ԱՌԱՆՑ ՍԻՐՈՅ՝ Ո՛ՉԻՆՉ
Յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին, բայց ասիկա պէտք չէ ձանձրացնէ մարդս, քանի որ ամէն բանի, մինչեւ իսկ կեանքին պատճառը եւ սկիզբը սէ՛րն է։ Չէ՞ որ Աստուած սիրով եւ իմաստութեամբ ստեղծեց մարդը եւ սիրով օժտեց եւ լիացուց զայն։ Եւ ուրեմն մարդուն սկզբնական տարրն է սէրը՝ որուն մասին որքան որ խօսինք չենք կրնար վերջակէտ մը դնել մեր խօսակցութեան։
Արդարեւ, մարդկային բոլոր արարքներ եւ յարաբերութիւններ արդիւնալի եւ նպատակայարմար կ՚ըլլան, երբ անոնք կ՚ընթանան սիրով։ Ուստի, կեանքը կը բխի սիրոյ զգացումէն՝ Աստուծմէ, որ Ինքը սէր է եւ սիրոյ ակն ու աղբիւրը։
Պօղոս առաքեալ, կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին մէջ սիրոյ մասին հետեւեալը կը գրէ.
«Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ եւ սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչող ծնծղաներու պէս։ Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ եւ հասկնամ ամէն խորհուրդները եւ ամէն գիտութիւնը եւ եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու, եւ սէր չունենամ, ո՛չինչ եմ։
Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ եւ իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար։
Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է, սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չ՚ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգըռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար, հապա ճշմարտութեան խնդակից կ՚ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։
Սէրը բնա՛ւ չ՚իյնար. բայց եթէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի խափանին, եթէ լեզուներ՝ պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն՝ պիտի խափանուի։ Վասնզի շատէն քիչը գիտենք եւ շատէն քիչը կը մարգարէանանք։
Բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանուի։ Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի, բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի։ Քանզի հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես։ Հիմա շատէն քիչ մը տեղեակ եմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ճանչցուեցայ։
Ուստի, հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը եւ անոնց մեծագոյնը սէ՛րն է». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 1-13)։
Իսկ Յովհաննէս առաքեալ իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ կը գրէ.
«Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասնզի Աստուած սէր է». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։
Արդարեւ, ի զուր չէ որ սիրոյ մասին այսքան կը խօսուի, քանի որ Աստուած սէ՛ր է։ Ուստի, սէրը խաղաղութիւն կը բերէ, սիրով կը մխիթարուին մարդիկ իրենց զանազան նեղութիւններուն եւ տառապանքներուն մէջ, սիրով կը տոկան այն բոլոր ցաւերուն, վիշտերու եւ դժբախտութիւններու։ Սիրով է որ տանելի կ՚ըլլայ աշխարհի բիւրաւոր դժուարութիւնները՝ որոնք կը ճնշեն մարդուս վրայ։ Սիրով է որ մարդ կը հանդուրժէ շատ բաներու, հակառակութիւններու, թշնամանքներու եւ անիրաւութիւններու։ Սիրով է որ կը հաստատուի արդարութիւնը, սիրով է որ կը ներդաշնակուի եւ կը հակակշռուի արդարութիւնը եւ գութը, բարկութիւնը եւ խղճամտութիւնը եւ սիրով է որ կ՚ոչնչանայ ատելութիւնը։
Սիրով կը սկսի կեանքը, քանի որ Աստուած սիրով ստեղծեց տիեզերքը եւ անշուշտ մա՛րդը։ Եւ մարդկային սերունդը շարունակուեցաւ իբրեւ սիրոյ պտուղ։ Ընտանիքը կազմուեցաւ սիրոյ հիման վրայ եւ գոյատեւեց, գոյապահպանուեցաւ, աճեցաւ եւ բազմացաւ սիրով, սէրը աւիշը եղաւ ամէն մարդկային կազմակերպութեան, սկսելով ընտանիքէն՝ ընկերութեան, հասարակութեան, ժողովուրդի եւ վերջապէս ազգի գոյութեան կարեւորագոյն տարրը եւ զօրաւոր կապը եղաւ։
Մարդկային փոխյարաբերութիւնները զարգացան սիրոյ օժանդակութեամբ. սէրը զօրացուց, գոյացուց եւ պահպանեց ամէն բարենպատակ հասարակաց ձեռնարկ։ Վերջապէս, մէկ խօսքով՝ առանց սիրոյ՝ ո՛չինչ եղաւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024