար­կան, զոր օ­րի­նակ դրա­մը, այն ա­տեն ա­ռար­կան օգ­տա­կար է, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին՝ վնա­սա­կա՛ր։

Դրա­մը, ա՜հ, աղ­քա­տին ար­ցունք­նե­րո­վը եւ ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու քրտին­քո­վը աղ­տո­տած այդ գար­շե­լի՜ մե­տա՜­ղը… կը խոր­հին, պի­տի մտա­ծեն շա­տեր, ա՞յդ պէտք էր ըլ­լար մի­թէ բա­րե­պաշ­տիկ խո­կում­նե­րու ա­ռար­կան, նիւ­թը երբ ան­դին Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թեան խոր­հուր­դը կամ մար­դուն ճա­կա­տագ­րին գաղտ­նի­քը կայ՝ բա­ցատ­րու­թեան ա՛յն­քան կա­րօտ, եւ կամ հան­դեր­ձեա­լին ե­րա­նա­ւէտ յոյ­սե­րը՝ նկա­րագ­րու­թեան ա՛յն­քան ըն­դուակ, երբ հա­ւատ­քը թե­ւեր կու տայ մե­զի՝ երկ­նա­յին ան­սահ­ման բարձ­ունք­նե­րուն եւ վեհ բարձ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­նա­լու, ի՛նչ հարկ սո­ղոս­կե­լու երկ­րա­քարշ ստոր­նու­թիւն­նե­րու մէջ։

Ո՛վ որ, սի­րե­լի­ներ, այս­պէս կը խոր­հի, շա՜տ կը սխա­լի՛, այն­պի­սին ինք­զինք կը խա­բէ նախ, եւ ա­պա դի­մա­ցի­նը։

Դրա­մը՝ հարս­տու­թիւ­նը՝ ինչ­քե­րու եւ ըս-տա­ցուած­քի ա­ռա­տու­թիւ­նը այն­քան ա­նարգ չէ՛ եւ ան­գոս­նե­լի ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը, ո՛ր­քան կ՚ու­զեն ցոյց տալ մե­զի պայ­մա­նագ­րեալ բա­րե­պաշ­տու­թեան մը բա­նա­ձե­ւուած վճիռ­նե­րը։ Ար­դա­րեւ դրա­մին սէ­րը խո­րունկ եւ հա­սա­րա­կաց զգա­ցում մըն է բո­լոր մար­դոց սիր­տե­րուն մէջ, ա­մէ­նու­րեք։ Փնտռե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­ներ, թէ ո՛ւր չի գտնուիր ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Ե­կե­ղե­ցի՛ն ալ պէտք ու­նի ա­նոր, չէ՞ որ գան­ձա­նակ­նե­րու եւ պնակ­նե­րու մէջ դրամ կը ձգուի, չէ՞ որ Ե­կե­ղե­ցիին ի նպաստ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ կ՚ըլ­լան եւ հա­ճոյ­քով կ՚ըն­դու­նի զայն Ե­կե­ղե­ցին…։

Կէօ­թէ կ՚ը­սէ, թէ ա­մե­նաըն­դար­ձակ ստա­մոք­սը Ե­կե­ղե­ցին ու­նի՝ ի՛նչ որ տաս, կ՚ըն­դու­նի։ Ու­րեմն դրա­մը ա­մէն տեղ պա­հանջք մըն է, նոյն­պէս հո­գե­ւոր մար­զի մէջ ալ։ Ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած է։

Դրամ՝ ա­մէն ե­րազ­նե­րու խո­րը, դրամ՝ ա­մէն աս­պա­րէզ­նե­րու ծայ­րը՝ դրա՛մ. ա­մէն պա­տիւ­նե­րու կա­տա­րը…։

Օ­դին դէմ պա­տե­րազ­մո­ղի զրա­ջան յոգ­նու­թիւ­նը կը ստանձ­նեն ա­նոնք, որ կ՚ու­զեն փրցնել խլել դրա­մին սէ­րը մար­դուն սրտէն, աշ­խար­հի տէ՛րն է այն. ա­մէն ինչ է մարդ՝ երբ ու­նի զայն, եւ ո՛­չինչ է՝ երբ չու­նի զայն։ Հայր, մայր՝ ազ­գա­կից, բա­րե­կամ եւ հե­ռա­ւո՜ր պա­րա­գա՛յ մը իսկ չու­նե­ցող ան­տէ­րունջ, ան­պաշտ­պան, ա­նոք որ­բը՝ երբ ու­նի դրամ կամ ինչք, հեգ­նոտ զուար­թու­թեամբ մը կը դի­մա­կա­լէ բախ­տին ա­նա­գո­րոյն խա­ղե­րուն, մինչ ան­դին՝ բազ­ման­դամ ազ­գա­տոհ­մի մը եր­ջա­նիկ շա­ռա­ւի­ղը՝ գգուանք­նե­րու եւ համ­բոյր­նե­րու մէջ մեծ­ցած պա­տա­նին՝ որ­բի մը տխրու­թեամբ կը հիւ­ծի երբ չի տես­ներ իր ա­պա­գան՝ ա­պա­հո­ված դրա­մի կամ ստա­ցուած­քի ո­րե­ւէ ժա­ռան­գու­թեամբ։ Դրա­մը լու­ծո՛ւմն է «կեան­քի հա­նե­լուկ»ին, բա­նա­լին՝ ա­նոր ա­մե­նէն կնճռոտ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ ար­գելք­նե­րուն։

Մե­ծա­մեծ­նե՜ր իր առ­ջեւ խո­նար­հեց­նող, բազ­մու­թիւն­նե՜ր շարժ­ման մէջ դնող, ազ­գե­րու մէջ բա­րե­կա­մու­թեան, հաշ­տու­թեան կամ ա­տե­լու­թեան, հա­կա­ռա­կու­թեան սերմ ցա­նող, ա­մե­նէն ան­հա­մա­ձայն նկա­րագ­րի տէր ան­ձեր ի­րա­րու մօ­տեց­նող մո­գա­կան զօ­րու­թի՛ւն մըն է դրա­մը՝ ո­րուն առ­ջեւ շատ ան­գամ ա­մէն սկզբունք կը տկա­րա­նան…։

Ե­կե­ղե­ցին մեր­ժած է «դրա­մա­տի­րու­թեան» գոր­ծե­լա­կեր­պին պատ­կա­նող «ան­հա­տա­պաշ­տու­թիւն»ը եւ «շու­կա­յի օ­րէնք»ին բա­ցար­ձակ գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը մարդ­կա­յին աշ­խա­տան­քին վրայ։ Մի­միայն կեդ­րո­նա­ցած ծրագ­րա­ւո­րու­մի մի­ջո­ցով տնտե­սու­թեան կա­նո­նա­ւո­րու­մը իր հի­մէն կը զեղ­ծա­նէ ըն­կե­րա­յին կա­պե­րը. մի­միայն «շու­կա­յի օ­րէնք»ին հա­մե­մատ ա­նոր կա­նո­նա­ւո­րու­մը եւ կազ­մա­ւո­րու­մը թե­րա­ցո՛ւմ է ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան դէմ, քա­նի որ մարդ­կա­յին բազ­մա­թիւ կա­րիք­ներ կան, ո­րոնք գո­հա­ցում չեն կրնար գտնել միայն շու­կա­յով։ Հարկ է յանձ­նա­րա­րել շու­կա­յին եւ տնտե­սա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն խո­հա­կան ու բա­նա­ւոր կա­նո­նա­ւո­րում մը, ըստ ար­ժէք­նե­րու ար­դա՛ր դա­սա­ւո­րու­մին եւ ի շահ հա­սա­րա­կաց ընդ­հա­նուր բա­րի­քին…։

«Սի­մո­նա­կա­նու­թիւն»ը կա­րե­լի է սահ­մա­նել՝ իբ­րեւ գնու­մը կամ վա­ճառ­քը «հո­գե­ւոր ի­րա­կա­նու­թիւն»նե­րու։ Սի­մոն մո­գը կ՚ու­զէր գնել այն հո­գե­ւոր զօ­րու­թիւ­նը՝ զոր գոր­ծադ­րուած կը տես­նէր ա­ռա­քեալ­նե­րուն կող­մէ։ Պետ­րոս ա­նոր կը պա­տաս­խա­նէ.

«Կոր­սուի՛ դրամդ եւ դո՛ւն ալ հե­տը, քա­նի որ կար­ծե­ցիր դրա­մով գնել Աս­տու­ծոյ պար­գե­ւը» (ԳՈՐԾ. Ը 20)։ Պետ­րոս կը հե­տե­ւի Յի­սու­սի խօս­քին. «Ձրի ա­ռի՛ք, ձրի ալ տուէք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 18, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015