ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ԴԷՄ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ինծի դէմ ամբաստանութեան եւ մեղադրանքի կէտ ըրին թէ՝ պատրիարքութենէ հրաժարիլ չեմ ուզած։ Չեմ կարծեր որ մէկուն պաշտօն մը կը յանձնուի որպէս զի հրաժարի. զի պաշտօնը կը տրուի որպէս զի զայն պահէ, դժուարութեանց տոկայ, հանրութեան օգտին աշխատի, եւ ո՛չ թէ իւր հանգիստը փնտռէ։ Ուստի ես ալ կ՚ընդունիմ թէ անպայման հրաժարիլ չեմ ուզած, զի զայն անձնդիւրութեանց միջոց եւ դասալքութեան գործ եմ նկատած, այլ հրաժարականները փորձած եմ իբրեւ կենսական խնդիր մը յաջողցնելու միջոց, եւ երեք փորձերս ալ ապարդիւն չեն եղած»։
Շարունակելով, կ՚ըսէ, թէ՝ Պատրիարքութեան վրայ տասուերկու տարի տոկալը երբե՛ք իրեն անձնդիւրութիւն չէ բերած, զի պատրիարքութենէ առաջ ունեցած կենցաղը նո՛յն է պահուած, չէ՛ հարստացած, չէ՛ ճոխացած, եւ արտաքին երեւոյթներով, գունագեղ զգեստներով, շքանշաններու կիրառութեամբ եւ ցուցադրութեան ձեւերով չէ շփացած։
Ան կ՚ըսէ. «Աշխատութիւնս յառակս անցնելու չափ յայտնի եղած է, ոչ մի տեսակ յոգնութենէ չեմ խուսափած, դիւրին է տեսնել, որ դիւան, վարժարան, հիւանդանոց, որբանոց, եկեղեցի, պաշտօնատուն, դեսպանատուն, արքունիք եղած են իմ շրջանակս. հազիւ թէ ամառուան եղանակներուն քանի մը օրեր համառօտ շրջագայութեան մը գործածած եմ։ Շնորհակալ եմ որ շուրջս եղողներէն, թաղերու ժողովուրդներէն, գաւառական վիճակներէն համակրական ցոյցեր տեսած եմ, եւ սակայն անոնցմէ աւելի ընդարձակ եւ զօրաւոր եղած են ամէն կողմերէ հասած ցաւեր եւ տագնապներ։ Վիշտս ի ներքուստ, վիշտս յարտաքուստ, վիշտս ի վերուստ, վիշտս ի ստորնէից, վիշտս յօտարաց, վիշտս ի սուտ եղբարց, որոնք երկայնամիտ համբերատարութեան դպրոց մը եղան։ Ուստի ի՛նչ որ այդ գլուխէն իբր մեղադրանք եւ նախատինք խօսուեցաւ ինծի դէմ, ես չեմ վարանիր զայն իբր արդիւնք եւ պատիւ համարիլ իմ անձիս, զի զոր պարտ էաքն առնել՝ արարաք»։
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, դարձեալ կը շարունակէ. «Մատթէոս Իզմիրլեան նախորդ պատրիարք 1896-է 1908 իբր աքսորական մնացած էր Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքը Ցորենաթաղի Կիրակոսեան ընդարձակ յարկաբաժինը։ Վեհապետեան պատրիարքի եւ բովանդակ միաբանութեան կողմէ մտադրութեան առարկայ եղած, թէպէտ ո՛չ ամենուն հաւասարապէս համակրելի, ղեւոնդական խնդիրէն ծագած բաժանմանց պատճառով։
«Ես աշխատած էի զինքն Կ. Պոլիս դարձնել տալ եւ շատ ալ հետապնդած՝ այդ խնդիրը չկրկնելու համար Համիտէ ազդարարութիւն ընդունելու չափ։ Բայց յաջողած էի զինքն ներքսագոյն կողմեր աքսորելու որոշումը խափանել տալ, եւ ինքն ալ անծանօթ չէր այդ եղելութեանց։
«Սակայն առաջին օրէն իր արեւը հաշտ չէր եղած ինծի հետ. Ներսէս պատրիարքն ալ մեղադրած էր առաջին օրը ինծի ծայրագունութիւն տուած ըլլալուն համար, եւ քանիցս երեսս զարկած էր ի ծնէ հայադաւան չըլլալս։
«Ինչեւիցէ սահմանադրական ազատութեան հռչակուելէն եւ ընդհանուր ներումէն օգտուելով Կ. Պոլիս դարձած էր եւ արքայավայել հանդէսով ընդունուած, երբ ես արդէն հրաժարած եւ տունը փակուած էի, եւ կը սպասէի որ իւր նախկին վերաբերումն ալ փոխուած ըլլայ. սակայն Իզմիրլեանի կիրքը խոշոր մնացած էր, ինչպէս խոժոռ մնացած էր իւր դէմքը, իմ բարի գալստեան եւ բարեմաղթութեանց գիրս ալ անպատասխանի թողլու եւ լռութեան մէջ թաղելու չափ։
«Պատրիարքական աթոռ վերադառնալը ես ալ իրաւացի կը դատէի, իբր արքայական հրմանով տուած բռնի հրաժարականին փոխարինութիւն, եւ այդ զգացմամբ ալ շնորհաւորութիւն գրեցի՝ միշտ անպատասխանի մնալու պայմանով։
«Հոկտեմբեր 22/4 Նոյեմբերին պատրիարք ընտրուեցաւ, 31/13-ին ուխտը ըրաւ եւ պաշտօնի ձեռնարկեց, Նոյեմբեր 1/14-ին ալ կաթողիկոսական առաջին ընտրեալ հռչակուեցաւ, այնպէս որ այլեւս իրեն յառաջացման արգելք ըլլալուս վախ մը չունէր։
«Եթէ կանուխէն Ընդհանուր Ժողովին մատուցանել տրուած ամբաստանագիրը արդիւնք մը պիտի ունենար, արդէն ունեցած էր, եւ Ռուսահայերէ իմ ընտրելութեան մասին ցուցուած փափաքը ամբաստանութեան փաստով ետեւ թողուած էր։
«Այդ փափաքը գուցէ արդիւնք ունեցած ըլլար, եթէ իրաց վիճակը փոխուած չըլլար, բայց այելեւս նշանակութիւն չունէր, սակայն Իզմիրլեանի իմ նկատմամբ հայեցուածը միշտ նոյն կը մնար, պատրիարքութիւնը ձեռքը եւ կաթողիկոսութիւնը առջեւը ըլլալով մէկտեղ։
«Ընդհանուր Ժողովոյ առաջին անգամ իւր նախագահած 1908 Նոյեմբեր 7/20-ի նիստը իբր ազգային կենսական եւ կարեւորագոյն գործ նկատեց իմ մասին տրուած ամբաստանագիրը, եւ նախագահին հովանաւորութեամբ առաջին խնդիր ըրաւ այդ գրուածը։ Նիստը կառավարող ատենապետ բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան, դիտել տուաւ իրեն՝ թէ Սահմանադրութեան նկատի առած պատրիարքի դէմ ամբաստանութիւնը պաշտօնի վրայ եղող պատրիարքը հեռացնելու համար կազմուած է, եւ ո՛չ հրաժարեալ պատրիարքը դատելու. սակայն Իզմիրլեանի պէտք էր որեւէ կերպով զիս նախատել. եւ իւր ազդեցութեամբ գիրին նկատառումը եւ Քննիչ Յանձնաժողովի կազմութիւնը որոշուեցաւ, թէպէտ Յանձնաժողովի ամբողջացումը հազիւ Դեկտեմբեր 19/1 Յունուար 1909-ին լրացաւ…»։
31 Դեկտեմբեր 1911, Շաբաթ օրուան Հայ Մամուլի մէջ կը հանդիպինք այս մասին լրատուութեան մը՝ զոր կը ներկայացնենք նոյնութեամբ։
«Օրմանեան Սրբազանի դէմ եղած ամբաստանութեանց քննիչ յանձնաժողովին տեղեկագիրը քննուած է Ատենապետաց Դիւանին կողմէ, որ Ազգային Ժողովին մատուցած տեղեկագրին մէջ կը հաստատէ թէ քննութիւնը գրեթէ բոլոր կէտերու մէջ օրինաւորութեամբ կատարուած է։
«Իսկ Վռամեան Էֆ.ի ամբաստանութեան նախաքննութիւնն ալ կատարելով, լսելէ ետքը թէ՛ Օրմանեան Ս.ը եւ թէ Վռամեան Էֆ.ին, տեսեր է որ չկայ որեւէ փաստ՝ հաստատող ծանօթ ամբաստանութիւնը, ուստի անհետեւանք թողուցեր է Վռամեան Էֆ.ի ամբաստանութիւնը։
«Գալով Լա Հէյի հեռագրի խնդրոյն, Ատենապետաց Դիւանը իր տեղեկագրին մէջ յառաջ կը բերէ Գ. Նորատունկեան Էֆ.ի այդ մասին իրենց ուղղած մէկ նամակը, որով Ն. Վսեմութիւնը կը պատմէ թէ Արհեստանոց-Գարակէօզեան Խնամակալութեան մէկ նիստին մէջ, որուն ներկայ էին Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Մկ. Ասասեան, Սեպուհ Տէմիրճիպաշեան Էֆ.ք, Օրմանեան Ս. պարզած ըլլալով օրուան վիճակը եւ վիճակին ծանրութիւնը եւ արքունիքէն կրկին եւ կրկին եղած ստիպողական պահանջքը՝ Լա Հէյի խաղաղասիրական վեհաժողովին առթիւ, ներկաները կարծիք յայտնած են թէ այդ պահանջման ձեւակերպական գոհացում տալով ազգը բնաւ վնաս չի կրեր։ Այս առթիւ Ս. Տէմիրճիպաշեան Էֆ. իրաւամբ դիտել տուեր է թէ ընդհակառակը հեռագիրը օգուտ իսկ կ՚ունենայ, հալածանաց մասամբ առջեւը կ՚առնէ, փոխանակ արծարծուելուն՝ անտեղի կասկածներու հետեւանօք։
«Գալով 1907-ի Լա Հէյի Բ. Վեհաժողովին, Նորատունկեան Էֆ. կը հաւաստէ թէ որեւէ հեռագիր տրուած չէ Պատրիարքարանէն»։ (31 Դեկտեմբեր 1911)։
Դարձեալ ուշադրութիւն դարձնենք Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք»ին հետաքրքրական տողերուն։ Օրմանեան Սրբազան իր ամբաստանութեան մասին կը գրէ. «Այլեւս ես պաշտօնապէս ամբաստանեալ մըն էի, ձայնէ զուրկ, պաշտօնի անընտրելի, եւ՝ Իզմիրլեանի եզրակացութեամբ՝ եկեղեցական պաշտամանց մասնակցելէ արգիլուած, ինչ որ տարիներ տեւեց, եւ չվերջացաւ՝ բայց եթէ իւր գերեզման մտնելէն ետքը։ Յանձնաժողովն ալ այդ մտայնութեանց առջեւ գործելը եւ շտապելը իրեն պարտք չսեպեց, եւ կարծես թէ այն ամբաստանագիրը, որուն հիմամբ ինք ընտրուած էր, անբաւական սեպելով, նոր ամբաստանագիրներ հայթայթելու ատեն տուաւ, որոնք իւր ընտրութեան ատեն նախատեսուած չէին։ Ես որ Գումագաբուի խայտառակ ցոյցէն բնաւ այլայլած չէի, եւ որուն տառապանքէն հիւանդացած ալ չէի, կարեվէր (=խոր վէրք ստացած, ծանրապէս խոցուած) ցնցուեցայ Նոյեմբեր 7/20-ի որոշումէն…»։
Ուրեմն, սիրելի՜ներ, կը տեսնուի, որ մեր եկեղեցական պատմութիւնը արկածալից ուղեւորութիւններով լեցուն է։ Արդեօք, անկէ դաս առնել մտադրողներ կա՞ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 19, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024