ՀԱՒԱՏՔԻ ՀԱՐԿ

Ինչքան ալ փորձենք մենք մեզ կոյր ձեւացնել ու «անգիտանալ» մեր հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական անկումը՝ ճշմարտութիւնը կը շարունակէ մնալ ճշմարտութիւն։ Ժողովուրդը արդէն իսկ լուրջ չի՛ վերաբերիր իշխանութեան եւ անոնց իւրաքանչիւր որոշումն ու յայտարարութիւնը ընդունելով որպէս զաւեշտ. խեղկատակութիւն մը պարզապէս:

Այսօր ամբողջ ազգ մը մահուան եւ կեանքի միջեւ պայքարի մտահոգութիւնով կ՚ապրի. բոլորը մտահոգ է նոր պատերազմի մը երկունքով. գրեթէ ամէ՛ն օր նոր զոհի մը դժբախտ բօթը կը հասնի մեր ականջներուն եւ շարունակուող պայքարի մտատանջութիւնը ցաւ կը պատճառէ իւրաքանչիւր հայորդիի, սակայն այս բոլորին դիմաց անտարբեր, մեր իշխանութիւնները կը շարունակեն զբաղուիլ մանրուքներով. թիրախը այժմ ժողովուրդի ունեցած ինչքն ու սեփականութիւնն է, որմէ «Հայրենիք» ու «Ազգութիւն» անուան տակ կը փորձեն օգուտ քաղել ու սեփական շահ ապահովել: Մեր ներկայ իշխանութեան հիմնական ու առաջնահերթ մտահոգութիւնը ժողովուրդին տուած հարկերն են. ի՛նչ հոգ եթէ սահմանին երիտասարդ զինուորներ կը շարունակեն նահատակուիլ ի սէր հայրենիքին:

Նկատի ունենալով, որ սփիւռքի հայութեան թիւը շատ աւելի մեծ է՝ քան հայրենիքի մէջ ապրող հայութիւնը, մեր պետութիւնը միջոցներ կը փնտռէ սփիւռքի մէջ ապրող հայերէն եւս հարկեր գանձելու, առաջնորդուելով մանկապարտէզի այն մտածումով, որ անոնք օդանաւակայան երթալու ժամանակ կը գործածեն Հայաստանի ճամբաները եւ հետեւաբար պարտին հարկեր վճարել:

Ազգերու պատմութեան ընթացքին հարկը միշտ ալ ունեցած է իր կարեւոր նշանակութիւնը։ Պատմութեան գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններուն գոյութիւն ունեցած են հարկերը, սակայն միշտ ալ եղած են շահագործումները ու կը շարունակուին ըլլալ: Ժողովուրդը այժմ կէս կատակ կէս լուրջ կը մտածէ, թէ տակաւին ի՞նչ միջոցներ պիտի ձեռնարկէ գործող իշխանութիւնը, ժողովուրդէն աւելիով հարկեր գանձելու միտումով: Քաղաքացիներուն հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ գործող իշխանութեան կողմէ դրական ո՛չ մէկ արդիւնք կը տեսնեն. ընդհակառակը իրենց դիմաց կը պարզուի օրէ օր աւելի տկարացող հայրենիք մը, իշխանութիւն մը՝ որ իր չտուածին դիմաց համարձակութիւնը կ՚ունենայ պահանջել՝ այն ալ աւելիով:

Քաղաքացիները պարզապէս կը ծաղրեն իշխնութեան որոշումներն ու արտասովոր յայտարարութիւնները: Եթէ պետութիւնը ժողովուրդը հարկելու նոր ձեւեր կը փնտռէ օգնե՛նք. հայ հնագէտ ու աշխարհագէտ Թադէոս Յակոբեան «Երեւանի պատմութիւնը (1500-1800 թ.)» աշխատութեան մէջ կը յիշէ, թէ 1736 թուականին պարսից Նատիր շահը ժողովուրդէն «հաւատքի հարկ» կը գանձէր. ան չէր պարտադրեր, որ հայեր կրօնափոխ ըլլան, սակայն քրիստոնէական հաւատքին մէջ մնալ ուզելու համար հարկ կը պահանջէր։ Մի քանի օրեր առաջ Էջմիածնի մէջ եղած հաւաքին հազարաւորներ մասնակցած են. Հայաստանի մէջ աւելի քան 4 հազար եկեղեցի եւ մատուռ գոյութիւն ունի. ամէն եկեղեցի եթէ տասը հաւատացեալ ապահովէ, պետութեան համար լաւ եկամուտի աղբիւր մը կրնայ ըլլալ. գոյութիւն ունին հազարաւոր աղանդներ ու հոգեւոր կազմակերպութիւններ, որոնք իրենց հաւատացեալներէն տասանորդ հաւաքելով մեծ գումարներ կը դիզեն. ինչո՞ւ պետութիւնը հեռու մնայ նման հասութաբեր աղբիւրէ մը: Նման որոշում մը եւս ժողովուրդը պիտի չզարմացնէ, որովհետեւ արդէն իսկ ամէն բան սպասուելի է նման իշխանութենէ մը:

Սակայն մեզ զարմացնողը իշխանութեան որոշումներն ու յայտարարութիւնները չեն. զարմացնողը ժողովուրդն է, որ լռութեամբ կը յօժարի գլուխ ծռել ամէն որոշումի դիմաց, անգիտանալով որ իշխանութիւնը չէ՛ երկրին ու օրէնքներուն տէրը, այլ ժողովուրդն է. կը մոռնանք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեփականութիւնը չէ պետական պաշտօնէութեան։ Պետական պաշտօնեաները պարզապէս աշխատաւորներ են, որոնց գործատուն ժողովուրդն է. ժողովուրդէն գանձուած հարկերը դժբախտաբար ժողովուրդի բարօրութեան չի՛ ծառայեր. գրեթէ ամէն ամիս աճ կ՚արձանագրէ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերը. մի քանի օրեր առաջ Փաշինեան կը յայտարարէր. «Պետական գանձանակէն ծախսուող բոլոր միջոցները կը ծախսուին համընդհանուր բարօրութեան համար». մարդ կա՞յ որ տեսաւ այդ «բարօրութիւն»ը։ Ազգային ժողովի նախագահին համար ձեռք բերուած բազմահազար տոլարներ արժող ինքնաշարժ մը ինչպիսի՞ բարօրութիւն կրնայ տալ ժողովուրդի մը, որուն ծերերը հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին փողոցները կը մաքրեն՝ օրուան հաց մը ապահովելու համար: Ի՞նչ բարօրութեան մասին է խօսքը, երբ մեր ծերունիներուն ստացած թոշակները ո՛չ թէ ամիս մը, ալ շաբաթ մը նոյնիսկ չ՚ապրեցներ: Փաշինեան պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի բարձրացումը կ՚արդարացնէր հետեւեալ ձեւով. «Պետական պաշտօնեան կը վճարուի, որպէսզի աշխատանքի աւելի բարձր չափանիշներով աշխատի». տրամաբանութիւնը հակառակը կ՚ըսէ. թող անոնք բարձր չափանիշներով աշխատին՝ որպէսզի վարձատրուին եւ ո՛չ թէ վարձատրուին, որպէսզի աշխատին. պարզապէս պէտք է տրամաբանել:

Աւելի քան երեսուն տարի հարկերու կողքին գրեթէ ամէն տարի մե՛ծ դրամահաւաքներ տեղի ունեցան. աներեւակայելի գումար մուտք գործեց Հայաստան, սակայն վերջին պատերազմի ժամանակ ի յայտ եկաւ, որ մեր բանակի զինամթերքը Խորհրդային Միութենէն մնացած հնութիւններ են. այս բոլորը գրելէ ետք սակայն կը համոզուիմ, որ ճի՛շդն ալ այդ է. պետութիւնը մի՛շտ ալ իրաւունք ունի, որովհետեւ ժողովուրդ մը իրապէս արժանի է այն բոլորին՝ որ կը հանդուրժէ եւ մեր ժողովուրդն ալ սովոր է կարծես հանդուրժելու:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ծովին եւ ովկիանոսին:

Պատասխան. Յաճախ «ծով» եւ «ովկիանոս» բառերը նոյն իմաստով կը գործածուին, սակայն իրականութեան մէջ անոնք կը տարբերին, հակառակ անոր որ ունին նոյնութիւններ:

Ովկիանոսի աղի ջուրը հսկայական տարածութիւն մըն է, որ կը ծածկէ Երկիրի մակերեսի զգալի մասը: Ովկիանոսները սովորաբար աւելի մեծ ու խոր են՝ քան ծովերը: Միւս կողմէ, ծովերը աւելի փոքր աղի ջրային տարածութիւն ունին եւ մեծ մասամբ պարփակուած են ցամաքով: Ծովի խորութիւնը աւելի ցած է՝ քան ովկիանոսինը. խորութեան կողքին ծովի աղի մակարդակը աւելի նուազ է՝ քան ոսկիանոսինը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2024