ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԹ.)

Յաջողութեան մէջ առաջնահերթ պէտք է ըլլայ ինքնագոհացումը. մարդ պէտք չէ՛ յաջողի ուրիշները «գոհացնելու» եւ կամ ուրիշներու մօտ «նախանձ» ստեղծելու համար, այլ պէտք է յաջողի նախ եւ առաջ ինքն իր անձին համար եւ չբաւարարուի այդ յաջողութեամբ, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաջողութիւն նոր յաջողութիւններու փնտռտուքին կ՚առաջնորդէ մարդ արարածը, ինչ որ զինք հեռու կը պահէ լճացումէ. մարդ պէտք է միշտ զարգանայ, միշտ ինքզինք կատարելագործէ եւ զարգացնէ քննադատական մտածողութիւնը, որովհետեւ յարատեւ զարգացումն է, որ մարտահրաւէրները դիւրին կը դարձնէ: Պէտք չէ տարուիլ ածականներով ու ձեռքբերումներով, որովհետեւ ձախողութեան ճամբան կ՚առաջնորդեն այդ բոլորը. կը ձախողի ան, որ իր հին յաջողութիւնով կը հպարտանայ՝ հպարտանալու տեղ նորերը ստեղծելու փոխարէն:

Պէտք է ընդունիլ, որ այսօրուան խնդիրն ու վաղուան խնդիրը նոյնը չեն. այդ իսկ պատճառով մարդ միշտ սորվելու ընթացքի մէջ պէտք է ըլլայ. հաւատացէք, որ յաջողութիւնը ճիշդ գործ ընելուն մէջ չէ. յաջողութիւնը դժուարութեան պարագային ճիշդ որոշում կայացնելուն մէջ է եւ այդ մէկը զարգացում ու կեդրոնացում կը պահանջէ. բոլորս ալ ծովին մէջ լողացող ձուկեր ենք եւ ձկնորսը պատրաստ է որսալ մեզ. մե՛նք պէտք է իմաստուն գտնուինք եւ խուսափինք բոլոր թակարդներէն, որ մեզ ձախողութեան կ՚առաջնորդէ:

Մարդուն յաջողութեան մէջ մեծ վտանգ է նաեւ բաւարարուած զգալն ու ըլլալը. շատ անգամ այդ զգացումը մարդուն մէջ կը սպաննեն գործելու եռանդը եւ «խաղաղ նաւահանգիստ» հասած ըլլալ կարծելով կը հեռանան ղեկէն, առանց մտածելու, որ ալիքները կրնան զինք դարձեալ առաջնորդել փոթորկոտ ծովուն խորերը: Անդադար պատրաստ ըլլալը մարդը հեռու կը պահէ ձախողութիւններէն ու դժբախտութիւններէն:

Այս բոլորը սակայն կը մնան վերացական ու ապարդիւն, եթէ մարդուն մօտ չըլլայ սկսելու նախաձեռնութիւնը. շատեր կը կարծեն նախաձեռնող ըլլալը բնածին շնորհք մըն է. կ՚ընդունինք, որ շատերու մօտ, որպէս բնաւորութեան գիծ նախաձեռնելը ի ծնէ կայ, սակայն կ՚ընդունինք նաեւ, որ այդ մէկը կարելի է զարգացնել կառուցողական մտածողութեան եւ վճռակամութեան շնորհիւ: Նախաձեռնող դառնալու միակ արգելքը վախն ու ծուլութիւնն է. նայեցէք ձեր շուրջ. ամէ՛ն բան նախաձեռնութեան մը արդիւնքն է. նոյնիսկ շէնքը կամ տունը, որուն մէջ կը բնակիք, նախաձեռնութեան մը ծնունդն է. առանց նախաձեռնելու ո՛չ մէկ բան կարելի է մարդուն համար. պատկերացուցէք, որ կան մրցանակներ, որոնք պիտի տրուին անոնց՝ որոնք կը նախաձեռնեն եւ այդ նախաձեռնութիւնը հաստատուած կ՚ըլլայ ո՛չ թէ ամպերուն, այլ կառուցողական մտածողութեան վրայ. այդ մրցանակները պիտի տրուին անոնց, որոնք նոյնիսկ եթէ չեն գիտեր, կը ստեղծեն ու կը գտնեն ելքի ճամբան եւ երազը նպատակի, իսկ նպատակը իրականութեան կը վերածեն, իսկ այդ իրականութիւնը նախաձեռնութիւն կը պահանջէ՝ յաճախ նաեւ զոհողութիւններով: Նախաձեռնութիւն ըսելով կարելի է հասկնալ նաեւ փորձը. մեծերը ունին խօսք մը, որ յաջողութեան մէջ անհրաժեշտ է. «Փորձը փորձանք չի բերեր». մինչեւ չփորձես՝ չես կրնար գիտնալ ճշմարիտ արդիւնքը. առանց փորձելու մտածուած արդիւնքը վերացական տեսութիւն մըն է պարզապէս. եթէ մարդ ինքզինք համոզէ, որ չի կրնար կամ չ՚ըլլար, արդէն իսկ կը ձախողի, սակայն, բոլոր դժուարութիւնով հանդերձ եթէ ուզէ փորձել՝ հաւանականութիւն մը կ՚ունենայ յաջողելու եւ նման պարագայի ձախողութիւնը եւս մարդուն մօտ յստակ պատկերացում մը կու տայ եւ այս պարագային ձախողիլը հարցական յաջողութենէն շատ աւելի լաւ է: Փորձելն ու ձախողիլը անյաջողութեան արդիւնք չէ. այսօր կարելի է բազմաթի՜ւ օրինակներ բերել մարդոց, որոնք յաջողութիւնը ձեռք բերած են աւելի քան մի քանի տասնեակ անգամներ ձախողելէ ետք. այդ իսկ պատճառով պէտք չէ վախնալ ձախողութենէն. յիշեցէք, որ նորածին մանուկը եւս մինչեւ մի քանի անգամ չտապալի գետին՝ չի կրնար քալել սորվիլ:

Եթէ մանուկը յանձն չառնէ իյնալով հանդերձ քալել սորվիլ՝ երբեւէ չի քալեր. նոյնն է պարագան մեր յաջողութեան. յաճախ մենք ձախողութիւններէն վախնալով կը սպաննենք նաեւ հնարաւոր յաջողութիւնը. բազմիցս ըսինք, որ ձախողութիւնը պարզապէս դաս մըն է, յառաջիկայ քայլերը շատ աւելի ամուր ու հաստատ առնելու համար. յաջողութեան ու նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը սորվինք նորածիններէն. անոնք սկզբնական շրջանին բառերը սխալ կ՚արտասանեն, սակայն ժամանակի ընթացքին սորվելով կ՚ուղղեն այդ սխալները, սակայն սխալի մը պատճառով խօսիլը չեն դադրեցներ. մենք ալ անոնց նման, թէեւ սխալներով սկսինք առաջնորդուիլ դէպի մեր սխալները, որովհետեւ այդ սխալները ընելով պիտի սորվինք ինչպէս այդ սխալները չընել. հետեւաբար, մեզ մեր նպատակներէն հեռու պահողը ո՛չ աշխարհն է, ոչ ալ ուրիշները. մենք ենք մեզ մեր յաջողութիւններէն հեռու պահողը՝ մեր վախերով ու մտահոգութիւններով: Պէտք է սկսիլ եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել՝ նոյնիսկ ձախողութիւններով ու թերութիւններով, որովհետեւ յաջողութիւնը կատարելութիւն մը չէ. անկատարը կատարեալի վերածելու ընթացքն է յաջողութիւնը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պէ՞տք է նպատակները դժուար նկատելով հրաժարիլ:

Պատասխան. Դժուար նպատակներէն հրաժարիլը կապուած է մարդու արժէքներէն. եթէ նպատակը յստակ չէ, կրնայ դժուար ըլլալ, սակայն մարդ պէտք է հրաժարելու փոխարէն ժամանակ տրամադրէ եւ յստակացնէ ու ճշգրիտ սահմաններ գծէ անոնց շուրջ: Պէտք է նպատակները բաժանէ մասերու եւ քայլերու եւ մէկ առ մէկ սկսի գործել՝ հաւատալով, որ երկարաժամկէտ աշխատութեան շնորհիւ նպատակները իրականութիւն կրնան դառնալ: Եթէ նպատակը անհասանելի կը թուի, աւելի լաւ է կեդրոնանալ շօշափելի նպատակներու վրայ, որոնք աւելի դիւրին կրնան իրականութիւն դառնալ: Կացութիւններուն յարմարիլը ձախողութիւն չէ, այլ աճ է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024