ԲԱՆԵՐ՝ ՈՐ ՄԱՐԴԸ Կ՚ԱՊԱԿԱՆԵՆ
«Ամէն ինչ որ դուրսէն մարդուն ներսիդին կը մտնէ, չի կրնար զանիկա պղծել, որովհետեւ ոչ թէ անոր սրտին մէջ կը մտնէ, հապա փորը եւ արտաքնոցը կ՚ելլէ (ուստի բոլոր ուտելիքները մաքուր են)։ Եւ շարունակեց.- Ի՛նչ որ կ՚ելլէ մարդուն ներսէն, անիկա կը պղծէ մարդը…». (ՄԱՐԿ. Է 18-20)։
Իսկական անմաքրութիւնը մարդուս ներսէն՝ սրտէն կու գայ. անոնք կործանարար եւ քանդիչ ծրագիրներու եւ իրագործութիւններու պատճառ կ՚ըլլան, որոնք կը պղծեն մարդը՝ որոնց ընդունակ է մարդ արարածը։ Արդարեւ մարդուս աւելի հեշտ է չարին ուղղուիլ քան բարիին։ Եւ չարը, անկանոնը միշտ հրապուրիչ եղած է մարդ արարածին։ Քանի որ «չար»ը լաւ գիտէ ծածկել ինքզինք եւ բարի երեւիլ։ Ահաւասիկ, մարդիկ այս պատճառով, ընդհանրապէս կը խաբուին եւ կ՚ընտրեն չարը՝ կարծելով որ ան բարի է եւ օգտակար։
Արդարեւ, բերուած ցանկը շատ տպաւորիչ է. «Վասնզի ներսէն, մարդոց սրտէն կ՚ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, սպանութիւններ, գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւններ, զիջութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ՚ելլեն եւ կը պղծեն մարդը». (ՄԱՐԿ. Է 21-23)։
Մոլութիւններու եւ մեղքերու այդպիսի թուարկումներ սովորական են Նոր կտակարանի մէջ. զոր օրինակ՝ անոր նմանները կարելի է տեսնել Պօղոս առաքեալի նամակներուն մէջ բազմաթիւ անգամներ։ Ուստի, վերոյիշեալ հատուածին մէջ, անկասկած գերիշխող գաղափարն է՝ որեւէ բան, որ մարդուս դուրսը կը գտնուի, չի կրնար անմաքուր դարձնել եւ պղծել զայն։
Ահաւասիկ, այս իմաստով, Մարկոս «յեղափոխական»՝ կարգուսարքի դէմ ըմբոստ անձ մըն է իր ժամանակի հրեաներուն համար։ Ան յատկապէս կը նշէ, որ Քրիստոսին կամ անոր Եկեղեցիին պատկանիլը կախում չունի մաքրութեան վերաբերեալ իսրայէլական այլեւայլ օրէնք եւ կանոններու պահպանումէն։
Դիակի մը կամ բորոտի մը դպչիլը, հեթանոսներու հետ սեղան նստիլը, կենդանիներու միս ուտելը, այս բոլոր արարքները, որոնք հրեայ մարդու համար ծնունդ կու տան ծիսական անմաքրութեան, երբեք չեն կրնար իրապէս մարդը բաժել Աստուծմէ։
Մարկոս կ՚արտայայտէ իր յստակ տեսակէտը ամենավիճարկելի կէտերէ մէկուն մասին՝ նշելով. «Այսպէս բոլոր ուտելիքները մաքուր են». (ՄԱՐԿ. Է 19)։
Մարկոս կը յայտնէ, որ Եկեղեցին բա՛ց է բոլորի առջեւ առանց ցեղի եւ ծագումի խտրութեան։
Քրիստոսի Եկեղեցին տիեզերակա՛ն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024