ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՆ

​Իմ սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցա­սէր բա­րե­կամ­ներ, հայ գի­րի ու գրա­կա­նու­թեան հա­ւա­տա­րիմ, ազ­նիւ՝ սրտա­կից ու հա­մա­խոր­հուրդ ու­ղե­կից­ներ, Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի հո­գին ու ո­գին ապ­րեց­նող գրա­սէր­ներ, մշա­կոյ­թի ա­միս՝ Հոկ­տեմ­բե­րի օ­րե­րուն ձեզ կ՚ող­ջու­նեմ։

Երբ կը սկսիք կար­դալ այս տո­ղե­րը՝ ար­դէն սրտա­կից ու հա­մա­խոհ բա­րե­կամ­ներ ենք ի­րա­րու, ու­ղե­կից­ներ՝ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի բա­ցած հո­գեմ­տա­ւո­րու­թեան ճամ­բուն եւ յա­ջորդ­ներ, ար­ժա­նա­վա­յել ի­րա­ւա­սու­ներ ան­գին ժա­ռան­գի մը՝ Հայ մշա­կոյ­թի, Հայ գի­րի, Հայ դպրու­թեա՜ն…։

«Սի­րե­լի՜…» կ՚ա­նուա­նեմ ձեզ, քա­նի որ դուք սի­րե­լի՛ էք գի­րի, գրա­կա­նու­թեան եւ Թարգ­ման­չաց մշտա­գոյ, ան­մեռ ո­գիին, ան­շէջ լոյ­սին ու ճրա­գին։ Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­ռանդ մը, խանդ մը ստեղ­ծեց Հայ գի­րե­րու գիւ­տով եւ ա­ւե­լի եւս աշ­խու­ժա­ցուց զայն Թարգ­ման­չաց շար­ժու­մով։ Եւ ե­րա­նի՜ ա­նոր որ կը հե­տե­ւի ա­նոր…։

Եւ նո՛յն­քան խղճա­լի՜ է ան՝ որ չ՚անդ­րա­դառ­նար իր սե­փա­կան ար­ժէք­նե­րուն, կ՚ան­տե­սէ զա­նոնք, կ՚ան­գի­տա­նայ ա­նոնց նկատ­մամբ եւ չի գի­տեր օգ­տա­գոր­ծել ի­րեն ըն­ծայուած եւ ա­ւան­դուած ար­ժէք­նե­րը։

Մինչ­դեռ ու­րոյն, տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րու, ա­ւանդ­նե­րու տէր կանգ­նիլ՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն է եւ միան­գա­մայն՝ պա՛րտք։

Ա­յո, սի­րե­լի՜­ներ, ա­մէն ժո­ղո­վուրդ իր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րը ու­նի։ Հայ ժո­ղո­վուրդն ալ տօ­նե­րու շարք մը ու­նի՝ ուր կը տօ­նէ իր լե­զուի ու մշա­կոյ­թի ան­գին ժա­ռան­գու­թեան՝ նախ­նի­նե­րէ ձգուած ա­ւան­դին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։ Եւ ա­մէն տա­րի Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուն Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նէ «Թարգ­ման­չաց» տօ­նը։

«Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ», այ­սինքն՝ ճանչ­նալ ի­մաս­տու­թիւ­նը եւ խրա­տը, հասկ­նալ հան­ճա­րի խօս­քե­րը։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է Թարգ­ման­չաց հե­տապն­դած նպա­տա­կը, ա՛յս է այդ հրա­շա­լի՜ շարժ­ման սկզբնա­պատ­ճա­ռը եւ Թարգ­ման­չաց ո­գիին ի­մաս­տը։ Ա՛յս է ա­ւի­շը այդ ո­գիին…։

Դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րէն ար­դէն բո­լո­րը գի­տեն հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրուած ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, բայց քի­չե­րուն յայտ­նի է, որ այդ նա­խա­դա­սու­թիւ­նը Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նէն է, որ հա­յե­րէն գի­րե­րը Աս­տու­ծոյ պար­գեւն են հայ ժո­ղո­վուր­դին…։

Հա­յաս­տան աշ­խար­հի քրիս­տո­նէաց­ման թուա­կա­նէն մին­չեւ 5-րդ դար Հայ Ե­կե­ղե­ցին տա­կա­ւին չէր հա­յա­ցած, քա­նի որ չու­նէր սե­փա­կան գիր ու գրա­կա­նու­թիւն։ Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան կրօն ըն­դու­նուե­լէն մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ դար ան­ցած էր։ Վան­քե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ կա­նո­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ ու ծէ­սեր կը կա­տա­րուէին, կ՚ըն­թեր­ցուէր Սուրբ Գիր­քը, եւ սա­կայն ժո­ղո­վուր­դին մեծ մա­սին հա­մար ան­հասկ­նա­լի էր այդ ա­մէն­քը, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէն գի­րե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ ե­կե­ղե­ցա­կան լե­զուն ա­սո­րե­րէնն էր։

Ուս­տի եւ Աս­տու­ծոյ խօս­քը շա­տե­րու սրտե­րուն չէր հաս­ներ, օ­տար կը մնար։

Ա­հա այս պայ­ման­նե­րուն մէջ էր, որ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց Վար­դա­պետ, Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ հա­յոց ինք­նու­րոյն տա­ռե­րու ստեղծ­մա­նը։

Եր­կար փնտռում­նե­րէ եւ այլ ազ­գե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու տա­ռե­րը հա­յե­րէն լե­զուի հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նե­լու ան­յա­ջող փոր­ձե­րէն յե­տոյ Մաշ­տոց ինք­զինք նուի­րեց ա­ղօթ­քի եւ խո­կու­մի, եւ Աս­տուած լսեց ա­նոր ա­ղօթք­նե­րը։

Մաշ­տոց, ո՛չ թէ քու­նի մէջ՝ ե­րա­զով, այլ ո՛չ տե­սիլ­քով, բայց ար­թուն ե­ղած ա­տեն, յստակ կեր­պով տե­սաւ, թէ ի՛նչ­պէս ձեռք մը տա­ռեր կը գրէր ու տա­ռե­րը կը պահ­պա­նէին ի­րենց ձե­ւը՝ ինչ­պէս ձիւ­նի վրայ։ Ուս­տի պահ մը դադ­րեց­նե­լով իր ա­ղօթ­քը, Մաշ­տոց սկսաւ գրի առ­նել Հայ նշա­նա­գի­րե­րը։ Եւ ա­հա մօ­տա­ւո­րա­պէս 1611 տա­րի է ան­ցած այդ օ­րէն, բայց Հայ գի­րե­րը չեն փո­խուած եւ պահ­պա­նած են ի­րենց նախ­նա­կան տես­քը, բնօ­րի­նա­կը, քա­նի որ շատ կա­տա­րեալ են՝ ինչ­պէս Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած ա­մէն ինչ։

Ա­ւե­լի վերջ, ինչ­պէս կը վկա­յէ պատ­մու­թիւ­նը, սկսաւ Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նի ամ­բող­ջա­կան թարգ­մա­նու­թիւ­նը, որ մշա­կում­նե­րով ու լրա­ցում­նե­րով տե­ւեց շուրջ ե­րե­սուն տա­րի։ Մաշ­տո­ցի բազ­մա­թիւ ա­շա­կերտ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան թարգ­մա­նու­թեան այս սքան­չե­լի գոր­ծին։ Եւ Աս­տուա­ծա­շուն­չը այ­լեւս հա­յե­րէն էր՝ Աս­տուած հա­յե­րէն կը խօ­սէր։

Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ եւ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց, Եզ­նիկ Կող­բա­ցին, Յով­սէփ Պա­ղու­նա­ցին, Կո­րիւ­նը, Ղե­ւոնդ Վա­նան­դե­ցին եւ միւս­նե­րը ի­րենց հո­գիի ամ­բողջ ջեր­մու­թիւ­նը, ե­ռան­դը, խան­դը ներդ­րե­ցին, ի­րենց ամ­բողջ հո­գին նուի­րե­ցին Աս­տուա­ծա­շուն­չի թարգ­մա­նու­թեան սրբա­զան գոր­ծին։

Ա­նոնց անկրկ­նե­լի թարգ­մա­նու­թեան շնոր­հիւ Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նի հա­յե­րէն օ­րի­նա­կը բո­լոր ազ­գե­րու կող­մէ ա­նուա­նուե­ցաւ «ԹԱՐԳ­ՄԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԹԱ­ԳՈՒ­ՀԻ՛»։

­Թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րուե­լէն ետք, շու­տով բա­ցուե­ցան դպրոց­ներ, եւ այս­պէս սկսաւ ծաղ­կիլ հայ դպրու­թիւ­նը։ Գրուե­ցան ա­ղօթք­ներ, հո­գեզ­մայլ շա­րա­կան­ներ, ա­ւե­լի եւս զարկ տրուե­ցաւ թարգ­մա­նա­կան եւ ինք­նու­րոյն գրա­կա­նու­թեան, մարդ­կա­յին բազ­մութւն­նե­րով լե­ցուե­ցան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, եւ ա­ւե­լի ճո­խա­ցան ու ի­մաստ ստա­ցան Փրկչի տօ­նե­րը։

Եւ լու­սա­ւո­րուե­ցաւ ողջ Հա­յոց աշ­խար­հը։

Հայ գի­րե­րու գիւ­տով եւ Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ հիմք դրուե­ցաւ հայ հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին՝ հո­գեմ­տա­ւոր նոր շարժ­ման, որ Հայ ազ­գի «ՈՍ­ԿԵ­ԴԱՐ»ը դար­ձաւ։

«Թարգ­մա­նիչ» բա­ռը ներ­կա­յիս ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցու­թեան մէջ՝ խօ­սակ­ցա­կան ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ լոկ  մէկ լե­զուէ ու­րիշ մէկ լե­զուի թարգ­մա­նող, վե­րա­ծող անձ։ Սա­կայն մեր հայ­րե­րը ո՛չ միայն թարգ­մա­նե­ցին Աստուա­ծա­շունչ մա­տեա­նը, այլ «ապ­րե­ցան» եւ զայն «հա­յա­ցու­ցի՛ն»։­

Ուս­տի Սուրբ Գիր­քը Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար «կեան­քի ձեւ» ստա­ցաւ, ապ­րե­լա­կերպ ե­ղաւ։

Թարգ­մա­նիչ­ներ զԱս­տուած ի­ջե­ցու­ցին հայ մար­դու հո­գիին մէջ։

Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը «միս» եւ «ա­րիւն» դար­ձաւ հա­յուն հա­մար, դար­ձաւ զօ­րու­թիւն եւ հա­յը «հա՛յ» պա­հեց բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ՝ յա­ւեր­ժա­ցո՛ւց։

Սուրբ Թարգ­մա­նիչ­նե­րը՝ ի­րենց կեան­քով հայ ժո­ղո­վուր­դի թարգ­մա­նը դար­ձան Աս­տու­ծոյ մօտ։ Այ­սօր ալ ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն իբ­րեւ փա­րոս լու­սա­ւո­րել հա­յոց հո­գե-մ­ըտա­ւոր աշ­խար­հը՝ ա­պա­գա՛ն։

«Թարգ­ման­չաց տօն»ը հայ հո­գիի պան­ծաց­ման, ինք­զինք իր ար­ժէք­նե­րով հպարտ զգա­լու տօնն է։

Եւ մեր ե­կե­ղե­ցիի հայ­րերն ալ կար­ծես կը խօ­սին մե­զի հետ։ Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ կը սոր­վեց­նէ մե­զի «մեծ ըլ­լալ ե՛ւ խո­նարհ», Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց՝ չվախ­նալ եր­բեք եւ ա­ղօթ­քով յաղ­թա­հա­րել, նուա­ճել ա­մէն դժուա­րու­թիւն, Եզ­նի­կը ու­ղե­ցոյց է հա­ւատ­քը պաշտ­պա­նե­լու, Ե­ղի­շէն հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ կը լեց­նէ մեզ, Խո­րե­նա­ցին կ՚ու­սու­ցա­նէ հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, Շի­րա­կա­ցին կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ մեզ բնու­թեան եւ տիե­զեր­քի գաղտ­նիք­նե­րուն թա­փան­ցե­լու, Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին մեր հո­գին կը բարձ­րաց­նէ դէ­պի Աս­տուած, Շնոր­հա­լին հայ հա­ւատ­քի բա­նա­ձե­ւը կու տայ եւ կը սոր­վեց­նէ Աս­տու­ծոյ փառ­քը եր­գել…։

«Թարգ­մա­նիչ­ներ» ա­նուա­նուած հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին հզօր շար­ժու­մը անկրկ­նե­լի, ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ էր հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ։

Թարգ­մա­նիչ­նե­րը հիմք հաս­տա­տե­ցին ազ­գա­յին ինք­նու­րոյն գրա­կա­նու­թեան, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, պատ­մագ­րու­թեան, բժշկու­թեան, փի­լի­սո­փա­յու­թեան, աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան, ո­րով մենք քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հի լիի­րաւ եւ ար­ժա­նա­ւոր ան­դա­մը դար­ձանք։ Այդ բո­լորն էին, որ գրե­թէ ո­չին­չէն ստեղ­ծե­ցին ինք­նա­տիպ մշա­կոյթ մը՝ որ ու­րիշ ոչ մէկ ազ­գի հետ կա­րե­լի է՛ շփո­թել։ Եւ այդ բո­լո­րին ջան­քե­րով էր, որ ազ­գը հա­մախմ­բուե­ցաւ միաս­նա­կան մէկ հա­ւատ­քի շուրջ եւ կա­րո­ղա­ցաւ ե՛տ վա­նել ճա­կա­տագ­րի դառն փոր­ձու­թիւն­նե­րը…։

Հա­զար ու մէկ փո­թո­րիկ­ներ, ա­լե­կո­ծու­թիւն­ներ ան­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի վրա­յով, բայց ո՛չ մէկ ար­հա­ւիրք, ո՛չ մէկ տագ­նապ կա­րո­ղա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի սրտէն ու մտքէն խլել իր սե­փա­կան ար­ժէք­նե­րը՝ ոչ մէ­կը կրցաւ ա­նոր հո­գիէն ար­մա­տա­խիլ ը­նել իր ա­րիւ­նով գնուած Քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը եւ իր սե­փա­կան մշա­կոյ­թը, մայ­րե­նի լե­զուն, զորս իր պա­պե­րը ա­ւան­դե­ցին ու կտա­կե­ցին ի­րեն։

Ա­նոնք կտա­կե­ցին չբաժ­նուիլ, չլքել իր Մայր Ե­կե­ղե­ցին, քա­նի որ ան ծննդա­վա՛յրն է Հայ լե­զուին եւ Հայ մշա­կոյ­թին…։

Ու­րեմն այ­սօր մե­զի՝ բո­լո­րին կը մնայ ա­ղօ­թել Աս­տու­ծոյ եւ սրտանց մաղ­թել, որ Թարգ­ման­չաց ո­գին եւ ա­նոնց բազ­մա­դի­մի շնորհ­նե­րը մնան հայ ժո­ղո­վուր­դի իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի հո­գիին ու մտքին վրայ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այն ա­տեն է որ ա­մէն մէկ ան­հատ ի­րա­ւունք կ՚ու­նե­նայ հպար­տա­նալ իր ար­ժէք­նե­րով՝ իր մշա­կոյ­թով, լե­զուով, գրա­կա­նու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ ան­տար­բեր մնալ իր սե­փա­կան ար­ժէք­նե­րուն, ա­ւանդ­նե­րուն, եւ յե­տոյ երբ ա­ռի­թը ներ­կա­յա­նայ պար­ծե­նալ, հպար­տանք զգալ եւ ար­տա­յայ­տել ա­նոնց­մով՝ մէկ խօս­քով, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն է, եր­կե­րե­սու­թիւն է, եւ ա­նի­րա­ւու­թի՛ւն։

Կեան­քի մէջ ա­մէն ի­րա­ւունք ու­նի իր փո­խա­դարձ պարտքն ու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ հա­տու­ցու­մը, եւ ան­հասկ­նա­լի՜ է օգ­տուիլ միայն  օգ­տա­կար կող­մե­րէն եւ ան­տե­սել ի­րա­կա­նը, պար­տա­ւո­րու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։

Եւ այն որ կը հպար­տա­նայ, կը պար­ծե­նայ իր ո­րե­ւէ ու­նե­ցա­ծով, ար­ժէ­քով, հարկ է հարց­նել ա­նոր, թէ՝ ի՞նչ ը­րած է այդ ստա­ցուած­քին, ար­ժէ­քին ի­րա­ւունք շա­հե­լու հա­մար, եւ շա­րու­նա­կել հար­ցու­մը, թէ՝ ի՞նչ բան ա­ւել­ցու­ցած է ի­րենց փո­խան­ցուած, ա­ւան­դուած ար­ժէ­քին, գո­նէ ա­նոր ար­ժէ­քը պահ­պա­նե­լու եւ առ­նուազն թիզ մը ար­ժէք ա­ւելց­նե­լու հա­մար ա­նոր վրայ…։

Յա­ճախ կը կրկնենք, սի­րե­լու հա­մար պէտք է նախ ճանչ­նալ։ Եւ ո՞ր­քան կը ճանչ­նանք մեր ար­ժէք­նե­րը՝ մեր լե­զուն, մեր գի­րը, մեր մշա­կո՜յ­թը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 20, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015