ԿԵԱՆՔԸ ԱՊՐԻԼ

Աշխարհի վրայ զանազան գոյութիւններ կան։ Ասոնցմէ ոմանք «հոգի» ունին, կենդանի են եւ կ՚ապրին։ Ամբողջ տիեզերքը լեցուն է աստղերով երկնային լուսաւոր մարմիններով։ Կարելի է հարցնել. աստղերը կ՚ապրի՞ն եւ կամ ժայռեր, խոտեր, բոյսեր կ՚ապրի՞ն։ Ապրիլ կը նշանակէ կեանք ունենալ՝ ողջ, շարժուն ըլլալ, տեւական բարեփոխութեան մէջ ըլլալ։ Այս բարեփոխութիւնը ո՛չ թէ արտաքին ազդեցութիւններով, այլ ինքն իրմէ երբ կը կատարուի՝ այդ մէկը կեանք ունի, կ՚ապրի եւ կենդանի է։

Որեւէ գոյութեան մը համար կ՚ապրի կամ ո՛չ, ըսելու համար չափանիշը՝ սննդառութիւնն է։ Ան որ սնունդ կ՚առնէ, կը սնանի գոյատեւելու համար, ան կ՚ապրի։ Զոր օրինակ, բոյսը արեւի լոյսը կը ծծէ, ներս կը քաշէ եւ անձրեւի ջուր կը ներմուծէ։ Բոյսը ջուրով, օդով եւ լոյսով կը սնանի։ Եւ սնանելով՝ կը հասուննայ, կը բարեփոխուի։ Բայց բոյսը «հոգի» ունի՞։ Ինչպէս աւելի վերը անդրադարձանք, իր յատուկ իմաստով, ընդհանրապէս հոգի ունեցող էակը միայն մա՛րդն է, իր զգացումներով եւ բանականութեամբ։ Բոյսը կ՚ապրի եւ կ՚աճի, կը հասուննայ, բայց «հոգի» չունի, քանի որ զգացում եւ բանականութիւն չունի։ Արտաքին ազդեցութիւններէ ազդուիլ՝ անոր «հոգի» ունենալու ապացոյցը չի կրնար ըլլալ։ Զոր օրինակ՝ ձայնէն կ՚ազդուի՞ արդեօք։ «Հոգի» եզրը միայն մարդ էակին յատուկ է։ Բոյսը կը սնանի, կ՚աճի, այս իմաստով կ՚ապրի, բայց ուղղակի իր զօրութեամբ հակազդեցութիւն չի կրնար տալ։ Բայց մարդ, ուղղակի՛ իր զգացումներով եւ բանականութեամբ ներգործումի մը պատասխանող ներգործում մը կը ներկայացնէ։

Արդարեւ, բոյսին ապրումը մարդուն ապրումին չի համապատասխաներ։ Ուստի, մարդը, «հոգի» եզրով ուրիշ գոյութիւններու հետ հասարակաց եզր մը չունի։

Գոյութեան մը, իր պայմաններու մէջ կեանք ունեցողը՝ ապրիլը կը փաստուի անոր բազմանալովը, այսինքն ուրիշ «ապրող»ներ աճեցնելն է, շատացնելն է։ Աճումը եւ աճեցնելը կեանքի նշան մըն է։

Սունկը, վերոյիշեալ չափանիշներով «ապրող» բոյս մըն է, բայց անիկա քաղող մարդը երբեք ոճրագործ չի համարուիր։ Բոյսը հողէն երբ փրցուի, քաղուի, ան կը մեռնի. բայց ասիկա մարդուն սնանելուն համար է եւ ասիկա ոճիր մը չի նկատուիր։

Հաց պատրաստելու համար ալիւրի պէտք կայ, ալիւրը ցորենէ կը պատրաստուի. իսկ ցորենը, նոյն չափանիշներով՝ կենդանի է, ապրող գոյութիւն մըն է, բայց հաց ուտելուն համար ոեւէ մէկը ամբաստանել, մեղադրել անիմաստ բան մըն է եւ ոչ ոք կը խորհի մէկը ամբաստանել՝ ապրող ցորենէ պատրաստուած հաց ուտելուն համար։ Բնութեան հրաշալի՜ կարգադրութիւնն է ասիկա, թէ՝ կենդանիներու, այսինքն ապրողներու մէջ կայ աստիճանաւորում մը, եւ այդ աստիճաններու ամենէն վերը՝ գագաթը կը գտնուի մարդը։ Արդարեւ, երբեմն օրէնքներով կարելի է սահմանափակել մարդուն միւս ապրողները օգտագործելը։ Զոր օրինակ՝ կարգ մը տեղեր եւ հազուագիւտ ծաղիկներ քաղել կրնան արգիլուիլ, նաեւ հազուագիւտ անասունները որսալ կրնան մասամբ եւ կամ բոլորովին արգիլուիլ։ Որոշ ժամանակներու որոշ ուտելիքներէ հեռու մնալն ալ այս օրինական արգելքներուն կարգին պէտք է նկատի առնել։ Ուրեմն, մարդուն, այս մասին ազատութիւնը անսահման չէ։ Արդարեւ, բնութեան մէջ ամէն ինչ կարգ եւ կանոնով կ՚ընթանայ եւ այդ մասին անհնազանդութիւնը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 25, 2024