ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻՆ ԻՄԱՍՏԸ

Հայաստանի մէջ վերջերս սկսած ենք տեղի անտեղի լսել «յեղափոխութիւն» բառը. նկատած ենք, որ շատեր չըմբռնելով «յեղափոխութիւն» բառի ճշգրիտ իմաստը, այդ բառին մէջ կը փորձեն գտնել վարչապետի հրաժարականը: Վերջին 130 տարիներու ընթացքին «յեղափոխութիւն» բառը շատ հարազատ էր հայ ժողովուրդին համար, սակայն ժամանակի ընթացքին ան մնաց լոկ որպէս բառ՝ կորսնցնելով իր ճշմարիտ իմաստը:

Այդ իսկ պատճառով պէտքը կը զգանք խօսելու «յեղափոխութիւն» եւ «յեղափոխական» հասկացողութեան մասին. յեղափոխութիւն մը եւ յեղափոխական մը ամէն բանէ առաջ պարտի ունենալ գաղափարական մը. առանց գաղափարականի կարծեցեալ «յեղափոխութիւն» մը կը դադրի յեղափոխութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի աննպատակ «լաց ու կոծ»ի. այսօր մեր քաղաքականութեան մէջ տիրող քաոսին հիմնական պատճառը այդ գաղափարականին պակասն է, որովհետեւ բոլորը «յեղափոխական»ի փողկապով կը պայքարին առանց գաղափարական մը հետապնդելու եւ ա՛յդ է պատճառը, որ անոնց պայքարը հայրենիքը փրկելէ աւելի նման է աթոռի համար տարուած կռիւի՛ մը, որովհետեւ այն նաւահանգիստը որուն կ՚ուզեն հասնիլ,իրենց համար եւս անյստակ ու անծանօթ է:

Առաջին հերթին պէտք է հասկնալ, որ յեղափոխութիւն մը առաջին հերթին կը միտի որպէս սկզբունք ունենալ ազգային բարօրութիւնը։ Ճշմարիտ յեղափոխական է ան, որ ի՛նք եւս թշուառ ու դժբախտ ժողովուրդին հետ ցաւ կ՚ապրի եւ այդ բոլորը կ՚ընէ արդարութեան սիրոյն եւ ո՛չ դիրքի կամ պաշտօնի համար: Ո՛վ որ ժողովուրդին ու ազգին շահերուն համար չի՛ պայքարիր, յեղափոխական մը չի՛ կրնար ըլլալ եւ իրականութեան մէջ յեղափոխական ըսելով ո՛չ Դաշնակցական, ո՛չ Հնչակեան եւ ոչ ալ այլ խմբաւորման մը հետեւորդները պէտք է հասկնալ։ Յեղափոխական են բոլո՛ր անոնք, որոնք արդարութեան սիրոյն փոփոխութիւն կը պահանջեն: Առանց գաղափարականի մը պայքարող յեղափոխականը պարզապէս ազգին վնաս հասցնելու ատակ է:

Հետեւաբար յեղափոխութիւն մը ունի երկու երես՝ գաղափարական ու գործնականին մէջ յեղափոխութիւնը յեղափոխութիւն է այնքանով՝ որքանով մօտիկ է գաղափարականին: Գաղափարականը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ մեր ազգը սովոր է իւրաքանչիւր հայրենասիրական ճառախօսութիւն նոր յեղափոխութիւն մը անուանելու եւ լոկ խօսքին ազդեցութենէն տարուելով ինքզինք հետեւորդ ու մինչեւ անգամ յեղափոխական զգալ. պէտք է ընդունինք, որ մեր ազգին մէջ մենք ունեցած ենք յեղափոխախօսներ՝ քան յեղափոխականներ, որոնք թիւով աւելի քիչ ըլլալով, պատրաստ եղած են անգամ իրենց կեանքը զոհել այդ գաղափարականին համար. յեղափոխական մը ճշմարիտ յեղափոխական կ՚ըլլայ, երբ իրապէս պատրաստ է կեանքը զոհաբերել այդ գաղափարին համար, որովհետեւ միայն նման անձ մը կը հաւատայ իր գաղափարի ճշմարտութեան. եթէ տարակուսի ու խոտորի, այդ մէկը յեղափոխութենէ աւելի սեփական շահերու փնտռտուք կարելի է նկատել, որովհետեւ յեղափոխականի մը համար կա՛մ իր գաղափարներու իրականացումը եւ կամ մահն է նախընտրելի ճամբան:

Մեր օրերուն դժուար թէ յեղափոխութիւն մը գտնենք. մերօրեայ պայքարը լոկ կեղծիք, կողոպուտ, զրպարտութիւն, յափշտակութիւն, հայհոյութիւն ու ստախօսութիւն է, ատելութեան հաւաք մը պարզապէս:

Հայ բանաստեղծ ու թարգմանիչ Լարենց «Ազատ Բեմի» չորեքշաբթի, 14 մարտ 1906 թուականին, գրած «Յեղափոխական դաստիարակութիւն» խորագրեալ հրապարակախօսութեան մէջ կ՚ըսէ.- «Յեղափոխական կազմակերպութիւնները, որոնց գոյութեան իրաւունքը ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, այլ բռնակալ լուծին դէմ պատերազմ պատրաստել, ինքնին զինուորական դպրոցներ են եւ անոնց աշակերտողը պարտաւոր կը դառնայ ապրելու ճիշդ այն խստամբեր, կարգապահ կեանքը, որ զինուորինն է». այլ խօսքով յեղափոխական չէ՛ ան մարդը, որ բարօրութեան մէջ ապրելով, թշուառ ժողովուրդի մը շահերը պաշտպանել կը փորձէ. յեղափոխական չէ՛ այն մարդը, որ աղքատներու եւ թշուառներու շահերուն համար կը պայքարի, սակայն իր սեփական կեանքի օրինակով իր հարստութենէն փշրանք մը անգամ անոնց բաժին չի՛ դարձներ:

Մերօրեայ յեղափոխականը պէտք է հասկնայ, որ եթէ կը խօսի հայրենիք պաշտպանելու մասին, ի՛նք առաջինը պիտի ըլլայ պատրաստ իր անձը զոհաբերելու այդ գաղափարին։ Եթէ կը խօսի ժողովուրդի թշուառութեան մասին, ամէ՛ն ջանք ի գործ պէտք է դնէ այդ թշուառութիւնը վերացնելու համար՝ նոյնիսկ իր անձի կորուստի գնով, որովհետեւ յեղափոխական ըլլալ համոզուած գաղափարի մը համար պայքարիլ կը նշանակէ. օրինակ վերցուցէ՛ք անցեալէն. շա՜տ շատ հայեր զանազան բանտերու եւ զնտաններու մէջ խոշտանգուեցան, հալածուեցան ու մինչեւ անգամ մահուան դատապարտուեցան՝ սակայն որոշեցին յանձն մնալ իրենց գաղափարներուն ու համոզումներուն վրայ եւ կը հաւատանք, որ ճշմարիտ յեղափոխութիւն է այն՝ որ մահն անգամ չի՛ կրնար փոխել իր ունեցած գաղափարականը:

Ներկայ չյեղափոխութիւններու հիմնական պատճառը պէտք է փնտռել դարձեալ անցեալին մէջ. 1907 թուականին կը գրուի այս տողերը.- «բաւական է որ ըսուի «վասն ամենամեծ փառացն ազգին, ազատութեան, կամ յեղափոխութեան»... եւ այս բոլոր երեւոյթներուն ալ հայն խաբուած եւ իր զոհերը տուած է եւ դեռ կու տայ»։ 1907 թուականէն անցած է 117 տարի, սակայն հակառակ ժամանակի բացթողումին զոհերը կը շարունակուին, աշխարհի ամէ՛ն ծայրէն յեղափոխութիւն յայտարարելով՝ որ ո՛չ գաղափարական եւ ո՛չ ալ գործնական բաժին ունի իր մէջ. լոկ խօսք, լոզունգ ու ծափահարութիւններ:

Կեցցէ՛ Հայրենիք ու Հայաստան...

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ պէ՞տք է մեռնելու պատրաստակամութիւն ունենայ իր գաղափարներուն համար:

Պատասխան. Հարցը, թէ արդեօք մարդ պէ՞տք է մեռնի իր գաղափարախօսութեանց համար, խորապէս բարդ խնդիր մըն է: Պատմութիւնը լեցուն է անհատներու օրինակներով, որոնք իրենց համոզումներուն համար կատարեալ զոհողութիւն ցոյց տալով զոհուած են՝ դառնալով քաղաքական եւ կամ կրօնական նահատակներ եւ իրենց զոհողութեամբ ներշնչած են ապագայ սերունդները, պատճառելով զգալի փոփոխութիւններ: Անոնց զոհուելու պատրաստակամութիւնը ընդգծած է անոր համոզումներու խորութիւնը եւ այն արժէքը՝ որ իրենք տուած են իրենց գաղափարականին: Ուրիշներու համար սակայն գաղափարի մը համար զոհուիլը կրնայ ծայրայեղ արարք դիտուիլ, որ պատճառ կը դառնայ կեանքի կորուստի. մարդ ապրելով աւելիով ժամանակ կ՚ունենայ պաշտպանելու եւ հետապնդելու իր սեփական համոզումներն ու գաղափարները եւ հասնիլ աւելի էական փոփոխութիւններու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 25, 2024