ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Զ -
Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել անուններու իմաստները՝ որոնք անբաժան են «Անձ»էն եւ կը նոյնանան անոր հետ։ Մարդ իր կրած անունով է որ կը զատորոշուի եւ անձ մը, ինքնութիւն կը կ՚ըլլայ մարդկային ընկերութեան մէջ։
Կրոնիդէս= Որդին է՝ ժամանակի չաստուած Կրոնոսի։ Հայերէն գործածութեան մէջ, յաճախ, այս անունը սովորութիւն է եղած գրել ու արտասանել՝ որպէս «Կրօնիդէս», շփոթելով զայն «կրօն» բառին հետ ի՛նչ որ սխալ է (Հրաչեայ Աճառեան)
Հաբիբ= բարեկամ, սիրելի
Հազարվարդ= հազար թերթով վարդ
Հալալ= իրաւացի, արդար, մաքուր
Հալւոր= ալեւոր, ծերունի՝ «Ծերուն»
Համազասպ= հաւաքում, խումբ, բազմութիւն բառերուն հետ՝ ասպ, ձի բառերը՝ ան որ խմբով ձիեր ունի. նաեւ՝ «Ամզասպ»
Համակար= համազօր
Համամ= վայրի աղաւնի
Համայ= առասպելական թռչուն՝ նշան է բախտաւորութեան, որու վրայ նստողը թագաւոր կ՚ըլլար
Համասպրուհի= «համասպրամ» ծաղիկի անունէն. (համասպրամ= ռեհան, մեխակազգի բոյս)
Համասփիւռ= «համասփիւռ» ծաղիկի անունէն՝ ամէն կողմ սփռուած, տարածուած, իր անուշահոտ բոյրը կը տարածէ, ախորժելի բուրմունք
Համավար= մէկտեղ խառնած, մէկտեղ դրած
Համաւոր= ախորժելի, համեղ, անոյշ
Համբարձում= Քրիստոսի Համբարձման ակնարկութեամբ անուն
Համեստ= պարկեշտ
Հայկ= «Orion» համաստեղութեան անունն է. «Հայկ» գործածուած է «հսկայ» իմաստով
Հայկազն= Հայկի ցեղէն, սերունդէն. նախապէս ածական գործածուած, եւ ապա անունի վերածուած է
Հայկանոյշ= «աղջիկ» նշանակութեամբ անուն
Հայկասեր= Հայկի սերունդէն. Հայկէն սերած
Հայկուհի= «Հայկ» անուան «ուհի» իգականակերտ մասնիկով իգական անուն. նաեւ՝ «Հայկուկ», «Հայկոյշ» ձեւերը
Հայոց= հայ ազգէն
Հայր= «հայր» բառէն անուն
Հայրապետ= Կաթողիկոս կամ վանահայր, նաեւ՝ հովուապետ իմաստով անուն. գործածուած է նաեւ՝ «Հերապետ»
Հանէս= «Յովհաննէս» անունէն
Հանիկ= մեծհայրիկ, տատիկ, մեծմայրիկ
Հաննա= «Յովհաննէս» անունէն՝ «Yuhanna»
Հանջան= Հանճան= «Յովհաննէս» անուան փաղաքշականը՝ «Օհանջան»ի նման
Հաջարի= քար՝ հանքէն նոր դուրս բերուած եւ դեռ չմաքրուած արծաթ կամ ոսկի
Հաջի= Հաճի= մահտեսի
Հասան= գեղեցիկ. այս անունը հայերու մէջ գործածուած է Թ դարէն մինչեւ ԺԵ դար (Հրաչեայ Աճառեան)
Հասմելէք= բուն իսկ հրեշտակ
Հարազատ= նաեւ՝ «Հայրազատ». հայերէն «հարազատ» բառէն անուն
Հարբ= Հարպ= հերոս, ռազմիկ, քաջ, կտրիճ
Հարկեւոր= յարգելի, յարգոյ
Հարմա= կրտսեր որդի Հայկ նահապետի (կամ՝ Արմենակի)
Հաւանակ= շուտ հաւատացող, դիւրահաւան. իսկական իմաստը՝ հաւատացեալ
Հեթում= առջեւի ատամները կոտրած. նաեւ՝ «Hatem» արաբերէն՝ դատաւոր. եւրոպական ձեւն է «Othon»
Հեղինէ= նուիրական կողով՝ որ գեղեցիկ ծաղիկներով զարդարուելով կը նուիրուէր Արտեմիս չաստուածուհիին. «Hélène», «Helena», «Helen»
Հեղնար= էգ եզնիկ
Հեջուբ= թագաւորի սենեկապան, արարողապետ
Հերակլէս= Զեւսի որդի՝ որ արեւի մարմնացումն է. «Hercule». նաեւ՝ հզօր ուժի ժամանակ. «Հերա» կը նշանակէ՝ Զեւսի կինը՝ հռչակ, համբաւ, քաջագործութիւն բառերէն
Հերատուկ= մազերը կտրած (անցեալի մէջ՝ նախատական ածական էր կիներու համար)
Հերիք= բաւական, բա՛ւ է. կայ նաեւ՝ «Հերիքա», «Հերիքէ», «Հիրէք» ձեւերը
Հերմէլ= «փեգենա» սպանդ կոչուած խոտ՝ որ կարգ մը մշակոյթներու մէջ կը համարուի սրբազան ծխելիք. «Harmal» կամ «Harmel»
Հերմինէ= պատգամաբեր. «Երմոնէ». «Herminie»
Հերմոն= Հրէաստանի լերան անուն. «Ամերհոն»
Հերոնիմոս= Ան՝ որուն անունը նուիրական է «Hieronymus» եւ «Jérôme»
Հերոս= նուիրուած
Հերսիլիա= «Hersilia». Ֆլորանի «Նումա Պոմպիլիոս» վէպի հերոսուհի. (Հերսիլիա՝ Հրաչեայ Աճառեանի քրոջը անունն էր)
Հիպերիքոս= բարձրագոչ
Հմայեակ= օրհնեալ. «Humayaka»
Հնազանդ= հայերէն «հնազանդ» բառը
Հոլուպ= աղաւնի
Հոյ= հոյակապ
Հոռի= Հայկ նահապետի որդիներէն մէկուն անունը
Հովադեղ= սրտի հովացման համար դեղ
Հովիկ= «հով» բառի փաղաքշական ձեւը
Հուռիկ= Հռիփսիմէ անուան կրճատ ձեւը
Հռադամիստ= առաջին
Հռաքէլ= մաքի՝ էգ ոչխար. Յակոբ նահապետի կնոջ անունը. (եբրայերէն՝ «Raxel»)
Հռիփսիմէ= փոխառեալ անուն. «Հռիա», «Հոռամսիմ», «Խոռոմսիմի» ձեւերը
Հրահատ= յառաջ բերել, երեւան հանել
Հրանդ= Հրանտ= Հրատն= «հուր հայերէն բառէն
Հրանոյշ= «Հրահատ» անուան կրճատ ձեւը
Հրաչեայ= հրեղէն աչք ունեցող՝ պայծառատես եւ բոցակնագոյն տեսքով.
«Հրաչիկ» եւ «Հրաչուհի» ձեւերը այս անուան
Հրավարդ= կրակի նման կարմիր վարդ
Հրարփի= հրափայլ արեւ
Հրեղէն= հայերէն «հրեղէն» բառը
Հօրոյ= Խորենացիի հնարած անուն մը
Ձագիկ= «ձագ» բառի փաղաքշական ձեւը
Ձայնիկ= «ձայն» բառէն նորակերտ անուն
Ձորենի= ծոր պտուղի թուփը
Ձուիկ= թեթեւսոլիկ, թեթեւամիտ
Ձօն= նուէր, ընծայ. «Ձօնիկ»
Ղադամ= Խադամ= բարի յաջողութիւն բերող ոտք
Ղազալ= եղջերուի ձագ, սիրերգ կամ չոր տերեւ
Ղազարոս= «Եղիազար» անուան կրճատ ձեւը. իմաստը՝ «իմ Աստուծոյ օգնութիւնը». «Lazarus», «Lazare», «Lazzaro». բուն եբրայական անուն է
Ղամբար= հայերէն՝ կանթեղ, լոյս, ղամբար բառէն անուն
Ղասում= երդուն ընել (արաբերէն՝ «Qasim»)
Ղարիբ= պանդուխտ, զարմանալի, տարօրինակ
Ղաւրիլ= հնչման համաձայն՝ «Գաբրիէլ»
Ղեւոնդ= Լեւոն, «Léon». առիւծ
Ղուկաս= յարութիւն. «Lucas», «Luc», «Luke». նաեւ՝ լուսաւոր (լատիներէն «Lux» բառէն), նաեւ՝ «Lucilia»
Ղունկիանոս= Ղուկաս= լուսաւոր. «Lucien»
Ղուցի= Երուսաղէմ ուխտի գացած
Ճապուկ= ճկուն, դիւրաթեք, արագաշարժ
Ճար= դեղ, դարման
Ճգնաւոր= «ճգնաւոր» բառէն՝ հայերէն
Ճերմակ= սպիտակ
Ճնճղուկ= «ճնճղուկ» թռչնանունէն
Մագաղաթ= գառնուկի կաշի
Մագդաղենի= Մագդաղենացի= «Magdelen», «Madelaine», «Magdalene», «Մագթաղ»
Մագուգ= Յաբէթի որդիներէն մէկուն անունն է՝ (եբրայերէն՝ «Magog»)
Մաթէ= Մաթէոս= Մատթէոս անունը
Մաթիլդա= «Mathilde» անունէն
Մաթուսաղա= եբրայերէն՝ «Mathusalah» «առաքումն» իմաստով
Մալազ= անչափահաս, անմօրուք
Մալխաս= ընտիր ապրանք
Մալվինէ= եւրոպական նորամուտ անուն
Մախուստ= Մասուտ= նպատակ, մտադրութիւն, մտադրուած
Մակար= Մակարիոս= երջանիկ, բախտաւոր
Մահբանու= լուսնի նման աղջիկ
Մահբար= լուսնաբեր, լուսինէն բերուած
Մահտեսի= Երուսաղէմ ուխտի գացած. (արաբերէն՝ «muqdasi»)
Մաղաքիա= հրեշտակ. (եբրայերէն՝ «Malaki», ֆրանսերէն՝ «Malachie»)
Մամբրէ= պարարտ, եւ յստակութիւն. (եբրայերէն՝ «Mamre»)
Մամիկ= մայր կամ տատ բառէն
Մամիկոն= չինական ծագումով. («Mangun») իշխան, իշխան Մաների. «Մամգուն»
Մայիլ= հիացած, սիրահարուած
Մայմանիկ= օրհնեալ
Մայրանոյշ= մօր անոյշ աղջիկը
Մայրանուն= մօր անուն. (սովորութիւն չէ ծնողներու անունը տալ զաւակներուն - Հրաչեայ Աճառեան)
Մանանդ= նման, նաեւ՝ գեղեցիկ
Մանանեխ= բոյս. «hardal»
Մանանոյշ= Մանանին աղջիկը
Մանասէ= մոռացուցիչ՝ ըստ Սուրբ Գիրքի նաեւ՝ «Մանասէր» ձեւը ունի
Մանաւազ= մէկ բազկով օժտուած. «Ման»
Մանաւշէ= «մանիշակ» բառէն անուն
Մանգնոս= մեծ. Մագնէս, (լատիներէն՝ «Magnus») նաեւ՝ մեծագոյն. «Major», «Maximus»
Մանդու= սեւ, յումպար (ամպէր) ծաղիկը. նաեւ՝ գորշ
Մանէ= Մաննիկ, Մանիկ, Մանիա։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 19, 2016, Իսթանպուլ