ԹԱՏՐՈՆԻ ՆԱՀԱՆՋԸ
Այսօր՝ մարտի 27-ին ողջ աշխարհը կը նշէ «Թատրոնի միջազգային օր»ը եւ այս մէկը պատեհ առիթ է խորհրդածելու արուեստի այս ճիւղին մասին, որ խոր նշանակութիւն ունի համաշխարհային մարդկութեան պատմութեան մէջ: Ահաւասիկ, աւելի քան վեց տասնամեակ՝ 1961 թուականէն Միաւորուած ազգերու կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան որոշումով այս օրը կը նուիրուի թատրոնին, ոգեշնչելու եւ միաւորելու թէ՛ հանդիսատեսը եւ թէ՛ դերասանը:
Սակայն կարելի չէ անտեսել դժբախտ իրականութիւնը. թատրոնը՝ որ ժամանակին մարդկային ապրումներու, մտածումներու, զգացումներու եւ համոզումներու արտայայտման վառ հիմնաքարը կը նկատուէր, այսօր կանգնած է անկման դիմաց: Մարդկային կեանքէն աննշան ձեւով կ՚անհետանայ արուեստի այս ճիւղը:
Այս ուղղութեամբ մենք մեզ դժբախտ կը զգանք, որովհետեւ մենք կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան, ուր դարաւոր հին աւանդութիւնները կամաց կամաց կը նահանջեն, իրենց յետին ձգելով տխուր արձագանգ մը պարզապէս: Թատրոնը գեղարուեստական ժառանգութիւն մըն է, սակայն թատրոնի կորուստը իր հետ կը բերէ նաեւ մշակութային կորուստ, որովհետեւ թատրոնը հայ մշակոյթի պատմութեան եւ մանաւանդ զարգացման մէջ ունեցած է եւ ունի մե՛ծ դեր:
Թատրոնը ունի հազարամեակներու պատմութիւն, որով զարգացած է հասարակական քննադատութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու բարքերը. բեմ՝ ուր ներկայացուած է մարդկային ողբերգութիւններ, յաղթանակներ ու անմահական պատմութիւններ, որ ծառայած է ժողովուրդը ուսուցանելու: Ցաւ ի սիրտ, 21-րդ դարը անկման շրջան մըն է կարեւոր արժէքներու. ինչպէս օրինակ, թատրոնը, մամուլը եւ այլ արժէքներ, որոնք մարդկային պատմութեան մէջ ունեցած են իրենց կարեւոր դերն ու տեղը: Արհեստագիտութեան զարգացումը ստեղծեց հասանելիութեան նոր դարաշրջան մը եւ մարդիկը հեռացուց մամուլէն ու թատրոնէն. եթէ կարդանք հին գրողները, պիտի տեսնենք ու հասկնանք, թէ ինչ մեծ արժէք ու նշանակութիւն ունէր թատրոնը մօտաւորապէս մէկ դար առաջ ապրող ժողովուրդին համար. մանաւանդ Պոլսոյ մէջ թատրոնը բարձրագոյն արուեստն էր եւ հո՛ն էր, որ կը զարգանար լեզուն, մշակոյթը, հասկացողութիւններն ու ժամանակի մտայնութիւնը:
Այսօր ինչպէս մամուլը ընթերցող, նոյնպէս թատրոնը հանդիսատես չունի եւ այդ իսկ պատճառով դէմ յանդիման կը գտնուի նիւթական տարբեր դժուարութիւններու. թերթը ունի իր տպագրութեան ծախսերը, իսկ թատրոնը՝ բեմի վարձակալութեան, ինչպէս նաեւ յարդարանքի այլ ծախսեր, որոնք կարելի է ապահովել միայն հանդիսատեսի ներկայութեամբ:
Թէեւ այսօր թատրոնը իր անկման շրջանը կ՚ապրի, սակայն անցեալին թատրոնը մշակոյթի մը ամենէն բարձունքն էր. պատմութիւնը մեզի կը փոխանցէ, որ հայ ժողովուրդը Տիգրանակերտի եւ Արտաշատի մէջ ունեցած է թատրոններ։ Հայ թագաւորները հասկցած են, որ քաղաքակրթութեան մը համար անհրաժեշտ է թատրոն ունենալը. անշուշտ պէտք է նկատի ունենալ, որ անցեալին, ինչպէս ամէն արուեստի ճիւղ, նոյնպէս թատրոնը առանձնաշնորհում մըն էր արքունի պալատականներուն համար: Ցաւ ի սիրտ, մեր պատմիչները գոյութիւն ունեցող հայկական հին թատրոններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցած չեն, սակայն օտար աղբիւրներ որոշ յիշատակութիւններ կ՚ընեն հայ թատրոնի գոյութեան մասին: Օրինակի համար, հռոմէացի պատմիչներէն Ռոլլեն Շարլս (Rollen Charles) խօսելով Տիգրանակերտի մասին, կ՚ըսէ. «...Տիգրանայ ժողովեալ էր անդըր բազում կատակերգուս, երաժիշտս եւ կաքաւիչս ի նաւակատիս թատրոնի, զոր տուեալ էր կառուցանել):
Սակայն ո՞ւր է այսօր հայկական թատրոնը. սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդը փորձեց պահել եւ ունենալ թատրոն, մանաւանդ յետեղեռնեան ընթացքին, սակայն այդ բոլորը մնացին սիրողական գետնի վրայ, որովհետեւ բեմ բարձրացող դերասանները չյաջողեցան իրենց ամբողջ ուժն ու կորովը նուիրելու թատրոնին. անոնցմէ շատեր կօշկակար, ներկարար եւ բանուոր էին, որ սիրողական ձեւով բեմ բարձրանալով իրենց շնորհքները կը ներկայացնէին հանրութեան, շատ անգամ ոչ մէկ գումար ստանալով այդ ներկայացումներուն համար, որովհետեւ հանդիսատեսներու մուտքավճարները հազիւ թէ կատարուած ծախսերը հոգային. սակայն յետոյ կազմակերպութիւններ, ինչպէս օրինակ, Համազգայինը եւ ուրիշներ, յանձն առին թատրոն պահելը՝ որպէս մշակութային կարեւոր արժէք եւ ամէն ջանք ի գործ դրին, որպէսզի թատրոնը շարունակուի. մինչեւ օրս այդ ջանքերը ի գործ կը դրուին՝ սակայն սահմանափակ ձեւով։ Եթէ անցեալին գաղութի մը մէջ ընդհանուր տարուան ընթացքին տասն ներկայացում կը բեմականացուէր, այսօր հազիւ մէկ կամ երկու, ինչ որ թատրոնի անկման տխուր փաստը կը կազմեն:
Բարեբախտաբար հայրենիքի մէջ վիճակը տարբեր է սփիւռքէն։ Հայրենիքի մէջ մինչեւ օրս գոյութիւն ունին դերասաններ, որոնց ամբողջ կեանքն ու գործը թատերական ներկայացումներն են. սակայն վիճակը դարձեալ փայլուն պատկեր մը չունի. վերջին անգամ Գրիգոր Զօհրապի գործերէն մէկուն ներկայացման հազիւ թէ տասն հանդիսատես ներկայ գտնուէր. հակառակ անոր, դերասանները ներկայացումը կատարեցին այնպիսի ապրումով, կարծես տասնեակ հազարաւոր մարդոց ներկայութեամբ բեմականացուէր թատրոնը:
Մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ՝ երբ նոր սկսած էի ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին աշխատակցիլ, երեքշաբթի, 5 օգոստոս 2021 թուականին հրատարակեցինք «Նժար. Գ. Զօհրապ Ընդդէմ «Cabaret»ի» խորագրեալ յօդուած մը, ուր խօսեցանք այն դժբախտ իրողութեան մասին, որ որակաւոր ներկայացումները առանց հանդիսատեսի, սակայն ապուշութիւններն ու պոռնկական հոտ ունեցող ներկայացումները բազմամարդ հանդիսատեսի ներկայութեամբ կը բեմականացուին:
Ցաւ ի սիրտ, թատրոնը այսօր կը նահանջէ, տեղի տալով ապուշ կատակներու եւ անմակարդակ ու ծիծաղաշարժ անիմաստութիւններու դիմաց: Այսօր մահամերձ է հայ թատրոնը։ Մեր թուականէն մի քանի տասնեակ յետոյ կ՚ունենա՞նք թատրոն՝ հայ դերասաններով՝ այնքան ալ վստահ չենք: Այսօր ազգովի ձախողած ենք մեր կարեւորագոյն երկու արժէքները, մամուլն ու թատրոնը ապրեցնելու մեր հրամայական պարտաւորութեան մէջ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ գիտես հայկական կարմիր ներկի մասին:
Պատասխան. Հայկական գեղանկարչութիւնը, որ յայտնի է նաեւ որպէս հայկական մանրանկարչութիւն, արուեստի աւանդական ձեւ մըն է, որուն արմատները կը հասնին միջնադարեան ժամանակաշրջան: Հայկական մանրանկարչութիւնը, որ յայտնի է իր վառ կարմիր գոյներով ու մեծաւ մասամբ կը ներառէ կրօնական, պատմական պատկերներ՝ մշակութային արժէքներով: Արուեստագէտները սովորաբար կը գործածէին բոյսեր եւ միջատներ՝ ստանալու համար կարմիր գոյնը. պէտք է գիտնալ, որ կարմիր գոյնը յատուկ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար: Այսօր հայկական մանրանկարչութիւնը կը շարունակէ պահել իր հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, պահպանուելով աշխարհի զանազան թանգարաններուն եւ հաւաքածոներուն մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան