ԵՐԿՈՒ ՀԶՕՐ ՈՒԺԵՐ

Երկու հզօր ուժեր կան մարդուս մէջ, որոնք կրնան բարոյական աշխարհներ կործանել կամ կանգնել։

«Շահ»ը եւ «սէր»ն է այս երկու ուժերը։

«Շահ»ը միշտ իրենինը կը փնտռէ եւ զայն ձեռք անցընելու՝ անոր տիրելու համար, յաճախ ոտքի տակ կ՚առնէ մարդկային ամենէն նուիրական զգացումները։ Զոհեր կը մատուցուի շահի պաշտուած կուռքին՝ նոյնիսկ պատիւ եւ կեանք։ Փառքի, դիրքի եւ աստիճանի տիրելու եւ հասնելու համար, ինկած ընկերոջ մարմնին վրայ սանդուխներ կը շինէ շահամոլը՝ անխղճօրէն։

Անոր ներքին շահասիրական զգացումներուն մէկ ձայն մը միայն կը հանեն. «Ի՛մս է»։ Վերջապէս շահը այն բիրտ եւ վայրագ ուժն է, որ կը քանդէ, կը կործանէ ի՛նչ որ իրեն չի պատկանիր։ Անոնք որ դեռ «հին մարդ»ը կ՚ապրին, իրենց մէջ գործող ահաւոր եւ աւերիչ ուժը՝ շա՛հն է։ Անյագ ցանկութիւններու լկտի աստուածներու ձայնը կը լսուի։ Իսկ «նոր մարդ»ուն մէջ՝ ուր Քրիստոս Ի՛նք կ՚ապրի, սէրն է որ կը գործէ։

Քրիստոսով զօրացած «նոր մարդ»ուն մէջ՝ գութը, կարեկցութիւնը, քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը եւ հեզութիւնը կը տիրէ. անձեռագործ տաճարներ կը կանգնին սրտերու մէջ՝ Իր սիրովը օծուն եւ ուր Ի՛նք կը բնակի։ Անոնք կենդանի Աստուծոյ տաճարներն են։

Արդարեւ, սէրը բոլոր առաքինութիւններուն, բոլոր բարեմասնութիւններուն, մեծգործութիւններուն բոլոր օրէնքներուն հիմը եւ խարիսխն է. ա՛յն է մարդուն կեանքին ներդաշնակութիւնը, երկնային մեղեդին մարդկային խորհուրդներուն, զօրեղ զսպանակը անոնց յոյզերուն եւ զգացումներուն։ Այս իմաստով, սէրը կեանքն իսկ է։

Մարդիկ սիրոյ երկնային ներշնչումներուն տակ իրարու հանդէպ գթութեան հրեշտակներ կը դառնան։ Իսկ շահասիրութեան արբշիռ՝ գինովցած հեշտանքին տակ՝ հրէշներ։ Վերստին ծնած «նոր մարդ»ուն սիրտը աննենգ եւ սուրբ սիրով մը միայն կը ստիպէ, կը մղէ զայն սիրել՝ ոչ միայն իր ընկերը, այլեւ իր հակառակորդն ալ։

Ահա՛ այս մեծ եւ վսեմ սկզբունքը՝ քրիստոնէութիւնն էր որ ծնաւ փառասիրութեան, անձնասիրութեան, ոճիրներու եւ ապականութիւններու մահահոտ դարերու ծոցէն։ Եղբայրութեան, համաձայնութեան եւ ճշմարիտ խաղաղութեան կեանքը Քրիստոսի Աստուածային կեանքովը հիւսուած «հաշտութեան ծիրանի գօտի» մը եղաւ երկիրը երկինքի հետ կապող։

Քրիստոնեաներ սիրոյ լեզուն կը գործածեն՝ որ տիեզերական լեզուն է. Աստուծոյ լեզուն, երկնաբարբառը որ կը հասկնան անոնք, որ Սուրբ Հոգիէն ծնած են եւ կ՚ապրին «Նոր մարդ»ը։ Որքա՜ն մայրածիններ եկեր անցեր են մեր այս ապրած աշխարհի վրայէն։ Բայց պէտք է «նորէն ծնիլ» ո՛չ թէ մարմինէն, այլ հոգիէն, ստանալ վերածնութեան կեանք, որ չունենայ մահու ապականութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2024