ՄԱՅՐԵՐ ՊԱՏՈՒԱԿԱ՛Ն
Երբ յաճախ կը յիշենք եւ կը խորհրդածենք մայրերու մասին՝ այն պատուական եւ աստուածաշնորհ անձերու մասին, կը մտաբերենք այն սրբանուէր անդամները համայն մարդկային մեծ ընտանիքին եւ նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի նուիրական անձնաւորութիւնները՝ կ՚անդրադառնանք, թէ անոնք տիրուհի՛ն են ընտանիքին եւ մարդկութեան։ Արդարեւ, եթէ այրը կամ հայրը «տէր»ն է ընտանիքին, կինը կամ մայրը «տիրուհի»ն է նոյն ընտանիքին։ Ուստի հաւասար են այր եւ կին, հայր եւ մայր, քանի որ անոնք՝ երկուքը կ՚ամբողջացնեն «մարդ»ը։ Եւ ուրեմն, «հաւասարներու միջեւ առաջին»ը որոշել կարելի չէ ընտանիքը կազմող այր-մարդուն եւ կին-մարդուն, աւելի լայն առումով՝ հօր եւ մօր բաղդատութեան պարագային։ Եւ ուրեմն, այր-մարդ եւ կին-մարդ, հայր եւ մայր զիրար լրացնող, ամբողջը կազմող տարրեր են, որոնց միջեւ կարեւորագոյնը կամ գերադասը որոշել կարելի չէ՛։ Անոնք «մարդ»ը կազմող երկու անհրաժեշտ տարրեր են, որոնցմէ մէկուն բացակայութիւնը արգելք կը հանդիսանայ «ամբողջ»ին կազմութեան, այսինքն «մարդ»ուն գոյացութեան։
Եւ երբ այս խորհրդածութիւնները կ՚ընենք, կ՚ուզենք ներկայացնել, ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի շահեկան յօդուածներէն մին՝ «Մայրեր, ձեզի համար»ը, գրուած «Մայրերու օր»ուան առթիւ։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ յարգարժան յօդուածագիրը, «մայրերու օր»ը օրերու պսա՛կն ու դափնի՛ն է մայրերու լո՛յս ճակատներուն։
Համոզուած՝ թէ միայն յատուկ օր մը չէ որ պէտք է յիշել, մեծարել եւ պատուել մայրերը, եւ տարւոյ բոլոր օրերը «մայրերու օրեր» են՝ անոնց նուիրուած, արդէն ինչպէս կ՚ըսէ նաեւ Տքթ. Վարդ Շիկահեր, եւ ուրեմն յարմար է մայրերու մասին խօսիլ-գրել այսօր՝ տարւոյ օրերէն որեւէ մէկ օրուան մէջ…։
Ահաւասիկ, Տքթ. Վարդ Շիկահերի 7 մայիս 1994 թուակիր յօդուածը՝ որ կը ներկայացնենք նոյնութեամբ, հաւատարիմ մնալով բնատիպին։
ՄԱՅՐԵ՛Ր ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
«Մայրերու Օր», սրբանուէր օր…
Օրերու պսա՛կն ու դափնի՛ն մայրերու լո՜յս ճակատներուն։
Բոլո՛ր մայրերը «տարւոյն մայր»երն են, «տարիներու մայր»երը, բոլո՛ր ժամանակներու մայրերը՝ անա՛նց եւ յաւերժակա՛ն։
Ամբողջական նուիրում, զոհաբերում ու պատարագ են անոնց կեանքերը։ Ինչպէ՞ս պատմել հերոսավէպերը այդ կեանքերուն։
Մեր ուսանողութեան տարիներն էին։ Հայ Լեզուի մեր մեծանուն ուսուցիչը Ստեփան Կուրտիկեան շարադրութեան նիւթ կու տար, «յարմար պատմուածքով մը պատկերացնել մօր՝ անձնազոհութիւնը»։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք գտնել կամ յօրինել «յարմար պատմուածք», մեզի դիւրին չէ՛ր թուեր այն ատեն։
Շա՜տ տարի են անցեր։ Ու մենք քանի՜ օրինակ տեսեր ենք կամ լսեր, օրինակներ՝ անձնուրացութեան, որոնք հիւսեր են ամէն ծագի մէջ, մայրերու ճշմարիտ դիւցազնավէպերը։
Անոնցմէ մին ահա՝ սրտակեղեք պատահար մը.
Երիտասարդ մայր մըն է։ Իր մէկուկէս տարու մանկիկը գիրկն առած՝ ճամբայ ինկեր է առաւօտ կանուխ։ Կը փութայ դարման գտնել անոր։ Մտատանջ է, քանի մը օրէ ի վեր լրջօրէն խանգարուեր է իր հոգեհատորին առողջութիւնը։
Կը շտապէ, կը քալէ արա՛գ մայր պողոտային վրայ։ Հարկ է անցնիլ հանդիպակաց մայթը։ Յանկարծ կը յայտնուի բեռնակառք մը, որ կը մօտենայ սրաշարժ։ Մայրը քնատ ու մտամոլոր՝ կ՚այլայլի, խուճապի կը մատնուի։ Ու կը լսուի իր աղեկէզ գոչիւնը. «զաւա՛կս, ես կը մեռնիմ, գոնէ դո՛ւն ազատիս»։ Գերազանց ճիգով, կը նետէ մանկիկը դէպի մերձակայ մայթը։ Երախան կը փրկուի, մայրը կը մնայ անիւներուն տակ։ Ահա՛ մայրը, որ «մահուան բաժին» կը դառնայ, որպէսզի փրկուի կեանքի բաժինը՝ իր զաւկին։
Երկրորդ օրինակ մը։
Յղի կին մըն է։ Յղութեան հինգերորդ ամիսն է։ Ուժաքամ, շա՛տ տկար կը զգայ ինքզինք, վիճակ՝ որ կը շեշտուի օրէ օր, տարասովոր ընթացքով։ Կը ճշդուի, թէ կուրծքի քաղցկեղէ կը տառապի։ Կը բացուի այսպէս եղերերգութեան վարագոյրը։ Անհրաժեշտ է բառնալ յղութիւնը, կնոջ կեանքը փրկելու համար։ Կինը սակայն կը մերժէ։ Ինչպէ՛ս թողու, որ զրկեն իր արգանդի պտուղը, օր եւ արեւ տեսնելէ։
Կ՚անցնին երկու ամիս։ Միջամտութեամբ մը, ժամանակէն առաջ աշխարհ կը բերուի առոյգ մանկիկ մը։ Գո՛հ է կինը, որ արժանացեր է մայրութեան երանութեան։ Քանի մը օր յետոյ, սաստիկ ցաւերու մէջ կը փակէ աչքերը, հազիւ քանի մը անգամ տեսած՝ իր նորածինը։
Երրորդ դէպք մըն ալ, այնքան յուզիչ ու հրահանգիչ.
Պատանի մը յոռի ու անուղղայ վարքով, դառնացուցեր է իր հայրը, որ երկարատեւ համբերութենէ ետք, օր մը զայրոյթով կը վտարէ զայն տունէն. «գնա՛, անգամ մըն ալ երեսդ չտեսնեմ»։ Տղան կը հեռանայ։
Միջոց մը վերջ, ընտանիքի մայրը կը հիւանդանայ։ Վիճակը կը վատթարանայ շուտով։ Իր զաւկի բացակայութիւնը մեծ ցաւ է իրեն։ Մահամերձ է։ Կ՚ըսէ ամուսնոյն. «Կ՚աղաչեմ, տղաս քովս բեր, վերջին անգամ տեսնեմ եւ փակեմ աչքերս»։
Կու գայ տղան։ Մայրը հօր եւ զաւկի ձեռքերը կը բերէ՛ իր սրտին վրայ։ Զաւկին ձեռքը հօր ափին մէջ կը դնէ։ Ու այնպէս խաղաղած՝ կ՚աւանդէ հոգին։ Հայր եւ որդի կ՚արտասուեն, կ՚ողջագուրուին։ Մայրը կորուստէ փրկած կ՚ըլլայ հոգին իր սիրական որդւոյն, որ լա՛ւ անձ մը կ՚ըլլայ ընդհուպ։
Յիշենք տպաւորիչ անցք մը, քաղուած՝ Թովմաս Թէրզիեանի «Մայրական Սէր» խորագրուած արձակէն։
Եկեղեցական մը իր քարոզով, կը դրուատէ անխախտ հաւատքը Աբրահամ նահապետին, որ կը փորձուի Արարչէն։ Պա՛հ մը իսկ չի՛ վարանիր ան, կը հնազանդի հրամանին, որ է զոհե՛լ իր մէկ հատիկ որդին՝ Իսահակը։
Հաւատացեալներէն մայր մը յառաջ կու գայ ու կը ձայնէ. «Աստուած նմա՛ն զոհ մը, մօրմէ չէր կրնար ուզել»։
Ո՛ մեր մայրերը, արեւադէմ մայրերը…։
Մայրական սէրը ցոլարան է Գերագոյ Սիրոյ։ Օրհնեալ նշխար է ու ջուր, մեր կեանքերու սեղաններուն վրայ։ Երկայնամիտ հսկում է, լռիկ արցունք է ու արդար հրճը-ւանք։
Մայրը համարժէք է կեանքի։ Ծնունդ ու կեանք տուողն է, զմեզ աշխարհ բերողն է։ Նախ՝ կը կրէ իր «որովայն»ին մէջ, ապա՝ մինչեւ վերջ իր հոգիին մէջ ու մեր հոգերը՝ իր ուսերուն վրայ։
Մօր սէրը ազատարար գօտի է կեանքի խաղերուն ու ցաւերուն դիմաց, ծիրանի գօտի՝ տեղատարափներէ ետք։ Քարքարուտները այդ սիրով կը վերածուին հարթ ճանապարհներու, անո՛վ կը դալարին բերկանքի դաշտերը։ Վերելակն է՝ որ վիհերէ վեր կը բերէ «անառակ որդի»ները։ Մայրերը կը զարդարեն կեանքի ծուռումուռ ճամբաները, ծառ ու ծաղիկով։
Մօր սէրը… անո՛վ սկիզբ կ՚առնէ ու կը զարգանայ ամէ՛ն բան ու կը դիմէ դէպի կատարելութիւն։ Մայր բնութիւնն ու մայրական էութիւնը կը նոյնանան։ Կեանքի շունչին, կեանքի հեւքին մէջ մայրական շունչը, մայրական հեւքը կան։
Ամէն հասկի, ամէն հունձքի մէջ մօր օրհնութիւնը, մօր աղօթքը կան։ «Ա՛ռ հատիկ, տո՛ւր հացիկ, ա՛ռ գարի, տո՛ւր բարի»։ Սա՛ աղօթք է, աղերսա՛նք է, մի՛շտ անպակաս՝ գեղջուկ մայրերու շրթներէն։ Անո՛վ արգաւանդ եղած են հայրենի արտերը ու լի՛ք եղած՝ երդիքներու մառանները։
Օրօրն ու արօրը, օրրանն ու գութանը մայրական աղօթքով կը սրբանան, աղօթավայր, աղօթարան կը բանան։ Օրօրերգ ու արօրերգ կանչ ու հրաւէր են մաքո՛ւր կեանքի, հալա՛լ վաստակի։
«Մօր կաթին պէս հալա՛լ լինի» հոգեզգած արտայայտութիւնը կը յայտնանշէ ամէնարդար իրաւունքը, իրաւունքը՝ «հալա՜լ վաստակ անող»ին։
Մեր մայրե՜րը, հայ մայրերը…։ Անոնք մայրերը եղան մեր վաղնջական օրերուն, ծնուցիչն ու պահակները՝ հին եւ նոր օրերուն, ազգի բովանդակ կեանքին, ցեղի պատմութեան բոլոր ափերուն վրայ, անդորր կամ յուզախռով։
Մա՜յր, առաջի՛ն բառն է Մայրենիին, առաջի՛ն բառ ու բանն է՝ սիրոյ բառարանին։ Մեր մայրերո՛վ է, որ մայրենին առաջին անգամ թա՛ռ կու գայ մանուկներուն շրթներուն վրայ։ Սո՛ւրբ բառ է «մայր» բառը, վսեմ կոչում է ու տիտղոս։ Հոգեթով հնչիւն մը կը թրթռայ, Արարչի շունչը կը թեւածէ անոր մէջ։ Ու երկրորդ «ստեղծիչ» է մայրը։
Մայրերը «զուարթ լոյս» են, «Լոյս Զուարթ», որոնք անստուեր պահեցին լոյսը՝ տան խորշերուն մէջ, տաճար գացին ու անոր ոգեշնչումով տաճարացուցին մեր յարկերը… մեր մայրերը, մե՛ր խնկահո՛տ մայրերը…։
Տքթ. Վարդ Շիկահերի այս տողերով կրկնակի իմաստ մը կը գտնէ «մայր»ը եւ «մայրութիւն»ը՝ որ աստուածանման եւ աստուածամերձ դիրք մը ունի համայն մարդկութեան մէջ։
Մա՛յրն է՝ որ կը ծնի եւ կը խնամէ, եւ Աստուած ալ Արարիչ է եւ Նախախնա՛մ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 23, 2018, Իսթանպուլ