Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ
Մեր ազգի խնդիրները լուծելու լաւագոյն ձեւը Պապի անսխալականութեան հասկացողութենէն դուրս գալն է, որովհետեւ ազգովին ունինք այն կարծիքը, թէ մեր ղեկավարները անսխալական են. անոնց այս կամ այն գործը քննադատելը սրբագրութիւն որպէս դիտուելու փոխարէն կ՚ընկալուի որպէս «դաւաճանութիւն». քննադատողը յանկարծ կը դառնայ ժողովուրդին թշնամին եւ կը հալածուի: Քննադատողը սխալ կ՚ընկալէ այս կամ այն կուսակցութեան պատկանող Սարգիսին գործն ու ընթացքը, սակայն այնպէս մը կը հասկցուի, որ քննադատողը ամբողջ կուսակցութիւնը կը քննադատէ եւ ոտնակոխ կը դարձնէ. մեր մօտ «ով որ մեզի հետ չէ՝ մեր թշնամին է» հասկացողութիւնը տարածուած է եւ, հետեւաբար, առողջ քննադատութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ։ Մեծագոյն լուծումը մտաւորականներէն ետք երիտասարդութեան խօսք տալն է. այսօր կը տեսնենք, որ սփիւռքի հայկական գաղութները կը ղեկավարեն անձեր՝ որոնք աւելի քան մի քանի տասնամեակ պաշտօնի գլուխ կը գտնուին. անոնք կ՚առաջնորդեն գաղութը այնպէս՝ ինչպէս մի քանի տասնեակ առաջ. սակայն մերօրեայ երիտասարդութեան պահանջներն ու պէտքերը տարբեր են այդ բոլորէն, որովհետեւ ժամանակին հետ միասին փոփոխութիւն կը կրեն նաեւ պահանջները։ Երեսուն տարիներ առաջ մէկը ըսած է եւ առանց հարցադրելու եղած է այդպէս, որովհետեւ հարցադրելը դաւաճանել կը նշանակէ: Մենք ազգովին կ՚ապրինք մահմետականներու նման, որոնք իրաւունք չունին քննարկելու եւ կամ հարցականի տակ դնելու Քուրանի մէջ գրուածները:
Պէտք է հասկնալ, որ ազգի համար կատարուած իւրաքանչիւր գործի մէջ գոյն եւ պատկանելիութիւն գոյութիւն չունի. չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ հնչակեան ու դաշնակցական նահատակ, իմ քայլական կամ չեմ գիտեր ինչական նահատակ. չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ դաշնակցական դպրոց եւ հնչակեան դպրոց… Կան արժէքներ, որոնք գոյնի տակ պէտք չէ՛ դրուին երբեք, որովհետեւ ազգի համար իւրաքանչիւր զոհուող նահատակ է. աշխարհի վրայ գործող իւրաքանչիւր դպրոց նոյն նպատակը՝ ապագայ հայ սերունդը պատրաստելու պարտաւորութիւնը ունի. հետեւաբար, պէտք է որոշ արժէքներ զտել գոյներէ, որովհետեւ կուսակցութիւններն ու միութիւնները միջոցներ են պարզապէս հասնելու այն իտէալին՝ որ ընդհանուրին համար է:
Լուծումի հասնելու համար պէտք է կարեւորել ուսուցիչին դերը մեր կեանքէն ներս. մենք այնպիսի ազգ մըն ենք, որ կը գիտակցինք ուսուցիչին ունեցած դերին, սակայն ո՛չ մէկ ձեւով կը գնահատենք. ընդունինք թէ ոչ, այսօր թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ ունինք ուսուցիչի պակաս. ուսուցիչ ըսելով չե՛նք հասկնար այն անձը, որ դասարան գալով դասաւանդութիւն կը կատարէ. նման ուսուցիչներ մեր ազգը շա՜տ ունի. ուսուցիչ ըսելով կը հասկնանք այնպիսի մտաւորականներ, որոնք իրենց մտածելակերպով ու տեսլականով կը յաջողին պատանի երիտասարդին մէջ կեանքի կոչել ապագայի տեսլականը. նման ուսուցիչներու ծարաւը ունի այսօր մեր ազգը: Այսօր անցեալի գրողները ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ մի քանի տասնեակ գրող-մտաւորական նոյն ուսուցիչին աշակերտած են եւ վստահաբար անոնց մտաւորական կեանքին մէջ մեծ է նման ուսուցիչի մը դերը. կը տեսնենք, թէ անոնք ինչպէս իրենց աշխատութիւններուն մէջ յաճախակի կը յիշեն իրենց ուսուցիչները. այսօր նման ուսուցիչներ մատի վրայ կարելի է հաշուել՝ անշուշտ, եթէ բախտ վիճակուի, որպէսզի պաշտօնավարեն. մեր ազգը մի՛շտ ալ անտեսած է երեք կարեւորները՝ մտաւորականները, կրօնաւորները եւ ուսուցիչները։ Այսօր ես անձամբ ցաւ կ՚ապրիմ, երբ կը տեսնեմ Հայագիտականի բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած երիտասարդներ աշխատին ամերիկեան այս կամ այն ընկերութեան մէջ՝ պարզապէս գնահատուած չըլլալու պատճառով եւ այս մէկը դարաւոր հիւանդութիւն մըն է մեր մօտ։ Կ՚անտեսենք ուսուցիչը՝ որ մտապէս եւ հոգեւորականը՝ որ հոգեպէս սնունդ կը ջամբէ նոր սերունդին եւ յետոյ զարմացած կը մտածենք, թէ ինչո՞ւ համար թէ՛ մտապէս եւ թէ բարոյապէս ձախող սերունդ մը ունեցած ենք:
Անցեալին սփիւռքը ունէր ուսուցիչի պակաս՝ որովհետեւ նիւթապէս վատ վիճակի մը մէջ կը գտնուէր. ի բախտաւորութիւն այսօր մեր սփիւռքը չունի այդ թշուառ վիճակը. անցեալին կամքը կար՝ սակայն նիւթականը կը բացակայէր, իսկ այսօր նիւթականը կայ՝ կամքը կը բացակայի: Լուծումներուն մեծագոյնը պիտի ըլլայ ամբողջ սփիւռքը «օժտել» նոր երիտասարդներով՝ որոնք լաւ գնահատանքի մը դիմաց պատրաստ են իրենց երիտասարդութիւնը մաշեցնել՝ ի խնդիր ապագայ սերունդներուն: Նման երիտասարդներ ո՛չ միայն պէտք է ուսուցիչ դառնան, այլ ստանձնեն գաղութի ղեկավարութիւնը. ի՜նչ խղճալի պատկեր է տեսնել հայկական գաղութներ, որոնց ղեկավարները իրենց մայր լեզուն չեն գիտեր. հայկական գաղութ կ՚առաջնորդէն՝ առանց հայերէն գիտնալու եւ կամ հայկական արժանիքներ ունենալու: Այս բոլորը կ՚ենթադրէ անուններու, մականուններու եւ աթոռներու փառաբանանքի վերացում, որովհետեւ անձ մը պէտք է արժեւորել ո՛չ իր պաշտօնով, ո՛չ իր մականունով եւ ո՛չ ալ իր հարստութեամբ։ Այսօր կը տեսնենք, թէ ղեկավարներ հայկական ընկերային կեանքին մէջ խօսք կու տան հարուստներուն, անդին կ՚անտեսեն նիւթապէս աղքատ, սակայն մտապէս հարուստ մտաւորական մը. հաւատացէ՛ք, հարստանալը մի՛շտ պայծառ խելքի մը արդիւնքը չէ:
Տակաւին շա՜տ բաներ կան, որոնք անհրաժեշտ են մեր ազգի հարցերը լուծելու, սակայն այս վերոյիշեալ հարցերը իրենց լուծումին հասցնելը վստահաբար դար մը կը պահանջէ՝ եթէ ոչ աւելի. հետեւաբար, մենք կ՚ապրինք բոլո՛ր անոնց նման՝ որոնք Արարատը հայկական կ՚ուզէին տեսնել, սակայն այդ մէկը կը ժառանգէին իրենց զաւակներուն. մենք եւս յոյսով ենք, որ մեր զաւակները տեսնեն այն լուծումը՝ որ մենք չտեսանք ու գուցէ երբեք ալ չտեսնենք:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Քանի՞ անգամ կարելի է ներել մէկը:
Պատասխան. Ներելը անհատական խնդիր է եւ կրնայ անձէ անձ տարբերիլ: Ոմանք սիրով առաջնորդուելով բազմիցս կը ներեն, կարեկցանքով եւ փոփոխութեան յոյսով կը մօտենան, իսկ ուրիշներ կրնան հասնիլ կէտի մը, ուր ներելը անհնար է՝ պայմանաւորուած բազմիցս ստացած վիրաւորանքներով: Քանի՞ անգամ կարելի է ներել. կախեալ է ուրիշներու հանդէպ մարդու ունեցած կարեկցանքէն եւ ինքն իր անձին հանդէպ ունեցած յարգանքէն: Վերջապէս ներումը պէտք է խաղաղութիւն բերէ թէ՛ ներողին եւ թէ ներուածին, սակայն երբ նպատակին չի ծառայեր, կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան