ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՄԱՔՍԱՒՈՐՆԵՐ
Մաքսաւորները այն հրեաներն են, որոնց պարտականութիւնն էր ժողովուրդէն հաւաքել հռովմայեցիներու համար նախատեսուած հարկերը։
Բազմաթիւ բառեր անհրաժեշտ օգտագործուած են՝ արտայայտելու համար այդ պաշտօնի բազմազան կողմերը. «հարկահաւաք», «մաքսատան ծառայող», «գործակից», «օգնական». մաքսաւորը, ուրեմն, քիչ մը՝ միաժամանակ այս բոլորն էր։ Ան նաեւ կը համարուէր անխիղճ մարդ մը՝ հաւաքուած հարկերու չափը յաճախ կախում ունենալով պաշտօնեային՝ այդ «փոքրիկ ղեկավար»ի քմահաճոյքէն։
Օրէնսգէտները, ընդհանրապէս, չէին վարաներ «նոյն տոպրակին մէջ դնել» մաքսաւորները եւ մեղաւորները՝ որոնք բոլորն ալ մօտիկ յարաբերութիւն մշակելու համար անբաժան մարդիկ էին Օրէնքը յարգող հրեայի աչքին։
Փարիսեցիները Քրիստոսի ժամանակաշրջանի հոգեւոր եւ կրօնական մեծ շարժումներէն մէկուն ներկայացուցիչներն էին։ Որպէս խելացի եւ գործունեայ մտաւորականներ, անոնց մտահոգութիւնն էր մեկնաբանել Աստուածաշունչը ժամանակակից աշխարհի կեանքի պայմաններուն համապատասխան։ Անոնց շնորհիւ է, որ հրէական կրօնը մնաց կենդանի եւ հզօր Երուսաղէմի անկումէն յետոյ, մեր թուագրութեան 70 թուականին։
Իրադարձութիւններու բերումով Յիսուս պիտի պախարակէր անոնց ինքնահաճութիւնը՝ անոնց հրահանգներու խստութիւնը կամ այն եղանակը՝ որով անոնք շուռ կու տային, այսինքն կը շրջէին Օրէնքը ի նպաստ իրենց. բայց գաղափարներով շատ մօտ էր անոնց։
Գալով «աշակերտներ» արտայայտութեան, յատկապէս Մարկոսի Աւետարանի ընթացքը թոյլ կու տայ այդ բառին տալ առանձին բովանդակութիւն։ Զոր օրինակ, Ալփէոսի որդի Ղեւին, որ միաժամանակ ե՛ւ աշակերտ է, ե՛ւ մաքսաւոր։ Յիսուսի կողմէ անոր կանչուիլը շատ նման է առաջին չորս աշակերտները՝ Սիմոնին, Անդրէասին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին կանչուելու եղանակին. (ՄԱՐԿ. Ա 16-20)։
Յիսուս կը քննադատուի, որովհետեւ սեղան նստած է ոչ-յանձնարարելի մարդոց հետ։ Ան, անկասկած տօնական ճաշկերոյթ է, երբ մարդիկ կը ճաշեն մարմնով երկարած, հռովմէական ձեւով։ Պարզ չէ, թէ ուր տեղի կ՚ունենայ այս դէպքը՝ Ղեւիի՞ տանը, թէ՞ Յիսուսի։ Թէ՛ մէկը եւ թէ միւսը հնարաւոր է։
Յիսուս պատեհ պատասխան կու տայ՝ համեմատելով իրեն տրուած հարցումին, որ քննադատական ոճով է հարցուած, զինք նմանցնելով բժիշկի՝ որուն վրայ յոյս են դրած հիւանդները. (ՄԱՐԿ. Բ 17)։
Արդարեւ, Յիսուս ոչ ոք դուրս կը թողու. Ան կ՚ըսէ. «Ես չեմ եկած արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորնե՛րը»։ Ան դասերու չի՛ բաժներ մարդիկը։ Ան կրնայ ըլլալ ինչպէս փարիսեցիներու, մաքսաւորներու, այնպէս ալ բոլոր մարդոց յոյսը, այն պայմանով, որ անոնք եւս ընդունին իրենց մեղաւոր ըլլալը։
Արդարեւ, մեղքէ ազատելու եւ ներումի արժանանալու համար պայման է ընդունիլ մեղաւոր ըլլալը, անշուշտ նախ անդրադառնալով եւ զղջալ գործած մեղքին համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ